«Հորիզոն գրական»ի օգոստոս 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
«Հորիզոն գրական»ի օգոստոս 2022-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Միֆ ես, պատիր, պատրանք …
Աշնանային թոյլ մառախուղ ես ու լեռնային ըմբոստ քամի։ Դու յոյս ես, լոյս ես, կեանք ու մահ ես, պատիւ ու արժանապատւութիւն ես, սէր ու ջերմութիւն ես, քայլող բարութիւն ու հոգու մեղեդի ես, թաց աչքերով աղօթք մրմնջող ես, հանգստութեան աւետարան ես։
Դու ո՞վ ես … Continue reading “Մի կում առեղծուած”
Դու ուզեցիր,
որ
քո բացակայութեամբ
ես չլսեմ մեր տղայի
առաջին ճիչը,
չտեսնեմ նրա
աստղեր փնտրող
քո աչքերը, Continue reading “* * *”
Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերազարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։
Սիրելի՛ բարեկամներ,
Այսօր կը սկսիմ նոր բնաբան մը՝ եգիպտագիտութիւնը:
Որ շատ կը խօսի իմ սրտիս եւ որուն վրայ տարիներ աշխատած եմ՝ առանց մեծ արդիւնքի, որովհետեւ տարիքս չէր ներեր լրիւ ընկալելու նման նիւթ մը, որ շատ երիտասրդ՝ հազիւ 18-20 տարեկանի ուղեղ եւ յիշողութիւն կը պահանջէ: Իմս եղաւ ուշացած սէր մը, ըստ այսմ ալ՝ սորվածներուս 95%-ը մոռցած եմ:
Այդ բոլորէն մնացած են թանկագին պատառիկներ, որ կը բաժնեմ բոլորիդ հետ:
Եգիպտագիտութիւնը շատ ընդարձակ մարզ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ՝ Continue reading “Եգիպտականք”
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի աւագ գիտաշխատող
Մեծապէս գնահատելի պէտք է համարել աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դոկտ. Աբէլ քհն. Մանուկեանի «Հայ եկեղեցու սարկաւագուհիները» գրքի հրապարակումը: Այն Հայ եկեղեցու սարկաւագուհիների ձեռնադրութեան վերաբերեալ արժէքաւոր եւ ամփոփ աշխատանք է եւ լրացնում է մեր եկեղեցու պատմութեան մէջ Continue reading “ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒՀԻՆԵՐԸ» ԳԻՐՔԸ”
Մաշտոցեան մատենադարան, աւագ գիտաշխատող / Այխշթեթի համալսարանի պոստդոկտորանտ
Յուլիսի 15-19-ը ընթացաւ «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը» միջազգային գիտաժողովը։ Այն տեղի ունեցաւ երկու տարբեր վայրերում՝ Երեւանում (ԵՊՀ Աստուածաբանութեան ֆակուլտետ) եւ Վայոց ձորում (գ. Հերմոն, Լուսիտուր հիւրանոց-հանգստի գօտի)՝ այսպիսով ներառելով նաեւ Երեւանից դուրս գտնուող համայնքը եւ նպաստելով մարզային ներգրաւուածութեանը գիտական միջոցառմանը։ Continue reading “ԿԱՅԱՑԱՒ «ԱՐՑԱԽԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ”
Այն, ինչ քոնն է, պէտք է պահես, երբեք չզիջես ու չթողնես քայքայուի: Թատրոնն այսօրինակ վերամարմնաւորուած մեծ տարածքի տէր է՝ մարդու ներսի ու դրսի հետ մշտապէս կապի մէջ: Այն հոգու անսահման ճանապարհ է բացում՝ մշտապէս ուղենշելով երեւոյթների կարեւորութիւնը, որը յաճախ մարդու կողմից այս կամ այն կերպ հետին պլան է մղւում: Իսկ ովքե՞ր են նրան լսում: Քչերը, որովհետեւ թատրոնը նաեւ հայելի է, մարդը նրա միջով շատ անգամ իրեն է տեսնում՝ ամաչելու Continue reading “ՀԱՅԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԹԱՏՐՈՆԻ ԲԵՄՈՒՄ”
Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող Continue reading “Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս”
Հինէն ի վեր իր նախնական ամենապարզ ձեւին մէջ լեզուն հանդիսացած է մարդու արտայայտութեան ամենէն տարրական միջոցը. որոշ դաստիարակութեան տէր մարդիկ, ինչպէս մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, հետամուտ եղած են ստեղծելու արտայայտութեան ճկուն ու նուրբ այլ միջոցներ, լեզուն հասցնելով գեղարուեստական բարձրութեան մակարդակի մը, մինչ հասարակ ժողովուրդը, իր սեփական իւրայատուկ միջոցները, զանոնք պատշաճեցնելով իր մտային տարողութեան սահմաններուն, ստեղծած է պատկերալից խօսքեր որոնք ճանչցուած են ասացուածք կամ ասոյթ անունով։ Continue reading “ԱՍՈՅԹՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ ԶԱՐԴԵՐԸ”