Շ. ՇԱՀՆՈՒՐ՝ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՎԵՐԱՅԱՅՏՆՈՒԱԾ

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ

«ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ, ԵՐԿԵՐ», Ա. ԵՒ Բ. ՀԱՏՈՐՆԵՐ.

«ՅԱՂԱԳՍ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ», ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Հրատ. »Ազգ«, Երեւան, 2016

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

«Շահան Շահնուր»,— եռահատոր այս հրատարակութիւնը, առաջին զոյգ գիրքերով ենթախորագրուած՝ «Երկեր», եւ փակուող՝ «Յաղագս Շահան Շահնուրի» երրորդ գիրքով,— ուշագրաւ երեւոյթ է մեր գրական-հրատարակչական կեանքին մէջ, արժանի յատուկ անդրադարձի:

Պիտի արժէր, առ ի ծանօթացում լայն հանրութեան, ընել շարքի մէկ հանգամանաւոր ներկայացումը: Բայց այս սիւնակը պիտի բաւարարուի շարքի հպանցիկ ներկայացումով, հեռու մնալով նաեւ ամբողջական արժեւորման փորձէ:

ՇԱՀՆՈՒՐԻ ԳՈՐԾԸ՝ ԶՈՅԳ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՎ

Անպաճոյճ այլ կոկիկ ձեւաւորում ու տողաշարում-էջադրում, խիտ բայց նպատակայարմար դասաւորում,— եռահատոր ամբողջ մը, որ կը միաբերէ արեւմտահայ-սփիւռքահայ գրականութեան, հա՛յ գրականութեան տիրական դէմք Շահան Շահնուրի գործը եւ անոր համադիր մեկնաբանութիւն-վերլուծումը:

Շահնուրեան վաստակի այս հրատարակութեան պատրաստումը, ինչպէս եր րորդ՝ գրա-վերլուծական հատորը, կը պարտինք հանգուցեալ գրադատ Գրիգոր Շահինեանի, որուն գրադատական վաստակը, շատ ծանօթ, փռուած՝ նախորդ դարու բ. կէսին վրայ, յետ մահու այս հրատարակութեամբ կը ճոխանայ աւելի եւս:

Առաջին հատորը, բովանդակող՝ Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպը եւ «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածքներու ժողովածուն, կը բացուի հրատարակիչի ներածական խօսքով, շահեկան՝ ե՛ւ շարքի հրատարակման առնչուող շփումներու տեղեկատւութեամբ, ե՛ւ անձնական բարեկամութեան մը ոգեկոչման զգայուն շեշտերով (անկէ կ՚արտագրեմ հատուած մը ստորեւ):

ՀՐԱՏԱՐԱԿՒՉԻՆ ԿՈՂՄԷ

(Հատուած)

«1994 թուականն էր, գարո՞ւն, թէ՞ աշուն՝ չեմ յիշեր: [«Ազգ»ի] Խմբագրատուն եկաւ Գրիգոր Շահինեանը մռայլամած (…): Վառեց սիկարէթը դողդողացող, դեղնած մատներով ու… պարպուեցաւ: «Նայէ՛,— ըսաւ,— ասիկա՞ է ակադեմիակա՜ն, գիտակա՜ն պաշտպանութիւնը: Ոչ մէկ լուրջ քննարկում, ոչ իսկ որեւէ առարկութիւն: Խօսեցայ, տեսակէտներս ներկայացուցի, մտիկ ընող չկար: Խօսեցան իրենք ալ, գովեցին միայն, նոյնիսկ ընդդիմախօսս ներբող հիւսեց Սփիւռքի հայապահպանական ջանքերուն շուրջ, եւ… գերազանց գնահատեցին»: Երեւանի պետական համալսարանէն ուղղակի քովս եկեր էր, պարպուելո՜ւ: Գիտէի նախապէս՝ դոկտորական թեզի պաշտպանութիւնն էր այդ օրը (դոկտորի առաջին կոչումը տարիներ առաջ ստացեր էր Սորպոնի համալսարանէն), անշուշտ Շահան Շահնուրի գրականութիւնն էր թեման այս աւարտաճառին, որուն վերամշակուած տարբերակը կը կազմէ ներկայ եռահատորին երրորդ գիրքը: (…)

Արդէն մեզ մտերմացուցեր էր Շահնուրը: Պատերազմական Պէյրութի մէջ, 1983-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կազմակերպեր էր «Շահնուրեան ընթերցումներ» Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, քաղաքի «Կանանչ» կոչուած ճակատային գիծէն ընդամէնը հարիւր մեթր այս կողմ: Ինքն էր, Գրիգոր Շահինեանն էր գլխաւոր բանախօսը «Շահնուր աքսորեալ» թեմայով: Համազգային Մշակութային Միութեան Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետն էր ինք այդ օրերուն: Սակայն մեծ պատրաստակամութեամբ մասնակցեցաւ ԹՄՄ-ի կազմակերպած եռօրեայ հանդիսութիւն-դասախօսութիւններուն: Լեւոն Վարդանի, Արմէն Դարեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի եւ միւսներուն կարգին իր դասախօսութիւնը ունկնդրուեցաւ մեծագոյն ուշադրութեամբ, մինչ հեռուներէն կը լսուէր թնդանօթներուն որոտը…»

Յ. Ա.

Երկրորդ հատորը, «Լրագրական Էջեր» խորագրուած կազմողին կողմէ՝ Շահնուրէ իսկ վերցուած բնորոշումով մը, կը խմբէ հեղինակի կեանքի վերջին քսանամեակին խմբած-վերհրատարակած հատորները՝ «Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը», «Զոյգ մը կարմիր տետրակներ», «Բաց Տոմարը» եւ «Կրակը կողքիս»: Հատորը կը փակուի չորս այս գիրքերէն դուրս մնացած եւ «Վերջին յօդուածներ» խորագրին տակ մէկտեղուած երեք յօդուածներով (1):

Զոյգ հատորները կ՚ընդգրկեն նաեւ ծանօթագրութիւններու բաժիններ, միշտ՝ Գ. Շահինեանէն, «Բացատրութիւններ» խորագրային բնորոշումին տակ (2):

ՎԻՊԱԳԻՐ ԵՒ ԳՐԱԴԱՏ. ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հոս, շարքի մանրամասն ներկայացման փոխարէն, կ՚ուզեմ քիչ մը ծանրանալ զայն փակող երրորդ հատորի՝ Գրիգոր Շահինեանի հեղինակած «Յաղագս Շահան Շահնուրի» ուսումնասիրութեան վրայ, անոր բովանդակութեան ու յատկապէ՛ս անոր դրսեւորած ոգիին, մթնոլորտին: Ոգի ու մթնոլորտ՝ որոնք այնքան բնորոշ են գրական կեանքի եւ գրական-հրապարակագրական ասպարէզներու՝ նախորդ տասնամեակներու սփիւռքահայ մշակութային իրականութեան:

«Յաղագս Շահան Շահնուրի»,— այս հատոր-մենագրութիւնը, կ՚ըսէի, կը տեղադրուի գրադատական եւ գրա-հրապարակագրական ճոխ վաստակի մը խորքին վրայ: Գ. Շահինեան իր գործի բացումը ըրած էր, 60-ականներու սկիզբը նման մենագրական հատորով մը («Համաստեղ»). ապա՝ գրական մամուլէն հաւաքուած վերլուծում-յօդուածներու երկու հատորներու հետ մէջէմէջ՝ հանգրուաններ նշած էր նոյնպէս մենագրութիւններով («Գուրգէն Մահարի վաթսունի հանգրուանին», «Լեւոն Շանթ – Ձիւներն ի վեր»), յանգելու համար արդէն Շահան Շահնուրի նուիրուած առաջին երկերու՝ «Կենսագրութիւն եւ Մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի», «Աքսոր եւ Արուեստ»: Նախապէս ալ, արդէն, ան էջեր նուիրած էր «Նահանջ»-ի վիպագիրին, գրական մամուլի յօդուածի ձեւին տակ: Ասոնցմէ մէկն էր «Հանդիպումներ» ժողովածուին (1966) մէջ տեղ գտած «Պատկերաստեղծ պատմիչ հայոց» Շահնուրի գործին նուիրուած յօդուածը:

Սկսած իր առաջին էջերէն, այս հատորը կը շնչէ «նշխարային» խռովիչ մթնոլորտի մը մէջ, ոգեկոչող ե՛ւ Շահնուրը, ե՛ւ գրադատ հեղինակը,— մօտիկ անցեալ մը ամբողջ: Գ. Շահինեանի երիտասարդական օրերու մէկ լուսանկարը, այնքան խօսուն ու կենդանի արտայայտութեամբ, որ առնուած է, ինչպէս կը ճշդուի, …Արամ Հայկազի ձեռքով: Իսկ անկէ առաջ, Շ. Շահնուրի 1967-ի մէկ նամակը, ձեռագրային բնագիրով հանդերձ, որ կ՚արձագանգէ նշուած «Հանդիպումներ» հատորի ստացման: Եւ ուր՝ ուրիշ հաստատումներու կարգին՝ «Նահանջ»-ի վիպագիրը քանի մը բառով, հիանալի ճշդութեամբ, կը բնորոշէ Գ. Շահինեան գրադատին ոճն ու ներշնչումը՝ իր լաւագոյնին մէջ. «Անշուշտ, անտարբեր չէի կրնար մնալ հանդէպ Ձեր գրադատութեան ոգիին, որ կ՚ենթադրէ բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն, բաներ՝ որոնցմէ բացակայ չէ ջերմ համակրանքը: Շնորհակալ եմ այս բոլորին համար»:

ԳՐԱԴԱՏԸ ԵՒ ԻՐ ԱՇԽԱՐՀԸ

«Բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն»,— երկու բանալի-բառեր են, որոնք, կը հաւատամ, լաւագոյնս կը խտացնեն Գ. Շահինեան գրադատին մօտեցումը, ինչպէս ի՛ր իսկ պատկերացումը սեփական կոչում-ասպարէզին մասին: Ինչ որ յօդուածներու իր առաջին ժողովածուին՝ «Հատընտիր»-ի (1962) «Գրականութեան մասին եւ Գրադատութեան» ներածութիւնը կը պարզէր, ուրիշ բան չէր արդէն, եթէ ոչ շեշտումը, գրադատի կոչումին մէջ, այդ զոյգ գործօններու անհրաժեշտ գոյակցութեան: Այս ներածութիւնը Շահնուրի ծանօթ չէր անշուշտ:

Եթէ Շահնուրի երկբառ սահմանումը մէկ կողմէ կը խօսի իր թափանցուն մտքին եւ արտայայտչական յստակութեան մասին, միւս կողմէ կը վկայէ, այս անգամ յօգուտ գրադատ հեղինակին, անոր տեսական հայեացքներու եւ կիրարկումներու միջեւ հետեւողականութեան, ներդաշնակութեան մասին:

Եւ Գ. Շահինեանի գրադատական կեցուածքը երբեք չէ դաւաճանած այս կրկնակ սկզբունքին: Ան հեռու է մնացած գրադատական մեթոտի շեղումներէ,— ե՛ւ եսակեդրոն «մասնագիտական»-էն, փառասէր կամ անինքնավստահ, որ գործը լրիւ փակագծած՝ զայն պիտի գործածէր գրադատական դպրոցի մը զինամթերքէն ճարուած «սեփական» խօսք ըսելու, ե՛ւ աժան մեկնաբանութենէն, որ միակ շնորհ ունի գործի մը վերապատմումը. կա՛մ անոր օգտագործումը՝ սեփական կրքոտ ելոյթներու համար,— այլապէս յաճախադէպ երեւոյթ մեր իրականութեան մէջ…: Գրադատական որակի մնայուն երաշխիքներ հանդիսացեր են հմուտ ե՛ւ «համազգացական» իր վերլուծումները. եւ, ի դէպ, անոնց թափանցումի պարագայական անբաւարարութիւնը, ամենայն գիտակցութեամբ, մատնանշուեր է իր իսկ կողմէ, վերագրուած՝ հեղինակներուն եւ երկերուն մօտիկ ու հաւատարիմ մնալու մեթոտաբանական սկզբնական ընտրանքի, կամ միջոցներու պակասի:

Վերադառնալով «Յաղագս Շահան Շահնուրի» նորատիպ երկին, հաճելի եւ հարստացնող անակնկալ մը կը սպասէ անոնց, որոնք, արդէն ծանօթ՝ «Նահանջ»-ի վիպագիրին նուիրուած նախորդ մենագրութեան, նորին մէջ կը սպասէին գտնել անոր մէկ պարզ վերադասաւորումը: Անակնկալ՝ որովհետեւ, թէեւ անշուշտ նոյն ոգիով եւ շահնուրեան աշխարհի նոյն պատկերացումով, նոր այս գործը՝ հիմնովին վերանայելով մօտեցումը՝ չի կրկներ երբեք սորպոնեան աւարտաճառի հայերէն տարբերակը՝ «Շահան Շահնուր — Աքսոր եւ Արուեստ»-ը (1985): Մինչ այն մէկը, հետեւելով ֆրանսալեզու բնագիրին, իբր առանցք եւ ուղեցոյց ընդունած էր Աքսորականի ներաշխարհին հոգեբանական վերլուծումը (ի հարկէ տեւական յղումներով՝ Շահնուրի եւ Արմէն Լիւպէնի զուգահեռ գործերուն),— նոր գործը, տեսանկիւնի շրջումով մը, կը մեկնի հայալեզու վաստակէն, ու կը կեդրոնանայ գրագէտի՛ն վրայ, երկ առ երկ առաջանալով խղճամիտ, կշռադատուած վերլուծումով եւ արժեւորումներով: Եւ մեզի արտօնելով, ի յետագունէ, անդրադառնալ մեր գրադատը նոյնքան էապէս բնորոշող մէկ ուրիշ, երրո՛րդ յատկանիշի՝ աշխատունակութեան եւ արհեստավարժ պարկեշտութեան: Բովանդակութեան ցանկէն արտագրուած մաս մը, հոս՝ քովը, գաղափար մը կու տայ հատորին կառոյցին եւ մեթոտային այս յատկութիւններուն մասին: Իսկ փակող «Մատենագիտութիւն» էջերը, իրենց ցանկերով (ստորեւ տրուած), կը վկայեն նոյն արհեստավարժ բծախնդրութեան մասին:

«ՅԱՂԱԳՍ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ»
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՑԱՆԿ

(մասնակի)

ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

– Շահնուր աքսորեալ

– «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»

– Ծննդաբանութիւն Աքսորի գրականութեան

ՇԱՀՆՈՒՐԵԱՆ ՎԻՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

– Պատմութիւն Նահանջի

– Տար-ա-գրութիւն

– Հոգեբանութիւն նահանջի

– Միտում եւ վիպում

– Տեսողական վիպագրութիւն

ՇԱՀՆՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

– Պատգամ

– Պոլսական միջավայրը

– Ֆրանսական միջավայրը

– Գորշ ծիծաղ

– Շահնուր գիւտարար

– Կերպարաստեղծում

– Գրական նոր ենթասեռ

– Շարժանկարային պատմուածք

ԼՐԱԳՐԱԿԱՆ ԷՋԵՐ

– Հրապարակագրութիւն

– Գրաբանութիւն

– Յուշագրութիւն

– Իրականութիւն եւ արուեստ

ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ

Ահա այսպէս, ընտանեկան հարազատներու եւ «Ազգ»-ի բարեկամներու ճիգերուն իբր արգասիք, մեզի կ՚ընծայուի ներկայ երկը, ափսոս՝ յետ մահու, որ կարծես կու գայ անգամ մը եւս,— ու աւելի՛ քան երբեք,— արդարացնելու շահնուրեան սահմանում-գնահատումը՝ «բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն» զոյգ եզրերը:

* * *

Իր օրին՝ Գ. Շահինեան անզանցառելի ներկայութիւն եղաւ մեր մշակութային կեանքին մէջ, ու յատկապէս՝ արեւմտահայ-սփիւռքահայ գրական առօրեային, իբր գրադատ. լուրջ ու բանիմաց, բայց եւ հաւատացող՝ գրականութեան ու գրադատութեան ընկերային դերին. միանգամայն կրող՝ մարդկայնութեան, մարդկային հաղորդակցութեան ուրոյն ճաշակի: Եւ դեռ՝ իբր ընկերա-մշակութային նուիրեալ գործիչ՝ ստեղծագործ ներդրումներով, որոնց կարգին գրական մամուլի աշխատակիցի եւ (հիմնադիր) խմբագիրի դերերը: Ու վերջապէս՝ առանձինը կեանք մը լեցնելու ատակ վաստակով՝ իբր ուսուցիչ-դասախօս:

Իր տեղը, ոգեկոչական յետադարձ այս ակնարկով դիտուած, կ՚երեւի հաւասարապէս այս բոլորի՛ն մէջ, անջատաբար ե՛ւ միասնաբար: Բազմակի գոյութեան մը, բազմակի վաստակի մը միաձոյլ ամբողջութեանը մէջ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Աթէնք

Ծանօթագրութիւններ

1) Այս վերջին յօդուածները, փաստօրէն, լոյս տեսա՛ծ են հինգերորդ հատորի մը մէջ՝ «Սիրտ Սրտի», թիւ մը այլ յօդուածներու կողքին «Յառաջ»ի կողմէ հրատարակուած 1995-ին, ուրեմն Շահնուրի մահէն քսանամեակ մը ետք: Ներկայ շարքի գրադատ խմբագիրը, սակայն, նախընտրած է բաւարարուիլ Շահնուրի կենդանութեան հատորի վերածուած գրութիւններով, օրին ընտրուած՝ վիպագիրին իսկ կողմէ: «Սիրտ Սրտի»ն կը բովանդակէր յօդուածներ, որոնք յետադարձ ակնարկով բաւարարած ըլլալու չէին Շահնուրը. Գ. Շահինեան այս հիմունքով է որ տեղ չէ տուած անոնց: Բացառութիւն՝ երեք «վերջին յօդուածները», որոնք՝ ուշ հեղինակուած եւ «Յառաջ»ի մէջ ուշ լոյս տեսած, բնականաբար չէին կրնար ընդգրկուիլ Շահնուրի արդէն կազմած հատորներուն մէջ (նոյնիսկ «ընդունելի» նկատուելով հեղինակէն):

 

2) Հատորներու բովանդակութեան այս հպանցիկ անդրադարձի կողքին, կ՚արժէ ընել բաղձանք-դիտողութիւն մը: Գ. Շահինեանի պատրաստած խղճամիտ, ճոխ «Բացատրութիւններ»ը, ա. հատորի պարագային, կ՚ընդգրկեն զոյգ գործերու նախորդ հրատարակութիւններու «պատմութիւնը» ամբողջութեամբ ե՛ւ ճշդութեամբ (չհաշուած մանր մէկ-երկու վրիպակ, յայտնօրէն տողաշարական բնոյթի): Բայց երկրորդ՝ «Լրագրական Էջեր» հատորի պարագային, բծախնդիր ընթերցողը կրնայ մատնուիլ շփոթի: Գլխաւոր անպատեհութիւն՝ հատորը կազմող չորս գործերու նախորդ հրատարակութիւններու տուեալները չեն տրամադրուած տեղւոյն վրայ, եւ ընթերցողը զանոնք չ՚ունենար, եթէ անոնց չհանդիպի «Յաղագս Շ.Շ-ի» հատորի համապատասխան էջերուն (175-182) մէջ: Կրնայ նաեւ մոլորիլ վերը յիշատակուած «վերջին յօդուածներ»ու պարագային, անոնց համար այլ տեղ գործածուած «հատորէ դուրս մնացած» նշումին պատճառով:

Այս բոլորը կ՚ըսուին՝ նաեւ հասկնալի գտնելով հրատարակութիւնը պատրաստող հարազատներու եւ հրատարակիչին հաւանական փոյթը՝ անփոփոխ պահելու հանգուցեալ գրադատին կողմէ տարիներ առաջ նախապատրաստուած թղթածրարներ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *