ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Զ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1. «Պուտինը եւ Բայդենը համատեղ յայտարարութիւն են ընդունել ռազմավարական կայունութեան վերաբերեալ»:

Կը կարծեմ, թէ ձեզմէ ոչ մէկը անծանօթ է այս՝ «յայտարարութիւն ընդունիլ» արտայայտութեան, որուն հետ սկսանք ընտելանալ վերջին տասնամեակներուն եւ տեղին համեմատ ալ… ընդօրինակել զայն՝ առանց անդրադառնալու կացութեան այլանդակութեան, գէթ հայեցի մտածողութեան տեսանկիւնէ:
Պարզ է՝ Փութին եւ Պայտըն նստած են այսքան ժամանակ, խօսած, խորհրդակցած, վիճած ու հաշտուած ու ի վերջոյ յանգած են հասարակաց տեսակէտներու՝ դուրս ձգելով զիրենք բաժնող տարակարծութիւնները:
Հարցում. այս բոլորին մէջ դուրսէն դէպի ներս եկող բան մը նշուեցա՞ւ. ո՛չ, այս պարագային ինչո՞ւ տեղի ունեցածը թարգմանել «ընդունիլ» բայով, չէ՞ որ ընդունիլ կը նշանակէ ստանձնել դուրսէն, ուրիշէն եկող բան մը՝ գաղափար, դրամ, օգնութիւն, պատիժ կամ վարձատրութիւն՝ միշտ դուրսէն եկող:
Իրողութիւնը այն է, որ անոնք, զերոյէն մեկնելով, բառ առ բառ արտայայտեցին իրենց տեսակէտները, առին ու տուին, դրին ու վերցուցին, տաշեցին ու յղկեցին ու ի վերջոյ իրենց ուղեղներուն մթին ծալքերէն ի լոյս բերին երկուստեք ընդունելի տեսակէտներ. այս բոլորը կարելի է խտացնել հասնիլ, աւելի ընտիր՝ յանգիլ, բայց նաեւ համաձայնիլ բայով. «անոնք համաձայնեցան ռազմավարական կայունութեան շուրջ»:
Բայց ո՛չ ընդունեցին:
Վասնզի ընդունուած առարկային գոյառումին մէջ ընդունող կողմը դերակատար չէ, ան պատրաստ կու գայ, կ՚ընձեռուի երկրորդ, երրորդ կողմէ մը՝ կ՚ընդունինք նամակ մը, գումար մը, նպաստ մը, առաջարկ մը, վերջնագիր մը:
Եւ իրօք ալ անոնք յանգած են այն գաղափարին, թէ «միջուկային պատերազմի մը պարագային յաղթող կողմ պիտի չըլլայ»: Այս ճշմարտութիւնը եօթնօտարնե՞րը թելադրեցին Փութինին եւ Պայտընին, այսքանը չէի՞ն կրնար գիտնալ անոնք, այլապէս ինչի՞ս գերհզօրներն են:
Կեղծ, ոչ-հայեցի մտածողութեան հետեւանք է «որոշում ընդունիլ» բառակապակցութիւնը իր կարգին, որ նախորդին երկուորեակն է: Քանզի որոշումն ալ մեր ուղեղին, տրամաբանութեան ներգործութեամբ եւ համախոհ անձերու ճիգերով կը բխի մեր ներաշխարհէն, կը ձեւաւորուի, կը յառաջանայ, կը կայանայ մեր սեփական ճիգերով, եւ իբրեւ պատրաստ մանանայ չ’իջներ երկինքէն:

2. Վերաբերեալ, կապակցութեամբ, հարց, գծով…

Արդի հայերէնը՝ արեւելահայերէնը աւելի քան արեւմտահայերէնը, — եւ փոխադարձաբար, — գռեհկացնող բառերու կոյտ մը պարզապէս, որ օր ըստ օրէ աւելի կը սահմանափակէ մեր ուղեղները, կը քարացնէ մեր բանականութիւնը եւ կը ռամկացնէ լեզուն: Բացէ՛ք որեւէ քաղաքական թերթի այսօրուան թիւը եւ կարդացէք միայն մէկ էջը անոր, նախընտրաբար քաղաքական էջը, համրեցէք յիշեալ բառերը, եւ ապշութեամբ պիտի նկատէք, թէ որքան բարձր է անոնց յաճախականութիւնը, այո, ձեր լեզուական արժանապատւութիւնը նուաստացնելու աստիճան բարձր:
—Հսկիչները պատրաստած են վերջնական փաստաթուղթ ՝ արդիւնքներուն վերաբերեալ («Ազդակ», 22-6-21, էջ 1):
—Մեծ մասը դրական կարծիք յայտնած է ընտրութիւններու դրական կայացման վերաբերեալ (անդ, էջ 8):
—Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ հետեւութիւններ պիտի ընէ քաղաքական ճգնաժամի վերաբերեալ (անդ):
Այսօր գոհանանք ասոնցմով, ուրիշ առթիւ հերթով կ՚անդրադառնամ միւսներուն, եւ հարց տանք՝ այս նախադասութիւնները յումպէտս ծանրաբեռնող վերաբերեալ-ը կը ծառայէ՞ բանի մը: Քաւ լիցի, ո՛չ եւ ո՛չ: Հայերէնը եւ մեր սեփական ոճը արատաւորելէ բացի ոչ մէկ առաքելութիւն ունի ան:
Հրամեր էք՝
—Հսկիչները պատրաստած են արդիւնքներու վերջնական փաստաթուղթը:
—Մեծ մասը դրական կը գտնէ (կը նկատէ) ընտրութիւններու կայացումը:
—Հայաստանի ղեկավարութիւնը պիտի ընէ քաղաքական ճգնաժամի ճիշդ հետեւութիւնները:
Պակաս բան մը ըսի՞նք կամ ձգեցի՞նք:

3. «Արհեստագիտութեան արգասիքները աւելի վնասակար կը թուին ըլլալ քան սննդարար» (Մամուլ):

Այստեղ խնդրոյ առարկան ինծի համար սննդարար բառն է:
Եթէ յօդուածագիրը անոր տեղ օգտակար դրած ըլլար, ապա պիտի կարդայի ու շարունակէի ընթերցումս, բայց ահա սննդարար ածականը կասեցուց ընթերցումս եւ մտածել տուաւ:
Ինչո՞ւ:
Արհեստագիտութիւն հասկացութիւնը էապէս վերացական է, իսկ սննդարար ածականը կը կիրարկուի էապէս նիւթական հասկացութիւններու կամ բարիքներու. օրինակ՝ սննդարար կերակուր, սննդարար բոյս, սննդարար պտուղ, սննդարար պատառ կամ որեւէ բան որ բերանդ կը մտնէ ու որկորէդ վար կ՚իջնէ: Իսկ արհեստագիտութիւնը այդպիսին չէ:
Մենք ունինք սննդարար-ին շատ սերտ հոմանիշ մը, որ սնուցիչ ածականն է, որ միւսէն կը տարբերի իր բազմիմաստութեամբ. «սնուցիչ» կրնանք կոչել հաւասարապէս նիւթական եւ վերացական հասկացութիւնները՝ սնուցիչ ապուր եւ սնուցիչ ուսմունք:
Լատիներէնը ունի alma mater բառակապակցութիւնը, որ բառացի կը նշանակէ «սնուցիչ մայր», իսկ փոխաբերաբար անով կը բնորոշենք կամ զայն իբրեւ վերադիր կը յատկացնենք որեւէ հաստատութեան, միջավայրի, շրջանակի, թէկուզ անհատի, որուն ջամբած սնունդը բոլորովին վերացական, իմացական է:
Սննդարար ածականը նոյնիսկ մայր գոյականին չենք կրնար յատկացնել, որքան ալ ան մեր մանկական սնունդի՝ կաթի հիմնական աղբիւրը ըլլայ, մինչ կաթը ինքը, այո, կարելի է «սննդարար» կոչել: Այսպէս է, քանի սննդարար բառը փոխաբերական իմաստ չունի. սննդարար կրնայ ըլլալ միայն որկորէն անցնող նիւթը, անկէ դուրս որեւէ առարկայ կամ հասկացութիւն չի կրնար սննդարար կոչուիլ: Մինչ «սնուցիչ» կրնայ կոչուիլ թէ՛ մայրը, թէ՛ կաթը, թէ՛ (արհեստա)գիտութիւնը:

4.Մեղր-մեղու

Մեղրը շատ վաղուց ծանօթ եղած է Հայկական բարձրաւանդակին ու հայ ժողովուրդին, սակայն ահա մեր լեզուն խոր անցեալին չէ ունեցած անունը այդ մեղրը արտադրող միջատին, որ ներկայիս մեղու կը կոչենք:
Եւ ան կոչուած է «ճանճ մեղու»:
Ճանճ-ը այս պարագային ունեցած է աւելի ընդարձակ նշանակութիւն մը, քան թէ ունի այսօր, այլ խօսքով՝ ան բնորոշած է միջատներու լայն ցանց մը, մինչ այսօր ան կը նշանակէ միջատներու շատ նեղ ցեղ մը միայն:
Իսկ մեղու՝ սա պարզապէս մեղր գոյականին սեռական հոլովն է. մի՛ զարմանաք, ահա ուրիշ օրինակներ նոյն կաղապարով՝ բարձր-բարձու, թանձր-թանձու, ծաղր-ծաղու եւ այլն:
Ուրեմն ճանճ մեղու կը նշանակէր «մեղրի ճանճ»:
«Նոր հայկազեան»-ը ունի «մեղրագործ ճանճ» գեղեցիկ բառակապակցութիւնը:
Ժամանակին հետ այդ կապակցութիւնը կորսնցուցած է իր առաջին եզրը, եւ մնացած է մեղու առանձին եւ առանձինն ալ բնորոշած է երբեմնի մեղրաճանճ-ը:
Իսկ թէ այս փոխանցումը կամ վերածումը ճիշդ ե՞րբ տեղի ունեցած է, չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ որեւէ աղբիւր չունիմ ձեռքիս տակ:
Մեր զարմանալի ու սիրելի հայերէնն է այս, եւ հազարամեակներ այս հայերէնով խօսած են մեր նախնիները՝ արամբք եւ կանամբք, ծերովք եւ տղայովք, եւ ամենայն չափու հասակի հաւատով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս ննջեցելովք:
Փակենք այս հատուածը պիծակ բառով, որ մեղուի մեղր չարտադրող տեսակն է:

5. Լիբանանի ֆրանսալեզու թերթերէն մէկը վերջերս գրած է. «Nabih Berry vient de sortir une nouvelle formule de son chapeau»:
Որուն բառացի թարգմանութիւնը կու տայ. «Նապիհ Պրրի նոր բանաձեւ մը հանեց գլխարկէն»:
Եւ մեր թերթերէն ոմանք այսպէս, բառացի ալ հրատարակեցին զայն:
Կը մնայ երեւակայել, թէ ճիշդ ի՛նչ հասկցան նախ իրենք՝ այդ հրատարակող թերթերը, եւ ապա արեւմտահայ ընթերցողը՝ այս առեղծուածային դարձուածքէն, որ… ոչինչ կ՚ըսէ հայուն, որքան ալ հնարամիտ ըլլայ ան: Հարցը հնարամտութեան հետ կապ ալ չունի, քանի դարձուածքներուն մէջ բառերը կը վերիմաստաւորուին, այլ խօսքով՝ կը ստանան իրենց բառարանային նշանակութենէն բոլորովին տարբեր՝ աննախատեսելի նշանակութիւն մը, որ ծանօթ է միայն տուեալ դարձուածքը հնարող ժողովուրդին:
Մանաւանդ որ, Նապիհ Պրրին ոչ մէկ ատեն… գլխարկ կրած է:
Հապա ի՞նչ էր այս անգոյ գլխարկին տակէն հանուածը:
Իրողութիւնը այն է, որ այդ վերը նշուածը ոչ մէկ կապ ունի գլխարկի, ոչ ալ անոր տակը պահուած այլ առարկայի հետ: Ան պարզապէս կը նշանակէ՝ «անակնկալ լուծում մը տալ տիրող անել կացութեան»:
Որ այս պարագային՝ կը վերաբերի դահլիճ մը կազմելու:
Որ այնպէս ալ… կարելի չեղաւ կազմել:

* * *

Այս ալ իր կարգին մեզ տարաւ ուրիշ դարձուածքի մը, որուն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ տասնամեակներ առաջ: Ակնարկելով երկրաշարժի մը հետեւանքներուն՝ հայ (անշուշտ՝ անխուսափելիօրէն արեւմտահայ) քաջարի թղթակիցը կը տեղեկագրէր. «Շէնքերու պատերուն վրայ մողէզներ երեւցան»:
Սա թարգմանութիւնն է ֆրանսերէն lézarde բառին, որ կը նշանակէ ճեղք, — որ պատին վրայ կը գոյանայ ցնցումի հետեւանքով, — իսկ մեր հայրենակիցը զայն շփոթած է lézard-ով, որ կը նշանակէ… մողէզ:

Պէյրութ
armenag@gmail.com

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *