Կրկներգ՝ Արա Տինքճեանին

Լօլա Գունտաքճեան

«Ուր որ ըլլաս
Եթէ լուսինը կը սիրես
Սորվի՛ր ու գործածէ՛ իր անունները՝
Մահիկը,
Կիսալուսինը
Լիալուսինը»
Լօլա Գունտաքճեան

Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս
Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր սէրը
Ո՞վ պիտի յիշէ մեր հաճոյքը

Կ՚ըսեն թէ սէրը վերջ չի ճանչնար
Արդեօք  իրա՞ւ է որ սէրը անմահ է

Կ՚ըսեն թէ կոտրած սիրտը կը դարմանուի
Արդեօք  իրա՞ւ է որ տխուր անձը կը բուժուի

Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս
Ո՞վ պիտի պաշտպանէ աշխարհը
Ո՞վ պիտի խնամէ մոլորակը

Կ՚ըսեն թէ երկինքը անսահման է
Արդեօք իրա՞ւ է որ անջրպետը մեծ է

Կ՚ըսեն թէ երկինքը փուլ կու գայ
Իրա՞ւ է որ ծիածանը կը քանդուի

Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս
Ո՞վ պիտի վայելէ գարունը
Ո՞վ պիտի նստի գետին ափը

Կ՚ըսեն թէ ամեն մարդ ցաւ մ՚ունի
Արդեօ՞ք իրաւ է որ ամեն մարդ իր գիտցածը կը խօսի

Կ՚ըսեն մէկ ծաղիկով գարունը չի՛ վերադառնար
Արդեօք իրա՞ւ է որ թռչունները պարապի չե՛ն գար

Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս
Ո՞վ պիտի կարդայ մեր գործերը
Ո՞վ պիտի պահպանէ մշակոյթը

Կ՚ըսեն թէ՝ հայերէն գիրքերը անտէր են
Արդեօք իրա՞ւ է որ հատորներն լքուած են…

Կ՚ըսեն թէ մշակոյթն ու լեզուն սիրող չկայ
Բայց կրթութիւնը՝ լեզուն սիրողին հողն ու լուսնկան է

Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս

(փսփսալով)
Ես մեռնիմ
Դու՛ն մեռնիս

Նիւ Եորք

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *