Արձակուրդի մտորումներ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Ընտանեօք արձակուրդի ենք ծովեզրը: Առաւօտ կանուխ, կիսամութին, սենեակիս պատշգամը, աթոռի մը վրայ նստած՝ կը սպասեմ ընտանիքիս անդամներուն զարթնումին, որոնք նախորդ օրուան ուշ ժամերուն կատարուած ճամբորդութենէն յոգնած՝ Մորֆէի գիրկը ապաստանած են, ու արթննալու որեւէ նշոյլ չեն ցուցաբերեր տակաւին. չեմ այպաներ զիրենք, որովհետեւ արձակուրդի ընթացքին ամեն բան խրախճանք է ու վայելք, ու քունը կարեւոր մասնիկներէն մին է վայելքին:
Մեր պանդոկը կը գտնուի կղզիի մը վրայ ու շրջապատուած է անտառներով ու վայրի առատ բուսականութեամբ: Դիմացի արահետները կը ննջեն համատարած անդորրութեան մը մէջ. անխռով են նաեւ պանդոկին բնակիչները (շաբթուան հիւրերը): Պահ մը աչքերս դէպի երկինք ուղղելով՝ աստղերը համրելու փորձ մը կը կատարեմ, սակայն շուտով կ’անդրադառնամ, որ աստղերը համրելու համար ամբողջ կեանք մը իսկ բաւարար չէ…: Մօտ կէս ժամ ետք մութը աստիճանաբար նահանջելով իր տեղը կը զիջի լոյսին, ու արեւը բարձրանալով շրջակայ ծառերու կատարներէն՝ կը սկսի թափանցել պանդոկին կառոյցէն ներս, խնայելով շրջակայ անտառներուն խիտ ծառերն ու անհամար սաղարթները, որոնք անթափանցելի թումբ մը կազմած՝ արգելք կը հանդիսանան արեւին ճաճանչներուն: Ծովը անդորր կը պսպղայ փայլուն ուլունքներով պճնուած շղարշի մը նման, ու քիչ մը աւելի մօտ, անհամար ալիքներ, ալեծուփ ջուրեր մաշելով ու պղպջակի վերածուելով՝ իրենց միօրինակ երաժշտութեամբ կը չքանան ծովեզրին վրայ:
Մտածումներու մէջ կլանուած՝ ոտքիս վրայ կը զգամ մրջիւնի մը ներկայութիւնը, ու նայուածքս գետին ուղղելով՝ կը տեսնեմ մեռած, տեսակը անստոյգ միջատի մը մնացորդը, ու անկէ մօտ երկու մեթր անդին խածուած ու գետին նետուած խնձորի մը ներկայութիւնը, որոնց միջեւ հարիւրաւոր մրջիւններու բանակ մը, որոնք համբերատար ու տաժանակիր աշխատանքով, զիրար հրմշտկելով կ’երթեւեկեն՝ կազմելով սեւ շարժուն գիծ մը, նետուած խնձորին ու մեռած միջատին մնացորդին միջեւ:
Ու կը խորհրդածեմ… պատմութեան ընթացքին, մրջիւններուն նման, երկարատեւ ժուժկալ աշխատանքներով է, որ մարդիկ՝ գերիներ, ճարտարապետներ ու արուեստագէտներ, իրագործած են գլուխ գործոցներ, հիմնած հրաշակերտ պալատներ, երկնասլաց եկեղեցիներ ու կոթողային այլ գործեր, եւ ժամանակին սահանքէն խուսափելով՝ երբ կը մտնեմ տիեզերական տարածութեան մէջ, կը հիանամ ու կը զմայլիմ, թէ ինչպէ՜ս դարեր առաջ, մարդիկ իրենց տրամադրութեանը տակ ունեցած սահմանափակ միջոցներով կրցած են իրագործել արուեստի աներեւակայելի հրաշալիքներ: Որքա՜ն ժողովուրդներ ապրած ու անցած են տիեզերքէն, որոնք իրենց առթած չարիքներուն ու կատարած ոճիրներուն կողքին, թողած են իրենց լեզուներէն ու հոգիներէն մասնիկ մը, որ պահուելով հարստացուցած է մարդկային մշակոյթը:
Պահ մը ետք, դիմացի արահետին վրայ կը սկսի առաւօտի երթեւեկը:
Երիտասարդ մայր մը, երկու աղջիկ զաւակներով կ’ուղղուի դէպի պանդոկին ճաշարանը. անոնցմէ մին, հազիւ չորս տարեկան, կը փորձէ քրոջը ձեռքէն խլել խաղալիք մը… ու ան կատղած, մօտենալով քրոջը, կը բռնէ անոր երկար մազերէն ու ցաւցնելու աստիճան կը սկսի քաշել… քիչ մը ետք՝ աղմկարար խումբ մը պատանիներ, բարձրաձայն ու զուարթ խնդուքով կը տողանցեն պատշգամիս առջեւէն… ու ես խոր մտածումներու մէջ թաղուած՝ երանի կու տամ կեանքի բարիքները լիուլի վայելելու իրենց ունեցած կարելիութիւններուն, մինչ իմ սերունդի մանուկներն ու պատանիները բացարձակապէս զուրկ եղած են այդ պերճանքներէն… պատերազմի տարիներ, անգործութիւն, չքաւորութիւն… մեզի սահմանուած խաղալիքներուն ցանկը շատ կարճ էր ու անհրապոյր՝ հոլ, գնդիկ ու այլ նախնական խաղալիքներ…:
Երթեւեկը հետզհետէ կը սկսի աւելի խիտ դառնալ արահետին վրայ.
Երիտասարդ, սլացիկ հասակով տիկին մը, վարդերանգ այտերով, ամուսնոյն հետ ձեռք-ձեռքի բռնած, միասին կը քալեն. անոր վարսերը առատօրէն իջած էին ուսերէն վար, հասակը աւելի նրբասլաց էր քան անտառներուն սօսիները, ու մեղմ ձայնը աւելի քաղցրահնչիւն՝ քան երաժշտութիւնը… ու աթոռիս մէջ մխրճուած, կը խորհրդածեմ… որքա՜ն անոյշ էր ու երանելի անցեալը… երիտասարդութիւնը… ու կ’անդրադառնամ, որ տասնամեակներ արդէն ճնշած են ուսերուս վրայ, ու գանկս վաղուց ալեւորած… կը մտածեմ, որ կեանքը կարճ է եւ վաղանցուկ, ու մարդիկ առանց բացառութեան՝ աշխարհի ժամանակաւոր հիւրեր:
Պահ մը ետք, թէեւ շրթունքի ներկը առատօրէն քսած ու շպարուած՝ միսի ու ճարպի պատկառելի մթերք ունեցող տարիքոտ տիկին մը, գաւազան մը ձեռքին, որ երիտասարդ օրիորդի մը օգնութեամբ, դժուարութեամբ կը յառաջանար, աւելի եւս խանգարեց տրամադրութիւնս, ընկճուածութեամբ մը պարուրելով ամբողջ էութիւնս:
Մանկութիւն, պատանութիւն, երիտասարդութիւն ու ծերութիւն. փոփոխութիւններ են ու հետեւանք՝ տիեզերական օրէնքին. ու ակամայ կ’անդրադառնամ ու կը համոզուիմ, որ ամեն ինչ շարժական է կեանքին մէջ ու փոփոխական՝ ծառը, անտառները, լեռները, նոյնիսկ ովկիանոսները. անտառը կը կացինահարուի, ու կոճղերը կը վերածաղկին. ծերունին կը մահանայ, ու նորածին մանուկը կու լայ, առիւծը կը մահանայ, ու կորիւնը կը մռնչէ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է համակերպիլ ու ընդունիլ, որ որոշ տարիքէ մը ետք, մարդուն միտքն ու հոգին, բարակ թելով մը միայն կապուած կը մնան կեանքին, որ առանց ազդարարութեան, որեւէ պահու թուլնալով կրնայ փրթիլ:
Աշխարհի վրայ դարեր եկեր ու անցեր են վայրկեանի պէս. ժողովուրդներ բռնագրաւած են հողեր, մագլցած գագաթներ, գրաւած քաղաքներ ու դաշտեր՝ տիրանալով ժամանակին ու միջոցին. անոնք ստեղծած են աւանդութիւններ, առասպելներ ու պատմութիւն:
Պատմութիւնը անցեալի կիսամութ ճամբաները լուսաւորող, բազմալեզու, բազմաբարբառ, անծայրածիր ու անվերջանալի երկարաշունչ բանաստեղծութիւն է:

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *