60-ԱՄԵԱԿ ԲԱԳԻՆԻ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առթիւ, այս օրերուն, կը նշուի նաեւ, երկու տարուան ակամայ յապաղումով, իր Բագին պարբերաթերթի 60-ամեակը՝ օգտուելով միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Զաքար Քէշիշեանի ալ ներկայութիւնէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի մէջ մարտ 13-ին կայացած հանդիսութեան արտասանուած խօսքերէն երեքը՝ որոշ յապաւումներով։ Թղթակցութիւնը տեսնել Հորիզոնի 25 մարտ – 1 ապրիլ 2024-ի թիւին մէջ։

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆի բացման խօսքէն — Բագինը որպէս ազգային կռուան

Բագին կրնայ նշանակել կուռքի սեղան, զոհարան, հեթանոսական սեղան, հեթանոսական տաճար, խորան, մեհեան։
Ասոնցմէ ո՞ր մէկն է Բագին պարբերաթերթի անուան իմաստը։ Բագինի անդրանիկ թիւի խմբագրականը կը խօսի այդ օրերու «կեդրոնական ու կեդրոնաձիգ բեմի մը» բացակայութեան մասին, այսինքն՝ Սփիւռքի «գրողները քով քովի բերելու, աշխատանքի մղելու, աշխատութիւնները արժանաւորապէս ներկայացնելու խանդավառ միջոցի» պակասին մասին, եւ հետեւեալ հաստատում-խոստումը կ՚ընէ մանիֆեստի նման՝ «Բագին կոչուած է այդ կեդրոնական ու խանդավառ բեմը ըլլալու»:
Ուրեմն՝ Բագին ինքզինք կը սահմանէ որպէս խորան, ուր հին ու մանաւանդ նոր սերունդներու գրողները իրենց լաւագոյնը պիտի բերեն բարձր գրականութեան սեղանին։ Եւ այդպէս ալ եղաւ աւելի քան 60 տարիներ։
Եւ այդ 60 տարիներուն ընթացքին Բագին եղաւ պահապանը եւ լեզուի մշակը արեւմտահայերէնի՝ իր շուրջ հաւաքելով երիտասարդ մտաւորականներ, որոնք այս խորանին մօտեցան մայրենի լեզուին հանդէպ երկիւղածութեամբ եւ իրենց նորարարութեամբ քար առ քար կառուցեցին սփիւռքահայ գրականութեան կուռքի սեղանը։
Այսօր մենք կրնանք հպարտօրէն ըսել, որ այդ բեմը, որ մեզի փոխանցեցին մեր նախորդ սերունդի գրող-մտաւորականները, նոյն խանդավառութեամբ կը շարունակէ իր շուրջ հաւաքել այսօրուա՛ն գրող-մտաւորականները, արուեստագէտները, իմացական շարժումի մտածողները, գրաքննադատները։
Բագին պարբերաթերթի կարեւորութինը հո՛ս կը կայանայ։ Առանց նման կեդրոնաձիգ հարթակի՝ ներկայ գրողներու ջանքերը պիտի պարզապէս սփռուէին հոս ու հոն, առանց խտացուելու կեդրոնական պարունակի մը մէջ, որ հանդիսանար հաւաքական կենսունակ ջանք, ուր գրողներ իրարմէ խանդ ու աւիւն ստանային։
Մեր այսօրուան բանախօսները երկուքն ալ իրենց գրական փորձի առաջին իսկ օրերէն կապուած են Բագինին եւ հետաքրքրականօրէն ունին մէկէ աւելի հասարակ յայտարարներ։
Ընկեր Յարութիւն Պէրպէրեան եղած է Բագինի խմբագիր Պօղոս Սնապեանի շուրջ հաւաքուած երիտասարդ գրողներու խմբակին մէջ։ Է բանաստեղծ, գրական-վերլուծական յօդուածներու հեղինակ, Բագինի խմբագրական կազմի երկարամեայ անդամ եւ աշխատակից։ Ան ծնած է Հալէպ։ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն Պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է անգլիական գրականութեան մէջ, իսկ Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանէն՝ Մագիստրոսական վկայական մանկավարժութեան մէջ։
Յարութիւն Պէրպէրեան 1980-ական թուականներուն Մոնթրէալ փոխադրուելէ ետք, երեք տասնամեակ հայ գրականութիւն դասաւանդած է Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականի կարգերուն։ Հեղինակած է բանաստեղծական հինգ հատորներ՝ Կորիզ, Ոսպնեակ, Անցման եղանակ, Սահմաններ եւ վերջինը՝ Առաձգական:
Արժանացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան շքանշանին, Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ՝ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին եւ մի քանի օր առաջ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին։
Մեր երկրորդ բանախօսը՝ ընկերուհի Սոնիա-Սանան Քիլէճեան, նոյնպէս իր գրական կեանքի առաջին օրերէն մաս կազմած է Բագինի շրջանակին։ Ծնած է Այնճար։ Պսակաւոր արուեստից վկայականներու արժանացած է Հայկազեան համալսարանի հոգեբանութեան եւ ՄգԿիլ համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքներէն։ Իսկ Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքէն՝ մասնագիտանալով հայ նոր գրականութիւն եւ քննադատութիւն ճիւղին մէջ։
Սոնիա-Սանան Քիլէճեան եւս ուսուցչութեան ասպարէզը ընտրած է։ Դասաւանդած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն ներս, իսկ 2008-էն ասդին՝ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանէն ներս, ուր 2021-էն ի վեր նաեւ կը համակարգէ հայերէնի դասաւանդութեան ծրագիրը։ Կ՛աշխատակցի Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան արեւմտահայերէնի պահպանման եւ աշխուժացման ծրագրերուն։
Իր բանաստեղծութիւններն ու յօդուածները լոյս տեսած են՝ Բագին, Բնագիր, Ինքնագիր, Ազդակ, Հորիզոն, Ասպարէզ, Երկիր պարբերականներուն եւ թերթերուն մէջ։ Հեղինակն է Մշուշէն անդին ցուցահանդէսին եւ գրքոյկին՝ լուսանկարչուհի Նուարդ Տալեանի հետ։
2003-էն մինչեւ 2007՝ իր Գանատա փոխադրուիլը, ընկերուհի Սոնիան օգնական խմբագիրը եղած է այդ շրջանի Բագինի խմբագիր Յակոբ Պալեանի։ Իսկ 2016-էն ասդին ստանձնած է Բագինի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը՝ իր շուրջ հաւաքելով աշխարհի տարբեր վայրեր ապրող գրողներու խմբագրական կազմ մը։ Սոնիա-Սանան Քիլէճեան նորարարութիւն բերաւ Բագինի թիւերու թէ՛ ձեւին եւ թէ՛ բովանդակութեան մէջ, գրական գործերու կողքին թափ տալով հարցազրոյցներու եւ գեղարուեստական էջերու հրատարակութեան։
Կ՚ուզեմ այստեղ շեշտել, որ մեր հանրութեան ներկայութեամբ, քաջալերանքով եւ զօրակցութեամբ է, որ կարելի կը դառնայ պահպանել եւ զարգացնել արեւմտահայ գրական լեզուն եւ գրական մշակոյթը։ Հայերէն լեզուն վտանգի մէջ թողնելը սփիւռքահայուն համար վտանգաւոր է։ Հայրենիքին սպառնացող յայտնի եւ անյայտ փորձանքները կը պարտադրեն մեզի՝ հոս, սփիւռքի մէջ, տիրութիւն ընել մեր լեզուին եւ մշակոյթին։ Ազգայինը պէտք չէ տագնապի մէջ ըլլայ հո՛ս եւս։ Բագինը ազգային այն կռուանն է, որ կրնայ երկար ատեն զարգացնել, ծաղկեցնել հայ գրական մշակոյթը։

ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆի վկայութիւններէն — Յառաջիկայ տասնամեակներուն դիմաց

Բագին ամսագրի մէջ առաջին անգամ 1970-ին բանաստեղծութիւններս հրատարակուած են, սակայն ատկէ երկու կամ երկուքուկէս տարի առաջ սկսած էր կապս, երբ շատ յաճախ խմբագրատան մէջ կը հանդիպէինք Պօղոս Սնապեանի կազմած գրական խմբակին անդամներով՝ իրարու գործերը կարդալով եւ քննարկելով: Նոյնիսկ աւելի կանուխ կապ մը ստեղծուած էր, երբ տակաւին՝ պատանիներ, քանի մը ընկերներով, ամսագրի կազմակերպած զրոյցներուն ներկայ կը գտնուէինք եւ հոն որսացուած ոեւէ անուն, Քաֆքա ըլլար կամ Քամիւ, մեզի համար աղբիւր էր փնտռտուքի եւ ընթերցման: 1978-ին էր, որ առաջարկ ստացայ այն ատեն ունեցած այլ գործս լքելով «Բագին» ամսագրի խմբագրութեան մաս կազմելու, որ երկարեցաւ մինչեւ 1987-ի նոյեմբերը, այսինքն՝ մեկնումս Լիբանանէն:
Հետս է «Բագին ամսագրի առաջին թիւը, ուր եթէ բովանդակութեան վրայ աչք մը նետենք, նախ՝ կ’անդրադառնանք խմբագրութեան, որ գլխաւորաբար երկու սերունդէ կը բաղկանայ, ուր կը գտնենք իսկապէս տարբեր մտածողութեամբ եւ գրական ճաշակներով անհատականութիւններ՝ Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պօյաճեան, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական կամ Պօղոս Սնապեան, ապա հոն ստորագրած գրողներու շարքի մը կը հանդիպինք Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ այլն. նոյնիսկ երկու երիտասարդ նորեկներ կան այնտեղ՝ Յակոբ Մանուկեան եւ Ներսէս Վիրապեան: Ուժերը մէկտեղելու եւ երիտասարդները քաջալերելու այս միտումը կը շարունակուի եւ տասնամեակներու վրայ գրական քաղաքականութեան կը վերածուի:
Համաստեղի, Նիկողոս Սարաֆեանի կամ Հրաչ Զարդարեանի մասնակցութիւնը, պայմաններու բերումով փոքր, սակայն անոնց ներկայութիւնը նոր գործերով անշուշտ կարեւոր է, առաւել՝ կարեւոր են, առաջին տասնամեակին, Արամ Հայկազի եւ Նշան Պէշիկթաշլեանի պատմուածքներն ու արձակ էջերը, որոնք Կարօ Սասունիի վէպերուն, Եդուարդ Պօյաճեանի պատմուածքներուն կամ Պօղոս Սնապեանի տպաւորապաշտ էջերուն հետ աւելի մատչելի են միջին ընթերցողին: Ասոնց կողքին կը գտնենք, Մ. Իշխանի, Նուպար եւ Արաքսի Չարխուտեաններու, Սմբատ Փանոսեանի, Յակոբ Կարապենցի, Ժիրայր Աթթարեանի, Արփինէ Ափրահամեանի, Կարօ Մեհեանի, Բ. Կռանեանի, Յ. Ձորեցիի գործերը: Վերջերս լոյս տեսած Պօղոս Սնապեանի նամակներու առաջին հատորին մէջ կը կարդանք, որ հանդէսը 2000 օրինակով լոյս կը տեսնէր եւ ճիգ կը թափուէր տպաքանակը 2500-ի բարձրացնելու։ Այս մէկը զարմանալի չէ, որովհետեւ տակաւին Սփիւռքի տարբեր ափերուն վրայ ցրուած ընթերցողներու կաեւոր թիւ մը կար, որ արեւմտահայերէն կը կարդար: Սակայն այդ չէր իրականանար Դժբախտաբար, ժամանակի ընթացքին այս սերունդի շիջումին հետ, առաւել՝ քաղաքական-տնտեսական պատճառներով հայութեան արեւելեան կեդրոններէն Արեւմուտք անցումով, հայերէն ընթերցողներու թիւը պիտի պակսի:
Ամսագրի էջերուն՝ իմացական շարժումի եւ նշմարներու բաժինը մնայուն ներկայութիւն է մինչեւ Պօղոս Սնապեանի ժամանակաշրջանի աւարտը: Այս բաժնին մէջ յաճախ աւելի արդիական մտածողութեան կը հանդիպինք, ինչպէս Վահէ Օշականէն մինչեւ Գրիգոր Պըլտեանի, Մարկ Նշանեանի, Յարութիւն Քիւրքճեանի, Վազգէն Էթիմեզեանի եւ ուրիշներու գրութիւնները: Իսկ Պօղոս Սնապեան իր մնայուն նշմարներով կարծէք հսկող աչք մըն էր Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաթարումներուն եւ ժխտական երեւոյթներուն նկատմամբ: Ասոնք երբեմն ընդարձակ յօդուածներու ձեւ կը ստանան, ինչպէս՝ Կոստան Զարեանի կամ Լեւոն-Զաէն Սիւրմէլեանի հայաստանեան հրատարակութիւններուն կապուած զեղչումներու բացայայտումն ու քննադատութիւնը, սակայն ընդհանրապէս մէկ երեւոյթի կապուած կարճ ու հատու գրութիւններ են: Ներկայիս նշմարներու բաժնին այլեւս չենք հանդիպիր, ոչ թէ որովհետեւ բացասական երեւոյթներ կամ անտեսումներ կը պակսին հայ գրականութեան մէջ, այլ Պօղոս Սնապեանին նման մնայուն աչք մը պէտք է, որ տիւ ու գիշեր հետեւի այդ երեւոյթներուն:
Շարունակական իրկանութիւն եղած են Բագինի բացառիկները, որոնք թէ՛ նոր վերլուծական յօդուածներու առիթ կը ստեղծեն եւ թէ՛ տուեալ դէմքին վերաբերեալ շահեկան նիւթեր կը մէկտեղեն: Բացառիկները կը սկսին Մեսրոպ Մաշտոցով, Սայաթ Նովայով եւ կ՚երկարին մինչեւ Վարուժան, Մեծարենց, Չարենց, Բակունց, Յակոբ Օշական, Շուշանեան, Պարոյր Սեւակ, Մ. Գալշոյեան եւ ուրիշներ: Երբեմն նոյն տարին ծնած քանի մը դէմքեր կը համախմբեն անոնք, ինչպէս՝ Սիամաթոյի, Վահան Թէքէեանի եւ Զապէլ Եսայեանի նուիրուած թիւը եւ երբեմն ալ յատուկ երեւոյթներու կ’անդրադառնան, ինչպէս ստալինեան զոհերու գրողներուն յատկացուած բացառիկը: Այդ շարքին մէջ լոյս տեսած Համաստեղի նուիրուած մասնաւոր թիւը թերեւս միակն է, որ հեղինակին ողջութեան պատրաստուած է, եւ ուրախ եմ որ վերջին տասնամեակին պարբերականը կենդանի գրողներու կը նուիրէ իր բացառիկները:
Ճիշդ է որ արեւմտահայ գրականութիւնը առաջ մղելու, զարգացնելու ձգտած է ու կը ձգտի Բագինը, սակայն մօտէն հետեւած է արեւելահայ ու խորհրդային գրականութեան: Այո, վաթսունական թուականներու սկզբնաւորութեան խրուշչեւեան գարունը որոշ ազատութիւններ պարգեւած էր, սակայն կարճ ժամանակ ետք այդ դուռը սկսած էր փակուիլ եւ «սոցիալիստական իրապաշտութեան» պահանջները ծանր կը կշռէին ազատ ստեղծագործողներու վրայ: Հետեւաբար, աւելի առողջ կամ ազգային նկարագրով հայաստանցի տաղանդաւոր գրողներ կը ներկայացուին ու կը քաջալերուին ամսաթերթի էջերէն, ինչպէս՝ Աղասի Այվազեան, Զօրայր Խալափեան, Պերճ Զէյթունցեան, Մուշեղ Գալշոյեան եւ ուրիշներ: Երբ 1989-ի յուլիսին Մոնթրէալի մէջ հարցազրոյց մը կը կատարէի Հրանտ Մաթեւոսեանի հետ, հետաքրքրական հաստատում մը կատարեց ըսելով, որ եթէ իր «Ահնիձորեցին» գրութեան առթիւ, որուն հրատարակման պատճառաւ դժգոհութիւն բարձրացած էր Հայաստանի մէջ, Բաբգէն Փափազեան պաշտպանողական զրոյցով ու յօդուածով հրապարակ չգար, զինք ոչնչացուցած կրնային ըլլալ: Այս առընչութեամբ պէտք է նշել Միւնիխի մէջ գործող Սուրէն Սանինեանի եւ յա՛տկապէս Լեւոն Մկրտչանի ներկայութիւնը եւ մշտական կապը Խորհրդային Հայաստանի իրադարձութեանց հետ: Լեւոն Մկրտչեանն էր, որ Բագին-ի առաջին տարիներէն մնայուն ներկայութիւն եղած էր ամսագրին մէջ եւ կը հետեւէր հայաստանի մէջ ծաւալած գրական զարգացումներուն եւ առաջին անգամ ի՛նք ձեռք ձգած էր Մաթեւոսեանի «Ահնիձորեցին» եւ անոր անդրադարձած: Հայաստանցի գրողներու հետ կապի կարեւոր աղբիւր էին նաեւ հոն ուսանող քանի մը սփիւռքահայ տղաք:
Եթէ մինչեւ եօթանասունականներու աւարտը Հայաստանի արձակագիրներուն վրայ է կեդրոնացումը, այդ թուականներէն անոնց վրայ կ’աւելնան բանաստեղծները: Ճիշդ է որ Պարոյր Սեւակ կամ Ռազմիկ Դաւոյեան միշտ մասնաւոր տեղ ունէին ամսագրին մէջ, իսկ 1971 սեպտեմբեր-հոկտեմբեր միացեալ թիւին մէջ Հենրիկ Էդոյեանէն եւ Յովհաննէս Գրիգորեանէն կան կարգ մը գրութիւններ , ինչպէս նաեւ անոնց մասին անդրադարձներ, եւ հակառակ անոր, որ այդ սերունդը սկսած էր դիմագիծ կազմել, իրենց գրքերու հրատարակումը կը ձգձգուէր եւ բաւական ուշ անոնք լոյս կը տեսնէին գրքոյկներու ձեւով: Բագինն է, որ 1977-78-էն սկսեալ, նախ Յ. Պէրպէրեանի, ապա Վահէ Օշականի ու Պօղոս Սնապեանի գրիչով սկսաւ ներկայացնել ու պաշտպանել քերթողական այս նոր մտածողութիւնը: Հոս պէտք է նշել նաեւ, որ վերոնշեալ արձակագիրներուն թէ բանաստեղծներուն պարագային, որոնցմէ շատերուն գործերը չէին հասներ արտասահման, իրենց նուիրուած յօդուածներուն կողքին՝ իրենց ստեղծագործութիւններէն նմուշներ եւս կը ներկայացուէին ընթերցողներուն, որպէսզի անոնք աւելի յստակ գաղափար կազմեն նշեալ հեղինակներուն մասին:
Այլ կարեւոր երեւոյթ մը՝ միջազգային եւ թարգմանական գրականութեան յատկացուած էջերն են Բագինի մէջ: Առաջին տարիներուն Վ. Օշականը մեծ ներդրում ունի այս առնչութեամբ՝ եւրոպական եւ ամերիկեան գրականութեան նուիրուած իր շարքերով, այս առումով ներդրում ունին նաեւ Ն. Չարխուտեան եւ տոքթ. Բ. Փափազեան: Յօդուածներ նուիրուած են Ֆոլքնըրի, Ժան Քոքթոյի, Սարթրի, Էլիոթի, Հեմինկուէյի եւ ուրիշներու: Լիբանանի մէջ Վարուժան Խտշեանի անհեթեթի թատրոնի հեղինակներուն առթած հետաքրքրութեան պատճառաւ, 1970-ականներու սկզբնաւորութեան Պօղոս Սնապեան կարգ մը երիտասարդ աշխատակիցներու հետ, ինչպէս Քնար Ճինպաշեան եւ Էլօ Սարաճեան, հանդէսի տարբեր թիւերուն մէջ, կը ձեռնարկէր Մարթին Էսլիի անհեթեթի թատրոնին նուիրուած հատորի թարգմանութեան: Կը թարգմանուին Սամուէլ Պեքէթի «Սպասելով Կոտոյին»-ը, Արթիւր Ադամովի «Փրոֆեսոր Թարան»-ը, Ժան Ժընէի «Աղախինները» եւ այլն:
Հանդէսը առաջին տարիներէն կարեւոր տեղ յատկացուցած է նաեւ արաբ գրողներու: Բաբգէն Զանոյեանի եւ տոքթ. Գ. Աստարճեանի յոդուածները հիմնականօրէն նուիրուած են արաբ հանրածանօթ դէմքերու. աւելի ուշ Սարգիս Կիրակոսեանն է, որ Ատոնիսի կամ Ունսի էլ Հաժի նման ժամանակակից լիբանանցի կամ Լիբանան բնակող գրողներու հետ անձնական կապ կը հաստատէ, կը ներկայացնէ զանոնք եւ թարգմանութիւններ կը կատարէ անոնց գործերէն: Այս ծանօթութիւններուն շնորհիւ Կիրակոսեան Բագինի էջերուն մէջ ապահոված է նաեւ հայկական ցեղասպանութեան գծով կարծիքներ եւ դատապարտումներ նման արաբագիր գրողներէ:
Եօթանասունականներու սկզբնաւորութեան ամսագրի աշխատակիցներու շարքին բաւական երիտասարդ դէմքերու կը հանդիպինք: Առաջին սերունդէն շատեր մահացած են: Իսկ եօթանասունականներու վերջին տարիներուն խմբագրական կազմը, Պօղոս Սնապեանի կողքին, երկու երիտասարդներով լրացուած է: Աշխատակիցներու շարքին, նախորդ սերունդէն կը հանդիպինք Վահէ Օշականի եւ Յակոբ Կարապենցի,Կարօ Արմենեանի, իսկ յաջորդ սերունդներէն՝ Գրիգոր Պըլտեանի եւ Վեհանոյշ Թեքեանի կողքին կը հանդիպինք Րաֆֆի Քէպապճեան-Քանդեանի, Նազ Տէր Սարգիսեանի, Արա Աբէլեանի, Վազգէն Էթիեմեզեանի, Սագօ Սարգիսեանի, Կորիւն Շահինեանի, Պետիկ Հերկէլեանի եւ ուրիշներու:
Զարմանալիօրէն, առաջին տասնամեակի այդքան խիտ արձակագիրներու թիւը հետզհետէ կը պակսի, եւ առաւելաբար բանաստեղծութիւնն ու վերլուծական յօդուածները կը սկսին տիրական դառնալ, նոյնիսկ վերոյիշեալ քանի մը երիտասարդ արձակագիրներ կը դադրին ստեղծագործելէ: Ասոր դիմաց, Բագին կը սկսի հրատարակել Յակոբ Օշականի եւ Վազգէն Շուշանեանի նման հեղինակներու անտիպները:
Այսօր, նոյնպէս, գլխաւորաբար բանաստեղծութիւնն ու ուսումնասիրական-վերլուծական ստեղծագործութիւնները տիրապետող են Բագին պարբերաթերթի եւ արեւմտահայ գրականութեան մէջ. առաւել, բանաստեղծնե՛րն են որ նաեւ արձակ էջեր կը ստորագրեն: Բարեբախտաբար, վերջին տասնամեակին բոլորովին նոր դէմքեր կը տեսնենք պարբերականի էջերուն:
Վաթսուն տարուան ընթացքին շատ բան փոխուած է արեւմտահայ գրականութեան մէջ, իսկ Բագինը դժբախտաբար կը մնայ միակ համասփիւռքեան գրական հանդէսը եւ կը փորձէ դիմագրաւել նոր մարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, ամեն գնով պէտք է գուրգուրալ անոր վրայ, որպէսզի սփիւռքահայ գրողը անպայման կենդանի բեմ մը ունենայ իր գրականութիւնը ծանօթացնելու:

ՍՈՆԻԱ-ՍԱՆԱՆ ՔԻԼԷՃԵԱՆի՝ գլխաւոր խմբագրի խօսքը — Կրկին սկսելու յոյսով

Կը նշենք  գրական պարբերականի մը 60-ամեակը։ 60 տարին քանի մը սերունդ կ’ենթադրէ։ Որքան բան կրնայ փոխուիլ ու կը փոխուի 60 տարուան մէջ։ Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ աղէտի օրերէն հազիւ տասնամեակ մը ետք միայն, արհաւիրքէն չես գիտեր ինչ հրաշքով փրկուածներուն ծննդավայրերէն լեռներ ու ձորեր անդին, ժողովուրդի մը արիւնը տակաւին ամբողջովին չծծած պապենական հողերէն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ, հիմերը  պիտի դրուէին հայկական վարժարաններու ամբողջ ցանցի մը՝ նոյն կայսրութեան փլատակներուն վրայ, նոր ծնող ափ մը երկիրներու մէջ։
Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ որբերու ու ցնցոտիներու սերունդէն, պապանձումի մատնուած ամբողջ ամբոխ մը, արհաւիրքի պատկերը սառած դէմքին, աղէտը ապրելով հանդերձ, այդ վարժարաններէն ծնունդ պիտի տար նոր հայութեան մը եւ նոր ծնող երեխաներու շրթներուն պիտի ծաղկէր ու զարգանար նոր հայերէն մը՝ շարունակութիւնը հազիւ 50 տարի առաջ ինքզինք ազատագրած աշխարհաբարին, ու այս անգամ պիտի զարգանար երկրէ երկիր տարածուող մամուլի ցանցով մը, շուտով ինքզինք գտնելու համար իբր կատարելապէս կանոնակարգուած գրական լեզու մը։ Ճիշդ է, որ Պոլիսը արդէն տուած էր անոր կաղապարը, սակայն անկէ ետք է, որ այս լեզուն գտաւ ու դարձաւ  ինքզինք, իր մէջ բնակեցնելով մեզ, բայց նաեւ բնակելով մեր մէջ, ոչ միայն որպէս լեզու, այլ նաեւ իբր ինքնութիւն, փորձառութիւն, առնչութիւն մը հեռուները մնացած վայրի մը հետ ու ապա նաեւ որպէս վայրը ծլարձակման, ստեղծումի եւ ըլլալու։
Ո՞վ կրնար երեւակայել որ հազիւ 50 տարի անց այդ ահաւոր, անուն չունեցող դէպքէն, Միջին Արեւելքի, մանաւանդ Պէյրութի մէջ, պիտի ծաղկէին ծայրայեղ կերպով դժնդակ պայմաններու մէջ նետուած հունտերը, բարեբեր հողին վրայ ծիլ տալով ու արագ աճելով, հասցնելով լեզու ու անոր ընդմէջէն ինքզինք ստանձնած հաւաքական կամքի գիտակցութիւն մը, որ կ՚ուզէր՝ կասածը, կտրուածը, կամ խափանուածը վերստանձնել ու շարունակել։ Իրականութեան մէջ եռացող կաթսայ մըն էր Պէյրութը, հակասութիւններով յորդող, աւանդապահէն՝ արդիապաշտը, թրքախօսէն՝ քաղքենին, ազգայինէն՝ ամեն բանէ հրաժարածը, սակայն լեզուի ու ինքնութեան այս վերընձիւղումի փորձառութիւնը գրեթէ համատարած էր։ Հայկական վարժարանները նեղ պայմաններէ մեկնելով զարգացան ու տասնամեակէ-տասնամեակ աճեցան ու  ճոխացան, դառնալով ծնողներու մեծամասնութեան համար փնտռուած դարպասը՝ որպէս գրաւականը իրենց զաւակներու կրթութեան ու յաջողութեան։ Ու զարմանալի չէ, որ հայալեզու մամուլը ապրեցաւ վերածնունդի լիիրաւ օրեր։ Լոյս տեսան զանազան պարբերականներ։ Գրական գետնի վրայ, Բագինին  նախորդեցին Ակօսը, որ  հրատարակութիւնն էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայ ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, Անին,  ապա՝  Շիրակը, Սիմոնեանի Սփիւռքը ու Ծառուկեանի Նայիրին, իսկ Բագինի հետ կամ գրեթէ նոյն տարիներուն լոյս կը տեսնեն Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ Ահեկանը, Երիտասարդ հայը, գրական պարբերականներու աղուոր անդաստան մը։ Ճիշդ է՝ հրաշքները երկինքէն չեն իյնար միայն։ Պէյրութը իր կռնակին ունէր Փարիզն ու Ամերիկան, ուր ծնած ու տասնամեակներով ծաղկած էին մեր պարբերական մամուլի աւանդական անունները՝ Անահիտն ու Հայրենիքը,  սակայն 60-ականներու Պէյրութին մէջ, կատարելապէս եւ ամբողջովին  հայախօս ու հայաբոյր  քանի մը սերունդ հասած էր արդէն եւ Պէյրութը ըսելիք ունէր, ոչ միայն իր պատմութենէն մեկնած, այլ նաեւ իր լեզուական փորձառութենէն։
Այս պայմաններուն մէջ է, որ Պօղոս Սնապեան, Միջնաբերդ գրական տարեգիրքերու իր փորձառութենէն մեկնելով, Կարօ Սասունիի, Եդուարդ Պօյաճեանի, Տիգրան Ոսկունիի, Վահէ Օշականի, Յ. Գեղարդի եւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի հետ, յանձնառու եղաւ հիմնելու նոր պարբերական մը, զոր մկրտեցին վարուժանեան հեթանոսութեամբ՝ Բագին,  Մեհեանի ջահին ակամայ շիջումէն 50 տարի անց հազիւ։ Հետագային, այս հիմնադիր խնբակին կը միանան Սփիւռքի անուանի մտաւորականներ Յարութիւն Պէրպէրեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան, Ժիրայր Աթթարեան, Շուշիկ Տասնապետեան, Վարդան Մատթէոսեան, Մարկ Նշանեան, … Բագինը անշուշտ բառացիօրէն կռապաշտական տաճարին մէջ զոհասեղանը կը նշէ։ Հոս անունին որդեգրումը ստանձնում մը կը թելադրէ, սուրով ու հուրով կտրուածը՝ վերստին ձեռք առնելու ու շարունակելու կամք մը։ Հաւանաբար, ճիշդ այս պատճառով է նաեւ, որ Բագինը «Բագինին առջեւ» խմբագրական մանիֆեստով եւ գրական գործունէութեամբ եղաւ անմիջական ժառանգորդը Մեհեանի տղոց համոզումներուն։ 60 տարի անց Բագինը կը շարունակէ իր ճամբան՝ ամբողջ Սփիւռքի մէջ դժբախտաբար մինակը։
Չենք գիտեր թէ հիմնադիրները իրենք ի՞նչ պիտի խորհէին, եթէ իրենց ըսուէր այս իրողութիւնը։ Հաւանաբար չզարմանային։ Պատերազմի արիւնահեղութեան ու արտագաղթի տարիներուն յաջորդած տասնամեակի վերջաւորութեան յայտնի էր արդէն որ պատերազմէն ետքի եւ առաջուան Պէյրութները նոյնը չէին ու չէին ալ կրնար ըլլալ։ Սնապեան քառասուն տարի անխոնջ կերպով վարած էր խմբագրութիւնը նախ ՀՅԴ Բիւրոյի ու ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան  անսակարկ նեցուկով։ Գիրին հանդէպ ունեցած այդ սերունդին հաւատքը գիրէն ու գրականէն անդին կ՚երթար։ Բայց ինչ որ չէին պատկերացներ բոլորը այդ օրերուն՝ Պէյրութի համաշխարհայնացումն էր։ Ֆրանսերէնը բարբարոս բառով մը libanisation կ՚ըսէր օրին ակնարկելով երկրին իւրայատուկ այդ իրավիճակին, որուն պայմաններուն մէջ զարգացող ծայրայեղ վիճակները տարրալուծարան մը պիտի հանդիսանային պաղ պատերազմի տարիներուն՝ տարբեր տեղեր ծագած ու հրահրուող սահմանային ու գաղափարաբանական ընդհարումներուն։
Պատերազմը բարեբախտաբար 15 տարի ետք աւարտեցաւ, սակայն «լիբանանականացումը» դարձաւ կարծես շողանկար մը ապագան յատկանշող համաշխարհային մնայուն օրինավիճակներու։ Եւ ուրեմն Միջին Արեւելքի ու մասնաւորաբար Պէյրութի մէջ մարմին, հոգի ու խոյեանք ստացած հայութեան նոր որակը ինքն ալ ենթարկուեցաւ այդ «համաշխարհայնացումին»՝ տարտղնուելով քիչ մը ամեն տեղ, բայց մանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկա ու Գանատա՝ առնուազն այդ շրջաններուն մէջ տնտեսական զարգացման եւ ապահովութեան առումով նպաստաւոր պայմաններ փնտռելով։
Համաշխարհայնացում մեր այս կոչածը անշուշտ տնտեսական այն շարժումը չէր, որ 90-ականներէն սկսեալ մօտ 30 տարի որդեգրուեցաւ իբրեւ կարգախօս անկաշկանդ դրամատիրութեան։ Համաշխարհայնացումը մեզի համար Պէյրութի, այսինքն նախորդ դարու կիսուն բռնկած հայութեան նոր որակի ու գիտակցութեան ցրուումն էր աշխարհով մէկ, մանաւանդ որ, ի տարբերութիւն նախապէս տեղի ունեցած գաղթերու, այս մէկը կը պատահէր յարաբերաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, բայց մանաւանդ այս մէկը՝ լրիւ հայախօս ու հայաբոյր՝ հետը կը տանէր առնուազն 50 տարուան սփիւռքեան փորձառութիւն մը, հայաբար ապրելու ու յարատեւելու կամք մը ու գիտակցութիւն մը։ Այնպէս որ մարմինները չէին միայն որ կը գաղթէին, այլ լեզուն ու անով վերընձիւղուած հայկականութիւն մը։ Կազմակերպուած գաղութներ կը տարատնկուէին նոր հողերու վրայ ու կը հաստատէին փորձառութեամբ ձեռք ձգուած հաստատութիւններու ամբողջ ցանց մը։
Եօթանասունականներուն սկսած ու ութսունականներուն թափ առած Պէյրութի համաշխարհայնացումը հետը պիտի տանէր նաեւ ուսեալ հանրութիւն մը՝ լեզուին «գործաւորներն» ու ընթերցողները։ Այս էր, որ հաւանաբար չէին երեւակայեր 60-ականերուն Պէյրութի գրական պարբերականներուն շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր գրողները։ Բայց 60 տարի ետք, ահաւասիկ Բագինը համաշխարհայնացած հայութեան մը գրականութեան միակ օրրան է՝ գրող ու ընթերցող համխմբելով աշխարհի չորս կողմերէն՝ ներառեալ հայրենիքէն։ Հոս է նաեւ, որ Բագինի առաքելութիւնը կը դառնայ իւրայատուկ։
Երբ ստանձնեցի 60-ամեայ այս պարբերականին ղեկը՝ ձեզի կը  վստահեցնեմ որ թերահաւատները չէին պակսեր, չէին պակսեր նաեւ աւելի արժանաւորներ փնտռողները ու անցեալի կաղապարին հետ համեմատականներ ընողները։ Արփիարեան ասկէ 100 տարի առաջ կը գրէ. «Ամեն ժողովուրդի համար անցեալ, ներկայ եւ ապագայ մը կայ։ Հայուն համար ներկայ չկայ, ան ատկէ կը խորշի»։ Արփիարեանի այս մատնանշումը շատ դիպուկ ախոտորոշում մըն է՝ մեր հաւաքական կեանքի հարցերն եւ թերահաւատութիւնը բացատրող։ Որովհետեւ, դժբախտաբար միշտ անցեալի նժարով կը չափենք այսօրուան իրականութիւնները։ Յաճախ կ՚անտեսենք այն փաստը, որ գրականութիւնը կեանքին եւ այդ կեանքին հետ քալող մտածումին եւ լեզուին արտայայտութիւնն է։ Գուցէ այս  է պատճառը, որ յաճախ կ՚իյնանք տարօրինակ փորձութեան մը մէջ  ժամանակին մէջ բացուող գրականութիւնը վիրաւոր տեսնելու եւ «լեզուի թափթփածութեամբ, օտարամոլութեամբ կամ նորարարութեան ախտով» վարակուած կը համարենք նոր սերունդի գրողները։
Ուստի այդ յոռետեսութեան դիմաց, որքան ալ տարօրինակ թուի, ձեզի կ՚ուզեմ վստահեցնել, որ անցնող ութը տարիներուն, լաւատեսութիւնս եւ միմիայն  լաւատեսութիւնս պահելն ու տարածելը եղաւ խմբագրի իմ առաջադրանքս, զիս մղող կարեւոր հանգամանքը, որմով ուզեցի վարակել նաեւ հետս աշխատող խումբը։
Վերջերս առիթը ունեցանք թուայնացնելու 60 տարուան թիւերը, ինչ որ մատներու քանի մը հպումով կարելի կը դարձնէ այսօր համացանցի վրայ ամեն տեսակի որոնում ու պրպտում։ Փորձեցէ՛ք եւ կը տեսէ՛ք. հայ գրականութեան մեծագոյն անունները գրեթէ անխտիր ներկայ են անոր էջերուն։ Ջանացինք այդ 60 տարուան բերքահաւաքէն նշոյլ մը հրամցնել բացառիկ թիւով մը, տեղ տալով որքան հին ու հաստատուած, նոյնպէս եւ նոր անուններու։ Նոր անուններ, որովհետեւ մեր ստանձնելէն ի վեր Բագինի էջերէն մուտք գործած են համաշխարհայնացած հայութեան հետ հոյլ մը նոր անուններ։ Ասիկա մեր հիմնական հաւատքն է ապագային հանդէպ։ Դուռը չփակել մեր ետեւ։ Այդ մէկը շատ դիւրին պիտի ըլլար։ Սփիւռքեան արտառոց պայմաններու հոգեխառնութենէն ծնած յոռի գիտակցութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ամեն սերունդ կը կարծէ, որ ինք վերջինն է, վերջին հայու (վերջին մարդո՞ւ) ախտաբանական արեւելումով։
Մենք, պարզ է, չենք կիսեր այդպիսի յոռետեսութիւն։ Ոչ ալ կը խաբենք մենք մեզ հակառակով։ Կանք այնքան ատեն, որ այս լեզուն կայ մեր երեխաներու բերաններուն մէջ եւ այդ լեզուով գրականութիւն մը կը ծաղկի, այնքան ատեն, որ այդ լեզուով ընթերցողներ պահանջքը կը զգան անոր, այնքան ատեն, որ այդ լեզուով գրողներ անոր մէջ կը գտնեն իրենց ամենահարազատ եսն ու կեանքի փորձառութիւնը։ Կենսունակութիւն մը կը բերեն լեզուին, կը վկայեն իրենց ժամանակը եւ ինչպէս Վահէ Օշական կ՚ըսէ՝ «Մեր մտքի պաթըրիները չենք լարեր միամիտ իտէալիզմով»։ Գրականութիւն մը այդ է ի վերջոյ, մարդ արարածին էութիւնը յայտնաբերող, իսկութեան ձգտող, կամ նոյնիսկ զայն ստեղծող փորձարկութիւն մը, որ լեզուով կու գայ ու միաժամանակ լեզու կը ստեղծէ։
Պէյրութի համաշխարհայանացումը առիթը տուաւ մեզի, իբրեւ ցրուած հաւաքականութիւն, աւելի եւս բանալու այդ լեզուն աշխարհի չորս հովերուն, առիթը ստեղծելով, որ գրողը լեզուն տանի մինչեւ ծայրը, գրողը պիտի ըսէր՝ մինչեւ իր վերջաւորութեան, ոչ թէ հոն մարելու համար լոյսերը, այլ հոնկէ կրկին սկսելու յոյսով։ Մի՚ մոռնաք որ բոլորս, ոչ միայն իբրեւ հայութիւն, այլ իբրեւ մարդկութիւն, վերջաւորութենէ մը կու գանք միշտ։ Ջրհեղեղը երէկ էր միայն։ Մերը սակայն, իբրեւ վերածնեալ հայութիւն, իսկական վերջաւորութեան մը փորձառութենէն ծնաւ։ Մենք մեր վերջաւորութիւնը տեսանք գրեթէ մահուան աւազներուն վրայ։ Ահա այսօր այս տողերը կը գրենք իբրեւ վերջաւորութենէն եկած հայեր։ Այս լեզուն կը գրենք ու կը խօսինք իբրեւ վերջաւորութենէն ծնած լեզու, որ ծնաւ կրկին որբանոցներէն ու դարձաւ հայութեան լեզուն աշխարհով մէկ։ Ասիկա է մեր փորձառութիւնը։ Իւրայատուկ փորձառութիւն մը, գրեթէ առանց զուգահեռի, որ ունեցած է, ունի ու տակաւին միշտ կ՚ունենայ իր գրողն ու գրականութիւնը։ Ահա ա՛յդ գիտակցութեամբ է, որ Համազգայինն ու ընթերցողներու ամբողջ փաղանգ մը կը շարունակենք հրատարակել ու տարածել այս պարբերականը, որուն անունը մեր պատանութեան օրերէն սիրելի էր, եւ որուն հրատարակութիւնը կը շարունակենք ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն։

Համադրեց՝ Վ-Ա.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *