ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ժ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Կապիկին մկրտութիւնը

«Յաճախ մտածած եմ եւ յիշած ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի (1661-1741) արտայայտութիւնը վանդակի մէջ գտնուող կապիկ մը դիտելէ ետք. “Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ”»
(Յակոբ Պալեան, «Ազատ օր», 13-12-2021):

Փորձենք քիչ մը վերլուծել ու անդամահատել այս նախադասութիւնը՝ վասն տալոյ զկայսերն՝ կայսեր եւ զաստուծոյն՝ Աստուծոյ, եւ այնու տեսանիցեմք զի՞նչ ստասցի:
Սկսելու համար ըսեմ, որ յօդուածագիրին սիրած մէկ դրուագն է այս, որ… ատենը մէյ մը կը պատմէ. ո՛չ ինք կը ձանձրանայ, ո՛չ ալ մեզ կը ձանձրացնէ. ինք հաճոյքով կը կրկնէ, մենք ալ հաճոյքով կը վերընթերցենք: Այլ խօսքով՝ զիրար շատ ներդաշնակ գտած ենք:
Ուրեմն ինչ-որ կաթողիկէ եպիսկոպոս Փոլինեաք մը, տեսնելով վանդակի կապիկին՝ մարդու հետ ունեցած նմանութիւնները, կը բացագանչէ. «Խօսի՛ր եւ քեզ մկրտեմ»:
Այլ խօսքով՝ իսկական մարդ դառնալու համար՝ միայն խօսքը կը պակսէր կապիկին:
Այսպէս կ՚ուզէ տեղեկագրել յօդուածագիրը, սակայն ճիշդ կը տեղեկագրէ՞…
Գրութեան վերլուծումը պիտի տայ մեզի պատասխանը:
Այստեղ մտածողն ու յիշողը յօդուածագիրն է՝ «մտածած ու յիշած եմ»:
— Ե՞րբ մտածած ու յիշած եմ, — «վանդակին մէջ գտնուող կապիկը դիտելէ ետք»:
— Բայց իրապէս ի՞նք եղած է կապիկը դիտողը, — անշուշտ ո՛չ:
Ինք ո՛չ կապիկ դիտած է, ո՛չ ալ մկրտութիւն ըրած է:
Տեղի ունեցողը եպիսկոպոսի դիտարկումին եւ այդ դիտարկումէն բխած բացագանչութեան պատումն է, ուստի վանդակին կապիկը դիտողը եղած է եպիսկոպոսը:
Այլ խօսքով՝ յօդուածագիրը կը մտածէ այսինչ ձեւով ու կը գրէ այնինչ ձեւով:
Յիշենք Աճառեանը, որ կ՚ըսէր. «Չի բաւեր ճիշդ մտածել՝ ճիշդ գրելու համար»:
Այո՛, ճիշդ գրելը ունի իր կանոնները, որոնք միշտ ինքնամատոյց չեն, եւ պէտք է անոնց տիրանալ ու յարգել զանոնք: Կեանքը ցոյց կու տայ, որ այս այսպէս չէ միշտ:
Ուրեմն, որպէսզի յօդուածագիրին մտածումն ու գրութիւնը համապատասխանէին իրարու, ան պարտէր գրել. «Յաճախ մտածած եմ եւ յիշած արտայայտութիւնը ֆրանսացի ծիրանաւոր Փոլինեաքի (1661-1741), որ վանդակի մէջ գտնուող կապիկ մը դիտելէ ետք ըսած է. “Խօսի՛ր եւ մկրտեմ քեզ”»: Մեծ գիւտեր չըրինք. քիչ մը աւելի կեդրոնացանք, քիչ մը աւելի մտածեցինք, քիչ մը աւելի յարգեցինք գրաւոր խօսքի եւ ընթերցողի իրաւունքները: Առ այս՝ երեւան հանեցինք, որ ա) մտածողն ու յիշողը յօդուածագիրն է, բ) վանդակի կապիկին խօսք ուղղողը ծիրանաւորն է եւ ոչ թէ յօդուածագիրն է:

Լիբանան հրատարակուող L’Orient օրաթերթը վերջերս գրած էր.
«Berry s’apprête à tirer un lapin de son chapeau»:
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջը բառացի տուաւ զայն ընթերցողներուս.
«Պըրրի կը պատրաստուի նապաստակ մը հանել իր գլխարկէն»:
Եւ ճիշդ այսպէս. առանց աւելի-պակաս որեւէ բառի. ինք հասկցաւ ինչ որ հասկցաւ, ընթերցողը իր կարգին հասկցաւ… ինչ որ հասկցաւ այս զարմանալի նապաստակէն, որ Պըրրի այսքան ատեն կրած էր գլխարկին մէջ եւ պիտի դուրս հանէր զայն հիմա:
Բայց այնպէս ալ այդ սպասուած նապաստակը չերեւցաւ, եւ Godot-ն չեկաւ ու չեկաւ:
Սակայն իրապէս գոյութիւն ունէ՞ր ան…

* * *

Մէջբերուածը դարձուածք մըն է, այսինքն՝ վերիմաստաւորուած բառակապակցութիւն մը, որուն բառերը բոլորովին տարբեր են իրենց ունեցած բառարանային նշանակութիւններէն. Յատկապէս նապաստակ-ը, որ կը նշանակէ անակնկալ:
Ամբողջ դարձուածքը կը նշանակէ «Պըրրի անակնկալ մը պիտի յայտնէ»:
Դարձուածքները էապէս ժողովրդական հնարքներ են, որոնք կը զանազանուին լեզուի գրական տարբերակէն, ուրեմն՝ նաեւ մտաւորականներու հսկողութենէն անկախ են, թէեւ ժամանակին հետ կարգ մը դարձուածքներ կամաց-կամաց կ՚որդեգրուին գրողներու կողմէ եւ կը թափանցեն գրական լեզուէն ներս: Անոնք համ ու հոտ կու տան լեզուին, որ այլապէս պիտի վերածուէր չոր գիտելիքի մը կամ անկենդան գեղօրի մը:
Դարձուածքները, իրենց ծննդաբանութեան բերումով, կ՚ունենան նաեւ տեղական բնոյթ, ըսել կ՚ուզեմ՝ էապէս ազգային սահմանափակուածութիւն, եւ տուեալ միջավայրէն կամ լեզուէն դուրս ոչ մէկ իմաստ կ՚ունենան, ճիշդ ինչպէս է պարագան Պըրրիի գլխարկի նապաստակին, որ ոչինչ կ՚ըսէ հայուն, քանի ան ֆրանսացիին ստեղծագործութիւնն է: Թէեւ, ժողովրդական երկար գոյակցութիւնը, յաճախ պատճառ կը դառնայ փոխանցումներու:

* * *

Ֆրանսական հովանաւորութեան սկիզբն էր Լիբանանաի մէջ, երբ երկու հայեր ինչ-որ ընդհարում մը կ՚ունենան եւ ոստիկանատուն կը տարուին: Կը հասնի երրորդ մը, որ կռուողներուն բարեկամն է եւ իր կիսկատար ֆրանսերէնովը կը ջանայ համոզել ֆրանսացի ոստիկանապետը… որ «անուշի կապեն հարցը»:
— Attachons à la confiture, — կը կրկնէ միջնորդը:
Ոստիկանապետը կռուող զոյգը կը ձգէ, այս անգամ կ՚ուզէ հասկնալ, թէ ի՞նչ կայ կապելիք, զո՞վ պիտի կապեն եւ ինչի՞ պիտի կապեն, մինչեւ որ… յետ երկար տքնութեան ու մանիպուլացիաներու կարելի կ՚ըլլայ ոչինչ հասկցող ֆրանսացիին թարգմանել հայկական այս դարձուածքին իմաստը:

* * *

Ֆրանսերէնը իր կարգին բաւական խաղեր խաղաց հովանաւորեալ ժողովուրդներու եւ յատկապէս մերոնց գլխուն:
Հայ բանիբուն թղթակից մը AFP-ի մէկ լուրը կը թարգմանէր այսպէս.
— Դիակը գարեջուրի մէջ դրին…
Չիմանալով, որ bière հաւասարապէս կը նշանակէ գարեջուր եւ… դագաղ:
Ուրիշ լրագրող մը, նկարագրելով ինչ-որ երկրաշարժի մը հետեւանքները յատկապէս կանգուն մնացած շէնքերուն վրայ, կը գրէր իր յօդուածին մէջ.
— Կարգ մը շէնքերու պատերուն վրայ մողէզներ յառաջացան…
Այս պարագային ալ շփոթելով lézard “մողէզ” եւ lézarde “ճեղք” բառերը:
Այո՜, ի՜նչ գիւտեր ըսես չեն կատարած մերոնք ֆրանսերէնի անդաստանին մէջ եւ դարձուածքներու հաշուոյն՝ զարմացնելով մինչեւ իսկ ամենահմուտ ֆրանսացիները, որոնք այնքան սորվելիք ունէին մերայիններէն:

* * *

Հապա FBI-ի կատարած յայտնագործութիւնները… Ամերիկայի մէջ:
Պատմողը Վահէ Պերպերեանն է:
Ուրեմն ամերիկեան այս գործակալութիւնը ինչ-որ գաղտնալսումներ կը կատարէ երկու ամերիկահայ խօսակիցներու անգլերէն հեռախօսազրոյցին առթիւ եւ կը հանդիպի «Where the donkey dies» նախադասութեան, որուն առթիւ ոչ աւելի-ոչ պակաս՝ ան կը մտածէ ահաբեկչական «դաւադիր գաղտնաբառի» մը մասին, եւ կ՚անցնի մանրակրկիտ վերծանումներու եւ փնտռտուքներու, մինչեւ որ յետ երկար ու տաժանագին ստուգումներու երեւան կ՚ելլէ, որ խօսակիցները անգլերէն թարգմանած են «իշուն սատկած տեղը», որ հայուն համար կը նշանակէ… «շատ հեռու»:
Եւ հարցը… «անուշի կը կապեն»:

Ուղղագրական յուշատետր

ՌՌ
— գոռգոռալ, զռզռալ, խռխռալ, կռկռալ, հռհռալ, ճռճռալ, մռմռալ, պոռպռալ-պոռպոռալ, տռտռալ: Աչքի առաջ ունենալ նաեւ՝ գռմռալ, եռուզեռ, թռվռալ-թռվռուն, ծռմռել, ծուռումուռ, կեռումեռ, շուռումուռ, վառվռիլ-վառվռուն:
ՐՌ
— բարբառ-բարբառիլ, գրգիռ-գրգռել, թրթիռ-թրթռալ, կարկառ-կարկառել (երկարել, դուրս ցցել), սառ-սարսուռ-սարսռալ բառերը, որոնք իրենց արմատական առաջին ռ-ն բաղաձայնէն առաջ վերածած են ր-ի. այս տրամաբանութեամբ ալ, օրինակ, ձեռ արմատը գործիականի մէջ կու տար ձերբ, ջեռ՝ ջերմ, նաեւ՝ քոյր-քեռ-քերբ: Ոմանք մեքենաբար կը գրեն նաեւ գորգոռալ, թրվռալ, վարվռուն, ինչ որ սխալ է:
ՐՐ
— անդորր, բերրի, դրդիր(1), երրորդ, թրթուր, խորտուբորտ, ծործոր, կերկեր-կերկերել (ձայնի նուաղում), հետաքրքիր-հետաքրքրել, հուրհրալ, մարմրիլ, մրրիկ, որկոր, չարչարել, չարչրկել, չորրորդ, սորիլ-սորսորիլ, տարր, տէրտէր, փորփորել-փորփրել, փրփուր-փրփրիլ, քարքարոտ, քրքիր-քրքրել, օրրան եւ այլն: Միւս կողմէ՝ երրեակ կը գրուի նաեւ եռեակ, որ շատ աւելի կոկիկ է:

Պէյրութ

1) Ազդակ, գրգիռ, դրդօն, խթան, մղօն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *