Մեր ՕԳՈՍՏՈՍ 2021-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող, «Հորիզոն գրական»ի ՕԳՈՍՏՈՍ 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ԹԷՅ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ամբողջ եղածը քախքէ եւ թէյ էր
Քախքէն կը մկրտուէր տարչին թէյին մէջ,
Ամենայն փութով՝ փափկացած մասին
Կը քսէինք կարագ, վրան՝ մեղրագոյն թուզի անուշ էր.
Աշխարհի ամենէն համով պատառն էր։ Continue reading “ԹԷՅ”

«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԸԶԵԱՆ

Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբը, որ լաւագոյնը կը նկատուէր Սուրիոյ մէջ, Արեւելեան Եւրոպա իր շրջապտոյտին համար խումբը ուզեց զօրացնել յաւելեալ մէկ կամ երկու լաւագոյն խաղացողներով։ Եւ լաւագոյն թեկնածուն անշուշտ Անդրանիկն էր, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի, նաեւ ամբողջ Սուրիոյ լաւագոյն ռմբարկուն, ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն յոյսը, իսկ հակառակորդ խումբի բերդապահներուն ահն ու սարսափը։ Երբ գնդակը Անդրանիկին ոտքը ըլլար եւ ան հակառակորդին բերդին մօտենար, համակիրները, մեծ եւ պզտիկ հաւասարապէս, տարօրինակ խանդավառութեամբ կը քաջալերէին զինք, խոստանալով համբուրել Continue reading “«Հայր մեր»-ը դուն գիտե՞ս, օղլո՛ւմ՝ Անդրանի՛կ”

Բաբելոնի աշտարակ ըստ Մարդամէկի

ՄՀԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ

Արդէն թւում էր թէ մուսաս անյոյս խռովել է ինձնից, երբ մայրաքաղաք Երեւանի երկնքում պայթած կայծակի հետագիծը ուրուագծեց մեր աւետեաց երկրի իրական սահմանները, վերջապէս յոյսի մի շող սփռելով յուսահատ ժողովրդի ընկճուած հոգիներին։
— Ասում էինք չէ, կայ ապագայ, — բացականչեցին ոմանք՝ նրանք, որ ուսապարկ էին կրում։
— Բա որ ասում էինք այլընտրանք կայ, չէիք հաւատում, — ձայնակցեցին այլոք՝ նրանք, որ ուսապարկ չէին կրում։ Continue reading “Բաբելոնի աշտարակ ըստ Մարդամէկի”

ՄԻ ՎՐԻՊԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

(Մի քանի էջ »Բազմավէպ«ի պատասխանատուների հետ Համաստեղի նամակագրութիւնից)

ՄԱՐԳԱՐԻՏ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Համաստեղի (Համբարձում Կելէնեան, 1895-1966) ստեղծագործութիւնների մատենագիտական ցանկերը(1) կազմելիս «Բազմավէպ» հանդէսի «Գեղունի»(2) յաւելուածի 1947 թ. համարում գտայ Համաստեղի «Պանն էր անցեր իմ պարտէզէն»(3) մանրապատումը։ Գիտէի, որ Սիմոն Վրացեանի հրատարակած «Հայրենիք» տարեգիրք-տօնացոյցի 1947, 1948 թթ. համարներում տպագրուած են գրողի «Կարմրալանջը», «Իրիկնամուտ» եւ «Առաջին Continue reading “ՄԻ ՎՐԻՊԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ. ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ”

Մահացել է արձակագիր Արմէն Շեկոյեանը

Երկարատեւ հիւանդութիւնից յետոյ 68 տարեկանում կեանքից հեռացել է ժամանակակից գրող, բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող Արմէն Շեկոյեանը: Այս մասին յայտնում են Գրողների միութիւնից:

Արմէն Շեկոյեանը ծնուել է 1953 թուականի մարտի 28-ին: 1974 թուականին աւարտել է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրակա Continue reading “Մահացել է արձակագիր Արմէն Շեկոյեանը”

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 16 – ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ ՄԸ ԾՈՑԱՏԵՏՐԷՆ» ՀԱՏՈՐԸ

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը՝ աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով։ Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը՝ երկու յօդուածներով։ Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՚ընկերանան գրութիւններուն։ Continue reading “ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ՝ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ «ՈՍՏԱՅՆ 16 – ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԻ ՄԸ ԾՈՑԱՏԵՏՐԷՆ» ՀԱՏՈՐԸ”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Զ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1. «Պուտինը եւ Բայդենը համատեղ յայտարարութիւն են ընդունել ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ»:

Կը կարծեմ, թէ ձեզմէ ոչ մէկը անծանօթ է այս՝ «յայտարարութիւն ընդունիլ» արտայայտութեան, որուն հետ սկսանք ընտելանալ վերջին տասնամեակներուն եւ տեղին համեմատ ալ… ընդօրինակել զայն՝ առանց անդրադառնալու կացութեան այլանդակութեան, գէթ հայեցի մտածողութեան տեսանկիւնէ: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Զ.)”