Խաշմանը՝ արժանաւոր կերպար մը եւս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Բախտաւոր պէտք է զգանք, որ հայրենի մտաւորական մը ստանձնած է մոռացութենէ փրկել մեր ազգի երախտաւոր կարգ մը դէմքերը, որոնք համայնավար բռնապետութեան այդ ամբողջ տասնամեակներուն անտեսուած ու անգոսնուած էին իրենց ազգային-գաղափարական հակումներուն կամ այլ պատճառներով։
Ահա անգամ մը եւս այդ վեհ նպատակին կը ծառայէ «Յակոբ Խաշմանեան ՄՈՌԱՑՈՒԱԾ ԷՋԵՐ նամակներ» 544 էջ բովանդակող պատկառելի հատորը, — այս տիտղոսը եւ բոլոր մէջբերումները կը ներկայացնեմ դասական ուղղագրութեամբ, եթէ այդ չէ պարագան, մինչ Խաշմանեանի նամակները արդէն իսկ ներառուած են հարազատ ուղղագրութեամբ, — որ լոյս տեսաւ Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութենէն 2022-ին, տպագրութեամբ «Եգեա» տպագրատան՝ ՀՀ ԳԱԱ Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի («ինստիտուտի») գիտական խորհուրդի որոշմամբ։
Հատորը կազմած ու ծանօթագրած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեանը, իսկ գրքի խղճամիտ խմբագրումը կատարած է Գէորգ Գրիգորի Եազըճեանը։
Խաչատրեան ծնած է Երեւան, 1955-ին, աւարտած է Հայաստանի պետական մանկավարժական հիմնարկը (այժմ համալսարանը), 1992-ին պաշպանած է իր թեկնածուականը՝ նուիրուած Դերենիկ Դեմիրճեանի երգիծանքին, իսկ 2002-ին իր դոկտորականը՝ «Համաստեղի ստեղծագործութիւնը» բնանիւթով։ Աւագ գիտաշխատող է վերոյիշեալ գրականութեան հիմնարկին ու կը դասաւանդէ դպրոցներուն ու ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ։ Ան 1993-ին արժանացած է «ՀՀ Տարուայ ուսուցիչ» ճանաչումին։
Շատ բնական էր, որ երեք անբաժան ընկերներէն երկուքին՝ Արամ Հայկազի ու Համաստեղի նուիրուած իր բազմաթիւ աշխատասիրութիւններէն ետք,— որոնց կ՚անդրադառնամ քիչ անդին,— Խաչատրեան ձեռնարկէր Խաշմանեանի վերաբերեալ երկի մը պատրաստութեան, մանաւանդ որ, ոչ միայն հայրենի ընթերցողին ծանօթ չէ այս վերջինը, այլ ընդհանրապէս ներկայ հայ ընթերցողին, մանաւանդ իր գաղափարակիցներուն։
Նախ քան հատորը ներկայացնելս ըսեմ, որ ինծի համար յատուկ նշանակութիւն կը զգենու ան, քանի որ ուշ պատանեկութեանս ու վաղ երիտասարդութեանս տարիներուն չէի փախցներ «Յուսաբեր»-ի մէջ «Հայրենիք»-էն արտատպուած իր յօդուածները, որոնք վստահաբար իրենց կարեւոր դերը ունեցած են ի՛մ ալ կազմաւորման մէջ։ Նաեւ բախտաւոր եմ, որ գէթ մէկ անգամ իրեն հանդիպելու առիթը ունեցած եմ, երբ 1966-ի նոյեմբերին, իմ այստեղ հաստատուելէս հազիւ ամիս մը անց, Մոնթրէալ եկան ինք, Հայկազն ու Համաստեղը՝ այս վերջինին յոբելեանի նշումին առթիւ՝ «Համազգային»-ի կազմակերպութեամբ։
Խաշմանեանի ուսումնասիրութեան ձեռնարկելով Մարգարիտա Խաչատրեան հսկայածաւալ նիւթ է հաւաքած, սակայն դժբախտաբար, գէթ առ այժմ, միայն իր նամակներն է որ կը հրատարակէ, թուելով նաեւ այն բոլորը՝ յօդուածներ, դասախօսութիւններ ու աշխատասիրութիւններ եւ այլն, որոնք կրնան այլ հատորներով հրապարակուիլ։ Անշուշտ ոչ միայն ցանկալի, այլ անհրաժեշտ է, որ այդ գալիք հատորները հրատարակելու կարելիութիւնները ստեղծուին։
Կ՚արժէ կարդալ Մարգարիտայի հետեւեալ խոստովանութիւնը. «Խոստովանեմ՝ այս երեք Հայ մարդկանց արխիւային նիւթերը կարդում եմ … անցեալ հազարամեակից սկսած ու դեռ չեմ ձանձրացել, աւելին, ամեն անգամ ԳԱԹ(1), Ազգային գրադարան կամ Ազգային արխիւ եմ գնում նոր բան գտնելու ակնկալիքով ու, որպէս կանոն, չեմ յուսախաբւում… Պատճառը մեծատառով գրուող ՍԷՐն է, որ այս մարդիկ տածում էին Հայրենիքի, նրա մասնիկ Հայաստանի Հանրապետութեան (անկախ մակդիրից), Հայ Մշակոյթի ու միմեանց հանդէպ…։ Այդ ՍԻՐՈՅ հրաշագործ դաշտում հեշտանում են երկարատեւ փնտռտուքներդ, յաղթահարելի են դառնում նիւթական դժուարութիւնները, իսկ արդիւնքը նրանց թողած ժառանգութեան կենդանի վկայութիւններն են՝ հրատարակածս գրքերը, որոնք մարդու պէս ճակատագիր ունեն ու ապրում են իրենց տրամաբանութեամբ»:
Մարգարիտա Խաչատրեան ցարդ լոյս ընծայած է հետեւեալ հատորները Համաստեղի ու Արամ Հայկազի նուիրուած.
«Համաստեղ. Նամականի», Երեւան, 2003
«Համաստեղի ստեղծագործութիւնը», Երեւան, 2004
«Համաստեղ. Մատենագիտական ցանկեր», Երեւան, 2004
«Համաստեղ. Մոռացուած էջեր», Ա.-Դ. հատորներ, Երեւան, 2005-2007
«Համաստեղ. Աղօթարան», Երեւան, 2017
«Արամ Հայկազ. Նամակներ», Երեւան, 2009
«Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր», Ա.-Է. հատորներ, Երեւան, 2010-2016
«Արամ Հայկազ. Ապրող ծառ մը» (ժողովածու), Երեւան, 2012

Ներկայ հատորին մէջ ընդգրկուած են.
ա) Յակոբ Խաշմանեանի եւ Համաստեղի նամակագրութիւնը (իւրաքանչիւրինը տրուած է առանձնաբար, մինչ աւելի դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլար հետեւիլ եթէ թուականի կարգով շարուած ըլլային, ինչպէս է պարագան միւս նամակագրութիւններուն).
բ) Ամենայն հայոց կաթողիկոս (1955-1994) Վազգէն Առաջինի (Լեւոն-Կարապետ Պալճեան, 1908-1994) եւ Յակոբ Խաշմանեանի նամակագրութիւնը.
գ) Յակոբ Խաշմանեանի նամակագրութիւնը ԱՕԿՍ-ի(2) նախագահ Բերսաբէ Գրիգորեանի եւ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի հետ.
դ) Յակոբ Խաշմանեանի նամակները Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատասխանատուներուն:

Այստեղ նշեմ, որ թէեւ զանազան ազգային հարցեր կ՚արծարծուին այդ նամակներուն մէջ, բայց այդ հարցերը մէջտեղ կու գան ու կարծիքներու փոխանակման, նոյնիսկ հակադրման նիւթ կը դառնան ընդհանրապէս առնչուելով «Համաստեղի ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին, այդ առիթով կազմուած յոբելեանական կենտրոնական յանձնաժողովի աշխատանքներին», յանձնաժողով, որուն ոգի՛ն իսկ էր Խաշմանեան, թէեւ համեստօրէն ստանձնելով անոր քարտուղարի պաշտօնը, նախագահութիւնը ձգելով Արամ Հայկազին։ Ու ես գրադարանիս մէջ ուրախութեամբ վերագտայ այդ առթիւ իրենց (մասնաւորաբար ընկ. Խաշմանի անվհատ հետապնդումներով) լոյս տեսած աղուոր գիրքը, որուն ծննդոցի ամբողջ ոդիսականը կը կարդանք այս հատորին մէջ։
Հատորը ունի Խաչատրեանի ստորագրութեամբ ծաւալուն ներածական մը («Արդարների յիշատակը մնալու է գոհաբանութեամբ… — Առաջաբանի փոխարէն», 47 էջ, ներառեալ 20 էջ ծանօթագրութիւններու բաժին մը), ուր ոչ միայն կը ներկայացնէ գրքին բովանդակութիւնը, այլեւ հետաքրքրական շատ մանրամասնութիւններ կու տայ անոր պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Համաստեղի ու Արամ Հայկազի առնչութեամբ իր կատարած աշխատանքին, դժուարութիւննրուն, ստացած աջակցութիւններուն եւ այլ խնդիրներու մասին։
Իսկ հատորի վերջին մասը կը հանդիսանայ «Ծանօթագրութիւններ» բաժինը, որ 165 էջերու վրայ մանրամասն կը ներկայացնէ նամակներուն մէջ յիշուած անունները, դէպքերը եւ այլն։ Անոր ալ կը յաջորդէ անձնանուններու երկար ցանկ մը, նշելով բոլոր էջերը ուր ընթերցողը կը հանդիպի անոնց։ Եթէ այս ցանկն ալ դասական ուղղագրութեամբ ըլլար, թերեւս նաեւ զոյգ ուղղագրութիւններով՝ այնպէս ինչպէս կ՚երեւին նամակներուն մէջ, կրնար աւելի օգտակար ըլլալ։ Զոյգ ծանօթագրութիւններն ալ,— որոնք ի դէպ կրնային մասամբ միաւորուիլ, մասամբ ալ ուղղակի յառաջաբանին մաս կազմել,— իրենց հարուստ տեղեկութիւններուն մէջ ունին մի քանի ճշգրտելի կէտեր, որոնք կրնան սրբագրուիլ յաջորդ տպագրութեամբ կամ յաջորդ հատորներով։

Գաղափար մը տալու համար Յակոբ Խաշմանեանի ոճին ու մօտեցումներուն մասին՝ ահա ստորեւ քանի մը հատուած իր զանազան նամակներէն։
Համաստեղին ուղղած 26 յուլիս 1965 թուակիր իր նամակին մէջ («Մոռացուած էջեր», էջ 68) անդրադառնալով խորհրդայիններուն կողմէ ՀՅԴ կամ որոշ դաշնակցական ընկերներու հանդէպ ցուցաբերուած քիչ մը մեղմացած վերաբերումին, Խաշմանեան կը գրէր. «Եթէ նոյնիսկ այսօրուան փաստերուն հանդէպ տարակոյսներ ու վախեր ունինք, երէկի տգեղութիւններն ու ոճիրները մարդոց երեսին տալով չէ՛, որ նպաստած կ՚ըլլանք նոր ու առողջ այն ջանքերուն, որ այսօր յանդգնօրէն թէ խարխափումներով կատարել կը փորձեն այնքան շատեր։ Յետադարձ շարժումներու կարելիութենէն վախնալը տեսականօրէն ու բնականօրէն հասկնալի է մեզ համար։ Հայրենիքին մէջ այդ քայլերը առնողներուն համար եւս կրնան գոյութիւն ունենալ նման վախեր՝ մեզ համար տեսական, բայց ներսիններուն համար գործնական ու իրական վախեր, իրենց իսկ սպառնացող վախեր»։ Այս մասին պիտի կարդանք այլուր եւս, բայց Խաշմանեան մինչեւ վերջ համոզուած պիտի մնայ, որ յանուն ազգային միասնութեան անհրաժեշտ է դարձնել հին էջերը։ Գիտենք նաեւ, որ այդ տարիներու մեղմացումը երկար պիտի չտեւէր…
23 յունուար 1966 թուակիր նամակին մէջ (անդ, էջ 89) Խաշմանեան դիտել կու տայ՝ «Շեշտեմ՝ Համաստեղի իրական գնահատողները պզտիկցուցած պիտի ըլլան Համաստեղը, եթէ չընեն իրենց կարելին, որ անոր յոբելեանը տօնուի հայաշխարհի ամէ՛ն մեծ կեդրոն, ամէ՛ն փոքր անկիւն՝ ատոր համար աշխատելով ե՛ւ տեղին վրայ, ե՛ւ հեռուներէն, պաշտօնապէս թէ անձնապէս»։ Ինք անդուլ պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ, ջանալով ապահովել նաեւ ոչ-դաշնակցական կազմակերպութիւններու, գրողներու եւ մտաւորականներու մասնակցութիւնը, որոշ չափով յաջողելով, սակայն ո՛չ իր ուզած չափերով՝ «հասկնալի» պատճառներով… Իսկ իր 6 փետրուար 1966 -ի նամակին մէջ ան կ՚աւելցնէ. «Ուրիշներ կրնան թերանալ այս հասկացողութեան մէջ, անոր կիրառումին մէջ, բայց ո՛չ մենք! Կարելի է ներել անոնց շատ թերացումներուն, բայց մենք պէտք չէ ներենք մեր թերացումներուն, մերիններու թերացումներուն»։
Հայրենիքի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման իր ցանկութիւններն ու ճիգերը բազմիցս կ՚երեւին Վազգէն Ա. կաթողիկոսի հետ փոխանակած իր նամակներուն մէջ յատկապէս գոհացնելով այս վերջինի խնդրանքները՝ «Հայրենիք» ամսագրի հաւաքածոներ Էջմիածնի հայթայթելու առնչութեամբ,— տեսնել Վեհափառին 4 մայիս թուակիր նամակը իրեն ուղղուած (անդ, էջ 276) եւ յաջորդող նամակները։ Նոյն դրական տրամադրութիւնները կը ցուցաբերէ Խաշմանեան օգնելու համար Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին՝ ամերիկաբնակ հայրենակիցի մը անձնական գրադարանի 4000 գիրքերը Հայաստան փոխադրելու խնդրանքին ընդառաջելով։
Սակայն Խաշմանեան չի վարանիր նաեւ իր շատ զուսպ ու կշռուած յանդիմանութիւնը կատարելու պ. Համազասպեանին, երբ այս վերջինը կ՚առարկէ, թէ Ռուբէն Դարբինեանը՝ «Հայրենիք»-ներու վաստակաւոր խմբագիրն ու Համաստեղի գրականութիւնը այդ ճամբով ալ հանրութեան սեփականութիւնը դարձուցած ալեհեր մեծանուն ազգային գործիչը, պատուոյ նախագահն է նշանակուած յոբելենական յանձնախումբին։ Այս հատորին ամենէն ծանրակշիռ նիւթերէն մէկը կը հանդիսանայ Խաշմանեանի 25 յունիս 1966 թուակիր երկարաշունչ նամակը (անդ էջ 319-324) Համազասպեանին՝ որպէս նմուշ բարեկիրթ բայց գաղափարական մարդու կեցուածքի։ Միայն սա քանի մը տողերը բաւարար են ցոյց տալու համար նամակագրին մեծութիւնը. «Ճիշդ է, իսկապէս մեծ եղաւ անակնկալը։ Եւ սակայն ես լսեցի զայն առանց յայտնի յուզումի, մանաւանդ՝ առանց դառնութեան, բայց անպայման զուսպ ու խոր տխրութեամբ եւ խոցուած սրտով։ Բանիմաց ու յարգելի հայաստանեան իմ բարեկամը ինչպէ՞ս կրցեր էր վիրաւորել ուրիշ քանիներու կարգին նոյնքան ալ իրեն սիրելի, բացառապէս պարկեշտ հայ գրագէտ մը՝ Արամ Հայկազը եւ անոնց հետ նաեւ զիս։ Անտարակոյս ան վիրաւորեր էր առանց այդ դիտաւորութեան։ Բայց նաեւ առանց մեզ հասկնալու»։
Կրնամ անվարան ըսել, որ պարզապէս իր նամակներուն իսկ մէջէն մեր առջեւ կը կանգնի իրապէս եզակի կերպար մը՝ ամբողջական հայ ու ամբողջական դաշնակցական, մարդասէր, ընկերասէր, ընտանեսէր, աշխատասէր, պարկեշտ, համեստ, ընդմիշտ զոհաբերուող ու նուիրեալ, Համաստեղի իսկ բառերով՝ «մետաքսի պէս մեր ազնիւ մտաւորականներէն» մէկը։ Խաչատրեանի բնորոշմամբ՝ գլխագիր այդ ՀԱՅերը՝ Խաշմանեանն ու իր երկու ընկերները միաւորողն էին «կարօտը, հայութեան փրկուած զանգուածներին անմնացորդ ծառայելու մղումը, ծայրայեղ համեստութիւնը եւ ամենօրեայ հետաքրքրութիւնը հայության Հայրենիքի մի փոքր հատուածում՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնում (նրանց կենդանութեան ժամանակ՝ Խորհրդային Հայաստան) ծուարած հայութեան հոգսերի, ձեռքբերումների նկատմամբ»։ Կազմողը ապա կ՚աւելցնէ. «Յակոբ Խաշմանեանին միշտ հետաքրքրել են օտար ափերում ծնուած հայ մարդկանց հայեցի դաստիարակութեան, Մայր Հայաստանի հետ մշակութային կապի, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերությունների հարցերը»:
Մեր անյետաձգելի պարտքն է ճանչնալ այս մեծ հայերը, օրինակ առնել իրենցմէ ու հետեւիլ իրենց՝ մեր ազգին ու մշակոյթին ծառայութեան ի խնդիր։

1. ԳԱԹ — Արուեստի եւ գրականութեան Ե. Չարենցի անուան թանգարան
2. ԱՕԿՍ — Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութիւն (ռուսերէն անուանման յապաւումէն)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *