ԱՍՈՅԹՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ ԶԱՐԴԵՐԸ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հինէն ի վեր իր նախնական ամենապարզ ձեւին մէջ լեզուն հանդիսացած է մարդու արտայայտութեան ամենէն տարրական միջոցը. որոշ դաստիարակութեան տէր մարդիկ, ինչպէս մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, հետամուտ եղած են ստեղծելու արտայայտութեան ճկուն ու նուրբ այլ միջոցներ, լեզուն հասցնելով գեղարուեստական բարձրութեան մակարդակի մը, մինչ հասարակ ժողովուրդը, իր սեփական իւրայատուկ միջոցները, զանոնք պատշաճեցնելով իր մտային տարողութեան սահմաններուն, ստեղծած է պատկերալից խօսքեր որոնք ճանչցուած են ասացուածք կամ ասոյթ անունով։
Շատեր ասացուածքն ու առածը իրարու հետ կը շփոթեն. առածը մի քանի կարճ հատու բառերով կազմուած իմաստութիւն մըն է, ժողովուրդի մը երկարամեայ փորձարութենէն քաղուած դաս մը, բարոյական պարունակութեամբ, որ կը կրէ տեւական բնոյթ, մինչ ասածուածքը խօսքի իւրայատուկ ձեւ մըն է, մտածելակերպ մը, կամ գաղափար մը պատկերալից եւ աւելի տպաւորիչ դարձնելու. հինէն ի վեր զանոնք կը գործածենք մեր ամենօրեայ խօսակցութիւններուն ընթացքին։ Ասոյթներուն մէջ երեւան կուգան ժողովուրդի մը ստեղծագործ հանճարի ցոլացումները, ու ձեւով մը կը կրեն, փորձարական գծով, ժողովուրդի մը կամ հաւաքականութեան մը հոգեկան ու մտաւորական ճիգերուն լոյսը։
Մտաւորականներէ ու զարգացած անձերէ աւելի՝ ռամիկն ու հողին կապուած մարդիկ են, որ իրենց մտքին դրոշմը դրած են ասոյթներուն մէջ։ Ասոյթներով պարզ ժողովուրդը առածներու մերձեցող սրամտութիւններ ու ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ։ Ասոյթներով կարելի է նաեւ ուսումնասիրել ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնն ու քաղաքակրթութեան մակարդակը։ Ժողովրդական սրամտութեան ցայտուն օրինակներն են երբ կ՚ըսենք «շունէն մազ պոկել» (Ժլատէն օգտուիլ) «ոտքին տակ հաւկիթ կայ» (դանդաղ կը քալէ) եւ այլն։
Ասոյթներուն մէջ իրենց կարեւոր տեղը ունին մարդկային մարմնին զանազան գործարանները, որոնք անգիտակցաբար կը գործածենք մեր ամենօրեայ խօսակցութիւններուն ընթացքին։ Ահաւասիկ օրինակներ.

Աչք
— աչքը բացուեցաւ
— աչք գոցեց
— աչքը սուր է
— աչքը չկտրեց
— աչքէն ինկաւ
— աչք տնկած է
— աչքին զարկաւ
— աչքը ետեւ մնաց
— աչքը մտաւ
— աչքերով կ՚ուտէ
— աչքը փողոցը մնաց
— աչքի եկաւ
— թերթը աչքէ անցուց
— աչքը կերածիս վրայ է
— աչքերով կը խօսին

Քիթ
— քիթը-բերանը մէկ ըրաւ
— քիթը ամեն տեղ կը խոթէ
— քիթը շատ վեր է
— հօրը քիթէն ինկեր է
— հոտէն քիթը փրթաւ
— քիթ կախել

Բերան
— բերանս մազ բուսաւ
— բերնէն կախուած մնացի
— բերնին ջուրերը կը վազեն
— կէս-բերան հրաւիրեց
— կինը ամենուն բերանն է
— բերանս բաց մնաց
— բերնին չափը պիտի տամ

Գլուխ
— գլուխը առաւ քալեց
— գլուխս տարաւ
— գլուխը քարէ քար զարկաւ
— դդում գլուխ մարդ
— գործ մը գլուխ հանել
— գլխուն վրայ կենալ
— գլուխ բռնել
— գլխուս վրայ տեղ ունի
— գլուխս ուռեցուց
— գլուխս արդուկեց

Ականջ
— ականջը ծանր է
— հօրը խօսքերուն ականջ չի տար
— պատերը ականջ ունին
— ամեն ըսուածին ականջ մի կախեր

Լեզու
— լեզուն երկար է
— լեզուին տակ բան մը կայ
— լեզուն կապուեցաւ
— ինչ լեզուներ թափեցի
— անուշ լեզու ունի

Սիրտ
— սրտէս խօսեցաւ
— սիրտը առի
— սիրտս բացուեցաւ
— սիրտս կոտրեցաւ
— խորովածը սիրտս քաշեց

Ձեռք
— ձեռքին տակը տասը հոգի կ՚աշխատի
— ձեռքը բաց է
— ձեռքը երկար է

Երես
— երես տալ
— երես դարձնել
— սեւերես ելլել
— երեսը պատռած է
— երեսին ջուրով մեկնիլ

Խելք
— մէկու մը խելք տալ
— խելքը թռցուց
— խելքդ սիրեմ
— խելքդ գլուխդ ժողվէ
— խելքին փչեց
— խելքին պառկեցաւ
— խելքը ուրիշ տեղ է

Մատներ
— մատները միասին կերաւ (համով ուտելիքի պարագային)
— մատին վրայ կը խաղցնէ
— տասը մատները մոմ ըրաւ

Ճակատ
— ճակատս բաց է
— ճակտիս մուր քսեց
— ճակտին գրուած է

Այլ ասոյթներ
— իր բոլոր բարեկամները մաղէ անցուցած է
— գիրքերուն մէջ թաղուած է
— ամօթէն գետնին տակը անցաւ
— իրարու միս կ՚ուտեն
— փուշի վրայ նստած է
— գնումի համար ժամերով պոչ բռնեցի
— մարդը պոչ կը խաղցնէ
— խնդալէն մարեցաւ
— աղբիւր երթալ, ծարաւ վերադաոնալ
— իշուն սատկած տեղը (շատ հեռու տեղ)

Եզրակացնելով կարելի է հաստատել որ ասոյթները ստեղծագործ գեղեցկութիւններ են, որոնք կը համեմեն պարզ խօսակցական լեզուն. կարելի է նաեւ զանոնք օգտագործել գրականութեան մէջ ու թարմացնել կարգ մը գրքունակ ոճեր։ Շատ մը ասոյթներ պատկերազարդ ճշմարտութիւններ կը դրսեւորեն, սրամտութեան գեղեցիկ գանձեր են ու անբաժան մասը կը կազմեն մեր ֆոլքլորին։

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *