Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը՝ աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով։ Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը՝ երկու յօդուածներով։ Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՚ընկերանան գրութիւններուն։
«Ներածական»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Պէտք է խոստովանիլ, որ եթէ ունեցած գրական սէրերս ու հակումներս անպայման իրենց դերը ունեցած են նա՛եւ ճարտարապետի կենսագործունէութեանս մէջ, միւս կողմէ մասնագիտական ուսումս անկասկած իր դերը ունեցած է իմ մտքի կազմաւորման, հարցերու մօտենալու եղանակներուս եւ ընդհանրապէս մտածելակերպիս վրայ, ինչպէս նաեւ դիտելու ունակութիւններուս վրայ։ Ըսեմ, որ պիտի ջանամ նուազագոյնը մտնել շատ մասնագիտական, գիտարուեստական բացատրութիւններու մէջ՝ պահելով որքան կարելի է պարզ, բոլորին հասկնալի լեզու մը»։
Յուշերը կը վերաբերին աւելի շատ մարդկային յարաբերութիւններուն քան թէ զանազան ճարտարապետական ծրագրերու գործադրութեան մանրամասնութիւններուն, որոնք միայն ուրիշ ճարտարապետներ կրնային հետաքրքրել։ Մարդկային յարաբերութիւնները առաւել կամ նուազ չափով նոյնն են բոլոր ասպարէզներուն մէջ, մանաւանդ անոնց, ուր կան մասնագէտ-հանրութիւն կապ մը, ուր որոշիչ դեր կը խաղան ոչ միայն գիտական տուեալներ, այլեւ ընկերային, մշակութային, տնտեսական ու այլ բազում ազդակներ։ Բայց առաջին հերթին գործի մը մէջ կայ ի հարկէ ներքին յարաբերութիւններու ամբողջ ցանց մը։ «Զանգուածային շինութիւնները եւ մարդկային սերտ կապերը» գլուխին մէջ հեղինակը կը նշէ. «Եկէք ընդունինք, թէ որքան ալ մեծ ծրագրերու վրայ աշխատիս, որքան ալ աւելի ու աւելի ծանր պատասխանատւութիւններ վերցնես, այնքան կը բազմազանուին ու կը բարդանան մարդկային յարաբերութիւնները, եւ յաջողութիւնդ կախում կ՚ունենայ ոչ միայն մասնագիտական հմտութենէդ ու փորձառութենէդ, այլեւ ու մանաւանդ գործակիցներուդ, գերադասներուդ թէ ստորադասներուդ հետ այդ մարդկային յարաբերութիւններու հեզասահութենէն, պատշաճութենէն, ջերմութենէն»։ Այս առնչութեամբ բազմաթիւ դրուագներու պիտի հանդիպինք այս գիրքին մէջ։
Հետաքրքրական է այս ճարտարապետին մօտեցումը երբ իրմէ կ՚ակնկալուի հայկական եկեղեցիի մը յօրինումը։ «Հայկական ոճի հարցը զինք հետաքրքրած ու մտահոգած է կանուխէն։ «Ոգին նախ քան ձեւը» վերնագրուած գլուխին մէջ ան դիտել կու տայ. «Այն ատեն յստակ կեցուածք որդեգրած էի, որ յատուկ, ինքնուրոյն կեցուածք մը չէր, այլ ոեւէ պատասխանատու ճարտարապետի մօտեցում։ Այսինքն՝ համոզուած էի, որ կարելի չէ արտաքին ձեւերու որդեգրումով ազգային ոճ վերարտադրել։ Շէնքի մը ոճը կը բխի տարբեր ազդակներէ, առնչուած է ժամանակին, վայրին, գործածութեան, առկայ շինանիւթերուն ու կառուցային միջոցներուն եւ այլն»։ Ան կը մէջբերէ Արծուին Գրիգորեանի տեսակէտը այս մասին, տեսակէտ, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է իր ալ վրայ, ապա կը յիշէ դանիացի ճարտարապետ Պեոռն Եորկընսընի ըսածը այս մասին. «Հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան զարգացումը հայերուն համար շարունակական որոնում մըն է եղած՝ ծիսակատարութիւնը ձեւաւորելու ճարտարապետական վիճակով մը։ Այսինքն, անոնք լոյսին մուտքը տարածութեան մէջ սահմանած են սղագրական եւ շատ ճշգրիտ ձեւով՝ քարի ճարտար գործածումին մէջ խտացած։ Հիմնականին մէջ միայն քարն է եւ լոյսը։ Երկիր ու երկինք…»։ Վրէժ-Արմէն կ՚աւելցնէ թէ այս բոլորը ինք պարտաւոր էր հասկցնել իր յաճախորդներուն՝ շինութեան յանձնախումբի անդամներուն, երբ կը ստանձնէր Հայ կաթոլիկ Նարեկայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծրագիրը։
«Յաւելուած»-ով հեղինակը գլխաւորաբար կը պատմէ իր ասպարէզին հայկական առնչութիւնը, յատկապէս անուանի ու նուազ անուանի բազմաթիւ հայ ճարտարապետներու հետ հանդիպումներն ու ծանօթացումները։
Այս հատորը Վրէժ-Արմէն ձօնած է իր հօր՝ Երուանդ Արթինեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ իր ուսուցչին՝ Շահան Բագրատունիին, որոնց յորդորով էր, որ ինք այս ասպարէզը որդեգրած է։ «Ճարտարապետ ըլլալու իրենց բաղձանքը ի՛մ ճամբով իրականացաւ…»,— կ՚ըսէ ան։
Դարձեալ, հեղինակին այս ու անոր նախորդած 12 առցանց հատորները մատչելի են ընթերցողին այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր։ Հոն կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը Անտիպ բաժինին մէջ։