«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն

Արմենակ Եղիայեան

Կրակվառիչ

Կրակը կարելի՞ է վառել…
Կարելի է վառել/այրել մատը, լեզուն, վրան-գլուխը, տուն մը, թէկուզ ամբողջ քաղաք մը՝ Հռոմի Ներոնին հետեւողութեամբ, բայց վառել կրակը… ահա այս է, որ ըմբռնելի չէ հոսհոսներուս, սակայն ըմբռնելի է արեւելահայուն:
Եթէ ծխախոտ մը ծխելու համար յանկարծ նկատեցիր, թէ լուցկի չունիս, Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”

Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ

Հեղինակ՝ Մարզպետ Մարկոսեան. Անթիլիաս 2023

Արմենակ Եղիայեան

Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին՝ իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած ու ազնուացուցած է զայն: Continue reading “Քաղաքներու կախարդանքը — Գ. Թեւաբեկ հրեշտակներու քաղաքին մէջ”

«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն

Արմենակ Եղիայեան

Գլխագրում

Գլխագրումը մեր ցաւոտ հարցերէն մէկն է, որ յարատեւ կը հալածէ մեզ առանց օրինականութեան ու միօրինակութեան ցանկալի մակարդակներուն հասնելու կամ մօտենալու. ամեն մարդ ազատօրէն եւ խելքին փչածին պէս կը գլխագրէ. հարցնող-դնող չկայ: Է՜հ, աշխարհը իրար անցած՝ գլուխը առեր կ’երթայ, հիմա ժամանա՞կն է գլխխագրերով զբաղելու: Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”

Եգիպտականք (Զ)

Արմենակ Եղիայեան
Մեհենագրական արուեստը
(Եգիպտացիք ինչպէ՞ս կը յղանային գիրը)

Այս հարցին պատասխանելէ առաջ ի մտի ունենանք գրողական այն համամարդկային ճիգը, որ կը կայանայ խօսքը, աւելի ճիշդը՝ անոր բառերը, հնչիւն առ հնչիւն արձանագրելու մէջ: Երբ, օրինակ՝ կը լսենք «ծառ», ապա ի մի կը կցենք նշանագրեր կամ տառեր, որոնք յաջորդաբար կը նշեն ծ, ա, ռ հնչիւնները՝ ունենալու համար ծառ բառը: Continue reading “Եգիպտականք (Զ)”

Դաստ… դաստառակ… դաստիարակ

Արմենակ Եղիայեան

Ձեզմէ քիչեր պիտի ուզէին հաւատալ, թէ դաստիարակ բառը, որ դպրոցական այնքան ազնիւ եւ յուզիչ յուշեր կ’արթնցնէ, կրնար պարսկերէն եղած ըլլալ:
Այդպէս ալ է՛, եւ բառացի կը նշանակէ «ձեռքէն բռնող»:
Այդ ի՞նչ ձեռք բռնող է, — պիտի հարց տաք աւելի զարմացած:
Ուրեմն դաստիարակը երեխաները խնամող, անոնց օգնող, զանոնք կրթող, անոնց ձեռքը բռնած առաջնորդող եւ ամեն հաւանական Continue reading “Դաստ… դաստառակ… դաստիարակ”

Եգիպտականք (Ե)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր նախորդ յօդուածին մէջ ակնարկեցինք եգիպտերէն սորվողին առջեւ ծառացող դժուարութիւններուն, յատկապէս եգիպտական մեհենագիր բառերուն մէջ մտնող այն տարրերուն, որոնք պարտադիր մաս կը կազմեն անոր, միւս կողմէ՝ արտասանական ոչ մէկ արժէք ունին: Առ այս յիշել khepri-ն՝ որուն վեց մեհենագրերէն չորսը չեն արտասանուիր: Continue reading “Եգիպտականք (Ե)”

Եգիպտականք (Գ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այնուհետեւ օրերը նորանոր թելադրանքներ բերին Շամպոլիոնին, եւ ան յաջողեցաւ վերծանել եգիպտերէնի գրային համակարգի հնչիւնագիր մօտ 30 գրանշաններու՝ գրեթէ ամբողջութիւնը, եւ առ այս ան 1824-ին շարադրեց տեղեկագիր մը՝ ուղղուած եգիպտագէտներու:
Տպաւորութիւնը ցնցիչ էր, թէեւ քննադատներ ալ ունեցաւ անխուսափելիօրէն, որովհետեւ այնքան անակնկալ ու մեծ էր Continue reading “Եգիպտականք (Գ)”

Եգիպտականք — Բ —

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Առաջին վերծանումները

Ռոզեթեան քարի առաջին շերտին մէջ յստակօրէն զանազանելի են հինգ յատուկ ձուաձեւ շրջանակներ, իւրաքանչիւրը ձախ ծայրէն օժտուած ուղղահայեաց գծիկով մը:
Շամպոլիոն դիւրաւ կրցաւ ենթադրել, թէ այդ շրջանակներուն մէջ կը գտնուի Պտղոմէոս (Ptolmis) փարաւոնին անունը, քանի որ յունական հատուածին մէջ ճիշդ հինգ անգամ յիշուած է այդ անունը: Continue reading “Եգիպտականք — Բ —”

Եգիպտականք

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերազարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

Սիրելի՛ բարեկամներ,
Այսօր կը սկսիմ նոր բնաբան մը՝ եգիպտագիտութիւնը:
Որ շատ կը խօսի իմ սրտիս եւ որուն վրայ տարիներ աշխատած եմ՝ առանց մեծ արդիւնքի, որովհետեւ տարիքս չէր ներեր լրիւ ընկալելու նման նիւթ մը, որ շատ երիտասրդ՝ հազիւ 18-20 տարեկանի ուղեղ եւ յիշողութիւն կը պահանջէ: Իմս եղաւ ուշացած սէր մը, ըստ այսմ ալ՝ սորվածներուս 95%-ը մոռցած եմ:
Այդ բոլորէն մնացած են թանկագին պատառիկներ, որ կը բաժնեմ բոլորիդ հետ:

Եգիպտագիտութիւնը շատ ընդարձակ մարզ մըն է, որ կ՚ընդգրկէ՝ Continue reading “Եգիպտականք”

ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ԱԶԱՏ ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ

Շարադասական այն ազատութիւնը, որուն ակնարկեցինք նախորդիւ, չի վերաբերիր միայն ենթակայ-ստորոգիչ հերթագայութեան, այլ ան շատ աւելին է: Այս ցոյց տալու համար առնենք միջին ծաւալով նախադասութիւն մը, որ ենթակայէն ու ստորոգիչէն բացի օժտուած է բայական երկու (վարդին ու բոյր մը) եւ գոյականական մէկ՝ (հաճելի) լրացումներով. Continue reading “ՇԱՐԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ (Բ.)”