35 տարիներ առաջ հայութիւնը ընդհանրապէս, իսկ լիբանանահայութիւնը մասնաւորաբար կը կորսնցնէր խոնարհ, լռութեամբ գործած, բայց միեւնոյն ատեն քաջ մարտիկի ու առասպելական ղեկավարի յատկութիւններով օժտուած անձնաւորութիւն մը, որուն շունչով թրծուած են սերունդներ, որուն ձգած աւանդով հարստացած է կեանք մը ամբողջ:
35 տարիներ առաջ թրքական անարգ ոճիրի մը զոհը կը դառնար Աբօ Աշճեան, որուն յիշատակը անմահացնելու եւ անոր վաստակին ու նուիրականութեան համար երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով, երէկ` 29 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Աբրահամ Աշճեան» փողոցին:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, որոնք անդրադարձան այն իրողութեան, թէ 35 տարի առաջ առեւանգուած դաշնակցական կարկառուն դէմքերէն Աբօ Աշճեանին շատ բան կը պարտին հայութիւնը, լիբանանահայութիւնը եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի բնակիչները անխտիր:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մարտիկ Պօղոսեան դիտել տուաւ, որ թէեւ նման անձնաւորութիւններ ոչինչ կ՛ակնկալեն իրենց կատարածին փոխարէն, սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը երախտագիտութեան համեստ արտայայտութիւնը կ՛ունենայ Աբրահամ Աշճեանի անունով կոչելու Պուրճ Համուտի կարեւոր փողոցներէն մէկը:
Անկէ ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան օրհնեց փողոցը:
Ապա տեղի ունեցաւ «Աբրահամ Աշճեան» փողոց անուանումը կրող ցուցանակի քօղազերծում:
Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աբօ Աշճեանի առեւանգման 35-ամեակին առիթով կիսանդրիի զետեղման հանդիսութիւն:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Անի Մկրտիչեան-Տէրտէրեան, ապա «Սարդարապատ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Շանթ Ալեմէզեան, որ վեր առաւ Աբօ Աշճեանի արժանիքները, անոր նկատմամբ գործուած ոճիրին ահաւորութիւնն ու անոր կորուստին ծանրութիւնը հայութեան համար: Ան դիտել տուաւ, որ դաշնակցական ղեկավարը ապահովական ծանր պարտականութիւն ստանձնած անձնաւորութիւններէն էր, որ կը յատկանշուէր իր խիզախութեամբ, անձնուրացութեամբ, կը վայելէր լիբանանահայութեան մեծամասնութեան յարգանքը: Ապա Շ. Ալեմէզեան անդրադարձաւ «Սարդարապատ» ակումբին մէջ Աբօ Աշճեանի անունով սրահին, ուր սերունդներ կը կերտուին անոր շունչով ու հոգիով` աւելցնելով, որ Անդօ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով ակումբի համանուն սրահին մէջ արդէն իսկ զետեղուած է Աբօ Աշճեանի կիսանդրին` իբրեւ երախտագիտութիւն դաշնակցական ղեկավարին գործունէութեան ու նուիրումին:
Օրուան պատգամը ուղղեց Շահան Գանտահարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Աբօ Աշճեանի նկարագրային գիծերը եւ արժանիքները, որոնց մասին յստակօրէն տեղ մը չէ գրուած թէեւ, սակայն անոնց շնորհիւ ընկեր Աբոյին անունը անընդհատ շրջանառութեան մէջ պահուած է ո՛չ միայն զինք ճանչցած, անոր հետ գործակցած ընկերներու, այլ նաեւ իրերայաջորդ կուսակցական սերունդներու կողմէ, որոնք ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ զգացած են մեծ հեղինակութեան մը ազդեցութիւնը կուսակցական համատարած մթնոլորտի վրայ:
Ան դիտել տուաւ, որ այդ ժամանակուան պատանեկան միութիւններու անդամներուն կամ ԼԵՄ-ականներուն պատկերացումներուն մէջ Աբօ Աշճեանի հսկողութեան տակ գործող տղաքը կը ներկայանային իբրեւ «վտանգ չէզոքացնող, ականազերծող, զինուորական արագ գործողութիւն իրականացնող փորձագէտ եւ մարտական հմտութիւն ունեցողներ` բոլորն ալ ենթակայ ընկեր Աբոյին, բոլորը կարգապահ զինուորները ընկեր Աբոյին»:
Իր խօսքի աւարտին Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն լիբանանահայութեան գործելաոճը, ուր տարբեր տարիքի անձեր միացած էին մէկ նպատակի շուրջ` Դաշնակցութեան դրօշին տակ ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր գործին մասնակցելու, այդ ալ` ընկեր Աբոյին ղեկավարած դաշնակցական կառոյցին յարկին տակ: «Կառոյց, որ ո՛չ միայն պատուով կատարեց իրեն վստահուած կուսակցական որոշումները Լիբանանի մէջ, այլ ամբողջ հայ ժամանակակից ազատագրական շարժումին նոր փայլք ապահովեց` քանդելով լռութեան պատը եւ ճամբայ հարթելով հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնման քաղաքական աշխատանքներուն: Այդ փայլուն կատարողականութիւնը, առաջին հերթին, հայութիւնը կը պարտի ընկեր Աբոյին», ըսաւ բանախօսը:
ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբերի նիստին հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի «տեխնոլոգիական» (արհեստագիտական) համալսարանի հիմնման հայեցակարգին:
Համալսարանը կոչուած է դառնալու համաշխարհային յաւակնութիւններով առաջատար համալսարան, որ կը հանդիսանայ հարթակ՝ կրթութեան, հետազօտութիւններու եւ արհեստագիտական ձեռներէցութեան:
«Տեխնոլոգիական» համալսարանի ռազմավարական նպատակը Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ արհեստագիտութեանց զարգացումն ու տարածումն է:
Armenia will begin a recognition and condemnation process of the Armenian Genocide in several European countries in 2018, Vice-Speaker of the Parliament Eduard Sharmazanov told a press conference.
“In 2018, we will launch this process in at least 2-3 European countries. I can’t say that it will have a successful end at once in 2018, but the process must be launched”, he said.
He added that the process must begin regarding one issue, which President Sargsyan talked about at the UN summit. “2018 is the 70th anniversary of the UN Convention on condemning genocides. And at the basis of the adoption of this convention, Raphael Lenkin put forward the “genocide” term, which was based on the Armenian Genocide. The 70th anniversary of this convention must unite all states, all human rights organizations, for democracy, for protection of human rights and against the occurrence of genocide. And we must do our best so that both the Armenian Genocide and other genocides of the 20th century receive clear punishment”, he said
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ազատագրուած Քաշաթաղի գիւղերէն մէկուն՝ Իշխանաձորի մէջ, ամիսներ տեւած վերանորոգման աշխատանքներէ ետք, 25 Դեկտեմբերին վերաբացուեցաւ տեղւոյն բուժարանը: Բացման արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, ինչպէս նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:
«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի կողմէ 2004-2006 թուականներուն կառուցուած բուժարանը Քաշաթաղի հարաւը գտնուող 16 հեռաւոր գիւղերուն բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցն է: Աւելի քան մէկ տասնամեակ գործելէ ետք, բուժարանը հրատապ վերանորոգման եւ բարեկարգման կարիք ունէր իր ծառայութիւնները շարունակելու համար:
Գիտակցելով այս կառոյցի կարեւորութեան՝ Իշխանաձորի եւ ամբողջ հարաւային Քաշաթաղի համար, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը այս տարուան Սեպտեմբերին յանձն առաւ բուժարանի վերանորոգումը: Ինչպէս հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ կատարուող բոլոր շինարարական աշխատանքները, շինութեան վերանորոգումը վստահուեցաւ տեղացի աշխատողներուն:
Կառոյցը վերանորոգուեցաւ ամբողջութեամբ, ներառեալ պատերու, յատակի եւ առաստաղի բարեկարգումը, նոր պատուհաններու եւ դռներու տեղադրումը եւ արտաքին յարդարումը, այսպիսով ապահովելով այս առողջապահական կառոյցի պահպանումը գալիք տասնամեակներու համար:
Դիմելով բացման արարողութեան մասնակիցներուն, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան ըսաւ. «Քաշաթաղի վերաբնակեցումը եւ զարգացումը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ ապրող մեր հայրենակիցներուն, այլ նաեւ ամբողջ Արցախի եւ Հայաստանի համար: Մենք պէտք է շարունակենք աշխատել միասին այս ազատագրուած տարածքներուն նոր կեանք հաղորդելու եւ այստեղ ապրելու նոր հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար»:
Բուժարանի բժշկական անձնակազմը այժմ բաղկացած է 6 մասնագէտներէ, որոնք առողջապահական ծառայութիւններ կը տրամադրեն տարեկան աւելի քան 500 հիւանդներու:
Բուժարանին կողմէ տրամադրուող խնամքը Քաշաթաղի համար առաջնային կարեւորութիւն ունի: Ազատագրուած այս շրջանի բնակիչներուն համար բժշկական խնամքը դժուարամատչելի է վատ ճանապարհներու եւ փոխադրամիջոցներու սակաւութեան պատճառով: Մինչեւ վերջերս, գիւղերուն մէջ գործող առողջապահական կառոյցներ գրեթէ գոյութիւն չունէին, եւ յաճախակիօրէն հանդիպող այնպիսի դէպքերը, ինչպիսիք են օձի խայթոցները, յանկարծակի հիւանդութիւնները եւ նոյնիսկ ծննդաբերութիւնները, կրնային մահուան տանիլ:
Իշխանաձորի բուժարանի կառուցումը, սարքաւորումներով զինումը եւ յետագայ վերանորոգումը «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ՝ Քաշաթաղի մէջ առողջապահութեան բարելաւման ուղղուած ծրագիրներէն մէկն է: 2005էն ի վեր հիմնադրամը կառուցած, կահաւորած եւ սարքաւորումներով զինած է հեռաւոր համայնքները, որոնց մէջ Մշենի եւ Աղաւնատուն գիւղերուն մէջ գտնուող քանի մը փոքր բուժարաններ: Բացի այդ, 2008-2010 թուականներուն հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Քաշաթաղի մէջ գործած է շարժական բուժարան մը, որ երկու տարիներու ընթացքում բժշկական խնամք տրամադրած է շուրջ 2000 հոգիի, որոնց մէջ 597 երեխաներու:
Արցախի ազատագրուած սահմանամերձ գիւղերուն մէջ առողջապահական իրավիճակի յետագայ զարգացման նպատակով «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը 2018ին կը նախատեսէ բուժարան մը կառուցել հիւսիսային Քաշաթաղի Մոշաթաղ գիւղին մէջ, ուր բժշկական որեւէ ծառայութիւն ներկայիս հասանելի չէ:
Նշենք, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը հիմնադրուած 1999ին, գործարար Ճէյմզ Թուֆէնքեանի կողմէ՝ նպատակ ունենալով հզօրացնել տեղւոյն քաղաքացիներու նախաձեռնութիւնները, աջակցիլ հասարակութեան առաւել խոցելի խմբերուն, նպաստել շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան եւ խթանել ընկերային արդարութիւնը Հայաստանի մէջ: 2003էն ի վեր հիմնադրամը ընդլայնած է իր գործունէութեան դաշտը դէպի Արցախ, ուր ան կը խթանէ վերաբնակեցման եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացումը շրջանի ամենախոցելի սահմանային գօտիներուն մէջ:
www.tufenkianfoundation.org
Facebook.com/TufenkianFoundation
The Askarian family in front of their new home in Kashatagh
STEPANAKERT—A Lebanese-Armenian family – Vahe Askarian and his four children – who resettled in Artsakh in 2015, celebrated a housewarming on Monday in the Ishkhanadzor Village of the Kashatagh region. The house has been built by the Tufenkian Foundation in the framework of its Resettlement of Kashatagh initiative. Among other efforts, the project provides housing support to Armenians relocating to Kashatagh from Syria and Lebanon.
Kashatagh Administration Chief of Staff Davit Davtyan, Tufenkian Foundation Executive Director Raffi Doudaklian, as well as representatives of the Artsakh Ministry of Healthcare, Berdzor Hospital and the Ishkhanadzor community attended the opening event.
Kashatagh (formerly Lachin) is the vital land-bridge connecting Artsakh to Armenia, making them effectively one. This liberated region guarantees Karabakh’s existence and has strategic significance for the peace and security of Armenians everywhere. After 70 years of Azerbaijani rule, the historic Armenian province was liberated during the Karabakh war and is now being actively resettled. However, while Kashatagh offers new life, the region suffered immensely from the war and has been facing a housing and infrastructure crisis ever since.
To address this, the Tufenkian Foundation began a pilot project in 2008 to renovate existing houses in Kashatagh’s villages. During 2008-2010, more than 40 renovation works were performed by dedicated work brigades, under TF’s supervision. Since 2010, TF has continued with house renovation, but focusing more on special needs – provision of housing support to Armenian families from Syria and Lebanon who resettle in Kashatagh.
Vahe Askaryan is the second re-settler from the Middle East to receive a home from the Tufenkian Foundation during 2017. In early June, the family of Haig Khatcho, a Syrian-Armenian doctor who escaped ISIS persecution and resettled in Artsakh a couple of years ago, celebrated housewarming in the same village.
To provide a new home to Vahe’s family, the Tufenkian Foundation turned some of the war-torn ruins of Ishkhanadzor into a large and safe house. The construction efforts were carried out by local workers from Kashatagh and lasted over 5 months.
Addressing the guests at the ceremony, Vahe Askaryan said “Relocating to Artsakh, this ancestral home of all Armenians, is the best decision I could make for my family. I am happy to experience such generous support by my compatriots and promise to dedicate all my abilities for the prosperity of Artsakh”.
Vahe is a skilled farmer with experience in greenhouse cultivation. To support the family while they start a new life in Artsakh, the Tufenkian Foundation has provided Vahe with a greenhouse. Upon effective utilization, the greenhouse can not only ensure the subsistence of Vahe’s family, but also create employment opportunities for others in Iskhanadzor.
In parallel to building a house for Vahe and his family, the Tufenkian Foundation has renovated the primary clinic of Iskhanadzor. Built by TF in 2006, the clinic serves 16 villages in Kashatagh and is an important part of the local infrastructure.
Rebuilding, resettling and developing Kashatagh is an important part of the Tufenkian Foundation’s work in Artsakh and will be carried on throughout the foreseeable future.
The Foundation was launched in 1999 by entrepreneur James Tufenkian with the mission to empower the initiatives of local citizens, support the most vulnerable strata of the society, promote environmental protection and awareness, and advance social justice in Armenia. Since 2003, the Foundation has broadened its scope to embattled Nagorno-Karabagh, where it promotes resettlement and development projects in the vulnerable border zones of the region.
Austrian Chancellor (prime Minister) Sebastian Kurz said that Turkey cannot become a member of the European Union due to the political course pursued by Ankara in recent years, Russian news agency Sputnik reports
“In this country we see serious violation of human rights, fundamental rights and freedoms. I will not accept that the EU is watching and pretending that nothing is happening. From my point of view, Turkey, especially in the light of the policies of recent years, does not have place in the EU. It would be fair to stop negotiations on its accession,” Kurz said in an interview with the German newspaper Bild am Sonntag.
Also, according to Kurz, Turkey is trying to exert a strong influence on the Turkish communities in Austria, Germany and other countries to prevent the integration of people of Turkish origin.
Following the failed coup in Turkey in July 2016, the relationship between Ankara and the European Union worsened. The European Union strongly criticized the reaction of Turkish authorities, mass arrests and other measures taken by Ankara post-coup, suspending the accession negotiations between Brussels and Turkey.
Among the EU members, Turkey has the most strained relations with Austria and Germany, as Vienna repeatedly urged Ankara to put an end to their accession bid, whereas Berlin insists on a review of the EU economic policy regarding Ankara due to the arrests of human rights activists in Turkey.
Last week, Ankara has expressed protest over the program of the new Austrian government that has vowed to end Turkey’s EU membership talks by joining forces with other EU countries that share this goal.
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդառաջելով Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի խնդրանքին, տնօրինած է, որ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան ստանձնէ Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ծնած է Լիբանան եւ մկրտուած է Մայք աւազանի անունով: Ան իր նախնական ուսումը առած է Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարանէն, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Աւարտելէ ետք Ճեմարանի Միջնակարգը՝ հոգեւոր ծառայութեան կոչումին անսալով անցած է Լիբանան եւ աշակերտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Աւարտած է Դպրեվանքի Ընծայարանի Հնգամեայ ընթացքը: 2010 թուին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ օծուելով ստացած է Տէր Վարդան Աբեղայութեան անունը:
Վարդան Վարդապետի ծառայութիւնը Գանատայի Թեմէն ներս սկսած է Յունուար 2014-ին, նախ որպէս ժամանակաւոր հովիւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ու ապա Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ստանձնած է Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Վարիչի պաշտօնը եւ նոյն ընթացքին ղրկուած է Գէմպրիճ հովուելու Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքը մինչեւ նոր հովիւի ժամանումը։ Հայր Սուրբը իր քարոզներով կիրակնօրեայ ներկայութիւն եղած է թեմիս եկեղեցիներէն ներս եւ ձեռնհասօրէն վարած է իրեն յանձնուած պատասխանատուութիւնները։
Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս պաշտօնապէս նշանակեց Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Հովիւի պաշտօնին, վստահելով անոր Լաւալի հայ համայնքը։
Nearly 25 new photos depicting the evacuation of the participants of the Musa Dagh heroic battle through the French warships have been discovered by the efforts of the Armenian Genocide Museum-Institute, reports Armenpress. The Museum-Institute said the photos were taken by the French navy officer in Septetember 1915.
The photos depict the process of transporting the Armenian civilian people by boats to the warships. The new photos will be available to public in April 2018.
Նազարէթ Պէրպէրեան
19 տարի առաջ, Դեկտեմբերի այս օրերուն, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը։
Եւ ոչ միայն դաշնակցականները։
Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները՝ ոչ միայն Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ։
17 Յուլիս 1994ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 Դեկտեմբեր 1998ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ, 24 Դեկտեմբերին դագաղը Հայաստան տարուեցաւ եւ յաջորդ օրը իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՀՍԿԱՅ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան։
Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու Ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ Զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով, Հորիզոն բացաւ, Ուղի հարթեց, Պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց Հաւաքական Կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ Պահանջատէր Հայութեան անձնազոհ արիներուն։
Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը Ազգային արժանաւոր Ղեկավարի դափնեպսակով նուիրագործեց տարաբախտ մեր ընկերոջ անմոռանալի յիշատակը։
Հրայր Մարուխեան ծնած է Դեկտեմբեր 19ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած է Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս: Հ.Յ.Դ. շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան եւ ապա անցած կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած է Թեհրանի «Արարատ» Մարզական Միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած է միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:
1963ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշուեցաւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմնին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով էր, որ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, առաջին անգամ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ:
1964ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Պէյրութ տեղափոխեց նաեւ իր անձնական գործը։ 1967ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Այդ նստաշրջանին, ատենի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք, զայն փոխարինեց մինչեւ Բիւրոյի պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտը։ Իսկ 1972ին՝ Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ ¬ մինչեւ իր եղերական մահաքունը ¬ շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի։
Այդ շրջանէն սկսեալ թափ առաւ Հրայր Մարուխեանի ղեկավար դերակատարութիւնը ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ Սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ։
1975ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը անարգել շարունակելու յանձնարարութեամբ: (1985ին Աթէնք փոխադրուեցաւ նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական Գրասենեակը): Աթէնքէն ծաւալած իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը զուգադիպեցաւ հայ կեանքի վճռորոշ այն փուլին, երբ Հայ Դատի ուժական պայքարը շղթայազերծման իր մակընթացութիւնը կÿապրէր, հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին շուրջ քաշուած լռութեան ամօթալի պատը ցնցելու եւ փուլ բերելու մարտունակութեամբ։
Ա՛յդ հունով թափ առին Հայ Դատի ի նպաստ Հ.Յ.Դ. ցուցական քարոզչութեան, քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական-յեղափոխական հզօրացման աշախատանքները։ Գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական այդ զարթօնքի երեք ուղղութիւններով՝ առաջնորդող դեր կատարեց ընկեր Հրայր։
1988ի Օգոստոսին գումարուած Հ.Յ.Դ. 24րդ Ընդհ. ժողովին, Արցախեան Շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան Կամքը ազդարարելով, Հ.Յ.Դ. որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր» եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ, ի պաշտօնէ, ղեկավարեց հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման աշխատանքները։ Իբրեւ այդպիսին՝ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:
Դաշնակցութեան այդ յաջողութեան համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 Յունիս 1992ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:
Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, Դաշնակցութիւնը որոշեց ենթարկուիլ անարդար այդ հրամանագրին ու հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելու համար ներ¬հայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:
Յաջորդ երկու տարիներուն, Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան գաղափարական անդուլ պայքարը:
Եկաւ 17 Յուլիս 1994ի չարաբաստիկ օրը, երբ Աթէնքի մէջ, ծովեզերքը լողացած պահուն, Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղային արիւնահոսութիւն մը եւ մտաւ մահաքունի մէջ: Այդպէ՛ս կայծակնային կերպով եւ ողբերգականօրէն վերջ գտաւ Հրայր Մարուխեանի կենդանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:
Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք ալ, Լեւոն Տէր¬Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը շարունակուեցաւ եւ, Դեկտեմբեր 1994ին, արգիլուեցաւ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:
Իր անկենդան կեանքին այդ չորս տարիներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի քաղաքական զարգացումները եկան փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի յառաջապահութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ քաղաքական բեմէն հեռացուեցաւ — իր իսկ հրաժարումով — Լեւոն Տէր¬Պետրոսեան, իսկ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան վերահաստատեց Դաշնակցութեան օրինական լիիրաւ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:
Բայց տարաբախտ ընկեր Հրայրը ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ իր առաջնորդած ազգային¬քաղաքական ուղիին:
21 Դեկտեմբեր 1998ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:
Դեռ լրիւ չէ պեղուած ու ըստ արժանւոյն դեռ համադրուած չէ գաղափարներու եւ գործունէութեան այն կրակուբոց աշխարհը, որուն ինքնուրոյն եւ կենսունակ մարմնաւորումը եղաւ ընկեր Հրայր Մարուխեան։
Կազմակերպական եռուն կեանքի եւ քաղաքական բուռն գործի հրամայականները հնարաւորութիւնը չընձեռեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու ներկայացուցիչին, որպէսզի կարենար հրապարակագրական յօդուածներէ, հարցազրոյցներէ եւ հրապարակային ելոյթներէ անդին անցնիլ ու անձամբ, սպառիչ աշխատասիրութեանց տեսքով, հանրութեան պարզել գաղափարական իր աշխարհին ու քաղաքական մտածողութեան ամբողջ ծաւալն ու խորութիւնը։
Այսուհանդերձ՝ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած ընկեր Հրայրի գաղափարագրական ժառանգութիւնը այնքան հարուստ է, որ նոյնիսկ մեծադիր հատոր մը անբաւարար պիտի ըլլայ մէկտեղելու այդ բոլորը։ Այս առումով, ընկեր Հրայր նաեւ ճակատագրակից եղաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկար տարիներու իր պաշտօնակից ընկերներուն՝ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որոնք ուղղակիօրէն գրչի մարդիկ ըլլալով հանդերձ՝ կազմակերպական իրենց պատասխանատուութեանց բերմամբ, իրենց հերթին, ժամանակը չունեցան հրապարակագրութենէն անդին անցնելու։ Բացառութիւն կազմեց անոնց պաշտօնակիցներէն ու սերնդակիցներէն միայն ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը, որ կազմակերպական նոյնօրինակ իր պատասխանատուութեամբ հանդերձ՝ յատուկ ճիգ թափեց հատելու հրապարակագրութեան սահմանը եւ առանձին հատորներով լոյս տեսած աշխատասիրութիւններ կտակելու դաշնակցական գրականութեան։
Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն՝ կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն վերաբերեալ այս յղումը, որովհետեւ տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն առաջացնելու շարժումին ղեկավարները եղան անոնք՝ միասնաբար՝ հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան կազմաւորման իր փուլը ամբողջացուցած Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը։ Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը։
Կը բաւէ բաղդատական վերլուծումը կատարել 70ականներուն եւ 80ականներուն անոնց արծարծած խնդիրներուն ու պաշտպանած դիրքորոշումներուն, անդրադառնալու համար որ անոնք ձեռնարկած էին Հայաստանի ու հայութեան ազգային ազատագրութեան դատին ի խնդիր գաղափարական վերանորոգման շարժումի մը՝ քսաներորդ դարավերջի առանձնայատուկ արժեչափերով եւ աշխարհընկալումով։ Դարձած էին դրօշակիրները հրապարակային բանավէճի մը, ուր սեփական մօտեցումերու եւ մտածողութեան հիմնաւորումով ու պաշտպանութեամբ՝ երբեմն նաեւ տարակարծութիւններու դրսեւորումով, գաղափարականօրէն թափ տուին Հայ Դատի պայքարին քաղաքական ու կազմակերպական վերանորոգումին։
Գաղափարական վերանորոգման այդ կենսունակ շարժումին մէջ իր վճռորոշ տեղն ու առաջնորդող դերը ունեցաւ Հրայր Մարուխեան, որուն մահուան 19րդ տարելիցը կþոգեկոչենք այսօր։
Կը յիշենք եւ կը խոնարհինք Անձին ու Գործին առջեւ Հայու եւ Դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող յառաջամարտիկը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի։
Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան Յանդուգն Կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ կեանքին վրայ։
Գիւղատնտեսական հողատարածութիւններու յանձանձման պարագային, վարձակալութիւնը երաշխիք մը չէ։ Ան քող մըն է, որ շատ բան կը քողարկէ։ Վաճառք կամ վարձակալութիւն՝ երբ անոնք տեղի կ՚ունենան հսկայածաւալ չափերով և յատկապէս արտասահմանեան մեծ ընկերութիւններու մասնակցութեամբ և Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը մէջ, ինքնաբերաբար կը յարուցեն ազգային անվտանգութեան և ռազմավարութեան խնդիրներ։
Մեր ազգային անվտանգութիւնը կը պահանջէ, որ մեր երկիրը ունենայ ուժեղ գիւղատնտեսական խարիսխ հիմնուած հայ գիւղացիութեան կայուն, զարգացած, նպատակախնդիր և առողջ ու հպարտ հայրենասիրութեամբ տոգորուած ներքին մշակոյթին վրայ։ Այդ մշակոյթը կազմաւորելու գործը պետութեան պարտաւորութիւնն է։ Անոր բացակայութիւնը պետութեան մեղքն է, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի մեր ժողովուրդը։
Միաժամանակ այդ գիւղատնտեսութիւնը չի կրնար մենաշնորհային համակարգի սեփականութիւնը ըլլալ։ Առաջին հերթին, պետութիւնը պէտք է քաջալերէ անհատ գիւղացիութեան ագարակատիրութիւնը և համագործակցայիններու կազմութիւնը։ Իսկ այն մեծ ձեռնարկութիւնները, որոնք հարկադրաբար տեղ կը գրաւեն գիւղատնտեսական արտադրանքի շուկային վրայ, պէտք է մտնեն մրցակցային դաշտ։ Առաւե՛լ. անոնք պէտք է դուրս բերուին անհատ շահատէրերու սեփականատիրութեան դաշտէն և վերածուին քորփորէյթ (corporate կամ societe anonyme) հաստատութիւններու, որոնց արժէթուղթերը պէտք է մատչելի ըլլան հանրութեան և յատկապէս գիւղացիութեան։
Համագործակցային թէ քորփորէյթ ՝հողակպիկ գիւղացին ՝ ի՛նք պիտի ըլլայ խարիսխը Հայաստանի գիւղատնտեսական ոլորտին։
Կարօ Արմենեան
By Lelag Vosguian
On November 25, 2017, I had the opportunity to sit down with Emmanuella Lambropoulos, eight months after her election to the House of Commons of Canada. She represents the district of Saint-Laurent as a member of the Liberal Party of Canada. We discussed her campaign, her focus in office, her ties with the Armenian community, as well as her views on the coming elections in October 2019.
Emmanuella Lambropoulos has always been in public service. Ever since she entered the workforce at age fifteen, she has been working with children and families in her community, first as a summer camp counselor, then as a resource aid and, for the past few years, as a high school teacher. From a very young age, she was interested in politics and looked for ways to be an active member of her community. In 2006, when she was seventeen years old, she campaigned with Eleni Bakopanos in Ahuntsic as a volunteer and, while Bakopanos did not get elected, losing to Maria Mourani from the Bloc Québécois, the campaign opened Lampropoulos’s eyes to the world of politics. It was then that she understood “what politics was about”. The next step in her involvement came the following year, when she entered the Liberal association of Saint-Laurent and became one of the youth members on the board. Taking on different roles within the group – from secretary to vice-president of fundraising – she stayed on for years, actively working to make a difference. It is through these and other experiences that she realized that “if people get involved, they can actually have a voice at the table”.
As Stéphane Dion, the then MP for the riding of Saint-Laurent, resigned from Parliament in January 2017, Emmanuella Lampropoulos decided to run for office alongside star candidates of the Liberal Party. At the time, she was teaching while also pursuing a master’s degree. She nevertheless dedicated herself fully to her campaign. “As soon as I made the decision that I was running, that was it: I hit the ground and I started running; and I did not stop.” On the evenings and week-ends, whenever she wasn’t at her full-time job, she would go door-to-door to meet her neighboors and ask for their support. In her opinion, the fact that she lived in Saint-Laurent, as opposed to the other candidates who did not live in the riding, and that she was an ethics and history teacher who worked with students and their parents, is what gave her the edge in the elections: “[my voters] know me personally, and they [have seen] me in a very positive light [;] I was a very positive role model for their kids in many instances [and] I think [that] they saw me as somebody who was joining for the right reasons, who wanted to make a positive change in their community, and I think that that’s what came across when I was at their doors asking for their support”.
Since her election in April 2017, Lambropoulos has been dividing her time between Ottawa and Montreal. Her three main areas of focus in office are youth, women, and cultural communities. One of the first things she did was to put into place the first-ever Constituency Youth Council in her riding. Within this council, 25 to 30 young adults meet to discuss issues that matter to them and to organize community projects. One of these took place during the weeks leading up to the municipal elections in Montreal, when this youth group went into all the schools of Saint-Laurent to explain the importance of voting during elections to the children and teenagers of their community. Another focus for Lampropoulos is in her ties with cultural communities. She initiated the inauguration of the Canada-Greece Friendship group, which was dormant for many years and of which she is co-chair. She also joined the Canada-Armenia Friendship Group that works in partnership with the ANCC because “the Armenian community is very close to [her] heart”. For her, it’s important to get involved in this group because of the “many shared values, the shared history, shared culture” that unites Armenians and Greeks.
Looking back at the liberal promises made in 2015 and at the last three years, Emmanuella Lambropoulos asserts that much has been achieved and that the party has brought many positive changes to Canada. “One of our main campaign promises was that we were going to lower taxes on the middle class and raise them on the top 1%, which is the first thing that we did when entering office.” With the Canada child benefit, the government has also been making monthly payments to “nine out of ten Canadian families that need it most”. In Saint-Laurent alone, about ten thousand families receive about $ 700 a month through this program. “We realize that many families are in need, [that] they don’t even have their basic needs met” and this program has been making “a huge difference”. Canada is now also the first country in the world to have a chapter in its budget that is dedicated to improving the life of women in Canada and everywhere through the Gender-based Analysis Plus, a tool which assesses the way diverse women and gender-diverse people experience policies and initiatives. The LGBT community is also better represented with a secretariat and a Special Advisor to the Prime Minister on LGBTQ2 Issues. Finally, the country just launched its first-ever national housing strategy. After having consulted with Canadians across the country through social media and round tables, the government saw housing as a “national issue” and decided to “take control on a federal level”. “We have a lot of homeless veterans, we have a lot of homeless indigenous people […] and we need to tackle this issue” states Lambropoulos.
When asked what some of the challenged that await the Liberal Party of Canada come October 2019 are, and how the Party is preparing for the upcoming elections, Lambropoulos states that: “just by staying true to the values of the party, I think that we’re doing what we need to do”. “We’re involving youth, we’re getting more women involved, […] we’ve created 450 000 jobs since our election in 2015 [and] the unemployment rate is at an all-time low [;] yes, we’ve run a deficit” but “[o]ur debt-to-GDP ratio is one of the lowest in the G7 countries”. She concludes: “I think that our government is doing really well, that overall people are happy with how we’re running the country and I don’t think there’s going to be much of a challenge for the Liberal Party per se”. For her part, Emmanuella Lambropoulos never stopped going door-to-door to meet her constituents, making sure that “[they] know that their voices are heard” and that their representatives are accessible. She affirms that nobody is turned away from her office: “It’s an open-door policy” and all are welcome to voice their opinion.
About the Author: Born in Montreal, Lelag Vosguian holds a bidisciplinary Bachelor’s degree in literatures of French and English languages. She is currently pursuing a Master’s degree in comparative literature at Université de Montréal.
Under the auspices of His Eminence Archbishop Papken Tcharian, Prelate of Canada, the Armenian Prelacy proudly marks the 350th aanniversary of the first printed Armenian Bible, through the Canadian documentary film premiere of Voskan and a scientific conference in Montreal and Toronto.
The epic story of the first Armenian printed Bible unfolds in 17th century Europe, when the son of a deportee by Shah Abbas to the Persian city of New Julfa, Bishop Voskan Yerevantsi, is dispatched to Rome and Amsterdam to publish a Bible. The Amsterdam Bible, as it was commonly known, had a significant impact on the revival of faith and culture amongst Armenians living on all continents. It was published in 5000 copies from March 1666 to October 1668 and consisted of 1462 two-columned pages with 159 images.
The Canadian premiere of Voskan is part of a trilogy on the history of Armenian printing produced by TES Foundation in cooperation with the Mechitarist Congregation of Venice and a number of scientific institutions and experts. The storyline tracks earlier attempts to establish a printing house in Amsterdam and how it ends up in the hands of Voskan Yerevantsi. From Etchmiadzin to Rome, it shows how intricate and difficult was this endeavour. The movie’s length is 42 minutes, narrated in English. “The history of Armenian printing in Europe symbolizes the very renaissance of the Armenian nation and the homeland they were deprived of,” says film director Hakop Papazyan.
Conference speakers are: Dr. Adriana Barra, Executive Director, Canadian Centre for Ecumenism, and Professor of theological studies at Concordia University. Rev. Dr. Manuel Jinbashian, Scholar, Bible Society consultant, and university lecturer. Archbishop Papken Tcharian, Prelate of Canada and author of “The Great Loss of the Armenian Clergy during the Armenian Genocide”. Archbishop Khajak Hagopian, Member, bible translation into Western and Eastern Armenian Project, Catholicossate House of Cilicia.
The conference and the film premiere dedicated to the 350th anniversary of the Armenian printed Bible are sponsored by a generous donation from Mr. & Mrs. Arto and Alice Markarian.
The Montreal event will be held at the Sourp Hagop School’s Pastermajian Theatre on January 13, and at the Armenian Youth Centre of Toronto on January 20. Both events are scheduled at 11:00am and are followed by conference. Church leaders, foreign dignitaries are expected to attend the events, which are open to the public at large.
For more information, please contact prelacy@armenianprelacy.ca or call 514-856-1200.
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վերջին հրապարակումները կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի հասարակական կեանքէն ներս ամրացած օլիգարխներուն թիւը այսօր արդէն կը հասնի յիսունի։ Յստակ չէ, թէ ինչպիսի՞ չափորոշիչներ օգտագործուած են այս քննարկման համար եւ թէ որքա՞ն վաւերական է այս թիւը։ Այնուամենայնիւ յստակ է մէկ բան։ Օլիգարխիան արմատացած երեւոյթ է մեր երկրին մէջ իր բոլոր բացասական դրսեւորումներով, ներառեա՛լ՝ իրմէ սերած քաղաքական մշակոյթը, որ այսօր տիրաբար կը տնօրինէ մեր երկրի կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Հետեւաբար խիստ կարեւոր է, որ հայ քաղաքական միտքը մօտէն զբաղուի այս հարցով եւ սկսի բացայայտել օլիգարխիայի ներքին մեքենականութիւնը։ Եթէ ճիշտ է յիսունի հաշուարկը, ապա պարզ է, որ մօտ յիսուն հոգի, ինչ-ինչ միջոցներով, վերջին քառորդ դարու ընթացքին յաջողած են երկրի ներքին քաղաքատնտեսական տարածքը գրաւել եւ հաստատել իրենց խմբական տիրապետութիւնը ամենուրեք։ Եւ այս մէկը՝ ի հեճու՛կս մեր ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներուն։
Ես յաճախ խօսած եմ մենաշնորհային համակարգի գործած ճակատագրական աւերին մասին։ Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ մենաշնորհային համակարգը տնտեսական ոլորտի երեւոյթ է միայն, որ այս պարագային կը յենի աւելի մեծ եւ համապարփակ տիրակալութեան մը, որ խարսխուած է երկրի քաղաքական դաշտէն ներս։ Երկրի բնական աղբիւրներուն, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, փոխադրամիջոցներուն, հաղորդամիջոցներուն, զբօսաշրջութեան, ֆինանսներուն, ուժանիւթի պաշարներուն եւ տնտեսութեան այլ բանալի ճիւղերուն տիրապետելու գործը կը պահանջէ ամուր կամրջագլուխներ հաստատել քաղաքականութեան բեմէն ներս։ Եւ քաղաքական ուժի միջոցով մշտնջենաւորե՛լ տնտեսական մենաշնորհը եւ այս վերջինին ապաւինելով աւելի եւս ամրապնդել «սակաւ»ներու քաղաքական ուժը երկրին եւ ժողովուրդին վրայ։ Եւ այդ երկուքին փոխ-սնուցիչ ուժականութիւններով կառուցել անտեսանելի եւ անհպելի այն «վեհապետութիւնը», որ լայն չափերով եւ իրական կեանքի տուեալներով օրէնքի հասողոութենէն վեր կը գտնուի եւ որ նոյնինքն օլիգարխիան է։
Եւ անշուշտ յստակ զուգահեռ մը գոյութիւն ունի երկրի աղքատութեան ծաւալներուն եւ օլիգարխիայի երեւոյթին միջև։ Զուգահեռ մը՝ որ կը գործէ ներհա՛կ յարաբերակցութիւններով։ Որքան աւելի կ՛ամրանան սակաւապետական կարգերը երկրին մէջ, այդքան աւելի կը խորանայ աղքատութիւնը երկրէն ներս եւ այդքան աւելի կը ծաւալի աշխատունակ ուժերու գաղթը դէպի դուրս։ Քանի որ մենաշնորհային համակարգը, իր ներկայի վարքագծով, աշխատատեղերու ստեղծման բնականոն հոլովոյթէն դուրս կը գտնուի։ Եւ անշուշտ նորանոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը յայտնուին ազգային պաշտպանութեան գործը եւ«ազգ-բանակ» վարդապետութեան կիրառման հրամայականը։
Դժբախտաբար այս է պատկերը այն իրականութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին։ Այն իրականութեա՛ն՝՛ որ Սփիւռքի եւՀայրենիքի փոխ-յարաբերութիւնները հետզհետէ կ՛առաջնորդէ դէպի փակուղի եւ որուն վտանգը պէտք է անպայման կանխել։
Կասկած չկայ, որ մեր երկրի քաղաքացին այսօր ինքզինք կը գտնէ ծանր երկընտրանքներու առջեւ իր խղճի նժարներուն վրայ դնելով ոչ թէ լաւն ու վատը դէմ-դիմաց, այլ վատթարն ու վատթարագոյնը։ Մեզմէ ոչ ոք թող յաւակնի դաս տալ երկրի մեր ժողովուրդին, երբ մեր երկրի զաւակները զանգուածաբար դուրս կու գան երկրէն։ Մեծ սխալներ կը գործեն նաեւ ՀՀ Նախագահն ու ՀՀ Վարչապետը (եւ իրենց գունագեղ կուսակիցները), երբ իշխանական իրենց դիրքերէն – եւ չհիմնաւորուա՛ծ ընդհանրացումներով — կը դատեն աղքատ մարդոց կացութիւնը։ Երբ կը խօսուի երկրէն ներս գրեթէ 30 տոկոս համեմատութեան հասնող աղքատութեան ցուցանիշներու մասին եւ երբ ծնելիութեան եւ մահացութեան միաւորները կը գտնուին մեծ անհաւասարութեան մէջ եւ երբ բնակչութեան ծնելիութեան աճը ապահովող տարիքային շերտերն են, որ մեծամասնութեամբ կ՛արտագաղթեն, այս իշխանութիւնը լուրջ պատճառ ունի, առաջին հերթին, ինքնի՛ր գործունէութեան հաշուեկշիռը դնելու սեղանի վրայ եւ ինքզի՛նք դատելու եւ մանաւանդ սրտբացօրէն ու սրտցաւութեամբ խօսելու իր ժողովուրդին հետ։
Փաստը այն է, որ հաղորդակցութեան այդ ողջմիտ եզրերէն լայնօրէն զրկուած է մեր երկրի հասարակական համակարգը այսօր։ Մեծ եւ արդար ակնկալութիւններով, մեր ժողովուրդը իր քուէն տուաւ նոր սահմանադրութեան։ Այսօր, սակայն, կը պարզուի, որ սահմանադրութեան աւիշ ներարկող այն անգիր օրէնքը, որ կը կոչուի ընկերային (սոցիալական) պայմանագիր, կը շարունակէ մնալ լրջօրէն թերի։ Սահմանադրութիւնը ինքնաբերաբար կը պարպուի իր իմաստէն, երբ իրական կեանքի մէջ վարկաբեկուած է ընկերային պայմանագիրը։ Հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ինչո՞ւ սահմանադրութեան կողմ քուէարկող մեր ժողովուրդը կարեւոր զանգուածով մը կը վաճառէ իր քուէն նոր խորհրդարանի ընտրութեանց մէջ։ Կը վաճառէ քանի որ կ՛անդրադառնայ, որ հակառակ սահմանադրութեամբ հաստատուած իր իրաւունքներուն՝ ինք իսկական քուէ չունի։ Կը վաճառէ, քանի որ ինք արժէք չի տար այն «քուէ»ին, որ ինք ունի։ Կը վաճառէ, քանի որ այդ քուէին դրամական «փոխարժէքը» շատ աւելին կ՛արժէ իր մտքին մէջ քան իր քուէն… Տնտեսագիտութեան մէջ յայտնի «անտարբերութեան կորագծերն» են, որ բնական բերումով կը սկսին գործել մարդոց փոխընտրութիւններու յստակացման մէջ ի փոխարէն խորքային հայրենասիրութեան լիազօրող ուժին։
Արժէզրկուած քուէն — ճիշտ ինչպէս արժէզրկուած դրամանիշը (փողը) – պիտի անպայման փոխարինուի…ան այլեւս քուէ չէ, այլ սոսկ ապրա՛նք եւենթակա՛յ՝ տնտեսական մարդու ամենէն շուկայական բնազդներուն։ Եւ այս այսպէս է, քանի որ հոն, ուր կայ օլիգարխիա, ժողովրդավարութեան գործիքները կը դադրին գործելէ եւ քաղաքացին կը դադրի քաղաքացիի պէս ապրելէ իր կեանքը։ Ի վերջոյ տեղի կ՚ունենայ ամէնէն ահաւորը, որուն անունը չենք ուզեր տալ։ Հայրենիքը՝ ի՛նք կ՛աժէզրկուի քաղաքացիի աչքին. ան հետզհետէ կը դադրի ըլլալէ քաղաքացիին ինքնութիւնը սահմանող գերարժէք եւ գործնականօրէն – այսինքն՝ արտագաղթի արարքո՛վն իսկ — կը «փոխանակուի» ինչպէս քուէ՛ն։
Ասոնք շատ ծանր խօսքեր են, բայց այս ծանր խօսքերը ըսելու ժամն է հիմա։ «Հաննիբալը մեր դռներուն առջևն է» եւ պատմական այս պահը իր ողջ ճգնաժամով կանգնած է մեր դէմ։ Ժամն է այս հարցերը դնելու մերկապարանոց եւ որոշելու, թէ որո՞նք են մեր առաջնահերթութիւններն ու փոխընտրութիւնները (այլընտրանք) այսօր։
Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանը ունի իրական փոխընտրութիւններ, որոնցմէ ամէնէն պարզը – եւ սակայն՝ ամէնէն «ծախսատա՛րը» — յեղափոխութիւնն է։ Յամենայն դէպս երկրի մեր հասարակութիւնը, իր լայն զանգուածով, հեռու է այս ճամբան ընտրած ըլլալէ։ Ան ընտրած կը թուի ըլլալ արտագաղթի ճամբան։ Հետեւաբար օլիգարխիան յեղափոխութեան դէմ պաշտպանուելու մեծ խնդիր մը չունի այսօր։ Ան պիտի պաշտպանուի արտագաղթին դէմ…Եւ սակայն ներկայի տուեալներով օլիգարխիան բացարձակապէս անպաշտպան է այս վտանգին դէմ…Բացարձակապէս ձեռնթա՛փ… Առաւել նաեւայն՝ որ այս վտանգը աւելի դիւրաւ կրնայ զինք զգետնել, քան որեւէ այլ վտանգ, որ այսօր գոյութիւն ունի իր ռատարին վրայ։
Երկրորդ փոխընտրութիւնը օլիգարխիայի կամաւոր եւ արմատական ինքնայեղաշրջումն է։ Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը՝ արմատական բարեփոխութիւններու նոր րեժիմի մը կիրառումո՛վ։ Պետական ազդու միջամտութեամբ եւ վերահսկողութեամբ մենաշնորհները պէտք է բերուին մրցակցային դաշտ եւ վերածուին րիսքային դաշտի մէջ վերապրող ձեռնարկատիրութիւններու։ Եւ պետութեան գործօն խթանումով՝ անոնք պէտք է մղուին վերաներդրումային (re-investment) առողջ քաղաքականութեան մը փոխանակ իրենց շահոյթը արտասահման փախցընելու։ Նոր ու որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման հոլովոյթը կախուած է այս արմատական միջոցառումներէն։ Արտագաղթի տարերային ընթացքը զսպելու եւ զայն շրջելու միակ տարողունակ ձեւը նոր ու որակաւոր եւ արտասահմանեան այլընտրանքներուն հետ մրցունակ աշխատատեղերու ստեղծումն է եւ նշանակալի ծաւալներո՛վ։ Հայաստանը լիովին ի վիճակի է վերաներդումային այս տեղաշարժը մէջտեղ բերելու։ Այդ տեղաշարժը արուեստականօրէն խափանուած է այսօր մենաշնորհային համակարգի մեղքով, որ օլիգարխիայի մեղքն է։
Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են այս թեքնիք հարցերու մասնագիտական քննարկումը ընելու համար։ Բաւարարուինք միայն ըսելով, որ օլիգարխիայի ինքնայեղաշրջման գործընթացը չի կրնար մակերեսային ըլլալ։ Ան պիտի ըլլայ խորքային եւ կենսափոխիչ եւ պիտի պահանջէ քաղաքական հզօր կամք։ Ան պիտի ցաւցնէ, որպէսզի կարողանայ բուժել։ Ցաւազերծ լուծումներ չկան։ Ցարդ ցաւողը ժողովուրդն էր։ Եւ ժողովուրդը «լուծեց» իր հարցը բռնելով արտագաղթի ճամբան։ Եկած է ժամանակը, որ օլիգարխիան՝ ի՛նք ընդունի ցաւը իր իսկ մարմնին վրայ եւ կառավարէ այդ ժամանակաւոր ցաւը իմաստութեամբ՝ փրկելու համար ինքզինք եւ երկրի ապագան։
Հարց պէտք է տալ, թէ օլիգարխիան ինչո՞ւ պիտի ուզէ այս քայլերուն դիմել… երբ այսօր տէրն է ամէն ինչին։ Պատասխանը շատ յստակ է։ Օլիգարխիան ընդամէնը պատրանքի մը տէրն է, եթէ կը կարծէ, թէ ինք տէրն է ամէն ինչին։ Այն ինչը, որ կայ, ընդամէնը կրկներեւոյթ մըն է առանց երկրէն ներս գործող եւ ամուր հիմերու վրայ դրուած ընկերային պայմանագրի մը։ Օլիգարխիան կրնայ ամէն «ինչ» ունենալ, բացի ժողովուրդէն…առանց որուն ոչինչ իսկապէս գոյութիւն կրնայ ունենալ։
Հետեւաբար օլիգարխիայի տէրերը պէտք է արագօրէն իջնեն իրենց յաւակնոտ նժոյգներէն եւ հաշուի նստին ժողովուրդին հետ։ Եւ արդէն ՀՀ Նախագահը ինքնայեղաշրջման այս մեծ հրամայականի նախապայմանները կարեւոր չափով առանձնացուցած է Փետրուար 12, 2016ի եւ Մայիս 18, 2017ի իր ծաւալուն ելոյթներով։ Այդ ելոյթները դժբախտաբար մոռացութեան տրուած են վաղուց։ Որմէ պէտք է հետեւցնել, որ անոնք ընդամէնը տեսական մարզանքներ էին հանրային կարծիքը բաւարարելու միտող։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց բանաձեւման բովին մէջ եւ թէ ի՞նչ տեղ կը գրաւեն անոնք օլիգարխիայի հաւաքական մտածողութեան մէջ, այդ մասին թող վաղուան արխիւները խօսին։ Այսօրուան հրամայականն է խօսքէն անդին անցնիլ ամէնէն վճռական քայլերով։
Հիմա ժամանակն է, որ պետութիւնը հրապարակ իջնէ ինքնիր մշակոյթը յեղափոխող աշխատանքային ծրագրով եւ վճռական քաղաքականութեամբ։ Օլիգարխիան պիտի դադրի օլիգարխիա ըլլալէ եւ իր տեղը զիջի հանրութեան։ Ժամանակն է, որ հանրութեան պետութիւնը սկսի գործել համարձակօրէն եւ տնօրինել իր ճակատագիրը։ Եւ իր ամէն մէկ արարքով բարոյապէս լիազօրէ քաղաքացի՛ն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։
PanARMENIAN.Net – The Annual Children of ArmeniaFund’s (COAF) Gala at Cipriani in New York raised $3.6 million to fund COAF’s extensive range of programs in Armenia.
The annual event is supported by Hollywood stars Leonardo DiCaprio, Tom Hanks, Ariana Grande, Chloe Kardashian, Conan O’Brien, Tina Fey and may others.
The supporters of COAF’s efforts gather in New York City each year to participate in the much-anticipated and star-studded event which held held for the 14th time this year on December 16.
Emmy- and Tony-award winning actress Andrea Martin hosted the fundraising, while Swiss art auctioneer and collector Simon de Pury curated the auction of unique artworks.
Spanning education, health, wellness, science, technology, innovation, culture, art, communication and languages, COAF’s programming was created to empower a new generation of healthy, educated Armenians to significantly improve the future of their homeland on both a local and global scale.
Last year, DiCaprio made a $65,000 donation to the Fund by acquiring a work by painter Joe Bradley.
ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԷ՛Ք
Երեւանի «Հերացի» հիւանդանոցի Վերականգնողական կեդրոնի ծախսերուն։ Այս նոր կեդրոնը հնարաւորութիւն կու տայ, որ վիրաւոր զինուորներուն (rehabilitative) վերականգնողական բուժումը սկսի անմիջապէս եւ կատարուի անվճար։
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը կազմակերպէ «Նուիրագիր փոխան նուէրի» ծրագիրը, զօրակցելու վերականգնողական նոր կեդրոն կառուցման աշխատանքներուն։
ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՆՈՒԷՐՆԵՐԸ՝ ԱՋԱԿՑԵԼՈՎ ՄԵՐ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԲՈՒԺՄԱՆ
Իբրեւ ծախսերուն մասնակից՝ պիտի ստանաք հետեւեալ նուիրագիրը, նուիրելու ձեր սիրելիներուն եւ բարեկամներուն։
Ձեր նուէրներու նուիրագիրները ապահովեցէք դիմելով հետեւեալ կայքէջին.
»Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներին«ը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է (Non Governmental Organization (NGO)):
http://www.facebook.com/wounded.heroes/
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի (COAF) 14րդ տարեկան երեկոյթի ընթացքին՝ Շաբաթ, 16 Դեկտեմբերին, հանգանակուեցաւ 3.6 միլիոն տոլար: Նիւ Եորքի յայտնի Սիփրիանիի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթի գլխաւոր հիւրերու շարքին էին Թոնի Շաֆրազ, դերասանուհի Անտրէա Մարթին, ձեւաւորող Մայքըլ Արամ, խոհարար Ճէոֆրի Զաքարեան, դերասան ու երգիչ Վանեսա Ուիլիըմզ եւ ուրիշներ:
Երեկոյթի ընթացքին ոգեւորող ելոյթով հանդէս եկաւ եւ Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լեռնագոգ գիւղէն 16ամեայ Նարէ Գալստեան:
Երեկոյթի ընթացքին հանգանակուած ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի գիւղական շրջաններու մէջ Հիմնադրամի ձեռնարկած կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Առանձին ուշադրութեան պիտի արժանանայ նորարար SMART նախաձեռնութիւնը, որ կ՝առաջադրէ թուային արհեստագիտութեան կրթութիւն ջամբել գիւղացի երեխաներուն:
Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի նախագահն ու հիմնադիրն է տոքթ. Կարօ Արմէն:
Թուրքիոյ մէջ հրատարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Սեբաստիոյ հայերու ապրած կոտորածին ու աքսորին մասին պատմող նոր գիրք մը: Այս մասին կը տեղեկանանք գիրքը լոյս ընծայած Պոլսոյ «Արաս» հայկական հրատարակչութեան պաշտօնական կայքէն:
Մուրատ Աթաշի կողմէ գրուած «Արմինէ. (Չարաք Լերան Աքսորը)» վերնագիրով վէպը, որ հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, կը պատմէ պատմական Սեբաստիոյ գիւղերէն մէկուն հայ բնակչութեան՝ Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած զրկանքներուն ու այդ տարածքին մէջ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններուն մասին:
Վէպը համեմուած է նաեւ գլխաւոր կերպարին՝ Արմինէի ու անոր ընտրեալ Ճիւանի սիրոյ պատմութեամբ ու կը պատմէ ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին:
224 էջնոց թրքերէն վէպի խմբագրութիւնը կատարած է պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր եւ «Արաս» հրատարակչութեան ղեկավար Ռոպեր Քոփթաշ: