ՊԱՐՈՅՐ ՄԱՍԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»Ի ՔԱՑԱԽԱՁՕՆԻՆ

Ի՞նչ է արժեքը Վեհանոյշ Թեքեանի՝

Շատ պարզ է, շատ պարզ՝

Բանաստեղծ է։

Բանաստեղծութիւնն է։

Օր մը հարցուցեր են Ռոսինիի.

Որո՞նք են մեծագոյն երաժիշտները.

Պատասխանած է՝

Պեթհովեն, Պախ, Վակներ… եւայլն.

Հապա Մոզա՞րը։

Մոզարը երաժշտութիւնն է։

Վերջին քսան-երեսուն տարիներուն՝ ծնան, բուսան՝ շա՜տ, շա՜տ բանաստեղծներ։

Սակայն, հայ գրականութեան սեւ շուկային մէջ ուր ամն տեսակի ապրանք կրնաս քշել, ուր հայ գրականութիւնը դարձած է պանդոկ մը, որուն դռները բաց են, ուր ամեն տեսակ մարդ կը մտնէ, կ՚ելլէ, ուզած սենեակը կը պառկի, ուզածը կ՚ուտէ, ուզածը կը խմէ, այո, այս սեւ շուկային եւ հայ գրականութեան պանդոկին մէջ, այդ 1/2 լիրա չարժողները ունեցան՝

Ա) Անուններ,

Բ) Ճիճիլի-պիճիլի պալոններու պէս սաւառնեցան մեր գլուխներուն վրայ…

Գ) Գրուեցան գրախօսականներ,

Դ) Տպուեցան անոնց պատկերները…

Ե) Ունեցան տպաքանակներ՝ փոխանակ ունենալու տփաքանակներ,

Սակայն բանաստեղծ չեն։

Ու այդ 1/2 լիրա չարժողները գրեցին, քերթեցին (բա՛ռն է) դրին իրենց սիրտը (չդնէին ալ կ՚ըլլար), դրին իրենց հոգին (կրնային իրենց աղիքներն ալ դնել),

Դրին իրենց զգացումները (եթէ իրենց պահէին, աւելի լաւ կ՚ըլլար)…

Վեհանոյշը բանաստեղծ է։

Կը կարդաս քերթուած մը…

Կը կարծես թէ մտած ես բանաստեղծութեան կախարդական պարտէզին մէջ։

Անոր բանաստեղծութեան վերլուծո՞ւմը՝

Ոհ, մի սպասէք որ «պասմա-ղալիպ» բառեր գործածեմ կամ քերթուած մը արտասանեմ…

Ունի՛ք գիրքը՝ «Կապոյտ Ապրիլ»։

Թեքեանի բանաստեղծութեան մէջ՝

Միթէ չկա՞յ Շումանի «երազանք»-էն մաս մը,

Շոփէնի «նոքթիւռն»-էն երազ մը,

Շուպէրի «սերենատ»-էն նոթեր…

Պիտի զգաք թէ կան։

Կան որովհետեւ Վեհանոյշը բանաստեղծ է։

Եւ ինչո՞ւ չէ, ինչո՞ւ չըսեմ, մեր ժամանակներու մեծագոյններէն մին։

Եւ դեռ՝ ան իր առաջին քայլերուն մէջն է եւ հոս հասած…

Ո՜հ, զգոյշ եղէք, չկոտրեք զայն…

Չփրցնէք՝ ինչպէս կոպիտ ձեռք մը՝ բացուած վարդ մը կը փրցնէ եղունգներու անգութ շարժումով մը…

Չկոխկռտէք անոր վրայ, ինչպէս վայրենի մը կը կոխկռտէ ծաղիկներու վրայ…

Կ՚ըսեմ այս որովհետեւ մեր հայ գրական շրջանակը, երբեմն ցաւալիօրէն ճահիճ կը դառնայ, ուր կան ատելութիւն, մաղձ, արհամարհանք, սեւ թոյն… ուր, ուր չի տեսնուիր՝ սիրոյ զգացում, ուր ամեն մէկը՝ միւսը կը քանդէ, կը կոտրէ՝ որպէսզի միայն ինքը մնայ։

Ոհ, չըլլա՜յ որ մաղձ, արհամարհանք թափէք՝

Սա՛ մէնուէդ աղջնակին վրայ,

Սա՛ երազանք աղջնակին վրայ,

Սա՛ նոքթիւռն աղջնակին վրայ,

Սա՛ սերենատ աղջնակին վրայ,

Որպէսզի ան իր ճամբան շարունակէ եւ անցնի այդ մէնուէթները, երազանքները, նոքթիւռնները եւ հասնի իր բանաստեղծութեան քոնչերթոներուն։

«Սփիւռք-Գարուն»

17 ապրիլ 1970

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *