Սիւզան Խ
արքայական ռեհան
զմրուխտեայ կայծ
քաղաքային այգիին մէջ
կը ճօճիս անխօս
չեմ ուզեր ծունկի գալ
քնքուշ ցօղուններուդ առջև
սակայն բոյրդ
հրամանագիր
զիս կը քաշէ գետին
հողին
մատներով կը տարտղնեմ եզրերդ
բուրմունքդ կը ցնդի
մեղմ
ինչպէս Զօհրապի հառաչանքը
յաւերժ սիրահարը
ցօղաթաթախ տերեւներուդ մէջ
կը գտնեմ
կորսուած անունները
հին սէրերը
կանաչ գունդ
թագաւորութիւն անեզր
կորութիւնդ դարպաս
լայն ու լուսաւոր
կը բռնես զիս փափուկ
որ չիյնամ գետին
կը շոյեմ գլուխդ իմաստուն
բոյրդ հողեղէն կը կպչի
մարմնիս
կը տանի զիս
արևահամ այգիներէն այն կողմ
մահէն անդին
աստղազարդ երկնքի շեմ
մուտն ի վիրապ
Շուէտ
Յ.Գ.
Ռեհանի մասին ամենալաւ նորավէպը կը պատկանի Գ. Զօհրապին. Յունաստան եղած օրերուս ամեն մի փողոցի, ամեն մի շէնքի, ամեն մի պատշգամի ու դռան առջեւ կայ սուրբ Ռեհանը, կլորիկ, անուշիկ, գանգուր գլուխներ. կը կցեմ Զօհրապի պատմուածքին վերջին մասը.
Վաստակաբեկ, ժամերով հոս անքուն անցընելուս համար չեմ գանգատիր, դէմս է անիկա, իր պատուհանին առջեւ ինծի պէս անքուն, ինծի պէս երազող:
Քիչ մըն ալ կը կենամ այսպես. յանկարծ սեւ մազերու կոհակը կը ճշտուի աչքիս առջեւ. ռեհանի պզտիկ թումբ մը, իր մութ կարմիր թաղարին վրայ կեցած, առտուան զեփիւռէն կը սարսռայ:
Ա՞ն էր բաց պատուհանին առջեւ ինծի սպասողը մինչեւ լոյս. կը զարմանամ. ի՜նչպէս չտեսայ. ծաղրելի կը գտնեմ ինքզինքս. կը բարկանամ պզտիկ իյնալուս համար:
Հիմա, որ տարիներ անցան անկէ ի վեր, հիմա կ’օրհնեմ քեզի, ո՛վ ռեհանի պզտիկ փունջ, որ ամեն սրտի մօտ բարեկամէ աւելի երջանիկ ըրիր զիս գիշեր մը ողջոյն:
Աղջկան մը դէմք առիր պարտելու համար զիս. աղէկ ըրիր, այն բոլոր խանդակաթ գորովին համար՝ զոր թափեցի պզտիկ թերթերուդ վրայ, չեմ զղջար:
Առաւօտը թող գայ ուզածին չափ իր հոսած լոյսին անողոք ստուգութիւնը թօթափելու չորս դիս:
Դուն իմ աչքիս՝ առատ գեղեցիկ մազերն ես միշտ անոր:
Գրիգոր Զօհրապ
Ռեհան, 1892