Մեր վերջին թիւը՝ ՄԱՐՏ 2026

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի վերջին թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում

Բանաստեղծութիւններ

Վարդան Յակոբեան
ԱՐՑԱԽ
(Ձօներգ)

Սաւառնող արծուի անբիծ փետուրով
Արեւի վրայ գրում եմ՝ Արցախ:
Մասիս բարձրանում՝ Նոյի հետքերով,
Տապանի կողին ծաղկում եմ՝ Արցախ:
Տնէտուն անցնում — ուխտաւոր լուսոյ —
Տնուորաց սրտում կարդում եմ՝ Արցախ: Continue reading “Բանաստեղծութիւններ”

Աստղերուն երգը

Կարօ Պօհճալեան

Շարաա Խալիկ էլ Մասրիի մեր առաջուայ տան հիւրանոցի լոյսերը վառած էին, որովհետեւ այն գիշեր դրացի շէնքի պրն Մարտիրոսը ընտանիքով մեզի այցելութեան եկած էր:
Անոնց գալէն քիչ առաջ, հիւրանոցին միջակ մեծութեամբ պատշգամին մէջ մայրս աթոռներ շարած էր:
Գարնան սկիզբներու այն գիշերը, մութը արդէն շատոնց հասած էր մեր Continue reading “Աստղերուն երգը”

Պատկերներ անցեալէն (Ե.)

Յակոբ Չոլաքեան
ՀԱՎԿՈՒՕՅԹԸ ԲԱՐՆԷՆ — ՀԱՒԿԻԹԸ ԲԵՐԱՆԻՆ

2 սեպտեմբեր 1938-ին Սուրիական պետութեան մաս կազմող Աղեքսանդրէթի սանճաքը կը հռչակուի իբրեւ Հաթայի պետութիւն։ Շրջանի հայերը, արաբները, յոյները եւ քիւրտերը դժգոհ են այս կարգադրութենէն, որովհետեւ ատիկա քայլ մըն էր շրջանը ամբողջապէս Թուրքիոյ կցելու համար։ Աղեքսանդրէթի, Անտիոքի, Continue reading “Պատկերներ անցեալէն (Ե.)”

Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ

Ս.Ա.Յ.
Գէորգ Պետիկեան, Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը։ Սիրավէպ։ 142 էջ։ Նախաբան։ Խմբագրի խօսք։ Խմբագիր՝ Գէորգ Նաթալի Եազըճեան։ Կողքի մտայղացում-ձեւաւորում՝ Վիգէն Շառոյեան։ 2024, KASL Printing & Graphics, Pasadena, California

«Հորիզոն գրական»-ի երկարամեայ աշխատակից Գէորգ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գողտրիկ կողքով, 142 էջերով ընթերցողին կը ներկայանայ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը։ Երկար ծրագրումի եւ ամիսներու աշխատանքի արդիւնք է Continue reading “Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ”

Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»

Ս.Ա.Յ.
Արծուի Բախչինեան, Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար 248։ Ամփոփումները՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, լինգալերէն (Կարօ Նանիկեան)։ Օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ։ Անձնանուններ։ Տեղանուններ։ Բովանդակութեան ցանկ։ Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ, 2024, 293 էջ։

Ափրիկէն, ինչպէս նախաբանին մէջ կը նշէ Բախչինեան, «ըստ տարածուած կարծիքի՝ մարդկային ցեղի բնօրրանը» կը հանդիսանայ Continue reading “Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»”

Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»

Ս.Ա.Յ.
Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»
193 էջ, Երեւան, «Վան Արյան» հրատարակչատուն, 2024, 84 էջ։

Բազմավաստակ գրականագէտ, բանասէր, գիտաշխատող, թարգմանիչ, բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանի «Հայացք ոչ մի տեղից» բանաստեղծական հատորը, ըստ գիրքին մէջ նշուած տեղեկութեան, Continue reading “Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»”

Գրքի շնորհանդէս

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆակուլտետի համատեղ նախաձեռնութեամբ մարտի 11-ին կայացաւ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի ծննդեան 85֊ամեակին նուիրուած գիտաժողովի Continue reading “Գրքի շնորհանդէս”

Շրջանակը

Սիւզան Խարտալեան

ընկերներուս, խենթանոցէն փախչիլ ուզողներուն համար.

անտառի եզրը կը փնտռես
ծառերը կարծես ճաղեր են
արծաթափայլ կոճղերը
բանտի պատեր
որ դուն չես կառուցած։ Continue reading “Շրջանակը”