ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Նորէն հոկտեմբեր ամիսն է:
Տերեւաթափը զգալի է, սակայն աշունը դեռ չէ հասունցած:
Մայթերը յոգնած են ու տժգոյն, ժպիտները լճացած են փողոցներուն կիսաքանդ անկիւններուն մէջ:
Աւանդական, բայց անհասկնալի խուլ արձագանգ մը քարացած ականջներուս մէջ կը փսփսայ ինչ որ չ’լուծուած խնդիրի մը մասին:
Մտքերս հանգիստ նստած են գրասեղանի մը վրայ եւ անյագ յոյզերուս հետ աւանդական ընթրիք մը կ՚ըմբոշխնեն:
Բայց ընթրիքը կրնայ երկարիլ:
Կը մտածեմ հաւաքել սեղանիս վրայ կուտակուած բոլոր հին գիրքերս ու նետել զանոնք պատուհանէս դուրս, ամայութեան գիրկը. սակայն պատուհանս պինդ փակուած է երկար ժամանակէ ի վեր:
Դուրսի ճնշող խոնաւութիւնը կը խեղդէ երկնքիս լացը եւ սպասուած կաթիլները կ՚ուշանան, ինչպէս յոյսը կ՚ուշանայ սփոփելու վիրաւոր սիրտը:
Կը համոզուիմ, որ բնութենէն շատ բան ունիմ սորվելու:
Երբեմն բաց աչքերով կարդացած գիրքերդ, պէտք է կրկին կարդալ փակ աչքերով, որպէսզի վերարտադրես, վերարժեւորես, վերաիմաստաւորես կարդացածներդ:
Ինչո՞ւ պէտք է կարդալ նոյն գիրքը, նոյն ձեւով, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ անգամներ, միթէ՞ քարակերտ կաղապարները կրնան ծնիլ նոր գաղափարներ:

Կը հաստատեմ, որ լսած բառերուդ իմաստը պէտք չէ փնտռել միայն դեղնած բառարաններուն մէջ, այլ ժամանակի ու տարածութեան սահմաններէն անդին որոնել անոնց ճշմարիտ պատկերը:
Սուրճի բաժակ մը կը մօտենայ յարգալից ժպիտով մը եւ ակամայ կը վերցնեմ՝ շնորհակալ հայեացք մը նետելով հիւրասիրողի դէմքին: Համեստ դռնապանն է, որուն ամէնօրեայ «բարի լոյս»ով քրտնաթոր օրս կը սկսի:
Սուրճի բուրմունքը նոյնն է, նոյն համով ու սեւ, բայց բարի ժպիտով:
Շուրջս պատերը վերանորոգուած են, ու բացակայ դէմքերու փոխարէն վերանորոգուած դէմքեր կան, նոյն հին ժպիտով:
Կը լսեմ հին երգի մը մաշած խօսքերը, որ արտասանուած գովերգ մըն է՝ հողին կողմէ մեհեանի մը պատերուն մէջ զրնգացող քամիին:
Գանկիս մէջ բաղաձայն մեղեդիներ յաջորդաբար կը հնչեն՝ բացատրելով տեղքայլին ու երբեմն ետքայլին իմաստը:
Քիչ անց ոմանք շնչելու համար գլանակներու օժանդակութեան կը դիմեն եւ անտարբեր եռուզեռ մը կը սկսի:
Թթուածինը արդէն յաւելեալ բեռ է թոքերը ծանրացնող, թռիչքը խափանող. Հետեւաբար երկինքները մեր ընկերները չեն, ցաւօք արեւները մեզմէ շատ հեռու են:
Դեկտեմբերը շուտով կը հասնի, ձիւնն ու ձմեռը իր հետ բերելով:
Ջերմ ամանոր մը դիմաւորելու յոյսով դուրս կու գամ հաւաքէն:

19 հոկտեմբեր 2018
Քուէյթ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *