Յունուար 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի յունուարի թիւին նիւթերը կը գտնես այս էջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ

 

ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Չի հալածեր, չի պահանջեր, չ՚ստիպեր. կը տխրեցնէ՛։ Իր մասին տխրիլը սակայն անյարիր է որովհետեւ կը ղրկէ անհատնում ճառագայթներ ծիծաղի եւ հանդարտ կապոյտ աչքերէն ցայտող նշանակալից ժպիտով, ժպիտներով, կը ցոլացնէ իրականութեան իսկական պատկերը։

Ամառը Պէյրութի մէջ հազիւ թեւակոխած՝ մօտակայ արաբական երկիրներէն, քիչ մըն ալ Եւրոպայէն, հայ գրականութեան մշակներ, հնձողներ ու համտեսողներ ոտք կը դնէին «Սիմոնեանին տպարանը»։ Պաշտօնապէս կը կոչուէր Սեւան Continue reading “ՊԱՐՈՅՐԸ ԵՒ ՊԱՂՈՅՂԸ”

ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»Ի ՔԱՑԱԽԱՁՕՆԻՆ

Ի՞նչ է արժեքը Վեհանոյշ Թեքեանի՝

Շատ պարզ է, շատ պարզ՝

Բանաստեղծ է։

Բանաստեղծութիւնն է։

Օր մը հարցուցեր են Ռոսինիի.

Որո՞նք են մեծագոյն երաժիշտները. Continue reading “ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»Ի ՔԱՑԱԽԱՁՕՆԻՆ”

ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ

ԱԹՈՌ ՄԸ… ՍՈՒՐ ՄԸ… ԵՒ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Երկտող մը միայն։

Չ՚արժեր երկար գրել։

Մեղք է ժամանակին ու գրիչին ու սա հայերէն գիրերուն.

Բաց նամակ մըն է այս Փարիզի հայերուն, մէկու(*) մը համար։ Continue reading “ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ”

Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ

«ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ, ԵՐԿԵՐ», Ա. ԵՒ Բ. ՀԱՏՈՐՆԵՐ.

«ՅԱՂԱԳՍ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ», ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Հրատ. »Ազգ«, Երեւան, 2016

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

«Շահան Շահնուր»,— եռահատոր այս հրատարակութիւնը, առաջին զոյգ գիրքերով ենթախորագրուած՝ «Երկեր», եւ փակուող՝ «Յաղագս Շահան Շահնուրի» երրորդ գիրքով,— ուշագրաւ երեւոյթ է մեր գրական-հրատարակչական կեանքին մէջ, արժանի յատուկ անդրադարձի:

Պիտի արժէր, առ ի ծանօթացում լայն հանրութեան, ընել շարքի մէկ հանգամանաւոր ներկայացումը: Բայց այս սիւնակը պիտի Continue reading “Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ”

ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ

1960ական թուականներուն, իտալացի գրող Իթալօ Քալվինօ (1923-1985) կը գրէր.

«20րդ դարը ներկայ եղաւ ծնունդին եւ տարածման Արեւմուտքի արդի լեզուներուն եւ գրականութիւններուն, որոնք ուսումնասիրեցին արտայայտչական եւ կամ երեւակայական կարելիութիւնները հնդեւրոպական լեզուներուն»։ Continue reading “ԳՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ”

ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպ կեցութեանս մօտ քսան տարիներուն ընթացքին, մեր ընտանիքը հաւատաւոր կերպով միշտ նոյն մատակարողները ունեցած է. նոյն կաթնավաճառը, նոյն մածնավաճառը, նոյն դերձակը, նոյն կօշկակարը, ու նոյն սափրիչը։

Հալէպի մեր սափրիչը Նշան Վարդանեան անունով մօտ 45 տարեկան անձ մըն էր, որուն աշխատատեղը Թիլէլէն դէպի Ճիտէյտէ թեքուող թաղին անկիւնը կը գտնուէր։ Փոքր ու չափազանց պարզ սափրիչատուն մը, հսկայ հայելիի մը առջեւ Continue reading “ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ”

Մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանի յիշատակին

Ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Երեւանի քաղաքապետարանի Աւետիք Իսահակեանի անուան Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ցերեկոյթ՝ նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանի (1914-1986) յիշատակին՝ մահուան 30-ամեակին առթիւ:

Գրող, գրականագէտ, հայագէտ գիտնական, խմբագիր, հրատարակիչ, մանկավարժ եւ շատ ուրիշ մարզերու մէջ մեծ վաստակ ունեցած Սասունցի ծուռ Մեծ հային նուիրուած հանդիսութիւնը սկսաւ անոր հեղինակած հայոց պատմութեան Continue reading “Մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանի յիշատակին”

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

ՀՀ Մշակոյթի նորանշանակ նախարար

Արմէն Ամիրեանին

Երեւան, Հայաստան

«Եթէ մօրուք ունենալը իմաստութեան նշան լինէր,

այծերը, Պղատոնի եւ Արիստոտելի հետ կը մրցէին»։

Յունական

Յարգելի պարոն նախարար

Այսու կ՚ուզեմ ուշացումով, բայց անկեղծօրէն ձեզ շնորհաւորել՝ շատ կարեւոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով, ինչպէս նաեւ ամանորի եւ սուրբ Ծննդեան տօների կապակցութեամբ։ Մենք իրար հանդիպելու առիթ չենք ունեցել եւ դուք՝ իմ ո՛վ լինելը գուշակել անգամ չէք կարող, բայց ես վաղուց եմ նկատել ձեր ներկայութիւնը տարբեր հանդէսներին, որոնց ընթացքին դուք միշտ ցուցաբերել էք վայելուչ կեցուածք, խնամքով մշակուած եւ հարուստ բառապաշարով հայերէն՝ առանց Continue reading “ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ”