Պատկերներ անցեալէն (Բ.)

Յակոբ Չոլաքեան
ՄՆԱՑԱԿԱՆ… ԲԱՒԱԿԱՆ

Հոն Սուլեաններ կ’ապրէին, Տիւնակ լեռան ստորոտը, բարձրէն ձոր խուժող քարավէժին առջեւ ծուարած փոքրիկ թաղին մէջ, ուր, կ՚ըսէին, տարին 40 օր արեւ չի դպիր։ Այդ պատճառով ալ թաղը Սուլլենց պատտակ կը կոչուէր։
Սուլլենց պատտակը մանուկներով լեցուն էր։ Continue reading “Պատկերներ անցեալէն (Բ.)”

Տուր ինծի սրինգը եւ երգէ՛

ՍԻՒԶԱՆ Խ.

Ամբողջ օրը այսօր կը թափառէի մտքովս երկու տեղ։
Ահաւոր կարօտ ունիմ Փարիզի հանդէպ… կամ ալ փարիզեան երիտասարդ տարիներու անվերջանալի թուացող ժամանակին կարօտ. ամեն բան դեռ կարելի էր, ամեն երազ, ամեն սէր հնարաւոր էր, անկուշտ ապրելու օրեր էին։ Continue reading “Տուր ինծի սրինգը եւ երգէ՛”

«Բաժնուած կղզին». անկեղծ վկայութիւններ Կիպրոսի (հայկական) սիրտէն

Ռուբէն Ճանպազեան

(«Բաժնուած կղզին». հեղինակ՝ Սագօ Արեան. 118 էջ, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024)

Սագօ Արեանի «Բաժնուած կղզին» երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած արձանագրութիւն մըն է համայնքի մը յիշողութեան մասին։ Փորձառու լրագրողի մը յստակատեսութեամբ եւ հոգածութեամբ, Continue reading “«Բաժնուած կղզին». անկեղծ վկայութիւններ Կիպրոսի (հայկական) սիրտէն”

Կրկնաբանութիւն (Գ.)

Արմենակ Եղիայեան

Նուազ խօսուն չեն հայերէնի գրաւոր փուլի հայթայթած օրինակները:

—«Եղիցի հաստատութիւն ի մէջ ջրոցդ եւ եղիցի մեկնել ի մէջ ջուրցդ» (Ծն., 1/6):
Օգտագործուած են ջուր գոյականի յոգնակիի երկու տարբեր սեռականները: Continue reading “Կրկնաբանութիւն (Գ.)”

Յարութիւն Արմէնեանն ալ միացաւ անմահներու փաղանգին

Ցաւով իմացանք որ 15 յուլիսին իր մահկանացուն կնքած է համբաւաւոր համաճարակաբան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) պատուոյ նախագահ, ազգային գործիչ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն գրական»-ի վաղեմի աշխատակից պրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան։
Ան ծնած է Պէյրութ, 1942-ին։ Աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ Continue reading “Յարութիւն Արմէնեանն ալ միացաւ անմահներու փաղանգին”