Ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Երեւանի քաղաքապետարանի Աւետիք Իսահակեանի անուան Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ցերեկոյթ՝ նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանի (1914-1986) յիշատակին՝ մահուան 30-ամեակին առթիւ:
Գրող, գրականագէտ, հայագէտ գիտնական, խմբագիր, հրատարակիչ, մանկավարժ եւ շատ ուրիշ մարզերու մէջ մեծ վաստակ ունեցած Սասունցի ծուռ Մեծ հային նուիրուած հանդիսութիւնը սկսաւ անոր հեղինակած հայոց պատմութեան դասագիրքերու շարքի առաջին գիրքին սկիզբը տպուած «Հայ աշակերտի ուխտ»-ի ընթերցումով, զոր խոր ապրումով արտասանեց դերասանուհի եւ ասմունքող Գայիանէ Սամուէլեանը: Հանդիսավար, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանը բացման հակիրճ խօսքէ մը ետք յաջորդաբար ամպիոնին մօտ հրաւիրեց Ս. Սիմոնեանի քաջալերած երիտասարդ գրիչներէն՝ հալէպահայ մտաւորականներ, վերջերս Երեւան հաստատուած Յակոբ Միքայէլեանը, ապա՝ Յակոբ Չոլաքեանը, որոնք յուշերու հետ շաղախուած ներկայացուցին Սիմոնեանի գործունէութեան տարբեր կողմերը՝ արժանին մատուցելով իրենց Մեծ ուսուցիչին: Գայիանէ Սամուէլեանը այնուհետեւ ընթերցեց Սիմոնեանի պատմուածքներէն մէկը՝ միշտ տոգորուած հայրենասիրական ոգիով: Գրականագէտ Մարգարիտ Խաչատրեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Սիմոն Սիմոնեան եւ Արամ Հայկազ գրողներու յարաբերութիւններուն: Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ 1950-ականներու առաջին կէսին Սիմոնեանին աշակերտած արժ. Տ. Տաճատ աւագ քահանայ Դաւիթեանը պատմեց իր յուշերէն՝ շեշտելով գրաբարի եւ հայագիտական ուրիշ նիւթերու իր ուսուցիչ Սիմոնեանի էական դերը իր եւ միւս դպրեվանեցիներու հայեցի կազմաւորման մէջ: Սիմոնեանի մշտական բարեկամ, անոր նուիրուած գիրքի հեղինակ Թորոս Թորանեանը իր խօսքն սկսաւ խոնարհելով Մեծ հայու ու վերջերս սփիւռքի թէ Հ. Հ.-ի մէջ մահացած հայ մտաւորականներու յիշատակին առջեւ, այնուհետեւ պատմեց Սիմոն Սիմոնեան ԵՐԵՒՈՅԹին մասին: Ան շեշտեց, թէ միայն մեծե՛րն են, որ մեծեր կը ստեղծեն, եւ օրինակ բերաւ Մաղաքիա արք. Օրմանեանի կերտած՝ ապագայ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսը ու վերջինիս՝ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ կերտած Սիմոն Սիմոնեանը, մարդ, որ ինք եւս կերտեց հարիւրաւոր գրողներ ու գործիչներ ողջ աշխարհի տարածքին:
Սրահին մէջ ցուցատախտակով ներկայացուած էին Սիմոն Սիմոնեանի հեղինակած գիրքերէն, անոր մասին կամ առնչուած տարբեր գիրքեր, Սագօ Օգնայեանի կազմած Սփիւռք թերթի մատենագիտութեան հատորը եւ վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած՝ հալէպաբնակ մտաւորական Լեւոն Շառոյեանի գրքոյկը Ս. Սիմոնեանի մասին, իսկ պատին վրայ ամրացուած էին Սիմոն Սիմոնեանի՝ սփիւռքահայ անուանի երգիծանկարիչներ Ալեքսանտր Սարուխանի եւ Մասիս Արարատեանի գրիչի ծնունդ եղող երգիծանկարները:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը եղաւ առիթ, որպէսզի հայրենաբնակ ներկաները ծանօթանան Սիմոն Սիմոնեան Ամբողջական հայուն: Ձեռնարկի աւարտին ներկաներէն շատեր խոստովանեցան, թէ մինչ այս ձեռնարկը շատ քիչ բան կամ գրեթէ ոչինչ իմացած էին Սիմոն Սիմոնեանի մասին:
Հանդիսութեան կազմակերպիչներն ու ներկաները յոյս յայտնեցին, որ դրական լուծում կը ստանայ Հ. Հ.-ի Արագածոտնի մարզի՝ հիմնականին մէջ սասունցիներով բնակուած Թալինի շրջանի դպրոցներէն մէկը Սիմոն Սիմոնեանի անունով կոչելու դիմումը, որու ստորագրահաւաքը եղած էր նախորդ շաբաթներուն՝ Հ. Հ.-ի մտաւորական շրջանակներուն մէջ:
Գ.Ե.