ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ
1960ական թուականներուն, իտալացի գրող Իթալօ Քալվինօ (1923-1985) կը գրէր.
«20րդ դարը ներկայ եղաւ ծնունդին եւ տարածման Արեւմուտքի արդի լեզուներուն եւ գրականութիւններուն, որոնք ուսումնասիրեցին արտայայտչական եւ կամ երեւակայական կարելիութիւնները հնդեւրոպական լեզուներուն»։
Իսկ ֆրանսացի գրող Փօլ Վալերի (1871-1945) գրած էր.
«Գրականութիւնը կը ճօճի զուարթախոհութեան, դաստիարակութեան, ծանուցումներու, հետաքրքրութիւն արթնցնելու միջեւ։ Եթէ ընթերցողները կրաւորական դիրքի մէջ չըլլային, այլեւ գործնական, գրականութիւնը արագօրէն պիտի փոխէր իր ձեւը եւ պիտի դիմէր գործօն ընթերցողին»։
Միջազգային գրական քննադատներէն ոմանց համար, Փօլ Վալերիի ներկայացուցած տեսակէտներէն ներշնչուած էր արժանթինցի գրող Խորխէ Լուիս Պորխէս (1899-1986)։
Խորխէ Լուիս Պորխէս, իր «Պարտէզները որ նրբանցքներով կ՚երկճիւղուին» պատմուածքին մէջ գրած էր.
«Մտածեցի թէ ամէն բան կը պատահի մարդ անհատին ճիշդ հիմա, ոչ թէ դարերու ընթացքին, այլ միայն հիմա տեղի կ՚ունենան այդքան եղելութիւնները, շատ մեծ թիւով մարդեր օդին մէջ, երկրագունդին վրայ եւ ծովուն մէջ, եւ այս բոլորը տեղի կ՚ունենայ եւ կը պատահի ինծի»։
Գրական քննադատներուն համար այդ պատմուածքը լրտեսական պատմուածք մըն էր, որուն մէջ ներառուած էր տրամաբանական-բնազանցական պատմուածք մը, որ իր կարգին ներառած էր չինական վէպի մը նկարագրութիւնը, բոլորը ներկայացուած տասներկու էջերու մէջ։
Արժանթինցի գրողը, որ փորձագրական ոճի վարպետ մըն էր, քառասուն տարեկանին կարողացաւ ձերբազատուիլ այդ ոճէն եւ անցնիլ վիպագրական ոճին։ «Ալմոթասիմի մօտեցումը» վէպը, 1940-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսնող գրական պարբերաթերթերէն մէկուն այդ տարուան ընթացքին լոյս տեսած համարներուն մէջ հրատարակուեցաւ։
Գրական քննադատները երբ կարդացին այդ վէպը, կարծեցին թէ այդ գիրքը հնդիկ գրողի մը գործն է, թէ հեղինակը իւրաքանչիւր գրած իր նիւթը կը կրկնէ, կը բազմապատկէ այդ նոյն գիրքը այլ գործերու ընդմէջէն, որոնք կը գտնուին երեւակայական կամ իրական գրադարանի մը մէջ։
Խորխէ Լուիս Պորխէս «Ուիլիըմ Պէքֆորտի Էլ Վաթէքի մասին» իր փորձագրութեան մէջ գրած էր.
«Այնքան բարդ է իւրականութիւնը, այնքան բեկորներու վերածուած, այնքան պարզեցուած պատմութիւնը, որ ամենագէտ դիտող մը պիտի կարենար շարադրել անսահման, գրեթէ բազմաթիւ կենսագրութիւնները մարդու մը, որ զանազան արարքներ կ՚ընէ, որոնց մասին անհրաժեշտ է շատ կարդալ, անդրադառնալ անոր, հասկնալէ առաջ թէ դերակատարը ինքն է»։
Յայտնի կ՚ըլլայ թէ գրականութեան ապագային մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ եղելութիւններ, որոնք գրականութիւնը իր իւրայատուկ միջոցներով կարող է տալ։
Կարելի է ըսել թէ գրական գործ մը, բանաստեղծութիւն, վիպագրութիւն, փորձագրութիւն, անհրաժեշտ է որ ցոյց տայ անտիպ մաս մը մարդկային կեանքէն։
Պուէնոս Այրէս