ԵՐԿՏՈՂ՝ ՀԵՌԱՒՈՐ ԸՆԿԵՐՈՋ ՄԸ

ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ

Երէկ,
ամբողջ օրը
վայրի բադերու գաղթը դիտելով
խոտերը դեղնեցան.հիմա,
այդ խոտերուն մէջ կանգնած
ուռիները
երեխայի պէս կը դողան.
անոնք կարծես կը նախազգան,
թէ անսպառ իր ջերմութեամբ իրենց ողջագուրումը
եղեռնաբոյր հովերու հետ,
պիտի վերջինը ըլլայ…
Օ՜, տեսնէիր
ծառ ու ծաղկի իրարանցումը տենդոտ,
վերջին ակնարկ մը նետելու
մառախլապատ հեռուներէ աւելի՛
այս անծանօթ ափերուն,
ուր՝ կռունկի երգը միայն կը հասնի…

Մոնթրէալ
Սեպտեմբեր 2017

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *