Մեր ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի դեկտեմբեր 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Խմբագրութեան կողմէ

Համայն հայութեան համար ծանր եղաւ անցնող տարին։ Որպէս իր ժողովուրդին խօսնակը՝ գրողն ու արուեստագէտը պիտի արտայայտեն անոր իղձերը, վիշտերը, ուրախութիւնը, ցասումը։ 2021-ի այս վերջին թիւով կու տանք արցախաբնակ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու գրիչին արգասիքը ներկայացնող մի քանի մտորումներ ու քերթուածներ, փորձելով լուսարձակի տակ առնել պայքարի առաջագծին ամենամօտ գտնուողներու կարծիքներն ու մտքերը, եւ ընթերցողին հասցնել համացանցային համայնակուլ ժխորին պատճառով ինքնստինքեան շրջափակման մէջ յայտնուած առողջ ձայները։

ՀՈՐԻԶՈՆ ԳՐԱԿԱՆ

Մեզանից իւրաքանչիւրը պիտի տէր կանգնի իր բաժին հայրենիքին

ՆԱՆԱՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Արցախի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի դասախօս

Մեր կեանքի հէքեաթը գլխիվայր շուռ եկաւ 2020թ-ի սեպտեմբերի 27-ին… Պատերազմի 44 չարաբաստիկ օրերին չէի կորցնում հաւատս, աղօթում ու յուսադրում էի ամենքին, իմ լաւատեսութեամբ փակում էի բոլոր յոռետեսների (գուցէ նաեւ իրատեսների) բերանները…
Նոյեմբերի 9-ին երազում էի չլինել, անէանալ, ոչնչանալ։ Թւում էր՝ մղձաւանջի մէջ ենք ազգովի, շուտով կ՚արթնանանք ու ամեն բան իր տեղը կ՚ընկնի, բայց…
Արցախ վերադառնալու հնարաւորութիւնը փոքր-ինչ մեղմեց, տանելի դարձրեց խելագարեցնելու չափ անտանելի դարձած առօրեան։ Պատերազմը փոխեց իմ ներաշխարհն ու աշխարհայեացքը, կեանքի ու մահուան, ապրելու ու արարելու մասին իմ ունեցած բոլոր ընկալումներն ու պատկերացումները։ Continue reading “Մեզանից իւրաքանչիւրը պիտի տէր կանգնի իր բաժին հայրենիքին”

ԾՆՈՒԵԼ ԵՄ… եւ այլ քերթուածներ

ՆՈՐԵԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Արցախում, ժայռի պարանոցից կախուած մի գիւղ կայ, անունը՝ կարեւոր չէ: Քանի տարեկան է, չգիտեմ, բայց հայրս ծնուել է այնտեղ, պապս էլ, պապիս պապն էլ, պապիս պապի պապն էլ: Հաշուէք, տեսէք ինչքան է ստացւում, եթէ, ի հարկէ, հետաքրքիր է: Գիւղի կէսը մենք էինք, ուզում եմ ասել՝ մեր գերդաստանը, հօրս ասելով՝ մեր ցեղը, միւս կէսը՝ միւսները: Եւ մենք գիւղի վերեւում էինք, ժայռը, որ ասում եմ, հէնց այդ ժայռի ամենավերեւի տեղը: Եւ այնտեղ էլ հօրս պապը՝ Գասպարեան Մարտիրոսը, տուն է շինել, երկյարկանի, գեղեցիկ, հաստ պատերով՝ տանիքին փռելով հօրս տատի նախշուն հայեացքը: Եւ երբ մի օր պապիս հարցրել եմ՝ ինչու՞ է տունն այդքան գեղեցիկ, պապս տաք ժպտացել է՝ որովհետեւ այնտեղ ծնուելու էիր դու: Եւ ես, Մարտիրոսի հպարտութեան հասած քաղցր պտուղները գիւղով մէկ բաժանելու համար, հէնց այդ տանն էլ ծնուել եմ: Յիշում եմ, աշուն էր, բայց կարգին, տեղը տեղին ձիւն էր եկել: Չէք հաւատայ, բայց այդ օրը համարձակուել եմ նաեւ բանաստեղծութիւն էլ գրել. Continue reading “ԾՆՈՒԵԼ ԵՄ… եւ այլ քերթուածներ”

ՆԱՄԱԿ ԱՐՑԱԽԻՑ

ԶԱՐԻՆԷ ՍԱՌԱՋԵԱՆ

Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ,
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս

— Բարեւ, ԱՇԽԱՐՀ, — կամ միջազգային հանրութիւն, — թոյլ տուր «դու»-ով խօսել քեզ հետ, ինչպէս մեզ մօտ ընդունուած է խօսել հարազատ մարդու հետ, որովհետեւ քեզ հետ սրտաբաց զրոյց եմ բացելու: Ես Արցախն եմ: Գո՞ւցէ անունս քեզ ոչինչ չասի, որովհետեւ ինձ յաճախ կոչում են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ: Գիտե՞ս, դու ինձ չես ճանաչում, բայց ուզում եմ մի փոքր պատմել իմ մասին, որովհետեւ քո կողմից ինձ ճանաչելը իմ գոյութեան համար էական նշանակութիւն կ՚ունենայ, քո՝ ինձ ճանաչելով հնարաւոր է այլեւս զաւակներս չզոհուեն, կեանքս բռնութեան չենթարկուի եւ իրաւունքներս կոպտօրէն չեն ոտնահարուի: Չէ՞ որ քեզ համար մարդու իրաւունքների պաշտպանութիւնը Continue reading “ՆԱՄԱԿ ԱՐՑԱԽԻՑ”

ՈՒԶՈՒՄ ԵՄ

ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Ուզում եմ երջանկութիւնը
տաք վերմակ լինի,
ծածկուեմ ու քնեմ,
չմտածեմ, որ դրսում դեկտեմբեր է
ու դաժան ձմեռ է լինելու…
Ուզում եմ երջանկութիւնը էն իմ սիրած
կօշիկը լինի, որ իսկական կաշուից է,
որ ինչքան էլ հագնում եմ, չի մաշում…
Ուզում եմ երջանկութիւնը իմ սիրած
ականջօղի պէս ամեն օր կրել,
այդպէս գնալ աշխատանքի,
քնելիս չհանել, չդնել մահճակալիս մօտ… Continue reading “ՈՒԶՈՒՄ ԵՄ”

Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Համավարակէն յետոյ» մը տակաւին չկայ: Չէր մտածուած այն ժամանակ, Ժահրի առաջին ալիքին գագաթնակէտային ժամանակներուն, երբ կարծես թէ անհրաժեշտ էր ապրուող տիսթոփիային գտնել Bred Easton Ellis-ի American Psycho-ի THIS IS NOT AN EXIT-էն տարբեր աւարտ մը:
Հարաւային կիսագունդին մէջ Դադար 2 է — Pausa 2. արժանթինցի լրագրող Hugo Alconada Mon-ի նոր լոյս ընծայած գրքի խորագրին հետեւումով (քսանհինգ անձնաւորութիւններու խորքային հարցազրոյցներու հաւաքածոյ մը, ուր անոնք կը խորհրդածեն Ժահրին բովէն անցած աշխարհի մասին): Երկրորդ ալիքը արդէն երկու ամիս է կ՚իջնէ, վարակուողներու եւ մահերու թիւերը կայունացած են ցած հարթակի մը վրայ, պատուաստի սատանայացում չէ եղած, Continue reading “Գորոնագրութիւն — ՄԻԵՒՆՈՅՆՇԱԲԹԻՆԵՐՈՒ ԹԱԽԻԾԸ”

ՁԻՒՆ, ԳԻՆԻ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

— Ուշադի՜ր եղէք, ճամբաները լաւ չեն նորէն։
Մայրս է, ընկալուչին միւս կողմը. չըսէ՝ չ՚ըլլար։ Իսկ երբ ականջի ետեւ նետեմ, պատասխանը չ՚ուշանար՝
— է՜հ, օր մը երբ մայր ըլլաք, այդ ատեն կը հասկնաք։
Այդպէս կ՚երեւի, որ բնաւ պիտի չհասկնամ։
Մեր միտքը դրեր ենք. Թորոնթոյէն հակիրճ փախուստի մը կը պատրաստուինք, հանգստավայրը՝ մօտ հինգ հարիւր քիլոմեթր դէպի արեւելք՝ Մոնթրէալ։

Սովորաբար միութենական առաքելութեամբ ճամբայ կ՚ելլենք դէպի Մոնթրէալ. խինդ ու ծիծաղ յառաջացնող շատ յիշատակներ կան։ Բայց խոստովանիմ, որ ահաւոր զգացում մը կը պատէ մեզ, Քինկսթընի սահմաններուն չմօտեցած, Թորոնթոյէն մօտ երկու ժամ անդին։ Continue reading “ՁԻՒՆ, ԳԻՆԻ ԵՒ ԱԶՆԱՒՈՒՐ”

ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ կինս՝ Մարալը, տան մէկ խուլ անկիւնէն հանած էր գրամեքենաս, որ շուրջ քսան տարիէ հանգիստ կը ննջէր: Բացի անոր կափարիչը՝ մոռցուած հին ծանօթի մը հանդիպողի կարօտով: Անշուշտ ամբողջովին օտարացած էի ստեղնաշարին. իւրաքանչիւր տառ դժուար կը բարձրանար իր հանգստավայրէն եւ հաւանաբար «իւղոտել» կ՚ուզէր, իսկ ժապաւէնը բնականաբար կորսնցուցած էր իր սեւ մելանը եւ տուած «հարուածներս» չէին արձագանգեր էջին վրայ: Կարծես դարձած էր մնացորդ մը անցեալէն, զոր պատմութիւնը ձգած էր ետին, սակայն յիշատակներու ամբողջ աշխարհ մը կը բանար դիմացս: Չեմ գիտեր, թէ այս մէկը գործածած քանիերո՛րդ գրամեքենաս էր, երեքէն չորս տարբեր մեքենաներ գործածած էի, սակայն այս վերջինը ի՛մս էր. մտերիմ բարեկամ մը, իբրեւ անակնկալ նուէր, զայն բերած էր ինծի: Continue reading “ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՍ ՀԵՏ”

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ», բանաստեղծութիւններ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
ԱՅՑԵՔԱՐՏ.

— Խորագիր՝ Առաձգական:
— Հեղինակ՝ Յարութիւն Պէրպէրեան:
— Լոյս տեսած՝ Երեւանի «Զանգակ» հրատարակչատունէն, 2021, 272 էջ:
— Հեղինակին բացատրութեամբ՝ հրատարակութիւնը կատարուած է Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան օժանդակութեամբ:
— Նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ՝ կը բովանդակէ վերջին 12 տարիներու իր ստեղծագործութիւններէն, նաեւ՝ նախորդ հատորներով լոյս տեսած բանաստեղծութիւններէն փունջեր:
— Նիւթեր՝ նմանապէս հեղինակին բացատրութեամբ (հատորի վերջին էջերուն տրուած)՝ սէր, սփիւռքահայ գրողի վիճակ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, բնապահպանում, համամարդկային տագնապներ…
— Ներքին բաժանումներ՝ ընդամենը 19 գլուխ, որոնցմէ մէկ քանին կ՚ընդգրկեն քանի մը բանաստեղծութիւն, ուրիշներ՝ աւելի մեծ թիւով:
— Կողքի գծանկար՝ Արթօ Չագմագճեանի: Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — «ԱՌԱՁԳԱԿԱՆ», բանաստեղծութիւններ”