Ս.Ա.Յ.
Արծուի Բախչինեան, Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար 248։ Ամփոփումները՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, լինգալերէն (Կարօ Նանիկեան)։ Օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ։ Անձնանուններ։ Տեղանուններ։ Բովանդակութեան ցանկ։ Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ, 2024, 293 էջ։
Ափրիկէն, ինչպէս նախաբանին մէջ կը նշէ Բախչինեան, «ըստ տարածուած կարծիքի՝ մարդկային ցեղի բնօրրանը» կը հանդիսանայ (էջ 4), եւ հայերը հին պատմական ժամանակներէ կապ ունեցած են այս ցամաքամասին հետ։ «Հայերն Աֆրիկայում» հայ գաղութներու նուիրուած Արծուի Բախչինեանի դասական ուղղագրութեամբ հրատարակուած այս պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւնը, կը բաղկանայ չորս բաժիններէ եւ յաւելուածէ մը։ Հատորը կը կեդրոնանայ քիչ ուսումնասիրուած գաղութներու վրայ, հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Ինչպէս իր նախորդ ուսումնասիրութիւններուն, Բախչինեան օգտագործած է սփիւռքահայ մամուլը, օտարալեզու աղբիւրներ, իր ունեցած նամակագրութիւնը ափրիկեան երկիրներ բնակած հայերու եւ իրենց ժառանգորդներուն հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւներէն – յատկապէս Սփիւռքահայութեան կոմիտէի նիւթերէն։
Այս աշխատութենէն զանց առնուած են Եգիպտոսի եւ Եթովպիոյ հայութեան հետ կապերը, որոնց մասին կան բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ։
Հատորի առաջին գլուխով Բախչինեան կը բացայայտէ հայերու ներկայութիւնը հիւսիւսային Ափրիկէ, պատմական հին աղբիւրներու ընդմէջէն, ինչպէս՝ Caius Sallustius Crispusի Հռոմի եւ Ափրիկէի Նումիդիա պետութեան միջեւ տեղի ունեցած մ.թ.ա. 115-105 թուականներու պատերազմի պատումին մէջ, ուր Հռոմէացի պատմիչը կը վկայէ հայերու հաստատուիլը Ափրիկէ, փիւնիկեցի զօրավար Հերակլիոսի բազմազգ զօրքին հետ։ Նախքան այդ, մ.թ.ա. 189 թուականին, Հայաստան ապաստանած է Կարթագէնցի Հաննիբալը։ Արտաշէս Ա. թագաւորը իրեն վստահած է Արտաշատ քաղաքի նախագծումն ու կառուցումը (էջ 8)։
Հայերը եւ հայ մշակոյթը հին դարերէն սկսեալ առնչութիւններ ունեցած են Ափրիկէի հետ, յատկապէս այս հատորէն զանց առնուած Եգիպտոսի եւ Եթովպիայի հետ։ Բախչինեան կը յիշեցնէ, թէ հայերը եթովպիացիները անուանած են խափշիկ (հաբեշ) եւ այդ անունով կոչած են բոլոր սեւամորթները (էջ 12)։ Ափրիկէն յիշատաուած է հայ հին պատմիչներու եւ միջնադարեան հեղինակներու գործերուն մէջ, սակայն Բախչինեան կը նշէ, թէ անոնք նկատի ունեցած են հիւսիսային հատուածը։ Հռոմէական կայսրութիւնը, հայկական զօրամիաւորներ կ’առաքէր իր հիւսիսային Ափրիկէի նահանգները։ Նոյն դրոյթը շարունակած է Բիւզանդական կայսրութիւնը։ Այդ կայսրութիւնները ըմբոստները կ’աքսորէին հիւսիսային Ափրիկէ։
Հիւսիսային Ափրիկէի հետ հայերու կապերը շարունակուած են արաբական տիրապետութեան, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին։
Հատորին առաջին գլուխով ընթերցողին կը ներկայացուի Ալճերիոյ, Թունուզի, Լիպիոյ, Մարոքի հայերը, հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը։ Երկրորդ գլուխը կը կեդրոնանայ Ղանայի, Գամերոնի, կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան, Գոնկոյի, Գոթ տ՚իվուարի, Նիկերիոյ, Չատի, Սիերա Լէոնէի հայերու ներկայութեան վրայ։ Երրորդ բաժինով կը ներկայացուին հայերը Պենինի, Լիպերիոյ, Ճիպութիի, Սուտանի, Թանզանիոյ, Թոկոյի, Ուկանտայի եւ Քենիոյ մէջ։ Չորրորդ մասով ընթերցողը կը ծանօթանայ Զամպիոյ, Զիմպապուէի, Հարաւ-Ափրիկէի հանրապետութեան, Մատակասքարի, Նամիպիոյ, Զվազիլէնտի մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու ներկայութեան։ Իսկ յաւելուածով Բախչինեան կը ներկայացնէ հայերու եւ սեւամորթներու հետ շփումներ տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու մէջ, սկսելով հայ գրականութեան մէջ յիշուած պատումներէ, որոնք հիմնուած են իրական դէպքերու եւ դէմքերու վրայ, ինչպէս օրինակ՝ Աղասի Այվազեանի «Նեգրոնք» պատմուածքը 19-րդ դարու զինուորական Մեժլումովի Պարսկաստանէն Հայաստան բերած սեւամորթ քոյր-եղբայր Ալիի եւ Լէյլայի կեանքի պատմութիւնը։ Ալին եւ Լէյլան հաստատուած են Աղեքսանդրապոլ եւ կոչուած «Նեգրոնց Մեժլումովներ»։ Լէյլան հայու հետ ընտանիք կազմած է եւ ունեցած է երկու զաւակ։ Իսկ Ալին բնակութիւն հաստատած է Թիֆլիս։ Արձակագիր Միքայել Մանուէլեան «Նեգրը» (1911) մանրապատումով կը ներկայացնէ Հայաստան հաստատուած տարեց սեւամորթ մը, որուն մարմինը հիւսիսային արեւը չէր տաքցներ։ Հայ գրողներ Ամերիկայի միացեալ նահագներու մէջ սեւերու դէմ խտրականութեան մասին պատմուածքներ գրած են, ինչպէս Վահան Թոթովենցի «Ամերիկա» պատմուածաշարքին մէջ լոյս տեսած երեք պատմուածք (Երեւան, 1929), եւ Նիւ Եորքի «Արագած» հանդէսին մէջ լոյս տեսած Եդուարդ Գօլանճեանի «Խափշիկուհին» վիպերգը (1911)։
Բախչինեան կը նշէ, թէ հայեր նաեւ կերպարուեստի միջոցով եւս կապ ունեցած են սեւամորթներու հետ, ինչպէս որ փարիզաբնակ քանդակագործ Յակոբ Գիւրջեանի դիմաքանդակներուն մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցած են ափրիկեան կերպարները (ըստ Հ. Իգիթեանի Երեւան հրատարակած Յակոբ Գիւրջեանի մասին գիրքին 1966)։
Խորհրդային Հայաստանի մէջ կար մեծ հետաքրքրութիւն Ափրիկէի նկատմամբ։ Բախչինեան կը նշէ, թէ 1923-ին գրաքննադատ Արտաշէս Կարինեանը հրատարակած է յօդուած մը «Նեգրերի գրականութիւնը» խորագրով։
Բախչինեանի աշխատութիւնը խիստ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը բացայայտէ Ափրիկէի հայութեան մասին, եզրակացնելով որ թէեւ փոքրաթիւ ներկայութիւն ունեցած են հայերը եւ ունին, սակայն բաւական աշխոյժ եղած են, օրինակ առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք, յատկապէս Ալճերիոյ եւ Մարոքի մէջ, ուր ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած հայեր ազգային կեանք ստեղծած են, օգնութիւն հասցուցած նորանկախ Հայաստանի Հանրաեպետութեան (1918-20), իսկ աւելի ուշ՝ միջին արեւելքի այլ գաղթական հայերու, ինչպէս՝ Մուսա Լեռի 1939-ի բռնագաղթէն ետք Այնճար, Լիբանան հաստատուած հայութեան, օգնութիւն հասցուցած նաեւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին, յետ երկրորդ պատերազմին՝ 1948-ին։ Երկրորդ պատերազմին նաեւ փոքր թիւով հայեր աշխատանքի բերումով հաստատուած են Ափրիկեան տարբեր երկիրներ։ Բախչինեան դիտել կու տայ, որ Սուտանի համայնքը իւրայատուկ եւ կազմակերպուած գաղութ եղած է 1930-60-ական թուականներուն, ունենալով դպրոց եւ եկեղեցի։ Այս հատորի կողքին կամ շապիկին՝ սուտանաբնակ Մկրտիչ Ուլիկեանի լուսանկարն է, շրջապատուած բնիկներով (1930-կան թուականներէն)։
Մեծապէս գնահատելի աշխատութիւն է Բախչինեանի այս հատորը։ Վարձքը կատար։
