ՆՄՈՅՇՆԵՐ ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԳՐՉԻ ԱՐԳԱՍԻՔԷՆ

ԱԹՈՌ ՄԸ… ՍՈՒՐ ՄԸ… ԵՒ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Երկտող մը միայն։

Չ՚արժեր երկար գրել։

Մեղք է ժամանակին ու գրիչին ու սա հայերէն գիրերուն.

Բաց նամակ մըն է այս Փարիզի հայերուն, մէկու(*) մը համար։

Փարիզի մէջ սուր մը ուզած էք նուէր ընել մէկու մը։

Ժանգոտած սուր մը մտաւ սիրտս։

Մարդը կը պոռռռայ կոր՝

Ես հայ չեմ…

Եւ դուք , անպատճառ սուր մը կ՚ուզէք նուէր ընել։

Գիտէ՜ք, գիտէ՜ք թէ ինչ սուրեր մխրճած էք հայ գրողներու սրտերէն ներս եւ սպանած զանոնք ձեր անտարբերութեամբ։

Ու այսօր, անմիջապէս, դրամ հաւաքեցիք փողոցէ փողոց, դռնէ դուռ որ սուր մը գնէք, նուէր ընէք, որովհետեւ…

…Որովհետեւ ան հայերէն չէ գրած ու օտարին քով անուն մը շինած։

Ու ան ձեր երեսին կու տայ՝

Ես հայ չեմ…։

Ու կը խօսի իր ընտանիքին արմատներուն վրայ (սիք) ու կ՚ըսէ թէ իր արիւնին մէջ ունի չերքէզի, ռուսի, գերմանացիի, հայու, ֆրանսացիի արիւն։

Խեղճ Ապրիլ 24։

… Հոն մէկ արիւն հոսեցաւ… հոն գնդիկներուն մէջ չկային չերքէզ, պաքրամիտ, արնաւուտ, գերմանական, ֆրանսական գնդիկներ…

… Հայու արիւնն էր.

… Խե՜ղճ Վարուժան, խեղճ Սիամանթօ, խեղճ Զոհրապ։

Կ՚երեւի պատիւ կը զգայ հայը՝ այն հայէն՝ որ հայ ըլլալէն պատիւ չի զգար։

Անշուշտ տասը դար ստրկութենէն՝ բաներ մը մնացած պիտի ըլլար… զոր օրինակ սա՛ սուրը։

Ու այդքա՜ն նուաստանալ, մոռնալ մեր հա՛յ արուեստագէտներն ու լորձնաշուրթն փառաբանել 40-50 աթոռ ունեցող «անմահներու» (տեսակ մը «թիաթրօ) թուակիր աթոռներէն մին։

Անմահնե՞ր…

… Ինչպէ՜ս «կուժն առայ» երգին «հա՛-հա՛-հա՛-հա՛»ն չքաշել։

… Ո՞վ ըսաւ անմահ։ Ո՞ր Աստուծոյ ապուշը։

Թերեւս գրականութեան «Ռիկոլեթթօ»-ներուն կարծիքն է։

Թերեւս անմահութեան մասին գաղափար չունին (թող քիչ մը Աւետարան կարդան)։

Եկողը այդ «թիաթրօ»-էն ներս մտած է… տեսակ մը «օթել»… տեսակ մը սեւ շուկայ…

Ժեներալն ալ մտած է, Հիւկոյի կնկան սիրահարն ալ, թուրք կնիկներու սիրահարն ալ, ճարտարագէտն ու նախարարն ալ, ու իրական անմահներ այդ աթոռներուն վրայ չեն նստած։

Եւ դուք, հայեր («Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես») առանց ամչնալու սուր կու տաք,— ո՜վ լորձնաշուրթներ,— «անմահ»-ի մը որ անկասկած հողաթափին մէկ կտորը անգամ չ՚արժեր Վարուժանի մը, Թէքէեանի մը, Դուրեանի մը, Զոհրապի մը, Խաչատուրեանի մը։

… 400,000 ֆրա՞նք հաւաքեր էք…

Մոռցա՞ք…

… Վազգէն Շուշանեանի գերեզմանատան տարեկան տուրքը վճարած չըլլալնուդ, ոսկորները նետուած են հասարակաց փոսին մէջ, հոն ուր կը նետուին անտէրներու, մուրացկաններու, անտուններու, թափառականներու, ոճրագործներու ոսկորները…։

Ա՜հ, ա՜խ մեր խեղճ հայ գրողներուն ոսկորները…։

Խե՜ղճ Շահան Շահնուր… ոսկորներդ ախտերէ տառապեցան… ձգեցին քեզ միայնակ քու չարչարանքներուդ մէջ,— կը յիշես Փարիզի սենեակդ, երբ քովդ նստած էի,— ստիպեցին քեզ որ հայերէն չգրես…։

Այո, ստիպեցին քեզ որ հայերէն չգրես, սա՛ հայերը որ սուր կու տան մէկու մը՝ հայերէն չգրա՛ծ ըլլալուն համար…։

Ճաշկերոյթ կը սարքէք զայն փառաբանելու համար։

Ու անօթի կը ձգէք ձեր հայ գրագէտները, հայ երաժիշտները, հայ ուսուզիչները…։

Ուսուցիչներուն բերնին ուտելիքը, հացը կ՚առնէք, զանոնք անօթի ձգելու համար։

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այսքան կը քծնիք։

Չէ՞ք կրնար, չէ՞ք գիտեր հպարտանալ ձեր ցեղին արիւնով։

Միթէ մե՞ղք մըն է մեր ցեղին արիւնը ունենալը։

Չէ՞ք կրնար հպարտանալ ձեր ցեղին զաւակներով։

Ու կը քծնիք, կը ժպտիք, ծունկի կու գաք,— ո՜հ, տասը դարերու ստրկութիւն,— մէկու մը որ կը յայտարարէ.

— Հայ տէրտէրը չերքէզ էր… ես ծագումով ռուս եմ… չերքէզ եմ… հայ եմ…։

Միայն մէկ բան գիտցէք.

Ի՛նչ կ՚ուզէ թող ըլլայ, ան հայ չէ։

Հայն ան է որ կը յայտարարէ «ես հայ եմ»։

Ու դարուն իրական անմահը՝ Արամ Խաչատուրեան,— աթոռի թիւ չունի,— օտարներուն կ՚աղաղակէ՝

— Հայ եմ։

Հայը կը տառապի, կը չարչարուի, կը հալածուի, կը ջարդուի ու միշտ՝

— Հայ եմ։

Այսպէա ապրած են ու այսպէս մեռած մերինները։

Միւսները՝ մերինները չեն։

Ու սուրին գլխուն վրայ, ձարական Ռուսիոյ զինանշան մը դրեր էք։

Միթէ ամչցա՞ք ձեր Արարատէն։

ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆ

*) «Մէկ»ը որուն կ՚ակնարկէ հեղինակը 1959-ին Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ ընտրուած Անրի Թրուայան է։

 

ԳԻՐՔՍ, ՏԷՐՏԷՐԸ ԵՒ ՃԱԲՈՆՑԻՆ

Հատուած

Օր մըն ալ հանդիպեցայ իմ գիրքիս՝ «Մեր կեանքը»։

—Ծօ՞…

—Ըըը…

—Ծօ ի՞նչ կ՚ընես հոս ցանկապատին վրայ…

—Կը տեսնես…

—Ի՞նչ գործ ունիս հոս, քարերուն վրայ.

—Ի՞նչ ընեմ…

—Ո՞վ նետեց քեզ հոս…

—Տէրտէրը…

—Ո՞վ…

—Տէրտէրը ըսի, կարճ կապէ.

—Ո՞ր տէրտէրը.

—Հայ տէրտէրը…

—Խօսէ, մի ջղայնացներ զիս…

—Այո, այն տէրտէրը որուն գիրքդ նուէր ըրած էիր, զիս այս քարերուն վրայ նետեց…

—Վայ տէրտէր, վայ…

Երբ ես մանուկ էի, կը սիրէի ծառերը, լիճերը, ծաղիկները, գարունը, չէի սիրեր սեւ լաթեր հագած մարդերը։ Չէին նմաներ անոնք՝ գարնան, լիճերուն, ծաղիկներուն, ծառերուն. Երբ մեծցայ՝անցան գացին լիճերը, ծաղիկները հոգիիս մէջէն… ու սեւ մութին մէջ նոյնիսկ չեմ սիրեր սեւեր հագած մարդերը։

Խե՜ղճ գիրքս։

Այսպէս, քեզ նետեցին, փողոց…

Եթէ գիտնայի… եթէ գիտնայի… երբեք, երբեք քեզ իմ հոգիէս դուրս չէի հաներ… հոգիիս մէջ մեր տունը ունինք, իմս եւ քուկդ, անտեսանելի բոլորէն… հոն կ՚ապրեցնէի քեզ, միշտ, մինչեւ մեռնիլս… առանց որ մէկու մը պէտք ունենայինք, ես եւ դուն։

Իմ մէկ հատիկս… քեզ, փողոց նետեն… խե՛ղճ գիրքս…

—Հայտէ, տուն քալէ, մերիններուն եկուր։

—Ես ձերինները չեմ սիրեր։

—Էհ, ի՞նչ ընենք, մերիններն են։

—Չեմ սիրեր ըսի։

—Ինչո՞ւ, ի՞նչ ունին մերինները։

—Քեզ կը սպանեն, որպէսզի վերջը պաշտեն…

—Հայտէ քալէ ծօ։

—Պահ մը հեռացիր։

—Ի՞նչ…

—Հեռացիր, հեռացիր

—Ինչո՞ւ…

—Տես, ճաբոնցի մը կայ…

—Ճաբոնցի՞ մը… ո՞ր ճաբոնցին…

—Սա անցորդը…

—Ի՞նչ պիտի ընես…

—Երէկ եկաւ, երկար բարակ քննեց մարմինս, գիծերս, դէմքս…

—Բայց ան ճաբոնցի է.

—Մի մոռնար որ հայ տէրտէրը զիս հոս, փողոցը նետեց։

—Մոռցիր, մոռցիր որպէսզի կարողանաս հայ ապրիլ…

—Ոչ, ոչ, հեռացիր. թող որ ճաբոնցին մօտենայ, կ՚աղաչեմ, կը պաղատիմ, յանուն մօրդ որուն նուիրած էիր զիս…

Պահ մը քանի մը քայլ ետ քաշուեցայ։

Ճաբոնցի անցորդ մըն էր։

Անշուշտ բառ մը հայերէն չէր գիտեր։

Առաւ գիրքս։

Բացաւ, երկար բարակ դիտեց։ Չէր կարդար, այլ կը դիտէր գիրերուն ձեւերը. բաւական թղթատեց. ապա մօտեցաւ գրքավաճառին, վճարեց երկու դահեկան (հէյ վա՜խ) ու գնեց։

Գիրքս,— «Մեր կեանքը» առաջին էջին վրայ գրուած՝ «մօրս»,— նուէր ըրած էի հայ տէրտէրի մը… նետուեցաւ պարտէզի մը ցանկապատերուն վրայ… ու անկէ՝ մեկնեցաւ Ճաբոն։

Չեմ գիտեր, ինչ կ՚ընէ հոն։

Կ՚ենթադրեմ թէ բաւական երջանիկ է։

Դժբախտ էր, շատ, երբ մերիններուն հետ կ՚ապրէր։

ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆ

 

ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏԸ

Ինքնակենսագրական մը։

Հայ գրագէտ ըլլալու համար, տարինե՜ր, տարինե՜ր առաջ մտած եմ հին Յունաստան։

Մտած՝ առանց ոտքս հողին դպցնելու… օդին մէջէն, Մուսայի ճամբով։

Հոն հանդիպած եմ Աքիլլէսին, Հեքտորին, Պարիսին (Պարիսին կնիկին չեմ հանդիպած, բարեբախտաբար), Ոդիսեւսին։ Հարցուցած եմ անոնց՝

— Դի քանիս

— Քալա,— պատասխանած են ինծի Արիստոֆան ու Հոմերոս։

Առանց անցագրի մտած եմ Անգլիա։

Հակառակ որ աղքատի զաւակ եղած եմ, շա՜տ մտերմացած եմ հոն լորտի մը հետ (Պայրըն)։

Առանց Կիպրոս երթալու հանդիպեցայ Օթելլոյին, որուն թաշկինակ մը տուի, որպէսզի իր խնդիրները վերջ գտնեն։

Հակառակ որ հայերուն մէջ հողմաղացքներու վրայ քալող Տոն Քիշոթներ շա՜տ ու շա՜տ կան, գացած եմ Սպանիա, Սանչօ-Փանչօն գտնելու եւ հասկնալու թէ Տոն Քիշոթը ծագումով սպանացի՞ էր թէ հայ։

Ես Ռոմանոֆներ չեմ սիրեր. հայրը տղան կը սպանէ (Մեծն Պետրոս՝ իր զաւակը), տղան՝ հայրը (Մեծն Աղեքսանդր՝ իր հայրը)։ Սակայն հետաքրքիր եմ Չեխովի տունին կեռասի ծառերով։ Ուզած եմ ճանչնալ Տիմիթրին (անկիւնի նպարավաճառը չէ, այլ՝ Տիմիթրի Քարամազովը)։ Աննան (Զապէլին աղջիկը չէ, այլ՝ Քարենինան) դրացուհիս եղած է, սակայն ես իշխան չեմ եղած։

Ամբողջ մանկութի՜ւնս, պատանեկութի՜ւնս, երիտասարդութի՜ւնս Ֆրանսայի մէջ անցուցած եմ, առանց հոն ապրելու եւ առանց ոտքս հոն դրած ըլլալու։

Մայրենի լեզուիս քով, հայրենի լեզուս ֆրանսերէնը եղած է. զարմացած եմ, շատ պրպտած եմ, «Չոր պլղուր» գիւղէն ենք. ֆրանսացի նախահայր չունինք։

Հայ գրագէտի մը ինքնակենսագրականն է վերիվերոյ։

Եւ այսպէս, հայը՝ որպէսզի հայ գրող դառնայ, կը կարդայ յոյնը, անգլիացին, սպանացին, ռուսը, ֆրանսացին…։

…Եւ միայն կը կառչի Մեսրոպ Մաշտոցին… հոգ չէ թէ իյնայ թշուառութեան մէջ։

ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆ

Ծ.Խ.—Այս գրութիւնները առնուած են Պարոյր Մասիկեանի «Տեղատարափ» հատորէն (Գահիրէ, 1962)։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *