Մեր ՅՈՒԼԻՍ 2024-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒԼԻՍ 2024-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

Արձակուրդի մտորումներ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Ընտանեօք արձակուրդի ենք ծովեզրը: Առաւօտ կանուխ, կիսամութին, սենեակիս պատշգամը, աթոռի մը վրայ նստած՝ կը սպասեմ ընտանիքիս անդամներուն զարթնումին, որոնք նախորդ օրուան ուշ ժամերուն կատարուած ճամբորդութենէն յոգնած՝ Մորֆէի գիրկը ապաստանած են, ու արթննալու որեւէ նշոյլ չեն ցուցաբերեր տակաւին. չեմ այպաներ զիրենք, որովհետեւ արձակուրդի ընթացքին ամեն բան խրախճանք է ու վայելք, ու քունը կարեւոր մասնիկներէն մին է վայելքին: Continue reading “Արձակուրդի մտորումներ”

Պարոն Արտաշէսը

Կարօ Պօհճալեան

Աթապայի հրապարակի բանուկ անկիւններէն մէկուն վրայ, Աւետիս Չագըճեանը Primus վաճառանիշով խոհանոցի օճախի, ռատիոներու, եւ շուէտական ուրիշ ապրանքներու ներկայացուցչական մեծ վաճառատուն ունէր:
Շէնքին ճակատի վերի մասին վրայ, գիշերները վառող-մարող գունաւոր լոյսերով ծանուցումներ կ՚երեւային, որոնց մէջ տիրական դիրքով Continue reading “Պարոն Արտաշէսը”

Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները

Արմենակ Եղիայեան
Պատմական

Հայ-իրանական յարաբերութիւնները պատմական շատ խոր անցեալ ունին: Այս յարաբերութեանց ակնարկող առաջին շօշափելի վկայութիւնը կը գտնենք յոյն զօրավար-պատմիչ Քսենոփոնի «Նահանջ բիւրուն»-ի մէջ. ըստ որուն՝ Հայաստան 6–րդ դարուն անկախութիւնը կորսնցուցած՝ պարսկական իշխանութեան սատրապութիւններէն(1) մէկն էր՝ 13-րդը: Պարսից Դարեհ Ա. արքան իր Բեհիսթունի արձանագրութեան մէջ կը Continue reading “Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները”

«Օրը շաբաթ է, լուսինը մէկ օրական» դիցոյթը Լ. Խեչոյեանի «Խնկի ծառեր» վիպակում

Թինա Այվազեան
Նախաբան

Լեւոն Խեչոյեանի «Խնկի ծառեր» վիպակը լոյսընծայումից մինչ օրս գրականագէտների, ընթերցող հանրութեան հետաքրքրութեան կենտրոնում է: Վիպակին անդրադարձել են հայ եւ օտարազգի գրականագէտներ Ս. Աբրահամեանը[2, 45], Վ. Եփրեմեանը[11, 68], Ա. Բեքմեզեանը[8, 84], Կ. Գաբրիէլեանը[9, 207], Վ. Փիլոյեանը[26, 157], Գ. Աքելեանը[6], Վ. Գրիգորեանը[10, 86], Բ. Պաստուխը[23], Ի. Continue reading “«Օրը շաբաթ է, լուսինը մէկ օրական» դիցոյթը Լ. Խեչոյեանի «Խնկի ծառեր» վիպակում”

Եղիշէ Չարենց, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Արմէն Քեշիշեան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ահա իրարմէ ամբողջովին տարբեր երեք գիրքեր, որոնք որոշ ատենէ մը ի վեր սեղանիս վրայ կարգի կը սպասէին… Անգամ մը եւս ըսեմ, որ կը գրեմ անոնց առկայութիւնը նշելու եւ ցոյց տալու համար, թէ թափուր չէ գրական-հրատարակչական հրապարակը։ Continue reading “Եղիշէ Չարենց, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Արմէն Քեշիշեան”