Հոկտեմբեր 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի հոկտեմբեր 2018-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Նորէն հոկտեմբեր ամիսն է:
Տերեւաթափը զգալի է, սակայն աշունը դեռ չէ հասունցած:
Մայթերը յոգնած են ու տժգոյն, ժպիտները լճացած են փողոցներուն կիսաքանդ անկիւններուն մէջ: Continue reading “ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ”

ԵՐԱԶՈՂԸ

ՆԱՐԻՆԷ ԿՌՈՅԵԱՆ

Օրը քամոտ էր: Թեթեւ հողմը փողոցի փոշին պտտում, վեր էր հանում ամեն բան, ինչ յարմար էր գտնում, ինչ կարողանում էր բարձրացնել: Ամպերի ետեւից մերթ ընդ մերթ դուրս եկող արեւին երբեմն յաջողւում էր գունաւորել քամու խաղը եւ շուրջը ողողել անսահման մի պայծառութեամբ, որ նայողի աչք էր ծակում: Continue reading “ԵՐԱԶՈՂԸ”

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Լողաւազանին ճիշդ եզերքը, թարմ առողջ խոտերէն առաջ, երկար աթոռին վրայ երկարած էր արեւակէզ սրունքները, լողազգեստին վերնամասի կապերը իջեցուցած ուսերէն վար՝ «Սագօ՛, — կը պոռար, — շաուըրին տակէն ասդի էկուր»։ Կ՚ուղղուէի աղջկանս քով, որ ահաւասիկ կէս ժամէ աւազանին ջուրը կը լեցնէ պտըլիկ խորանարդի մը մէջ, անկէ՝ ցնցուղին, եւ ցնցուղը կը պարպէ աւազանը եզերող սիմենթին վրայ. Continue reading “ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ”

ԵՍ ՏԵՍԱՅ ԱՆԻՆ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հայաստան ենք ու մեզ հիւրընկալող համալսարանը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, շաբաթավերջի մը, մեզի՝ շուրջ վաթսուն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուս, դէպի Անիի փլատակները շրջապտոյտի տանիլ։ Պատմական այցելութիւն։ Ուրեմն՝ Անի «տեսնելու» պիտի երթայինք, սակայն Հայաստանի կողմէն։ Continue reading “ԵՍ ՏԵՍԱՅ ԱՆԻՆ…”

Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ

ԱՆԱՀԻՏ ԽԱՐՄԱՆԴԱՐԵԱՆ

Շտաբս-կապիտան Խորէն Խարմանդարեանցի յիշատակին

Ի՞նչ գիտենք մենք Սարդարապատի ճակատամարտի մասին: Ըստ ժողովրդի ճակատագրի եւ պատմութեան վրայ ունեցած ազդեցութեան՝ պատմաբաններն այն համեմատում են Աւարայրի ճակատամարտի հետ: Սակայն ճակատամարտն արդէն պատմութիւն է դարձել, վաղուց արդէն ոչ ականատեսներ կան, ոչ՝ մասնակիցներ: Հայկական Continue reading “Արիութիւնը մեր ժողովրդի բոլոր սերունդների արեան մէջ է — Սարդարապատի ճակատամարտի 100-ամեակին առթիւ”

ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Հազուագիւտներու փաղանգին վրայի ամենաընտիր սերը. խիզախ վրիժառու, քաղաքականութեան ու դիւանագիտութեան ամենայետին նրբութիւններով օժտուած տաղանդաւոր ազգային գործիչ ու ղեկավար. ուղղամիտ, անկաշառ ու բացառիկ համեստ, որուն համատ տեւաբար կատարելիք գործն էր կարեւորը. Չէր ուզեր երեւնալ ու կը խուսափէր իր մասին խօսիլ տալէ։ Continue reading “ՀՐԱՉ ՓԱՓԱԶԵԱՆ”

ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՋԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՆՏՐԱ/ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Նախ կարդացի, ապա երկար մտածեցի հայրենի ներհուն մտաւորական Պետրոս Դեմիրջեանի 720 էջերու վրայ փռուած գիրքը գրախօսելու համար: Վէպ չէր այդ հատորը. Տիրան Չրաքեան/Ինտրա, Կեանքն ու գործը կամ «հէքեաթի» իրականութիւնը (ՀԳՄ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016): Continue reading “ԳՐՔԵՐՈՒ ՀԵՏ — ՊԵՏՐՈՍ ԴԵՄԻՐՋԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ Է ԻՆՏՐԱ/ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻ, ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԸ”

ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

ՀԱԳՆԻԼ-ՀԱԳՈՒԻԼ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ ասոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն: Continue reading “ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԽՐԱՏԱՆԻ”