Սպասելով դռան թակոցին

Վահէ Պէրպէրեան

Վարդուհի արդէն սեղանը պատրաստած էր եւ անհամբեր կը սպասէր իր ամուսնոյն՝ Աւետիսի վերադարձին, երբ ան վերջապէս ներս մտաւ։ Դէմքը մթնած էր անսովոր խոժոռութեամբ մը, աչքերը՝ հեռուն սեւեռած, կարծես խոր մտածումի մէջ կորսուած։ Ան բանալին դրաւ գրպանը, չկատարեց իր ամենօրեայ բաճկոնը հանել ու մուտքին մօտ կախելու իր սովորութիւնը եւ կանգ առաւ սենեակին մէջտեղը, դանդաղօրէն աչքէ անցընելով ամբողջ սենեակը, կարծես առաջին անգամ կը տեսնէր զայն։
— Ի՞նչ է պատահեր, — հարցուց Վարդուհի, առանց զսպելու ձայնին մէջ թաքնուած սարսափը։
— Արէտը ո՞ւր է, — հարցուց Աւետիս՝ հայեացքը գամած պահելով սեղանին շուրջ դատարկ մնացած իրենց տղուն աթոռին։
— Իր սենեակն է, քեզի կը սպասէ, — պատասխանեց Վարդուհի։
Աւետիսի խոժոռութիւնը քիչ մը մեղմացաւ։
— Ի՞նչ է պատահեր, — դարձեալ հարցուց Վարդուհի։
— Քիչ առաջ փողոցը Վարդանը տեսայ, — ըսաւ Աւետիս։ — Գէշ է։ Կացութիւնը շատ գէշ է։ Կ՚ըսեն թէ ասդին-անդին մարդ կը ձերբակալեն կոր. բոլոր նշանաւոր հայ մտաւորականները՝ գրող, արուեստագէտ, երաժիշտ, երգահան։ Ժանտարմները արդէն երկու հարիւրէ աւելի մարդ ձերբակալած են՝ մեր համայնքի սերուցքը։ Զօհրապին պէս մարդիկ, Վարդգէս, Ռուբէն, նոյնիսկ Կոմիտաս։ Բոլորը տարած են։ Հաւանաբար արդէն սպանած են։»
Վարդուհի սարսափահար խաչակնքեց եւ վազելով մօտեցաւ ամուսնոյն՝ ամուր գրկելով։
— Չեմ հաւատար։ Որքա՞ն վստահ է։ 1890-ական թուականները չենք, — ըսաւ՝ մտաբերելով երկու հարիւր հազար հայերու կոտորածը։ — Իբր թէ երիտթուրքերը տարբեր պիտի ըլլային։
— Ակնյայտ է, որ տարբեր չեն, — ըսաւ Աւետիս՝ նստելով։ — Բոլորն ալ նոյնն են։ Սկիզբէն քեզի ըսած էի՝ ասոնց վստահիլ չ՚ըլլար։
Երկար, մեռեալ լռութիւն մը լեցուց սենեակը։
— Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընենք, — հարցուց Վարդուհի՝ ամուսնոյն պնակը լեցնելով։
Աւետիս ձեռքի շարժումով կանգնեցուց զայն։
— Չեմ կրնար ուտել, — ըսաւ՝ մեղմօրէն ափսէն ետ մղելով։
— Կարծեմ պէտք է մեկնինք, — ըսաւ Վարդուհի՝ նեարդային կերպով ձեռքերը շփելով։
— Մեկնի՞նք։ Ո՞ւր պիտի երթանք։ Հապա հայրս, քու ծնողքդ, երկու քոյրե՞րդ։ Չենք կրնար ամեն ինչ ձգել, բոլորը լքել երթալ, — ըսաւ Աւետիս՝ յոգնած գլուխը շարժելով։ — Յետոյ մարդիկ ի՞նչ պիտի մտածեն իմ մասիս։ Որ վախկո՞տ եմ։
— Ատանկ մտածող պիտի չըլլայ։ Նոյնիսկ եթէ մտածեն, կը նախընտրեմ կենդանի վախկոտ մը ըլլալ, քան մեռած հերոս մը, — ըսաւ Վարդուհի վճռականօրէն։ — Կը կարծե՞ս որ քեզ ալ պիտի գան տանին։
Աւետիս խիստ հայեացք մը ձգեց կնոջը վրայ։
— Անշուշտ պիտի գան։
— Ինչո՞ւ։ Դուն բան մը սխալ չես ըրած։ Իշխանութիւններուն դէմ բան մը չես խօսած, — ըսաւ Վարդուհի՝ ձեռքը ամուսնոյն ուսին դնելով։
— Ինչո՞ւ, կը կարծես միւսնե՞րը ըրած են, — սրտնեղած պատասխանեց Աւետիս։ —Որո՞ւն հոգն է։ Ասոնց նպատակը մեզ ամբողջութեամբ ջնջել է։ Մտադրութիւնը հայ ազգը գլխատելն է՝ միտքն ու հոգին սպանելը։ Երբ ուղեղը կորսուի, մարմինն ալ անպայման կը հետեւի։
— Բայց դուն մտաւորական չես, — ըսաւ Վարդուհի, արցունքները սրբելով։ — Եղած չեղածը թուաբանութեան ուսուցիչ ես։ Քանի մը բանաստեղծութիւն գրած ես, թերթին համար քանի մը դամբանական… բայց չեմ կարծեր որ դուն… այնքա՛ն կարեւոր ես, ինչպէս միւսները։
Վարդուհի գիտէր, որ իր խօսքերը պիտի վիրաւորեն զինք, բայց կը նախընտրէր անոր վախերը հանդարտեցնել, քան արժանապատւութիւնը շոյել։ Եւ անկեղծ ըլլալու համար, ըսածը ամբողջովին սուտ չէր ։ Վարդուհի միշտ սիրած էր Աւետիսը, բայց նոյնիսկ ինք համոզուած էր, որ ան լաւ մարդ էր, նուիրուած հայր մը եւ ընդամենը միջակ գրող մը։
Երբ Աւետիս իրեն նայեցաւ՝ աչքերը վիրաւորանքով լեցուն, մայրական քնքշութեան ուժգին ալիք մը ծածկեց Վարդուհին։ Ան կռացաւ եւ համբուրեց անոր մազաթափ գլխուն պսակը։
— Չէ, վստահ եմ, վստահ եմ որ քեզի համար ալ պիտի գան, — շշնջաց ան՝ ձայնը դողդոջուն։ — Անպայման… կու գան։
Եւ երբ ան իր ամուսինը գրկած, մեղմօրէն օրօրելով բարձրաձայն կը հեկեկար, Վարդուհի ամբողջ սրտով աղօթեց, որ երբեք դուռը չթակեն։
Ո՛չ այդ գիշեր։
Ո՛չ ալ երբեք։

Լոս Անճելըս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *