ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վարդան Մատթէոսեան

Ստորեւ տրուող գրութիւնը հեղինակին կողմէ խօսուած է շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ, Համազգայինի Գանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին։ Վերամշակուած է հրատարակութեան համար։

Կոստան Զարեան, ինչպէս այլ առիթներով ըսած եմ, ընթացիկ դասակարգումներէն դուրս կ՚իյնայ։ Ան ո՛չ արեւմտահայ, ո՛չ արեւելահայ, ո՛չ սփիւռքահայ, ոչ ալ խորհրդահայ գրող է, այլ պարզապէս՝ հայ գրող: Պատշաճ կը նկատեմ Զարեանի ամբողջ կենսագրականը ներկայացնել եւ անոր ընդմէջէն անոր ուղեգրութիւններուն անդրադառնալ:
Զարեանի մասին սփիւռքահայութեան ընթացիկ ծանօթութիւնը եղած է ընդհանրապէս անոր կեանքի ընթացքին տպուած ստեղծագործութեանց ընդմէջէն, որովհետեւ մնացեալ մեծածաւալ գործերը մնացած էին «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, եւ անոնց մէկ մասը լոյս տեսած են Անթիլիաս յետմահու (1975 եւ 1987): Զարեանի բուն վերյայտնութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստան՝ անկախութենէն ետք 1998-էն սկսեալ, երբ սկսած են լոյս տեսնել թէ՛ նախապէս տպուած հատորները եւ թէ՛ անտիպ գործեր։ Այսօր ունինք Զարեանի գործերէն շուրջ 15 հատոր. ճիշդ է, որ քանի մը հատը լոյս տեսած են խորհրդային ուղղագրութեամբ, բայց մէկ կարեւոր մասը ուղղակի իրենց բնագրային ուղղագրութեամբ:
Շատ աւելի լայն հորիզոն մը կայ Զարեանին ծանօթանալու: Ես պիտի փորձեմ ներկայացնել կենսագրութիւնը, որուն վրայ կեդրոնացած եմ 1990-էն ի վեր եւ որուն մասին բաւական թիւով յայտնաբերումներ կամ ճշդումներ ըրած եմ։ Ընթացիկ կենսագրութիւնները սխալներով լեցուն եղած են, որովհետեւ մարդիկ պարզապէս տեղեկութիւններ կրկնած են։ Այս կենսագրութեան ընդմէջէն պէտք է դիտել ուղեգրութիւնները:
Զարեան (Կոստանդին Եղիազարեան) ծնած է Շամախի, 1885-ին։ Պաքուէն 110 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք գտնուող այս քաղաքը աւանդականօրէն հայաշատ եղած էր, բայց այդ շրջանին արդէն մեծապէս տուժած էր յաջորդական երկրաշարժներէ։ Հոն ծնած են Շիրվանզադէն, Յովհաննէս Աբէլեանը եւ եղբայրը՝ Ալեքսանդր Աբէլեանը, որոնք Զարեանի ազգականներ էին մօրը կողմէ։ Զարեանի հայրը երկրորդ անգամ ամուսնացած է, առաջին կինը մահացած էր: Այս երկրորդ ամուսնութենէն Զարեանը ծնած է, 11 քոյր-եղբայրներ էին, ինքը ամենէն փոքրն էր: 1890-ին հայրը մահացած է, եւ իրենք փոխադրուած են Շամախիէն Պաքու: Պաքուի մէջ նախնական ուսումը ստացած է ռուսական վարժարանի մը մէջ մինչեւ 1895, երբ Զարեանի խորթ եղբայրներէն մէկը՝ Լեւոն Եղիազարեան, որ հետագային երաժիշտ ու մեներգիչ եղած է, զինք իր հետ տարած է Ֆրանսա եւ հոն գիշերօթիկ դպրոց մը դրած: Ապա Սէն-Ժէրմէն-էն Լէի լիկէոնէն շրջանաւարտ եղած է: Ուրեմն ստացած է նախնական ռուսական կրթութիւն, յետոյ՝ ֆրանսական: Կարելի է ըսել, թէ անոր գիտցած հայերէնը բարբառային խօսակցական լեզուն էր, մինչեւ որ աւելի ուշ սորված է գրական լեզուն:
1902-ին, ֆրանսական լիսէն կ’աւարտէ ֆրանսերէնին կատարեալ տիրապետութեամբ։ Առաջին բանաստեղծութիւնները ռուսերէն կը գրէ եւ կը հրատարակէ «Ռատուկա» ընկերվարական հանդէսին մէջ։ Զարեան այդ ժամանակ սոցիալ դեմոկրատներու պոլշեւիկեան կողմին հետ յարաբերութիւն ունեցած է, Լենինի հետ համագործակցած է եւ այդ մասին «Անցորդը եւ իր ճամբան»-ին մէջ կը գրէ: Բայց նաեւ կան փաստաթուղթեր, 1908-1909-ին՝ մէկուկէս տարի այդ գործերուն հետեւանքով Միւնիխի մէջ բանտ նստած է, եւ զանազան եւրոպացի նշանաւոր քաղաքագէտներու միջնորդութեամբ կրցած է բանտէն ազատիլ: Այդ ժամանակ՝ 1905-1906-ին, արդէն Պրիւքսէլի Université Libre de Bruxelles-ի մէջ ուսանող էր, եւ բանտէն ելլելէն ետք կ’աւարտէ համալսարանը:
Հետաքրքրական է նշել, որ 1902-ին երկրորդական ուսումը վերջացնելէ ետք, Զարեան Կովկաս վերադարձած է եւ հայկական թատերախումբ մը մտած է ու թատրոն խաղացած։ Թատրոնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը տարբեր դրսեւորումներով պիտի ուղեկցի իրեն յաջորդ վաթսուն տարիներուն. ասիկա կը փաստէ, ինչպէս մամուլին մէջ լոյս տեսած թատերախօսականները կ՚ընդգծեն, որ ան հայերէն գիտէր, բայց իր արտայայտչաձեւը լեզուական թերութիւններ կը մատնէր, իսկ խաղարկութիւնը այդ իսկ պատճառով պէտք եղած բնականութիւնը չունէր։ Պարզ է նաեւ, որ երկրորդական դերեր խաղացած է։
1908-ի շուրջ, Զարեան աստիճանաբար կը թողու ռուսերէնը, կ՚անցնի ֆրանսերէնին եւ կը սկսի Պրիւքսէլի ֆրանսախօս մամուլին աշխատակցիլ:
1909-ի վերջաւորութեան Պոլիս կ’երթայ: Ինչո՞ւ Պոլիս: Կովկաս մուտքը արգիլուած է իր քաղաքական գործունէութեան բերումով, եւ պելճիքացի նշանաւոր բանաստեղծ Էմիլ Վերհառն յորդորած է Զարեանը արտայայտուիլ իր մայրենի լեզուով, որ իր գրականութեան ճամբան պէտք է ըլլար, փոխանակ ֆրանսերէնի։
Անոր վրայ կ՚երթայ Պոլիս։ Հայերէն չի գիտեր տակաւին։ Երբեմն պելճիքական թերթերու մէջ տպուած իր յօդուածները, երբեմն յատուկ գրած յօդուածները ֆրանսերէնէ հայերէնի կը թարգմանուին եւ լոյս կը տեսնեն «Ազատամարտ»-ի մէջ։ Թարգմանութիւններուն հեղինակները նշուած չեն, բայց կատարած են կա՛մ Հրանդ Նազարեանցը եւ կա՛մ Գեղամ Բարսեղեանը, որոնք «Ազատամարտ»-ի գրական յաւելուածին կ’աշխատակցէին:
Զարեան կը զգայ, որ չի կրնար Պոլսոյ գրական միջավայրը ներթափանցել, քանի որ հայերէն չի գիտեր, այսինքն՝ հաւանական է, որ արդէն մոռցած է իր գիտցած խօսակցական հայերէնն անգամ։ 1911-ի սկիզբներուն Պոլիսը կը ձգէ եւ կ’երթայ Վենետիկ՝ Մխիթարեաններուն քով հայերէն սորվելու: Հոն իբրեւ ուսուցիչ կ’ունենայ Հ. Արսէն Ղազիկեանը՝ արեւմտահայերէն, եւ Հ. Աթանաս Տիրոյեանը՝ գրաբար: 1911-1912-ին Վենետիկ է, եւ դէպի հոն գացող նաւուն մէջ ծանօթացած է ապագայ կնոջ՝ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանին, որ կ՚երթար Վենետիկ իր ուսումը ամբողջացնելու։ (Թագուհի Պոլսոյ երբեմնի «Հայրենիք» օրաթերթի հրատարակիչ Յովհաննէս Շահնազարի եղբօր աղջիկն էր)։ Դեկտեմբեր 1912-ին կ՚ամուսնանան եւ կը հաստատուին Պոլիս։ Հոն կը ծնին երկու որդիները՝ Վահէ եւ աւելի ծանօթ՝ Արմէնը, ապագայ ճարտարապետը։
Զարեան Պոլիս պիտի ապրի մինչեւ 1914-ի վերջաւորութիւնը, ուսուցչութիւն ընելով: Անոր հայերէնը տակաւին այդքան զօրաւոր չէ, բայց արեւմտահայերէն կ՚արտայայտուի, եւ 1913-ի վերջերուն իր համախոհներով՝ Յակոբ Քիւֆէճեան, Դանիէլ Վարուժան, Գեղամ Բարսեղեան եւ Ահարոն, կը հիմնէ «Մեհեան» խումբը, իրենց նշանաւոր հանգանակը կը հրատարակեն նախ «Ազատամարտ»-ին մէջ, եւ յետոյ 1914-ին «Մեհեան» հանդէսը կը տպեն՝ 7 թիւ, որուն խմբագրապետը Զարեանն էր եւ ըստ երեւոյթին նաեւ նիւթականը յանձանձողը: Հոն լոյս տեսած Զարեանի գործերուն մէկ մասը թարգմանական են (հաւանաբար՝ Գեղամ Բարսեղեանի կողմէ), բայց ո՛չ բոլորը։ Օրինակ, 7-րդ թիւին մէջ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւն կայ, որ հետագային արեւելահայերէնով մաս կազմած է իր գիրքերէն մէկուն՝ «Երեք երգեր» գիրքին: Ամեն պարագայի՝ մինչեւ այն ատեն ամեն ինչ արեւմտահայերէն էր, կարելի է ըսել, որ արեւմտահայ գրող մըն է:
«Մեհեան»-ի վերջին թիւը յուլիս 1914-ին լոյս կը տեսնէ, պատերազմը կը սկսի, եւ Զարեանն ու ընտանիքը հոկտեմբերի վերջերուն Պոլիսէն փախուստ կու տան դէպի Պուլկարիա։ Մօտ տարի մը կը մնան, մինչեւ որ Պուլկարիան կը մտնէ Ա. Աշխարհամարտ, որմէ ետք կ՚երթան Իտալիա:
Պուլկարիոյ մէջ Զարեան կը գրէ իր առաջին գործը՝ «Երեք երգեր» անունով վիպերգը, որ լոյս կը տեսնէ յաջորդ տարի իտալերէն թարգմանութեամբ։ Յայտարարուած է, որ զայն հայերէնէ թարգմանուած է Ալեսանտրօ Ռոսօ՝ իտալացի բանաստեղծ մը, որ 1917-ին մեռած է 28 տարեկանին։ Ինչպէս վերը ըսի, արեւմտահայերէն հատուած մը կար, ինչո՞ւ պիտի գրուէր, թէ հայերէնէ թարգմանուած է՝ անշուշտ Զարեանի թարգմանութեամբ, եթէ հայերէն բնագիր չկար, բայց միւս կողմէ պնդումներ կան, որ բնագիրը ֆրանսերէն է։
1916-ին իտալերէն լման թարգմանութիւնը լոյս տեսած է յայտնի գրական պարբերաթերթի մը մէջ՝ “L’Eroica” անունով, որ թիւ մը նուիրած է Հայաստանին։ Նոյն տարին լոյս տեսած է առանձին գիրքով, եւ 1920-ին վերատպուած է։ Բնագիրը տպուած է 1931-ին։ Հետաքրքրական է, որ 1916-ին Զարեան արեւելահայերէն նամակ մը գրած է (անոր անցումը արեւելեահայերէնի տակաւին կը մնայ քննելի) Գարեգին Լեւոնեանին՝ Թիֆլիս, ուր կ’ըսէ, թէ պիտի ուզէր, որ այդ գիրքին հայերէն բնագիրը լոյս տեսնէր աւելի քան իտալերէն թարգմանութիւնը:
Իտալիա հասնելով, Զարեան նախ Հռոմ կը հաստատուի, յետոյ՝ Ֆլորանս, ուր աղջիկը՝ ապագայ քանդակագործուհի Նուարդ Զարեանը, կը ծնի։ 1915-1918-ին հայ դատի պաշտպանութեամբ ալ կը զբաղի: 1919-ին իտալական քանի մը թերթերու յանձնառութեամբ Զարեան առաջին անգամ ըլլալով կը վերադառնայ Կովկաս, կ’երթայ Թիֆլիս եւ Հայաստան՝ իբրեւ թղթակից, եւ յօդուածներ կը գրէ: 1920-ին հրատարակած է իր առաջին ուղեգրութիւնը՝ «Դէպի Արարատ» խորագրով, նկարագրելով այդ ճամբորդութիւնը Իտալիայէն դէպի Հայաստան: Արձակն ալ արդէն արեւելահայերէն է։ Լոյս տեսած է «Ոստան» հանդէսին մէջ, բայց կիսատ մնացած է: Զարեան գրած է Իտալիայէն իր ճամբորդութիւնը՝ մինչեւ նաւ նստիլը, նաւով երթալը մինչեւ Պոլիս եւ Պոլիս կեցութիւնը։ Ուղեգրութիւնը ունի հետաքրքրական խոհեր, բայց յայտնի է, որ Զարեան իր աւելի ուշ գործերուն մակարդակին դեռ չի հասնիր։ Անոր գրածը պարզ նկարագրութիւն մը չէ, թէ ինչ կը տեսնէ եւայլն, այլ փիլիսոփայական ու այլ բնոյթի խորհրդածութիւններ կ՚ընէ։
Երբ ուղեգրութիւններ կը գրէ, Զարեան շատ ազատօրէն կ’արտայայտուի, առանց հաշուի առնելու ընթերցողի հնարաւոր հակազդեցութիւնը։ Չի խուսափիր վիճելի հաստատումներէ Երբ նաւերը նոր կը սկսին երթալ Իտալիայէն դէպի արեւելք, եւ անդրադարձ մը կ’ընէ պատերազմի շրջանին։ Համեմատութիւն մը կը դնէ թուրք դահիճներուն եւ արեւմուտքի դահիճներուն, որոնց դիմաց հայերը պէտք է ծունկի գան, որպէսզի խիղճ մուրան. Բաղդատականը բռնազբօսիկ կարելի է համարել, որովհետեւ թուրքերուն ձեռքը մեռնիլը ո՜ւր եւ նուաստանալը ո՛ւր, եւ վիճարկել զայն, բայց արդէն օրինակ մըն է, թէ ինչ լայն կարկին կը բանայ այս ուղեգրութիւնները գրելու ատեն:
Երբ Աթէնք կը հասնի, հոն կ’անդրադառնայ տարիներ առաջ Աթէնք այցելութեան՝ Պոլիսէն Վենետիկ գացած ատեն։ Այդ մասին «Քաղաքներ» գործին մէջ ալ կը գրէ հետագային (1929-1930, «Հայրենիք» ամսագրին մէջ): Կը խօսի կնոջ հետ հանդիպումին մասին։ Կը տեսնենք, որ սիրային ոգեկոչման զուգահեռ, փիլիսոփայական մտորումներ կ’ունենայ յունական դասական ժամանակաշրջանի եւ նոր վերածնունդի մը գաղափարի մը մասին։ Պարզ այցելութիւն մը Պարթենոնի աւերակներուն տեսակ-տեսակ մտորումներու տեղի կու տայ, ինչ որ սովորական երեւոյթ մը չէ, գոնէ մեր գրագէտներուն մէջ, որոնք առհասարակ տեղ մը կ’երթան եւ այսպիսի փիլիսոփայական մտմտուքներու մէջ չեն իյնար, պարզապէս քարերը կը թուարկեն, արձանները կը նկարագրեն, սքանչացումի արտայայտութիւններ կ’ունենան եւ վերջ։
Հայաստանէն վերադարձին, Զարեան երկու տարի եւս կ’ապրի Ֆլորանս, եւ 1921-ի վերջաւորութեան ընտանիքով կ’որոշեն Պոլիս վերադառնալ: Զինադադարի՝ 1918-1922-ի բախտորոշ ժամանակաշրջանն էր, երբ դաշնակիցները Պոլիսը գրաւած էին եւ հայերը յոյս ունէին, որ բան մը պիտի փոխուէր: 1921-ին կը վերադառնայ, դարձեալ գրական շարժում մը ստեղծելու նպատակով: 1922-ին կարճ ժամանակով լոյս կը տեսնէ «Բարձրավանք»-ը, ուր Զարեան ու Օշական (որ այլեւս Յակոբ Քիւֆէճեան չէ) միասին են՝ Վահան Թէքէեանի, Շահան Պէրպէրեանի եւ Գեղամ Գաւաֆեանի հետ։
Բայց Պոլիսը 1914-ի Պոլիսը չէ: Արշակ Չօպանեանին ուղղուած նամակի մը մէջ, Զարեան կը գանգատի, որ մթնոլորտը շատ տարբեր է, եւ գրական շարժում ստեղծելու ենթահող չկայ այլեւս։ «Բարձրավանք»-ը եօթը ամիս կը տեւէ, եւ 1922-ի վերջաւորութեան Իզմիռի աղէտէն ետք, քեմալական շարժումի յաղթանակով տեղի կ’ունենայ Պոլսոյ պարպումը։ Զարեանն ու Օշականը այդ ժամանակ հրաւէր կը ստանան Խորհրդային Հայաստանի կառավարութենէն՝ Երեւանի համալսարանը դաս տալու: Օշական կը մերժէ, ըսելով Զարեանին, թէ «դուն գնա եւ տես ինչ է կացութիւնը»։ Ինչպէս որ Մարկ Նշանեանը յօդուածի մը մէջ գրած է, Զարեանի պատասխանը կ’ըլլայ «Անցորդը եւ իր ճամբան», այսինքն՝ 400 էջնոց պատասխան մը Օշականին քանի մը տարի ետք։
Իր ընտանիքով 1923-ի սկիզբը կը հասնի Երեւան, ուր կը մնայ մօտաւորապէս մէկուկէս տարի: Հոն կը հիմնէ բաղդատական գրականութեան դասընթացքը համալսարանին մէջ, ուր դասագիրք մըն ալ գրած է, որ մնացած է Հայաստան, որուն ճակատագիրը յայտնի չէ: Կինն ալ դաս տուած է երաժշտանոցին մէջ Ռոմանոս Մելիքեանի հետ, բաւական դժուարին պայմաններու մէջ ապրած են:
«Անցորդը եւ իր ճամբան» կը թուի ուղեգրութիւն մը ըլլալ եւ ո՛չ թէ անպայման վիպական գործ մը, բայց Զարեան զայն կոչած է «համայնավէպ» երբ որ պատրաստած է հրատարակութեան Պէյրութի մէջ (Համազգայինը 1954-ին Զարեանի հետ համաձայնագիր կնքած է հինգ հատորով գործերը տպելու, բայց երբեք բան չէ տպուած, յայտնի չէ, թէ ինչու): Ուրեմն պէտք է կարդալ իբրեւ վէպ, ուր նաեւ միախառնուած են իրական կերպարներ Ոմանք անանուն են, ուրիշներ՝ սկզբնատառով (օրինակ՝ Մարտիրոս Սարեան)։
Յունիս 1924-ին վիճելի պայմաններու մէջ Զարեան իր ընտանիքով մեկնած է Երեւանէն: Ինչո՞ւ վիճելի. որովհետեւ թէեւ «Անցորդը եւ իր ճամբան»-ի վերջաւորութիւնը վիպական բաժին մը ունի, բայց ըստ երեւոյթին վերջին ամիսներուն Զարեան հալածանքի ենթարկուած կ՚ըլլայ։ Սակայն, գիտենք, որ նոյն տարին Գարեգին Լեւոնեան կենսագրական ուրուագիծ մը պատրաստած է, որ կ’ըսէ, թէ Զարեան յունիս 1924-ին կը մեկնի Հայաստանէն համալսարանի եւ ՀՕԿ-ի յանձնառութեամբ: Պաշտօնական հանգամանքով մեկնումը 1926-1928-ին գրուած «Անցորդը եւ իր ճամբան»-ի դրած հալածանքի խնդիրը թէական կը դարձնէ, քանի որ մեկնումէն ետք սկզբնապէս կապեր կը պահէ խորհրդահայ վարչակարգին հետ, նոյնիսկ յօդուածներ կը շարունակէ հրատարակել Հայաստանի մամուլին մէջ եւ խորհրդային շրջանակներուն մօտիկ կ’ըլլայ Փարիզի մէջ:
Ելլելէն ետք, 1925-ի սկիզբը «Խորհրդային Հայաստան» օրաթերթին մէջ կը տպէ ուրիշ ուղեգրութիւն մը՝ «Ճանապարհի նօթեր», որ կը պատմէ իր նաւարկութիւնը Պաթումէն մինչեւ Վենետիկ իտալական նաւով մը: Այդ նաւը կ’երթայ եւ Տրապիզոնի ու Պոլսոյ առջեւ կը կենայ, բայց Զարեան չի կրնար իջնել, որովհետեւ վիզա չունին: Այդ ուղեգրութիւնը կը հասնի մինչեւ Աթէնք, ուրեմն կ՚ենթադրեմ, որ անաւարտ մնացած է դարձեալ։
Պէտք է ընդգծել, որ Զարեան իր բոլոր ուղեգրութիւններուն մէջ շատ խորաթափանց կերպով կը քննէ երեւոյթները եւ իր հայեացքէն բան չի խուսափիր։ Պարզ ընթերցողը կրնայ չհասկնալ առաջին ակնարկով, թէ ի՞նչ է գրածը, որովհետեւ ան կը գրէ իրեն համար, ընթերցողը կարեւոր չէ, ոչ ալ կարեւոր է, թէ ան կը հասկնա՞յ ակնարկութիւնները, թէ ո՞վ են այն մարդիկը, որոնց մասին կը գրուի, ի՞նչ է ըսել ուզածը, ի՞նչ փաստերու մասին կը խօսի: Նոյնիսկ այդ բոլոր գործերուն հայաստանեան հրատարակութիւններուն մէջ ամեն ինչ ծանօթագրուած չէ, որովհետեւ հրատարակիչը ամեն ակնարկութեան իմաստը չէ կրցած թափանցել։ Օրինակ՝ Զարեանի ճամբորդած նաւուն մէջ քանի մը հայեր կան, որոնք շարքին՝ գիւմրեցի ընտանիք մը, որ կ’արտագաղթէ դէպի Ամերիկա։ Գրողը կը նկարագրէ անոնց անորոշութիւնը, եւ քանի մը տողով կը բացատրէ անոր կապակցութիւնը ամերիկեան գաղթականական օրէնքներուն հետ, որոնք խիստ խստացած էին այդ շրջանին, ներառեալ՝ նոր վաւերացուած quota-ի օրէնքը, որ նուազագոյնի կ՚իջեցնէր հայերու մուտքը Ամերիկա։ Զարեանի գրածը բացատրուած չէ ուղեգրութեան 1998-ի վերատպումին մէջ։ Երկրորդ հետաքրքրական կէտ մը, այն է, որ վերջին անգամն է, որ Զարեան Պոլիսէն կ՚անցնի, եւ այս անգամ՝ առանց ոտք դնելու հոն։ Յայտնի փաստ է, որ Զարեան Պոլսոյ հետ հարց մը ունի, ամեն անգամ որ Պոլսոյ մասին կը գրէ՝ էապէս ժխտական ակնարկութիւններ կ՚ընէ իր գործերուն մէջ, որոնք կը սկսին այս ուղեգրութենէն։
Երեւանէն ելլելով, Զարեան կ’երթայ Վենետիկ, եւ այնուհետեւ ֆրանսական վիզա ձեռք բերելոը կը հաստատուի Փարիզ կնոջ եւ աղջկան հետ, մինչ որդիները՝ Վահէն եւ Արմէնը, գիշերօթիկ կը մտնեն Վենետիկի «Մուրատ-Ռաֆայէլեան» վարժարանը։
Ֆրանսայի մէջ Զարեան որոշ հանրային գործունէութիւն կ’ունենայ, յատկապէս խորհրդային շրջանակներու մէջ. այդ շրջանին է, որ Եղիշէ Չարենցին կը հանդիպի, երբ Չարենց իր նշանաւոր եւրոպական շրջագայութիւնը կ’ընէր 1923-ի վերջերէն մինչեւ 1925-ի սկիզբները: Աւելի ուշ, Զարեան իրննց հանդիպումը «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները« վէպի գլուխներէն մէկը պիտի դարձնէ, Չարենցը («Աւետիս Չարչարեան») ներկայացնելով ոչ այդքան դրական գոյներով։ Այսուհանդերձ, հետաքրքրական բաներ կը գրէ, ոմանք ճիշդ, ոմանք սխալ:
1925 թուականի վերջաւորութեան Զարեանը կը նախաձեռնէ ֆրանսերէն հանդէսի մը հրատարակութեան՝ “La Tour de Babel”։ Գրական այս հանդէսը ուղղուած է ամբողջ աշխարհի գրողներուն, որուն կ’աշխատակցին միջազգային վարկով գրողներ ու նկարիչներ։ Այդ թերթէն միայն մէկ թիւ լոյս տեսած է, երկրորդ թիւը լոյս չէ տեսած: Հիմա ան ալ հակասութիւններու կծիկ մըն է, թէ ինչու. մէկ տարբերակը, որ ինծի Արմէն Զարեանը պատմած է, այն էր, որ խորհրդային դեսպանատան կողմէ գացեր են՝ որպէս թէ Համլիկ Թումանեանն էր (Յովհաննէս Թումանեանի տղան, այն ժամանակ հոն կ’աշխատէր), գացեր են, եւ անոնց կողմէ տպարանին մէջ 2-րդ թիւին բոլոր շարուածքը ցրուեր են, եւ թերթը վերջացեր է: Ուրիշ տարբերակ մը, որ Թորոս Թորանեանը տպեր է 70-ական թուականին, որ իբր թէ յետադիմական շրջանակներու ազդեցութեան վրայ թերթը չէ շարունակուած, բայց մնացած է որպէս միակ թիւ։
Զարեան 1926-ին կը հրաւիրուի Հոլանտա դասախօսութիւններ տալու հայ արուեստի եւ մշակոյթի մասին եւ արեւելեան մշակոյթ արեւմուտքի քաղաքակրթութեան մէջ: Այդ միջոցին, հոկտեմբեր 1926-ին տեղի կ՚ունենայ Լենինականի երկրաշարժը, իր հասնելուն մէկ կամ երկու օր ետք յօդուած մը կը գրէ, որ հոլանտական թերթի մը մէջ լոյս կը տեսնէ։ Անշուշտ ինք հոլանտերէն չէր գիտեր. ֆրանսերէն գրած է ու թարգմանուած է հոլանտերէնի իր բարեկամներուն միջոցաւ։ Յետոյ հոլանտական թերթերու աշխատակցած է (երկու յօդուածի ծանօթ եմ, որ 1927-1928-ին լոյս ընծայած է, մէկը՝ Ահարոնեանի, միւսը՝ հայ մշակոյթի մասին):
Երբ կը վերադառնայ Հոլանտայէն, Փարիզի «Արագած» գրական պարբերաթերթին մէջ լոյս կ՚ընծայէ ուրիշ ուղեգրութիւն մը, որ կը կոչուի «Հոլանտական տպաւորութիւններ»: Զարեան ո՛չ միայն գրող եղած է, այլ նաեւ արուեստաբան. մեր գրողներուն մէջ իրեն նման արուեստի գիտակ չէ եղած:
1925-ի վերջերուն թէ 1926-ի սկիզբներուն՝ տակաւին լրիւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ, Զարեանը կը խզէ իր կապերը խորհրդայնամէտ շրջանակներուն հետ, կը սկսի աշխատակցիլ «Հայրենիք» ամսագրին: Այդ աշխատակցութիւնը կը սկսի բանաստեղծութիւններով, եւ 1926-ին նաեւ կը սկսի աշխատակցիլ օրաթերթին, որ կը տեւէ մինչեւ 1930-ականները: Ամսագրին աշխատակցութիւնը պիտի տեւէ 1925-էն մինչեւ 1955, անշուշտ կարեւոր ընդհատումներով: Ամսագրին մէջ լոյս պիտի տեսնեն իր գրեթէ բոլոր կարեւոր արձակ գործերը՝ բացառութեամբ «Նաւը լերան վրայ»-ի, եւ հոն ալ «թաղուած» են քանի մը տասնամեակ, որովհետեւ անոնցմէ ո՛չ մէկը Զարեանի ողջութեան լոյս տեսած է: Միակ գործը, որ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ լոյս տեսած է եւ միաժամանակ գիրքով՝ «Տատրագոմի հարսը»ն է։
Զարեան Փարիզը ձգած է 1926 թուականին եւ Իտալիա փոխադրուած, նախ՝ Վենետիկ, յետոյ՝ Միլան: 1929-ին յարաբերութիւն հաստատած է ամերիկացի նկարչուհի Ֆրանսիս Պրուքսի հետ, եւ այդ կապէն 1930-ին ծնած է Յովան անունով զաւակ մը: Այնուհետեւ Զարեանն ու կինը բաժնուած են, եւ յետոյ, երբ որ եկած է 1934-ին Ամերիկա, կ’ամուսնալուծուի եւ պաշտօնապէս կ’ամուսնանայ Ֆրանսիսի հետ: 1933 թուականին ամառը Զարեան Սպանիա կ’այցելէ իտալական թերթերու յանձնառութեամբ, ու այդ այցելութենէն ծնունդ պիտի առնէ «Սպանիա»ն։
Հայերէնով չորս գիրք լոյս տեսած է Զարեանի ողջութեան. առաջինը 1922-ին՝ «Օրերի պսակը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, երկրորդը՝ «Տատրագոմի հարսը» (1930), երրորդը՝ «Երեք երգեր» (1931), եւ չորրորդը «Նաւը լերան վրայ» (1943): Ուրեմն այդ աշխատակցութիւնը 30 տարի կը տեւէ, ամենէն վերջին գործը «Կղզին եւ մի մարդը» (1955) պիտի ըլլայ, որու առաջին սփիւռքեան հրատարակութիւնը, իմ խմբագրութեամբ, լոյս տեսած է Մոնթրէալ (2022)։ «Անցորդը եւ իր ճամբան» առաջին մեծ արձակն է, որ լոյս կը տեսնէ, յետոյ՝ «Արեւմուտք» եւ «Քաղաքներ»։ 1931-1933-ին լոյս տեսած է «Բանկօօպը եւ մամութի ոսկորները», որ կիսատ մնացած է, ըստ երեւոյթին նիւթական պատճառներով, բայց կարելիութիւն եղած է շարունակելու։ Երրորդ մաս մը պէտք է եղած ըլլար, որ գրուած չէ։

Ես ընդհանուր ժամանակաշրջանը գծեցի պարզապէս որպէսզի քիչ մը խօսինք երկու մեծ ուղեգրութիւններուն մասին, զորս 1935-էն մինչեւ 1938 Զարեան կը հրատարակէ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ՝ «Երկիրներ եւ աստուածներ» ընդհանուր խորագրին տակ: Առաջինը «Սպանիա»ն է, որ լման հրատարակուած է 1935-1936 թուականներուն, եւ անմիջապէս ետք՝ «Միացեալ Նահանգներ», որ 1936-էն մինչեւ Ապրիլ 1938 լոյս տեսած է եւ կանգ առած է։ Շատ բացայայտ է, որովհետեւ գրուած է «շարունակելի» եւ պատումը կը կենայ Լոս Անճելոսի մէջ, բայց բան մը չի գրեր, օրինակ, Սան Ֆրանսիսկոյի մասին, ուր ինք ապրած է: Չենք ալ կրնար ըսել, ինչպէս ինք գրած է Ռուբէն Դարբինեանին (1946), որ չշարունակելու պատճառը Օշականի «Մինչեւ ո՞ւր» թատերախաղն էր, որ լոյս տեսած է 1939-ին:
«Սպանիա»յին բախտը ժպտացած է վերջին տարիներուն. նախ առաջին անգամ գիրքով տպուած է 1998-ին ու վերհրատարակուած՝ 2016-ին (այն տարբերութեամբ, որ առաջին հրատարակութիւնը խորհրդային ուղղագրութեամբ է, իսկ երկրորդը՝ ոչ): Թարգմանուած է ռուսերէնի (ռուսերէն թարգմանութենէն եղած է սպաներէն թարգմանութիւն մը) եւ ֆրանսերէնի (նախ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ իբրեւ թերթօն, ապա՝ առանձին հատորով)։
Զարեան կը գրէ երկու բոլորովին տարբեր երկիրներու մասին, որոնցմէ մէկը Միացեալ Նահանգներն էր, որ բոլոր հայերուն համար ծանօթ էր, եւ Սպանիան, որ ուղղակի կարելի է չնաշխարհիկ համարել հայ իրականութեան մէջ։ Զարեանէն առաջ երեք կամ չորս հոգի յայտնի են, որ գացած են Սպանիա եւ ուղեգրական ակնարկներ գրած են (օրինակ՝ Վարդգէս Սուրէնեանցը, բայց նաեւ Տիգրան Նազարեանցը եւ Վահրամ Փափազեանը): Զարեան կը գրէ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի (1936-1939) նախօրեակին, երբ ամբողջ հայ մամուլը պիտի ողողուէր ոչ միայն պատերազմի լուրերով, այլ նաեւ գրողներու թարգմանութիւններով եւ տարբեր տեսակի տեղեկութիւններով: Բայց Սպանիոյ մասին ի՞նչ գիտէին հայերը՝ գրեթէ ոչինչ, ի՞նչ կը հասկնային Զարեանի տեղեկութիւններու հսկայական հեղեղէն: Ան կը գրէ առանձին գլուխներ Վելասքէսի, Կոյայի, Էլ Կրեքոյի մասին։ Իննսուն տարի առաջ «Հայրենիք» ամսագիր կարդացող նախկին գիւղացիները ի՞նչ գիտէին Սպանիոյ մշակոյթի մասին: Ամենէն մատչելին Կիլիկիոյ Լեւոն Ե. թագաւորին նուիրուած գլուխը կրնար ըլլալ։
Սպանիան եւ Միացեալ Նահանգները մէկ ամբողջութիւն է, թէեւ տպուած են իբրեւ առանձին հատորներ, «Երկիրներ եւ աստուածներ» խորագիրին տակ: Զաւակներուն նուիրուած այս գիրքը Զարեան չէ գրած միայն իր պտոյտին մասին, այլ ամբողջ խորհրդածութիւն մը կ՚ընէ այս երկու հատորներով Հայաստանի մասին՝ Սպանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ընդմէջէն: Իր բուն նպատակը երրորդ մասն էր, որ Հայաստանի նուիրուած պիտի ըլլար։ Կարծիք յայտնուած է, որ փոխանակ Հայաստանի մասին երրորդ մասը գրելու (թէեւ նախ պէտք է աւարտած ըլլար երկրորդ մասը), Զարեան «Նաւը լերան վրայ» վէպը գրած է, ինչ որ ապացոյցի կը կարօտի։ Ամեն պարագայի, հեղինակը 1944-ին Բենիամին Նուռիկեանին ուղղուած նամակի մը մէջ կենսագրական տուեալներ շարադրած է եւ, թուարկելով քանի մը գործեր, «Երկիրներ եւ աստուածներ»ու մաաին կ՚ըսէ, թէ «Ապանիան»ն «համարում եմ կարեւոր»։
Սպանիան մարդու հոգեկան արտայայտութիւնն է, իսկ Ամերիկան՝ նիւթական արտայայտութիւնը: Զարեան կը փորձէ հայութեան իր ըմբռնումը կտակել իր զաւակներուն. ան կոչ կ’ուղղէ անցեալին մէջ թաղուած չմնալու, այլ լուծելու ներկայի հարցերը: Նաեւ կ’ըսէ, թէ ամեն ինչ չէ, որ նախապէս սահմանուած է. մեր ճակատագիրը մեր ձեռքն է, ապրիլ կը նշանակէ մեր ազատութիւնը բանեցնել, եւ այստեղ արդէն լռելեայն կերպով վիճաբանութեան մէջ է մարքսիզմի հետ:
Զարեանը սպաներէն գիտէ՞ր: 1924-ին, երբ Յակոբ Մանանդեան Երեւանի համալսարանի պատմա-գրական ճիւղի տեսուչն էր, գրած է նամակ մը, որուն մէջ կ’ըսէ, թէ բախտաւոր ենք Զարեանի պէս դասախօս մը ունենալու եւ կը թուարկէ իմացած լեզուները, որոնց շարքին՝ սպաներէնը։ Զարեանի սպաներէնի հմտութեան աղբիւրը յայտնի չէ մեզի։ Դատելով «Սպանիա»յի բովանսակութենէն, դժուար է պատկերացնել, որ իր յիշած գրողներն ու գործերը կարդացած է այլ լեզուով եւ ո՛չ սպաներէնով, այսինքն՝ որ մեծ ու փոքր գրողներու բոլոր գործերը թարգմանուած էին ֆրանսերէնի։ Ատիկա էական առաւելութիւն մըն էր. զոր Սպանիոյ մասին մինչ այդ, ինչպէս եւ մինչեւ վերջերս գրող որեւէ այլ հայ հեղինակ ունեցած չէ։ Անկարելի է երեւակայել նաեւ, որ նկարիչներու, վայրերու, պատմական երեւոյթներու նկարագրութիւններն ու վերլուծականները ամբողջովին շարադրուած ըլլան առանց լեզուի իմացութեան։
«Միացեալ Նահանգներ»ուն. մասին ըսենք, թէ տարի մը հոն կը մնայ, եւ գիրքին նկարագրութիւնը կը սկսի Նիւ Եորքէն եւ կը հասնի մինչեւ Լոս Անճելըսի հանրակառքի ճամբորդութեամբ։ 1935-1937 թուականներուն Քորֆու կ’ապրի, ուր կը ծանօթանայ Լօրընս Տառէլին, զոր ամենէն նշանաւոր երկարակեաց կապը կրնանք սեպել եւ ամենէն յայտնին։ Այդ ծանօթութենէն պիտի ծնի Տառէլի ուղեգրութիւնը՝ “Prospero’s Cell” (հայերէնի թարգմանուած իբրեւ «Պրոսպերոյի կղզին»), ուր Զարեան գլխաւոր կերպարներէն մէկն է։
Զարեան 1938-1940-ին կ’ապրի Ֆլօրանս, եւ 1942 թուականին կնոջ եւ զաւկին հետ կը հաստատուի Ամերիկա՝ Նիւ Եորք: 1943-ին «Նաւը լերան վրայ» կը հրատարակուի Լեւոն Յակոբեանի ձգած գումարով (գիրքին անուանաթերթի նկարը կնոջը կը պատկանի): 1945-ին կը հիմնուի Հայ Դատի Յանձնախումբը (Armenian National Committee) Նիւ Եորքի մէջ, որ գործած է մինչեւ 1940-ականներու վերջերը: 1951-ին անոր յաջորդած է Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէն (American Committee for the Independence of Armenia), որդեգրելով Վահան Գարտաշեանի հին կազմակերպութեան անունը՝ Բէգլար Նաւասարդեանի գործավարութեան օրերուն, իսկ 1960-ական թուականներուն վերադարձած է հին անունին, որով կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Զարեան 1945-1947-ին Հայ Դատի Յանձնախումբի գործավարը եղած է: Այդ ժամանակ դաշնակցական եւ ոչ դաշնակցական երկու հատուածները ստեղծած են իրենց սեփական դատի յանձնախումբերը՝ երկուքն ալ ՄԱԿ-ի Սան Ֆրանսիսկոյի հիմնադիր ժողովին յուշագիր ներկայացնելու համար Կարսի ու Արտահանի կցումին մասին Խորհրդային Հայաստանին։
1946-ին Զարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է ԱՄՆ-ի առաջին հայագիտական հանդէսը՝
“Armenian Quarterly” ՚(երկու թիւ), որ հրատարակութիւնն էր Armenian American Cultural Association-ին, որ հայ եւ ամերիկացի մտաւորականներէ ու քաղաքական գործիչներէ բաղկացած էր եւ ուղղորդուած էր Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ։ 1946-ին հայագիտական դասընթացքներ կը վարէ Նիւ Եորքի մէջ։ 1947-ին կը ձգէ Նիւ Եորքը, տարիի մը չափ Հոլանտա կ’ապրի, իսկ 1948-էն մինչեւ 1951-ի վերջերը՝ Իտալիա, Իսկիա: Այդ ժամանակաշրջանին «Հայրենիք» ամսագրին մէջ կը հրատարակէ վերջին ուղեգրութիւնները՝ «Հոլանտական յուշատետրից» եւ «Հռոմէական յուշատետրը»:
1951-ի վերջաւորութեան Զարեան կը հաստատուի Պէյրութ մինչեւ 1954: Հոն դասաւանդած է թէ՛ Ճեմարանի բարձրագոյն կարգերուն հայ արուեստի պատմութիւն, եւ թէ՛ հայ մշակոյթի պատմութիւն Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Պէյրութի շրջանի պատմութիւնը տակաւին չէ գրուած: Մուշեղ Իշխանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի յուշերը կան, Սիմոն Սիմոնեան հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ Մուշեղ Իշխանի գրածները ճիշդ չեն: Նաեւ Լեւոն Վարդանը գրած է։ Եթէ կարդաք Զարեանի Պէյրութի օրագրութիւնը, վրդովիչ բաներ կ’ըսէ, շատ յուսախաբ ելած է Պէյրութէն: Ես այն ենթադրութիւնը զարգացուցած եմ «Կղզին եւ մի մարդ»-ուն յառաջաբանին մէջ (Մոնթրէալ, 2022), որ այդ վիպակը գրած է որպէս հակազդեցութիւն Պէյրութին, այսինքն՝ Պէյրութի մէջ ապրած «դժոխք»էն ետք, վերյիշել Իսկիայի «դրախտ»ը: Վիպակին մէջ Պէյրութի խօսքը չ’ըներ անշուշտ, բայց այդ փաստերուն հիման վրայ եւ ժամանակագրութեան հետեւելով բոլորովւն անհաւանական չէ: 1955-ին տպուած այդ գործը «Հայրենիք» ամսագրի վերջին աշխատակցութիւնը կ՚ըլլայ։
Պէյրութէն ետք Կիպրոսէն կ’անցնի, կարճ ժամանակ հոն կը մնայ, յետոյ կ’երթայ Ռափալօ (Իտալիոյ հիւսիսը), վերջը 2 տարի կը հաստատուի Վիեննա: 1958-ին Վիեննայի մէջ կինը կ’ախտաճանաչուի սպիտակարիւնութեսամբ (leukemia), անոր վրայ կ’որոշեն Ամերիկա դառնալ եւ հաստատուիլ Քալիֆորնիա՝ Պերքլի: Պերքլիի մէջ համալսարանը դաս տուած է, բայց ստոյգ չէ: 63-ին կինը կը մահանայ, երբ Զարեան Հայաստան հաստատուած էր: 1961-ի սկիզբներուն, Լոս Անճելըսի Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Զարեանին նուիրուած մեծարման երեկոյ մը կը կազմակերպէ: Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Ամերիկա կ՚այցելէ, եւ Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ Զարեանը իրեն կը հանդիպի։ Հայաստան կը հրաւիրէ, եւ կը խոստանայ, որ վերջին անտիպ գիրքը՝ «Գիրք դիւցազներգութեանց»ը պիտի հրատարակէ:
Նոյն տարուան յունիսին Հայաստան կ’այցելէ իր աղջկան՝ իտալաբնակ քանդակագործուհի Նուարդ Զարեանի հետ, Հայաստանի մէջ հարցազրոյց մը կու տայ, ուր յարձակում մը կայ Դաշնակցութեան դէմ, ինչ որ բաւական աղմուկ կը յառաջացնէ։ 1962 թուականին կը վերադառնայ Հայաստան, այս անգամ կնոջը հետ, իբր թէ 6 ամիս Հայաստան, 6 ամիս արտասահման ապրելու պայմանով, որ անշուշտ յարգուած չէ: Կինը բուժման համար վերադարձած է Ամերիկա եւ յետոյ մեկնած է, Ամսթերտամի մէջ սպասելով, որ Զարեան գայ եւ միասին Երեւան վերադառնան։ Արդարեւ, 1963-ին Կոստան Զարեան, Արմէն Զարեանը եւ իր ընտանիքը Հայաստան կը ներգաղթեն, իսկ գրագէտը Հայաստանէն ելլելու արտօնութիւն ստացած չէ։ Կինը մահացած է Նոյեմբեր 1963-ին եւ Զարեան յուղարկաւորութեան իսկ չէ կրցած երթալ։
1963-ին լոյս տեսած է «Նաւը լերան վրայ»-ի երկրորդ հրատարակութիւնը՝ գրաքննուած ու ձեւափոխուած, որ միայն ծառայած է Զարեանը վարկաբեկելու արտասահմանի աչքին: 1965-ին «Տատրագոմի հարսը» լոյս տեսած է, գրեթէ նոյնութեամբ, բայց «Գիրք դիւցազներգութեանց»ը Հայաստան տպուած չէ։ Զարեանի ողջութեան տպուած վերջին գիրքը կ’ըլլայ։ Ծրագրուած է երկերը տպել վեց հատորով, իսկ «Սպանիա»ն՝ առանձին հատորով (67-ին լման մեքենագրուած, ծանօթագրուած է, բայց արգիլուած է), բայց բան մը լոյս չէ տեսած ո՛չ մահէն առաջ եւ ոչ ալ մահէն ետք։ Յետմահու միակ հատորը, որ լոյս տեսած է Խորհրդային Հայաստան, 1963-ի եւ 1965-ի հատորներուն վերատպումը եղած է մէկ հատորով՝ ծննդեան հարիւրամեակին առիթով (1985):

Զարեան մահացած է 11 դեկտեմբեր 1969-ին։ Վերջին դրուագը, որ կը վերաբերի թաղումին. Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ’ունենայ Երեւանի արուեստի աշխատողներու տունէն (փաստօրէն Գրողներու Միութիւնը, որուն անդամ էր 1965-էն, իրեն տեղ չէ տուած, գրողներու աւագանին չէ գացած, միայն բարեկամներ գացեր են, 25 հոգիով թաղում մը տեղի ունեցած է): Գերեզմանին մէջ խօսած են Մշակոյթի փոխնարար Գուրգէն Բորեան, Գրողներու Միութեան քարտուղար Ստեփան Ալաջաջեան եւ Գրականութեան Արուեստի Թանգարանի տնօրէն Սարգիս Սարգիս Մելիքսէթեան։ Երեք հաստատութիւնները ստորագրած են մահախօսականը, բայց այս բոլորը հիմնականին ձեւակերպութիւն պէտք է համարել։ Զարեան մահացած էր, իսկ անոր գրական յարութեան պէտք է սպասել քառորդ դար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *