ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Եթէ պիտի երգես երգը, երգը այն խոր,
Որ հոգիիդ մութ ծալքերուն մէջ թաքնուած
Կը դեգերի անհունին հետ։
Եթէ պիտի աշխարհ բերես դեռ չգրուած
Շշուկները այն սրբագոյն
սուրբ ծնունդի ծալքերուն հետ…
Գնա տեղ մը, ուր քեզմէ զատ ոչ ոք գիտէ,
գնա տեղ մը՝
ուր գծուած է հորիզոնը
ներաշխարհիդ վառ բոյրերով…
Հոն շշնջա՛… Չէ՛, մի՛ երգեր դուն բարձրաձայն
Խոր լռութեան տարածքին մէջ
Երգը այն խոր…
Այնտեղ պիտի հնչերանգէ հոգիդ մենիկ
Պահերն այն սուրբ
— Որ քո՛ւկդ են միայն —
Անծայրածիր տիեզերքի ծալքերուն հետ
Ու մենութեան խունկերուն հետ
Հրաբորբոք աշխարհիդ մէջ…
Ներաշխարհիդ ծալքերուն մէջ հնչերանգը հոգիներու,
Պիտ՛ սաւառնի նո՜ր, չերգուա՜ծ, հորիզոններ լուռ ծնելով…
Եթէ պիտի…
23 փետրուար 2025
գեղեցիկ ու խորախորհուրդ է հոգու մէջ թեւածող՝ դեռ չծնուած երգը…