«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր պատմութիւնը: Հայուն պարագային, մեր պատմութիւնը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնց մէջ տիրական են ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը: Մեր արմատները, որոնք սկսան պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:
Իմ ընտանիքի արմատները կու գան Այնթապէն եւ Հասան Պէյլիէն: Continue reading “«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»”

Միշտ ապրող էջեր — Սերգէյը գործի վրայ էր

Ռուբէն

Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս հատուածը, որ կը վերաբերի 20-րդ դարասկզբի ուշագրաւ իրադարձութիւններէն՝ ռուս կայսրութեան կողմէ Հայց. եկեղեցւոյ կալուածներու բռնագրաւման փորձին։

Սերգէյի [Արամ Մանուկեան — խմբ.] ընկերները, որ Շուշիէն եկած էին, մէկ մէկ կը սպանուէին, կամ կը մեկնէին Երկիր։ Ան ինքն էր ճամբու դնողը եւ այդ կը ճնշէր զինքը, որովհետեւ ինքը մնացած էր եւ անոնց Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — Սերգէյը գործի վրայ էր”

Մի ցուրտ տաք օր` Սիփանի հետ

Գուրգէն Խանջեան

Ձմեռուայ մի ցուրտ օր զանգեց Սիփան Շիրազը, թէ.
— Յիսունը եօթանասունի ձգած կտաւ ունե՞ս:
— Ունեմ:
— Էդ լաւ ա: Իսկ մի շիշ Արենիի փո՞ղ:
— Կը ճարուի:
— Կարա՞ս էդ կտաւն ու գինին վերցնես, գաս արուեստանոց, գործ կայ:
Իննսունականների առաջին տարիներն էին, շաբաթ-կիրակի կտաւ էի վաճառում վերնիսաժում. կտաւ գրունտող, ենթաշրջանակին ձգող Continue reading “Մի ցուրտ տաք օր` Սիփանի հետ”

Պատկերներ անցեալէն (2)

Յակոբ Չոլաքեան
ՄԱՐԴՈՒ ՄԷՋ ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԾԵՍ

Հայրս նամակ գրած էր մօրս, թէ մեծ հօրեղբօրորդիս կու գայ եւ կ՚օգնէ կալի աշխատանքներուն։ Հունձքին եկաւ, բայց կալի ատեն չէր կրնար, որովհետեւ իրենց ալ կալի գործերը շատ էին։ Ճարահատ՝ Կիւլէն քոյրս ու ես ցորենի խուրձերը քակեցինք, փռեցինք կալին մէջ, մեր սեւուկ Continue reading “Պատկերներ անցեալէն (2)”

ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ

Պետրոս Աբաջեան

Մայրս ասում էր, որ վեց տարեկանում այբուբենը սովորելուց յետոյ, ես անմիջապէս եւ հեշտութեամբ սկսել եմ կարդալ: Դեռ այն ժամանակից եւ ինչքան ինձ յիշում եմ, սիրել եմ կարդալ: Բայց մեր տանը գրքեր չկային: Չկային, եթէ չհաշուենք Աստուածաշնչի Հին ու Նոր Կտակարանները, բողոքականների հոգեւոր երգարանը եւ Continue reading “ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ”

Պատկերներ անցեալէն (Բ.)

Յակոբ Չոլաքեան
ՄՆԱՑԱԿԱՆ… ԲԱՒԱԿԱՆ

Հոն Սուլեաններ կ’ապրէին, Տիւնակ լեռան ստորոտը, բարձրէն ձոր խուժող քարավէժին առջեւ ծուարած փոքրիկ թաղին մէջ, ուր, կ՚ըսէին, տարին 40 օր արեւ չի դպիր։ Այդ պատճառով ալ թաղը Սուլլենց պատտակ կը կոչուէր։
Սուլլենց պատտակը մանուկներով լեցուն էր։ Continue reading “Պատկերներ անցեալէն (Բ.)”

Հալէպի տատրակները

Մ. Հայդուկ Շամլեան

Հալէպ, 1975-ի կողմերը:
Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը նոր կը սկսէր: Եւ այդ պատճառով, մեր ընտանիքը արդէն դարձած էր թափառական հայերու մասնիկ մը: Վիճակ մը, որ անկէ ետք տեւեց դեռ տասնըհինգ տարիներ, մինչեւ որ կարողացանք բնականոն երկրի մը մէջ հաստատուիլ:
Սակայն ոչինչ կրնար հայրս տկարացնել: Երբեք, որեւէ կացութեա Continue reading “Հալէպի տատրակները”

Պատկերներ անցեալէն

Յակոբ Չոլաքեան

ԱՓՍՈՍ ԵՂԱՒ

Այն ատեն արեւմտահայերէնի տարածման համար թրքախօսութեան դէմ եղած պայքարէն ոչ պակաս կը հալածուէր նաեւ բարբառախօսութիւնը: Վայ այն աշակերտներուն, որ զբօսանքի պահուն բարբառով խօսէին իրարու հետ կամ բարբառային բառեր գործածէին: Սաստիկ կը պատժուէին: Եւ պատիժը անխուսափելի Continue reading “Պատկերներ անցեալէն”

ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ — Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947)*

Առաքելատիպ Հայը, որ մարմնաւորեց անանձնական եւ գաղափարապաշտ Մեծ Մարդու կերպարը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 24-ը ծննդեան տարեդարձն է առաքելատիպ մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապան եւ քարոզիչ, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր եւ, ըստ ամենայնի, հայոց հոգեմտաւոր կեանքի անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Continue reading “ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ — Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947)*”

Կօշկակար Յակոբը

Նշան Պասմաճեան

Քեսապ:
Փոլատեան թաղը կը սկսէր մեր տունէն 25 մեթր անդիէն եւ կ՚աւարտէր Յովսէփ Փոլատեանին ձորին եզերքի տունով: «Յովսէփ Փոլատեանին տունը ո՞ւր է» հարցումին քեսապցի մը չէիք գտներ, որ ձեզի կարենար դրական կամ ժխտական պատասխան տալ: Որովհետեւ քեսապցի մը չէիր գտներ, որ գիտնար թէ «Խանչար»ին Continue reading “Կօշկակար Յակոբը”