Մ. Հայդուկ Շամլեան
Հալէպ, 1975-ի կողմերը:
Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմը նոր կը սկսէր: Եւ այդ պատճառով, մեր ընտանիքը արդէն դարձած էր թափառական հայերու մասնիկ մը: Վիճակ մը, որ անկէ ետք տեւեց դեռ տասնըհինգ տարիներ, մինչեւ որ կարողացանք բնականոն երկրի մը մէջ հաստատուիլ:
Սակայն ոչինչ կրնար հայրս տկարացնել: Երբեք, որեւէ կացութեա մէջ: Որքան որ դժուար դառնային կեանքի պայմանները, ինք այդքան աւելի ուժեղ կը դառնար: Կարծես թէ կը խանդավառուէր դժուարութիւններէն, որեւէ տեսակի մարտահրաւէրներէ: Եւ զանոնք միշտ կը յաղթահարէր:
Ուրեմն, մինչ մեր երկրին, համայնքին եւ ընտանիքին ճակատագիրը ենթարկուած էր ծանրագոյն ու ծայրագոյն, խորապէս մտահոգիչ հարցականներու, հայրս իր երկու թազիները (բարակ՝ որսորդական շուն) առաւ — յանձինս ինծի եւ եղբօրս՝ Վաչէին—, եւ եալլա, գացինք Հալէպ, Սուրիա:
Ուր կատարեալ հանգիստ, ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն էր, էն վախտ, եւ անկէ ետք դեռ երկա՜ր տարիներ:
* * *
Եւ գացինք՝ որսորդութեան:
Տեղացի շէպէպը — այլազան տարիքներու —, ամեն բան կազմակերպած էին:
Անապատին մէջ տատրակները ջարդելու եղանակն էր:
«Տատրակ»… Որքան տարօրինակ արարած մըն է…
Վայրի աղաւնի!
Աղաւնի է, բայց… վայրի՛:
Այս թռչունը եթէ չյարգես, ո՞ր անասունը պիտի յարգես…
Բայց մենք, այդ օրը, կ’երթայինք՝ տատրակներուն մամիկը թաղելու:
Ամենայն յարգանքով:
* * *
Ուրեմն, մի քանի օթոներով, որսորդական զէնքերուն փողերը պատուհաններէն դուրս ցցած, մտանք Հալէպի մօտակայ անապատային տարածքը:
Յատկապէս կը յիշեմ երկու անձեր:
Մէկը, Սրբազան Հայր մըն էր: Երիտասարդ: Սեւ մօրուքով: Հալէպի այս հոգեւորական գործիչը մնացած է մտքիս մէջ, քանի որ միակ անգամն է, որ կղերական մը տեսած եմ… ճինզ տաբատ հագած: Այդ ալ, Առաջնորդ Սրբազան մը:
Սկիզբը՝ երբ Հալէպէն ելանք, իր կղերականի տարազը հագած էր:
Անապատ որ հասանք, եւ օթոներէն դուրս ելանք, ան պարզապէս իր եկեղեցականի հագուստը հանեց — գլուխին վերէն —, եւ մէջտեղ ելաւ որ արդէն տակը, կապոյտ ճինզ հագած է. եւ եօթանասունական թուականներու մետաքսանման, բառացիօրէն փայլուն շապիկ մը: Լա՜յն օձիքներով:
Ի դէպ, սոսկալի որսորդ էր:
Այդ օրը գործ-բան թողած, մեզ որսորդութեան ուղեկցող եւ ընկերակցող միւս անձը, որ մնացած է յիշողութեանս մէջ, տպաւորիչ մարդ մըն էր:
Յայտնօրէն մեծահարուստ անձ մըն էր: Սակայն անկեղծօրէն համեստ, ազնիւ, մաքուր մարդ մըն էր: Եւ յատկապէս յարգալից էր հօրս նկատմամբ, որ շա՜տ հեռու էր նիւթապէս հարուստ մարդ ըլլալէ:
Երանի թէ բոլոր մեծահարուստները այդ հալէպահայ մարդուն պէս ըլլային, ըլլան:
* * *
Անապատին մէջ, երբ որ դեռ առաւօտ էր, համախմբուած տատրակները կը ջարդուէին՝ գետնին վրայ:
Գետինը կ’ըլլային, բայց ոչ հեշտօրէն երեւելի, քանի որ վայրի աղաւնիներուն փետուրներուն գոյնը մօտ էր Հալէպի մօտակայ անապատի աւազին ու քարերուն գորշ գոյնին: Բնական camouflage… Ինչպէս յաճախ, բնութեան մէջ, ուր Աստուած գոնէ առիթ մը կու տայ ուտելիքի շղթային ներքեւի արարածներուն՝ քիչ մը ապրելու, շատ արագօրէն զոհ չերթալու սոյն սննդային շարքին մէջ իրենցմէ վեր դասուած անասուններու ախորժակին:
Եթէ ճիշդ ատենին չտեսնէիր թէ ուր են, գետնին վրայ, այդ բնականաբար թաքնուած թռչունները, անոնք շատ շուտ կը փախչէին երբ մօտենայիր իրենց: Նախքան որ բաւարար մօտ ըլլաս, որպէսզի երկփողանիի գնդիկները իրենց հասնին:
Ասոր համար ալ, մեր հետն էին նաեւ իսկական, թազի շուներ, որոնց ուղղակի գործն ու մասնագիտութիւնն էր այդ պաշտօնը: Ոչ թէ իմ եւ եղբօրս պէս՝ տնային, պատահական, միամիտ թազիներ…
Հօրս ընկերակցող հալէպցի հայերուն այդ որսորդական շուները ճիշդ պէտք եղած հեռաւորութենէն իրենց տէրերուն լուր կու տային, թէ ուր են գետինը գտնուող տատրակներու երամները, նախքան որ անոնք, աւազի ամպ մը իրենց հետ բարձրացնելով, իրենց թեւերուն ուժգին թափ-թափ-թափ-թափի կենսատենչ աղմուկով, կարենան թռչիլ ու փախչիլ, հեռանալ, զէնքերուն հասողութենէն դուրս:
Ուրեմն, շնորհիւ այդ վարպետ շուներուն, յատուկ զգուշութեամբ — եւ արդէն զէնքերը պատրաստ — կը մօտենային որսորդները իրենց թիրախներուն: Եւ այդպէսով, տատրակները ուշ կ’անդրադառնային վտանգին, երբ որ արդէն զէնքերու հասողութեան մէջն էին:
Ոմանք՝ կրակոցներուն տակ թռչելու առիթը իսկ չէին ունենար, կը մնային գետնին վրայ, շնչազուրկ:
Մի քանի հատն ալ իրենց աղաւնիի վերջին շունչը կու տային՝ դէպի երկինք իրենց սլացքին ընթացքին: Երբ որ հազիւ գետնէն թռչելու սկսած՝ կը հասնէին զիրենք բզկտող, օդին մէջ — բառացիօրէն — փետտող գնդիկները:
Արիւնլուայ ծփացող փետուրներով կը լեցուէր վայրը՝ գետինը եւ օդը:
Կրակուած փամփուշտները նորերով փոխարինելու գործողութեան մի քանի երկվայրկեաններուն շնորհիւ, լայնատարած երամին մէկ մասը կը յաջողէր բաւարար հեռանալ, փախչիլ: Ողջ մնալ, գոնէ այդ անգամ:
Ճակատագիր…
Շրջանի՝ անապատի ժողովուրդներու իմաստուն խօսքով՝ մաքթո՛ւպ:
Նոյն տեղը, քով-քովի հաւաքուած աղաւնիներուն մէջ, ոմանք պիտի կարենան ատենին թռչիլ ու վերապրիլ, մինչ միւսները պիտի զգետնուին, յօշոտուած:
Սակայն մահուան մէջ ալ, դասակարգեր կան…
Արդարեւ, որեւէ թռիչք չառած, գետնին վրայ արդէն սպանուած տատրակներուն վախճանը նուազ պատուաւոր էր, քան թէ անոնցը, որոնք գոնէ քիչ մը կը թռչէին, կը բարձրանային դէպի վեր, եւ յետո՛յ կ’իյնային…
* * *
Բուն ջարդը սակայն՝ «մապիթ»ի (գիշերային օթեւան) պահն էր:
Երբ որ արեւը կը սկսի մարը մտնել, վերջնական մութին նախորդող մօտ մէկ ժամուան մէջ, թռչունները կը քնանան: Պէտք է որ քնանան, անկարող են արթուն մնալու:
Անապատի տատրակները, ինքնապահպանման բնազդով, չեն ուզեր գետինը քնանալ: Ուր թէկուզ գիշերը մարդկային որսորդ չի մնար, սակայն մէջտեղ կ’ելլեն այլ գիշատիչ արարածներ:
Տուեալ անապատին մէջ, թռչուններուն համար, ոչ միայն գետինը պահուըտելու տեղ չկար, սակայն շատ հազուադէպ, սակաւաթիւ ու փոքր էին այն վայրերը, ուր անոնք կրնային համեմատաբար բարձր դիրքի մը վրայ քնանալ, անասնային որսորդներէն պաշտպանուելու համար:
Գիշերային այդ ապաստարանները, անապատին մօտ բնակող մարդոց ոռոգման միջոցներուն արդիւնք՝ մի քանի կարճ ծառերէ կազմուած փոքրիկ պուրակներ էին, որոնց վերեւի ճիւղերուն վրայ տատրակները կրնային քնանալ, համեմատաբար նուազ խոցելի դառնալով գիշերուան մէջ թափառող, իրենց ճանկերն ու ակռաները սրած, գիշերային անօթի անասուններուն:
Իրենց այդ՝ դեռ ոչ ամբողջովին մութ քնանալու ժամը երբ որ մօտենայ, անապատին բոլոր տատրակները, այդ ծառերուն վրայ կ’ուզեն թառիլ, որպէսզի այդտեղ անցընեն գիշերը:
Մինչ որսորդները, այդտեղ դիրք բռնած, իրենց կը սպասեն: Նոյն ծառերուն տակը… Հազիւ պահուըտած…
Արդարեւ, որքան որ մօտենան մայրամուտի վերջին պահերը, սաստկացող թմրութեան, անդիմադրելի քնէութեան պատճառով, այդքան աւելի կը շատնայ, կը հոծանայ, ծառերուն վրայ իջնող, քարերու պէս ինկող, տեղացող, տատրակներուն քանակը:
Այնքան քուն կ’ունենան, որ, օդին մէջ քունի չանցնելու համար, այլեւս նկատի չեն առներ ծառերուն տակէն թնդացող պայթումները, դէպի իրենց արձակուող բոցերը, կապարի անողոք գնդիկները:
Եւ կը սկսի ջարդը:
Այդ պահուն, առանց նշան առնելու, առանց իսկ դէպի վեր նայելու, աչքերդ գո՛ց իսկ, եթէ կրակես օդին մէջ, մի քանի տատրակներ վար կը թափթփին, իրենց վերջին ու վերջնական քունին յանձնուած:
Մաքթուպ...
* * *
Որսորդութիւնը վերջացաւ:
«Et le combat cessa faute de combattants»! (P. Corneille, Le Cid).
Անկարելի էր որ այն կենդանի տեղատարափին բոլոր տատրակները ոչնչացնէինք: Լրջօրէն՝ բաւարար փամփուշտ չկար: Նաեւ, այլեւս շատ մութ էր, անապատային խիտ գիշեր — թէկուզ աշխարհի մէջ երկնակամարի ամենագեղեցիկ աստղերու անհուն տանիքով ծածկուած:
Հաւաքեցինք անշունչ թռչունները, որչափ որ կարողացանք այդ հոծ մութին մէջ, ձեռքի լապտերներով: Զանոնք լեցուցինք օթոներուն սնտուկը… այնքան շատ էին, որ սնտուկին կափարիչը չէր փակուէր, պէտք է որ աւելի սեղմէինք թռչուններու դիակներուն խիտ զանգուածը: Երբ որ վերջապէս գոցեցինք, սնտուկին ծայրերէն, կողմերէն՝ տատրակի փետուրներ, կոտրուած թեւեր, դուրս մնացին…
Սրբազան Հայրը դարձեալ հագաւ իր սքեմը, խոշոր խաչը կախեց կուրծքին վրայ: Ո՞վ գիտէ արդեօք, իր զուտ կղերական պարտականութիւններուն կողքին, ազգային ուրիշ ի՜նչ բաներով հաւանաբար զբաղուած էր այդ մարդը, Սփիւռքի ազգայնական հայութեան համար այդ արտասովոր, իւրայատուկ, բացառիկ ժամանակներուն…
* * *
Վերադարձանք Հալէպ:
Այդ օրերուն, հայերուն համար, իրօք աննման տեղ մըն էր այդ քաղաքը: Նախնական, հարազատ եւ աւանդական Սփիւռքի զօրեղ մասնիկ մը:
Վերոյիշեալ հարուստ եւ մաքուր մարդը մեզ ու բոլորը հրաւիրեց իր տունը՝ ընթրիքի:
Հայրս քաղաքավար կերպով պիտի մերժէր, քանի որ արդէն ուշ էր: Բայց մարդը շատ խնդրեց, ըսաւ թէ արդէն ամեն ինչ պատրաստ է, սեղանը դրուած է։ Առաւօտեան, մեկնելէն առաջ (այն երանելի ժամանակներուն, հեռախօսային առձեռն սարքեր գոյութիւն չունէին…), ի սկզբանէ, կնոջ հետ դասաւորած էր որ գիշերը այդպէս՝ իրենց տունը հաւաքուինք:
Յարկաբաժին մըն էր, սակայն շէնքին ամենավերի յարկը: Լման յարկը… Մեծ, լայն, բացօթեայ թեռասով, ծայրերը՝ փոքր թուփեր, հոյակապ ծաղիկներ:
Հայկական հարազատ բարքերը լաւ գիտցող հալէպահայերուն յատուկ ճաշասեղաններէն մէկուն շուրջ նստանք: Վայելեցինք:
Դեռ պատանի իսկ չէի: Հօրս կողքին նստած, Հալէպի երկնքին տակ, երկնքի աստղերը եւ շրջակայ թաղերուն լոյսերը կը դիտէի: Առանց գիտնալու, որ մէյ մըն ալ այդպիսի պահեր պիտի չապրիմ երբեք, մեծամասնութեամբ՝ լաւ ու ազնիւ, առաքինի հայերով լեցուած այդ երկրին մէջ: Որ այժմ արդէն, ոչ եւս է:
Օդին մէջ ծփացող օղիին բուրմունքը գլուխս դարձուց:
Հօրս թեւը գրկեցի, եւ աչքերս փակ, դէմքս հանգչեցուցի իր պինդ բազուկին վրայ: Առանց նայելու, քովնտի, մազերս խառնշտկեց ձեռքով, շարունակելով իր եռանդուն խօսակցութիւնը սեղանակիցներուն հետ:
Քնացայ:
Սպառած, գինովցած, ապահով ու երջանիկ:
* * *
Այդ Հալէպն ալ, այդ Սուրիան ալ, մնացին միայն՝ յուշերու մէջ: Այն — հետզհետէ աւելի սակաւաթիւ — անձերուն յուշերուն մէջ, որոնք տակաւին չեն… ինկած:
Անապատին մէջ, մայրամուտի մապիթի վերջին պահերուն՝ այլեւս միայն ապահով տեղ մը գտնել, հանգչիլ, քնանալ ուզող, անապատի աղաւնիներուն պէս:
Լաւալ
31 մայիս 2025