Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ԱՊՐԻԼ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ԱՊՐԻԼ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Սիրելի գրչընկերոջս՝ ՎՐԷԺ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆի յիշատակին,
բոլոր Վրէժներին, որ ծնուել, ծնուելու են անպայման
Հօրը տեսնելը տեսել էր, բայց աղօտ էր յիշում: Վերապրող խարբերդցիներն էին պատմում, որ հայրը, քսանը չբոլորած, Միացեալ Նահանգներ է մեկնել, ուսանել է Եյլի, Հարուարդի համալսարաններում, աւարտելուց յետոյ վերադարձել է Խարբերդ, «Եփրատ» քոլէջում տարրաբանութիւն, իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն է դասաւանդել: Շատ շուտով համաքաղաքացիները նրա բուն՝ Պարգեւ Պարթեւեան անուն-ազգանունը մոռացել, «Խարբերդի Սոկրատ» էին կոչել: 1915-ի յունիսին հօրը, քոլէջի բոլոր ուսուցչապետերի հետ տարել էին Արեգունի՝ Ծովքի հիւսիսային ափամերձ քարքարուտը: Հէնց այդ Continue reading “ՓՈԽՎՐԷԺԻ ՊԱՏԳԱՄՆ ՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԸ”
Եղանակը գարուն էր, բայց անապատէն փչող մարտ ամսուան Խամսինի հովերը դեռ չէին սկսած:
Կային օրեր, երբ գարունը տարուան եղանակներու բեմին վրայ, երբեմն հովերու նոր պարեր կը սկսէր եւ դաշտերու բոյսերուն վրայ ալ ձրի զօրաւոր հով ու առատ արեւ կը բաժնէր:
Բայց այդ տարին դպրոցի մեր զբօսանքի ժամերուն, հովերը բակին մէջ դեռ թեթեւ կը փչէին եւ Աղա Կարապետ Գալուստի կիսանդրիին առջեւի մանուշակներուն գլուխներն ալ մեղմօրէն կը շոյէին ու մասնաւոր Continue reading “«Ընթերցուածս Առակաց» եւ Խաւարման գիշերը”
Հրազդան Կալեանի խօսքը իր մօր՝ Սոնա Զէյթլեանի եօթանասունամեայ գործունէութեան յոբելենական ձեռնարկին, 7 ապրիլ 2024-ին՝ Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (Լոս Անճելըս), կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւններուն
Սոնա Զէյթլեանի կեանքի գործը եղաւ եւ է հայ կնոջ ինքնուրոյն, հպա՛րտ տիպարի ուսումնասիրութիւնը: Կարեւորաբար, դաստիարակչական աշխատանքներու ընդմէջէն՝ հայ կանանց ղեկավա՛ր գործունէութեան քարոզչութի՛ւնը: Continue reading “Սոնա Զէյթլեան՝ հայ կնոջ աւանդական կերպարը”
[…] հասանք նաւի առաջը, որի տախտակամածները լցուած էին կանանցով ու այրերով։ Գլխարկներ, թաշկինակներ կը ճօճուէին օդի մէջ մեզի նշան տալով եւ երգերը կը հասնէին «Մեր Հայրենիք»ի եղանակով։
Ակնունին գիտէր երբ պէտք էր երեւալ։ Մենք նաւ բարձրացանք եւ նաւը շարժեցաւ:
* * *
Պոլսոյ հայութիւնը ընտիր հասարակութիւն էր: Անոր միջինը բարձր էր մայրաքաղաքի բոլոր ժողովուրդներէն։ Անոր հետ կը մրցէր յոյնը եւ հրեան, որոնք թէեւ թուրքերէն եւ միւսներէն առաջ կ՚երթային, բայց չէին հասնիր հայերուն: Հայերը իրենց ներկայութիւնը զգալի կը դարձնէին Continue reading “Նաւապտոյտը”
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առթիւ, այս օրերուն, կը նշուի նաեւ, երկու տարուան ակամայ յապաղումով, իր Բագին պարբերաթերթի 60-ամեակը՝ օգտուելով միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի ալ ներկայութիւնէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ մարտ 13-ին կայացած հանդիսութեան արտասանուած խօսքերէն երեքը՝ որոշ յապաւումներով։ Թղթակցութիւնը տեսնել Հորիզոնի 25 մարտ – 1 ապրիլ 2024-ի թիւին մէջ։
Բագին կրնայ նշանակել կուռքի սեղան, զոհարան, հեթանոսական սեղան, հեթանոսական տաճար, խորան, մեհեան։ Continue reading “60-ԱՄԵԱԿ ԲԱԳԻՆԻ”
«ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԱԶ – Ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի», քաղեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Սեւան Տէիրմենճեան, Արաս հրատարակչութիւն, Ա. տպագր. յունուար 2022, Բ. տպագր. սեպտեմբեր 2023, Ստանպուլ, 384 էջ
Կողքը՝ Մելիսա Արսէնեանի, կողքի եւ ներդիր լուսանկարները (բացի մէկէն)՝ Արայ Կիւլէրի:
Հատորը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ՝ «Ծով», «Նաւամատոյց», «Նաւ», «Կղզի», որոնք կը յաջորդեն Ս. Տէիրմենճեանի նախաբանին («Սկսելէ առաջ…») եւ կ’աւարտին «Մատենագիտական տուեալներ»-ով, ուր կը նշուին այն աղբիւրները (առանձին հատորներ թէ գրական մամուլ), որոնցմէ քաղուած են ընդգրկուած 37 պատմուածքներէն 35-ը: Գուցէ Continue reading “Եզակի ընտրանի մը”