ՄԵՐ ՍԱՓՐԻՉԸ

ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՅՈՒՇԵՐ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՀԱԼԷՊԷՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Հալէպ կեցութեանս մօտ քսան տարիներուն ընթացքին, մեր ընտանիքը հաւատաւոր կերպով միշտ նոյն մատակարողները ունեցած է. նոյն կաթնավաճառը, նոյն մածնավաճառը, նոյն դերձակը, նոյն կօշկակարը, ու նոյն սափրիչը։

Հալէպի մեր սափրիչը Նշան Վարդանեան անունով մօտ 45 տարեկան անձ մըն էր, որուն աշխատատեղը Թիլէլէն դէպի Ճիտէյտէ թեքուող թաղին անկիւնը կը գտնուէր։ Փոքր ու չափազանց պարզ սափրիչատուն մը, հսկայ հայելիի մը առջեւ հաստատուած աշխատանքային երկու աթոռներով, ու ետեւի կողմը յաճախորդներուն սպասման յատկացուած 5-6 տախտակեայ աթոռներով։

Պարոն Նշան (այդպէս կ՚անուանէինք զինք) Խարբերդէն բռնագաղթած բարի, ազնիւ, չափազանց ծառայասէր անձ մըն էր, որուն յաճախորդները գրեթէ ամբողջութեամբ հայեր էին. հայրս, եղբայրս, թաղի ընկերներէս շատեր, ու բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ իր մօտ կ՚երթային սափրուելու։ Ան գեթէ անուս էր, իր իսկ հաստատումով՝ երբ ինք նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտ էր, ստիպողաբար՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու պարտաւորութեան տակ, հրաժեշտ տուած էր ուսման, ու մի քանի տարիներ իբր աշակերտ աշխատելէ ետք սափրիչատան մը մէջ, ունեցած էր իր ներկայի սափրիչատունը։ Թէեւ անուս, սակայն շատ մը սափրիչներու նման, որոնք աշխատանքն ու յաճախորդներու հետ խօսակցութիւնները մաս կը նկատեն իրենց արհեստին, պարոն Նշան, տարիներու ընթացքին, մտերմացած էր շատերուն, անոնց հետ կը վիճէր ու կ՚ունենար կարծիքներու փոխանակում, ազգային, քաղաքական ու այլ հարցերու շուրջ. ան, շնորհիւ իր ցուցաբերած սուր տրամաբանութեան եւ հարցերը քննարկելու ու մեկնաբանելու բացառիկ ձիրքին, ձեռք բերած էր որոշ հասունութիւն։ Հայրս իր մասին հետեւեալ ձեւով կ՚արտայայտուէր. «Պարոն Նշան անուս է, սակայն տիրացած է ապրուած կեանքի համալսարանին անպաշտօն վկայականին»։

Կատաղի ազգասէր ու հայրենասէր անձ էր ան։ Յիշողութեանս մէջ է տակաւին. ներգաղթի տարիներուն, երբ սափրուելու գացած էի իր մօտ, ան ցոյց տալով ներկաներուն «Եփրատ» թերթին մէջ տեղ գտած «Կը հրաժարիմ Դաշնակցութենէն» անուններուն ցանկը, զայրացած ու փրփրած՝ գռեհիկ ու տարրական սկզբունքներէ զուրկ կը նկատէր թերթին պատասխանատու մարմինը։ Ուրեմն գոյութիւն ուէին «հայրենասէր» ու «հայրենադաւ» հայեր…։ Այդ շրջանին մէջ միայն հայոց վիճակուած էր իրենց հայրենիքին նկատմամբ հակընդդէմ կարծիքներ ունենալը, մինչ միւս բոլոր երկիրներու քաղաքացիները նոյն դրական կեցուածքը ունեն իրենց հայրենիքին նկատմամբ, հակառակ քաղաքական ու այլ հարցերու շուրջ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն ու դիրքորոշումներուն։ «Եփրատ» թերթին մէջ տեղ գտած գրութիւնները պատճառ դարձան, որ ան անձնապէս ներկայանալով Ներգաղթի կոմիտէութիւն՝ ջնջել տուաւ իր անունը ներգաղթել փափաքողներու ցանկէն…։ Կ՚ապրէինք ժամանակի մը մէջ, ուր սկզբունքներու ու հայրենասիրութեան չափանիշները տեսակաւորուած էին ու սակարանային ելեւէջներով խաչաձեւուած…։

Գոհունակութեան նշոյլ մը կար պարոն Նշանին քիչ մը կնճռոտ դէմքին վրայ, որ իր որդին (անունը յիշողութենէս կը վրիպի) ժառանգած էր իր հարազատ շունչը, ՀՄԸՄի սկաուտ արձանագրուած էր ու մանաւանդ կ՚ուսանէր… բան մը, որ կեանքի պայմանները զլացած էին իրեն, հակառակ ուսման հանդէպ իր ունեցած բուռն փափաքին։

Այցելութեան մը ընթացքին, երբ ուսման մասին էր խօսակցութեան նիւթը, նկատած եմ, որ ան գլուխը անդին դարձուց, ծածկելու համար երկու կաթիլ արտասուք, որ իր աչքերուն մէջ փայլեցան, բայց հոն գամուեցան, որովհետեւ ան զօրաւոր նկարագրի տէր՝ կ՚իշխէր նոյնիսկ իր արտասուքին վրայ։

Պարոն Նշանին կեանքը, մանրանկար պատկեր մը կրնայ համարուիլ այդ շրջանի հայ սափրիչներու վիճակին։

Հարկ է հոս նշել, որ 1940-50ական թուականներուն՝ սափրիչութիւնը ներկայի արհեստը դիւրացնող պայմաններէն բացարձակապէս զուրկ էր. մազերը խուզող ելեկտրական գործիքներ գոյութիւն չունէին, ու աշխատանքը կը կատարուէր ձեռային մեքենայով ու մկրատով։ Ամառուայ եղանակին մեծ անպատեհութիւն էր ներկայութիւնը ճանճերու բանակներու՝ սափրիչատան մէջ. այդ օրերուն պարուն Նշան իր որդին միասին կը բերէր գործի, որպէսզի ան, կանգնած յաճախորդին կողքին՝ հովահարելով վանէ աներես ճանճերը։

Շրջան մը, մօտ երկու շաբաթ սափրիչատունը փակ մնաց. ըսուեցաւ թէ պարոն Նշան հիւանդ է։ Վերադարձին՝ հիւանդութենէն հալած, նիհարցած, փոխուած էր իր կերպարանքը։ Բժիշկը իրեն յանձնարարած էր շրջան մը չաշխատիլ ու մեկնիլ օդափոխութեան, ինչ որ իր կարողութիւններէն շատ վեր էր…։

Յիշողութեանս մէջ է նաեւ ուրիշ դէպք մը. երբ աշնանային օր մը, տեղատարափ անձրեւներու պատճառաւ տեղի ունեցան ողողումներ, ու շատ մը թաղեր վերածուեցան գետակներու։ Դպրոցէն տուն վերադարձի ճամբուս վրայ, երբ կ՚անցնէի սափրիչատան առջեւէն, պարոն Նշան նշմարելով ոտքերուս՝ ջուրերուն մէջ մխրճուած ըլլալը, դուրս ելլելով զիս քովը կանչեց, ու հայրական հրամայական շեշտով մը հանել տուաւ թրջուած կօշիկներս ու գուլպաներս, աւելցնելով՝ «Պէտք է ոտքերդ հանգչին, հիւանդ պիտի ըլլաս», ապա, բանալով իր առօրեայ կերակուրի ծրարը, զիս հրաւիրեց ընկերանալ իր համեստ ճաշին…։

Կեանքը փոխնիփոխ, ուրախ զգացումներու ու տխուր դէպքերու շարան մըն է. ամէն անգամ, որ սեւ ամպ մը անցնի արեւին առջեւէն, երկիրը մասամբ կը մթննայ, ապա կը լուսնայ նորէն։ Այսպէս է նաեւ մարդու տրամադրութիւնը, երբեմն արեւոտ, երբեմն մութ։

Երբ ուսմանս պատճառաւ պիտի ձգէի Հալէպը, տրամադրութիւնս բարձր, ու գեղեցիկ ապրումներու հետ զուգընթաց հոգիս իղձերով լեցուն՝ վերջին այցելութիւնս տուի պարոն Նշանին, յուզիչ թախիծ մը պարուրեց հոգիս, երբ վերջնականապէս հրաժեշտ պիտի առնէի իմ մօտ քսան տարուայ սափրիչէս՝ անմոռանալի, համեստ, ծառայասէր, մաքրամաքուր նկարագրի տէր, ազգասէր ու հայրենասէր պարոն Նշանէն. ան իր խորունկ ու վճիտ աչքերով նայեցաւ ինծի, շռայլելով յաջողութեան ջերմ մաղթանքներ։ Պարոն Նշան կը խօսէր ու կը գործէր հայ ժողովուրդի սիրտէն, ու այդ միջոցին, աչքերուս առջեւ իր կեանքին պատմութիւնը կը թաւալէր շրջուած ժապաւէնի մը հաւատարմութեամբ։

Այժմ, երբ յիշատակներու ծրարս կը բանամ, ինքզինքս բաղդաւոր կը զգամ մաքուր ու անարատ միջավայրի մը մէջ ապրած ըլլալուս, Հալէպ բնակութեանս քսան տարիներուն ընթացքին։

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *