Գրիգոր Զոհրապ
Ա.
Ծոծրակին վրայ վազվզող ոսկի ճառագայթներէն աւելի, որոնք կրակի մէջ ինկող պզտիկ օձերու պէս՝ գալարումներ, կծկումներ ունէին, մատղաշ ու արքենի հասակէն աւելի, որ քալուածքին մէջ՝ զեփիւռէն օրօրուող ոստի մը նազանքը կ’առնէր, իր վճիտ ու յստակ աչքերուն համար պաշտեցի զինքը:
Կանացի աչքը,—անոր մէջ խորունկ նայողին համար,—վիհի մը վրայ բացուող լուսամուտի մը տպաւորութիւն կ’ընէ միշտ, և այնքա՛ն անստուգութիւններ, յեղակարծ(1) անակնկալներ կ’ընդնշմարուին հոն, որ աննենգ և անխարդախ բանը, զոր կը տեսնէի դէմիս աչքերուն մէջ՝ զիս կը յափշտակէր:
Բացարձակ ու անգիտակից Անկեղծութիւնը ունէի դիմացս, որ կարծես թէ ակամայ ըլլալուն համար արժանիք մը ըլլալէ կը դադրէր:
Ծովեր կան, որոնք թաքուն ցասումներ ու հրճուանքներ ունին միշտ իրենց կուրծքին մեջ զսպուած. անոր համար է, որ անոնց շափիւղեայ ճակտին պայծառութիւնը վայրկեանէ-վայրկեան հազար գոյներով կրնայ գունաւորուիլ. իրենց յարափոփոխ ու հեղուկ կեանքին ճակատագիրն է աս:
Անդին ալ բիւրեղէ կաթիլներ կան, որոնք իրենց մաքուր ցոլացումը կորսնցնելու կարող չեն, եթէ ուզեն իսկ, և իրենց հաւատարիմ անշարժութեամբը քարացած կը թուին: Աննիկիս սիրտը այս ադամանդներէն էր:
Բ.
Ինծի թափած սիրոյ լեզուն գեղջուկ, գրեթէ շինական բան մըն էր:
— Հոգի՛ս, հոգիս ու կեա՛նքս ես դուն, հասկցա՞ր:
Մանուկներու կցկտուր ու սահմանափակ բարբառը ունէր. ո՛չ նոր պարբերութիւններ, ո՛չ չըսուած բացատրութիւններ՝ իր միակերպ, միակտուր սիրոյն համար, միևնոյն խօսքերը, որոնք ինծի՝ տղայութեան մէջ սորված երգի մը պէս՝ յանհունս(2) կրկնուելով աւելի քաղցր կը թուէին:
Բայց այս պարզութիւնը զուրկ չէր կանացի բնազդիկ նրբութիւններէ:
Երբ պատկերս տալ ուզեցի իրեն՝
— Ո՛չ, — ըսաւ ինծի, — իմ աչքերուս չեմ վստահիր քեզ, հոն չես դուն:
Եւ հարուստ ու շքեղ լանջքին վրայ դնելով մատը.
— Հո՛ս, հո՛ս, սրտիս մէ՛ջն ես, գաղտնի, խորունկ, անհարկի աչքերէ ծածուկ տեղն ես դուն, միս-մինակդ ու բոլորովին իմս, հասկցա՞ր:
Ուրիշ ատեն՝
— Գիտե՞ս, — կ’ըսէր ինծի, — որ դռան զանգակին զարնուածքէն, սանդուխին վրայ քալուածքէդ կը ճանչնամ քեզ և ուրախութեան սարսուռ մը կը վազէ ոտքէս մինչև գլուխս:
Իմ պաշտումս(3) ալ իրեն համար նոյնքան բուռն էր. ես ալ զինքը՝ սրահին մէջ ձգած անուշ հոտէն, շրջապատող չնչին նիւթերուն ազգականութենէն անմիջապէս կը գուշակէի:
— Հոս նստած էիր քիչ մը առաջ, — կ’ըսէի իրեն, — աթոռ մը ցոյց տալով, երբ ներս կը մտնէի սրահէն:
Ճշմարիտ էր ըսածս, կ’ուրախանար, կը ժպտէր, կը շառագունէր:
Եւ ձեռքը ձեռքիս մէջ՝ երբոր կը սթափէր զինքը համակող անէացումի հեշտանքէն, ինծի կ’ուղղէր տրտում ու անձկութեամբ լեցուն նայուածքը, կարծես պահանջելու համար.
— Խոստացի՛ր, որ չպիտի մոռնաս զիս:
Գ.
Երբոր իմ մտերիմ բարեկամս՝ Ճամճեան Օննիկ, Իզմիրէն Պոլիս եկաւ ամուսնանալու համար, ես տարիէ մը ի վեր Աննիկէն բաժնուած էի այն խոլ արշաւին մեջ, զոր կը մղէի կնոջական զբօսանքներու համար, աւելի հետաքրքիր ուղևորի մը պէս, քան թե ճշմարիտ վայելքի մը սիրոյն:
Բայց անոր դէմքը՝ յատուկ պատուանդանի մը վրայ դրած կը պահէի սրտիս խորը. մասնաւոր խուց մը յատկացուցած էի անոր, բացառիկ ու անստգիւտ(4) էակին. ամեն հեղ, որ կանացի պզտիկ դաւերու, ստայօդ(5) պչրանքներու հանդիսատեսը կ’ըլլայի, այդ դէմքին հաստատատիպ արտայայտութիւնը կ’ամոքէր(6) զիս:
Եւ ունայնասէր,— ինչպէս կ’ըլլան իմ տարիքիս մարդերը,— կ’երևակայէի այդ վճիտ ու յստակ սիրտը դեռ ինձմով լեցուն՝ թէև ես լքած ու ձգած ըլլայի զինքը շատոնցուընէ ի վեր:
Աղէկ կը յիշեմ, որ շաբաթ առտու մըն էր:
Բարեկամս եկաւ տեղեկութիւն առնելու ինէ(7) աղջկան մը վրայ, որուն հետ միտք ունէր ամուսնանալու և որուն գովեստը ըրեր էին ամենքը. իմ ալ կարծիքս առնել կ’ուզէր որոշում մը տալէ առաջ. ո՛վ ըլլալը հարցուցի. Աննիկն էր ան:
Չեմ ծածկեր, որ մեծ սրտնեղութեամբ մը իմացայ այս լուրը, ուրեմն այս աղջիկը մոռցեր էր զիս, քանի որ ահա ուրիշի մը հետ կ’ամուսնանար՝ մինչդեռ ես անմխիթար կը կարծէի զինքը ինէ զատուելուն համար:
Բարեկամս իմ դժկամութիւնս կարդաց երեսիս վրայ. այնքա՜ն այս յետադարձ նախանձը սրտիս վրայ խարանի ցաւ մը ձգած էր. վախցաւ, որ աննպաստ կարծիք մը ունիմ այս աղջկան վրայ:
— Ո՛չ, — ըսի իրեն, — ընդհակառակը, շատ գեղեցիկ ու շատ ուսեալ աղջիկ մըն է. ճաշակի ու մանաւանդ սրտի տէր մէկն է. գէթ այսպէս կ’ըսեն զինքը ճանչցողները. ես հեռուանց միայն նշմարած եմ զինքը. երբեմն հոս-հոն տեսած, բայց մօտէն չեմ ճանչցած բնաւ. գիտեմ սակայն, որ ամենքը միաբերան զինքը կը գովեն:
— Ես ալ այնպէս լսեցի, — ըսաւ բարեկամս, — ուրեմն որոշումս որոշում է. վայրկեան մը վախցուցիր զիս, գիտես. կարծեցի, թէ անխելք բան մը ընելու վրայ էի Աննիկին հետ ամուսնանալովս. ուրեմն այս մասին ա՛լ խնդիր չկայ. վաղը միասին պիտի երթանք խօսք կապը տանելու:
Ի զուր մերժեցի, ընդդիմացայ, փաստաբանեցի:
Իզմիրցիները յամառ կ’ըլլան, և բարեկամս մինչև որ խօսք չառաւ ինէ հետևեալ օրը իրեն ընկերանալուս, չթողուց զիս. ձեռքէն ազատելու հնարը չեղաւ: Թող այդպէս ըլլայ ուրեմն:
Վաղը ես Աննիկին խօսք կապ պիտի տամ… ուրիշի մը համար, ինչ բախտի խաղ, Աստուա՜ծ իմ:
Դ.
Սրահին մէջ՝ ծնողքը, ազգականները, բարեկամները:
Հանդիսաւոր բան մըն է այս խօսք կապը, և մենք երկու երիտասարդ եկած ենք մինակուկնիս(8) այս մեծ արարողութեան համար, ես՝ իմ բարեկամիս ազգականն եմ, եղբայրն եմ, ամեն ինչն եմ. անիկա իբրև նշանած չի կրնար խօսիլ, և ես անոր տեղը պիտի խօսիմ, շնորհաւորեմ, աւանդական բարեմաղթութիւնները պիտի բաշխեմ:
Անուշ կը հրամցնեն մեզի. Աննիկ դեռ չերևաց. մտքովս կ’երևակայեմ, որ վերջին վայրկեանին զիս տեսնելով իր նշանածին քովը, առջի սէրը պիտի վերարծարծի այնքա՜ն աւելի սաստկութեամբ, որքան լուռ ու մունջ կեցեր էր մինչև հիմա. իմ դէմս ուրիշի մը խօսք տալու քաջութիւնը պիտի չունենայ. կ’երևակայեմ անլուր գայթակղութիւնը, յաջորդ օրը տուներուն մէջ ըսուելիք խոօսքերը, երբոր հիմա ներս մտնելով ուղղակի ինծի գայ, գիրկս նետուի ամենուն առջև ու պոռայ.
— Ես քուկդ եմ միայն և ուրիշինը չեմ ըլլար:
Մտքովս կը շարունակեմ երազը. ծնողքը ահա, որ կը միջամտեն. բռնի կը բաժնեն զայն, կը յափշտակեն թևերուս մէջէն. մազերէն քաշելով, գետինները քսկռտելով կը տանին ոճրագործի մը պէս, ով գիտէ ո՛ր մութ սենեակին մէջ բանտարկելու համար:
Որչա՜փ կը զղջամ եկած ըլլալուս:
* * *
Աննիկ ներս մտաւ:
Այս ժամին հանդիսաւորութիւնը բնաւ չի շփոթեցներ զինքը. վախս կը փարատի տակաւ ու կը զմայլիմ իր անսեթևեթ ձևերուն վրայ. գլխու թեթև ու շնորհալի խոնարհութեամբ մը կը բարևէ մեզ, օտարականներու, հիւրերու ուղղուած պաշտօնական բարեւ մը, ոչ շատ մտերիմ, ոչ շատ ցուրտ. իր անձին վրայ որչա՜փ մեծ իշխանութիւն ունեցող մէկն է այս աղջիկը. ոչ դող, ոչ յուզում կայ իր անուշ դէմքին վրայ. չի շիկնիր, չի շառագունիր:
Կ’ապշիմ ու կը նեղանամ միանգամայն:
Կը սպասէի, որ յանկարծակիի գար. կայծակէ զարնուածի պէս մնար զիս տեսնելուն, գոյնը նետէր ու ծունկերը կթոտէին(9) քիչ մը, ամենքը նշանտուքին առաջ բերած ջղային տագնապի մը վերագրէին իր թալուկը(10), և ե՛ս միայն ասոր բուն պատճառը գիտնայի: Իր քաջառողջ անտարբերութիւնը զիս պզտիկ կը ձգէ:
Կէս ժամ վերջը խօսք կապի արարողութիւնը աւարտած է. աջին-ձախին շնորհաւորութիւններ, բարեմաղթութիւններ կը թոթովեմ:
Նորէն անուշ, նորէն սուրճ կը հրամցնեն, ու ամենքը կը մտերմանան, կատակներ, զուարճութիւններ կ’ըլլան:
Բարեկամս, որ ժամանակ կորսնցնող չէ, իր նշանածին քովն է. կը խօսի, կը խնդայ, պատուհանին քովը անկիւն մը կեցած ինծի նայելով բաներ մը կ’ըսեն իրարու, իմ վրաս կը խօսին. որքա՜ն հետաքրքիր եմ Աննիկին խօսքերը իմանալու. կրցա՞ւ ինքզինքը զսպել, ծածկել իր առջի սէրը. արդեօք Օննիկ բան մը գուշակե՞ց, ահա նշան կ’ընէ, որ մօտենամ իրենց. չուզելով կ’երթամ քովերնին. ինչ ըսելիքս, ինչ ընելիքս չեմ գիտեր:
— Աննի՛կ, — կ’ըսէ բարեկամս, — քեզի կը ներկայացնեմ իմ խիստ, բայց խիստ մտերիմ ընկերս, դուք պոլսեցի էք, հարկաւ իրար կը ճանչնաք քիչ մը, այնպէս չէ՞:
Այս հարցումին՝ Աննիկ աղէկ մը իմ կողմս դարձաւ. անանկ մը, որ պատուհանէն եկող լոյսը զիս ողողէ. աչքերը պզտիկցուց քիչ մը, աւելի մեծ ջանք մը ընելով իր յիշողութիւնը ամփոփելու համար. արագ և ուշադիր նայուածքով մը ոտքէս-գլուխս քննեց զիս. ես ալ կը հետևէի հիմա իր նայուածքին բոլոր ճիգերուն. անկեղծ, բայց բոլորովին անկեղծ ջանք մը կ’ընէր այդ նայուածքը զիս յիշելու համար ու չէր յաջողեր. այնքան, որ ես իսկ հաւատալ կը սկսէի զինքը բնաւ տեսած չըլլալուս, վասնզի աննենգ ու անխարդախ բան մը կար այս աշխատութեան(11) մէջ, որով իր ամբողջ կամքը կը դնէր զիս ճանչնալու համար, այն անկեղծ ու անխարդախ բանը, զոր միշտ գտած էի ես այդ աչքերուն մեջ. և վերջապէս, եզրակացութեան մը յանգելով, բայց կ’երեւայ չկրնալով բոլորովին հաստատ ու ապահով ըլլալ ըսածին, Աննիկ պատասխանեց բարեկամիս.
— Կարծեմ թէ տեղ մը տեսած ըլլալու եմ էֆենտին:
(1898)
1 Աննախատեսելի, յանկարծական
2 Անհունօրէն
3 Սէրս, պաշտամունքս
4 Անբիծ, անարատ, անբասիր, անթերի
5 Սուտ, կեղծ, սուտի վրայ հիմնուած
6 Կը մխիթարէր
7 Ինձմէ
8 Առանձին
9 Թուլանային, ուժաթափէին
10 Նուաղում, ուշաթափութիւն, ուշագնացութիւն
11 Ճիգին, ջանքին
