Նշան Պասմաճեան
Քեսապ:
Փոլատեան թաղը կը սկսէր մեր տունէն 25 մեթր անդիէն եւ կ՚աւարտէր Յովսէփ Փոլատեանին ձորին եզերքի տունով: «Յովսէփ Փոլատեանին տունը ո՞ւր է» հարցումին քեսապցի մը չէիք գտներ, որ ձեզի կարենար դրական կամ ժխտական պատասխան տալ: Որովհետեւ քեսապցի մը չէիր գտներ, որ գիտնար թէ «Խանչար»ինաւազանի անունը Յովսէփ էր…
Խանչարին եւ Յակոբին տուներուն միջեւ կային սպրդած 2 տուներ, որոնցմէ մին՝ երբեմնի նշանաւոր Քեսապի ջաղացքն էր, որուն տեղ տուն շինած էր Վահան Մանճիկեանը, իսկ միւս տունը կը պատկանէր Աւետիս Նալպանտեանին, որ արհեստով ալ Քեսապի նալպանտն էր: Մէկ խօսքով՝ Փոլատեաններուն հետ դրացի էինք, առաջին դրացին՝ Ժոզէֆ Փոլատեանն էր, Յակոբին հայրը, որ «Պուլատէ» կը ճանչցուէր. երկրորդը՝ Սարգիս Փոլատեանին տունն էր:
Յակոբ Փոլատեանը կօշկակար էր: Լաւ կօշկակար: Կօշիկ կը կարէր չափի վրայ, յատուկ ապսպրանքով, նաեւ՝ քաղաքէն (Լաթաքիա) պատրաստ կօշիկներ կը բերէր արանց, կանանց, ծերոց եւ տղայոց: Մանուկ հասակիս կ՚երթայի իր խանութին առջեւ կը կենայի ու կը դիտէի թէ ինչպէս կը գամէր կօշիկի տակի կաշին: Ունէր կանաչ գոյն ապակիէ կօշիկի ներկի պարապ շիշ մը, որ կը լեցնէր փոքր գամերով: Երբ գամելու գործին պիտի սկսէր, ձախ ձեռքի ափին մէջ կը պարպէր մօտ հարիւր փոքր գամ եւ բոլորը միասին, մէ՛կ անգամէն բերանը կը լեցնէր: Ապա լեզուով գամերը մէկ մէկ հրելով ձախ ձեռքով կաշիին կ՚ամրացնէր եւ աջ ձեռքի մուրճին մէկ հարուածովը զայն կը գամէր: Մանուկ հոգիս կը հրճուէր այս տեսարանէն: Աւելցած գամերը մէկ անգամէն դուրս կը հանէր եւ աջ ձեռքին մէջ կը պարպէր, որմէ՝ կանաչ շիշ:
13 տարեկան հասակիս, հոկտեմբերի առաւօտ մը, ծնողքս զիս յանձնեցին Շօֆէօր (վարորդ) Տիրանին, որ յանձն առաւ Լաթաքիոյ թաքսիներու կարաժէն զիս Պէյրութ ուղարկել յարմար շօֆէօրի մը հետ: Ծնողքս զիս արձանագրած էին գիշերօթիկ աշակերտ Նշան Փալանճեան ճեմարան: Լոյս իջնէ երկուքին շիրիմներուն, մինչեւ օրս պարտական կը զգամ իրենց զիս Ճեմարան ուղարկելուն համար: Երախտապարտ եմ եւ պիտի մնամ իրենց յաւէտ:
Դեկտեմբեր: Ճեմարանը կը փակուէր ամանորեան եւ սուրբծննդեան արձակուրդներուն առիթով: Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն գիշերօթիկներուն համար յատուկ կարգադրութիւն կ՚ըլլար, իսկ Սուրիայէն ու Լիբանանէն գիշերօթիկները կը վերադառնային իրենց տուները, իրենց ծնողներուն հետ անցնելու տօնական օրերը: Նոյնը՝ Զատիկին:
Դեկտեմբեր 1963: Կարօտով վերադարձած էի Քեսապ, առաջին եռամսեակին լաւ նիշեր ապահոված: Ուսուցիչ հայրս հպարտ էր իմ բերած արդիւնքներով եւ կ՚ուզէր անպայման նոր տարուան լաւ նուէր մը գնել ինծի: Հայրս բացառիկ նկարագրի տէր անձ էր, առատաձեռն, բարի, սկզբունքի տէր, մաքրամաքուր եւ իմաստուն մարդ: «Կօշի՛կ» առաջարկեց: «Ունիմ հայրիկ» պատասխանեցի: «Յակոբին ցուցափեղկին մէջ զոյգ մը լաւ կօշիկ տեսայ, քեզի կը վայելեն»: Գացինք Յակոբին քով: Իր յատուկ վերաբերումով ընդունեց մեզ, համբուրեց զիս եւ բարի եկար ըսաւ: Անկեղծ մարդ էր եւ բարի, հիւմուրով. ջղայնացած մարդու տպաւորութիւն կու տար՝ բայց այդպէս չէր բնաւ: «Չոճուխին կօշիկ մը պիտի առնենք», ըսաւ հայրս: Յակոբին մտքին մէջ թարմ էր, որ երեք ամիս առաջ կօշիկ գնուած էր ինծի համար, զոր հագած ալ էի եւ նորի պէս էին: Մէկ կօշիկներուս նայեցաւ, մէկ հօրս, աչքերուն մէջ կը կարդայի, որ հօրս կ՚ուզէր հասկցնել թէ «չոճուխը կօշիկի պէտք չունի»: Յակոբը նաեւ երեք ամիս առաջ մեզի ծախած էր «կիրակի օրուան» զոյգ մը կօշիկ, որ տարիներով կը դիմանար, հետեւաբար, ինչպէս ես, ինքն ալ գիտէր, որ ես կօշիկի պէտք չունէի: Մինչ այդ հայրս «վիթրին»ին մէջ սրածայր կօշիկ մը տեսաւ: Ես կեանքիս մէջ այդքան սուր քիթով տղամարդու կօշիկ չեմ տեսած: Դուրսէն կը թուէր ոտքիս չափով ըլլալ: «Յակոբ, այդ սրածայր կօշիկը տուր տղան թող փորձէ» ըսաւ հայրս: «Հայրիկ, չեմ ուզեր, ըսի, նախ կօշիկի պէտք չունիմ, երկրորդ՝ այդ սրածայր կօշիկը չեմ հագուիր»: Մինչ այդ Յակոբը սրածայրը տուած էր հայրիկիս ձեռքը: «Տղաս, ըսաւ հայրս, գեղեցիկ կօշիկ է, ծայրը սուր է բայց քեզի կը վայելէ այս կօշիկը»: Ես քիթ ու բերան ըրի, աջ ոտքս կօշիկին մէջ մտցուցի եւ որոշեցի, եթէ կօշիկը գնուի՝ Պէյրութի մէջ առաջին գործս պիտի ըլլայ զայն մէկուն նուիրել:
Յակոբը կը հասկնար եւ կը բաժնէր զգացումներս: Աչքերուն մէջ կը կարդայի այդ: Ես 13, ինք գուցէ 45, սրածայր կօշիկը մեզ լռելեայն համախոհ ընկերներ դարձուցած էր:
Հայրս տակաւին կօշիկին գովքը կը հիւսէր ինծի, երբ յանկարծ հարց տուաւ. «Յակոբ, քանի՞ կ՚արժէ այս զոյգը»:
«16 սուրիական»…:
Ցնցի՛չ էր այս լուրը… Այդ օրերուն երեխաներու կօշիկներուն արժէքները 3.5 – 4 սուրիական էին: Տասնըվե՞ց… չորս անգամ աւելի սո՞ւղ, ո՞ր գիւղացին կրնար այդքան գումար վճարել երբ դպրոցի տնօրէնի մը ամսականը 29 սուրիական էր Քեսապի մէջ..:
«Յակոբ, 16 Սուրիական արժէքով կօշի՞կ կայ», կէս բարկացած, կէս զարմացած հարց տուաւ հայրս:
«Խոճա» (քեսապերէնի մէջ ուսուցիչին խոճա կ՚ըսեն, փոխ առնուած թրքերէնէ), ըսաւ Յակոբը, «դուն կօշի՞կ կ՚ուզես, թէ կօշիկ…»
Հայրս ըսաւ՝ «կօշի՛կ»:
«Էհ այդպէս ըսէ», ըսաւ Յակոբ եւ տուփերէն մէկուն մէջէն զոյգ մը կօշիկ դուրս հանեց եւ ըսաւ. «ասիկա կօշի՛կ է»: Ապա նոյն «կօշիկ»ին երեսը քսեց կօշկակարի գոգնոցին եւ իւրաքանչիւր կօշիկի հետ իր գովազդը ըրաւ ըսելով՝ «իտալական է խոճա»: Մինչեւ օրս չեմ հասկցած, թէ իր կարած կօշիկներուն ո՞ր մասը իտալական էր, բայց Յակոբին բոլոր կօշիկները «իտալական» էին… Կիներուն ալ երբ կօշիկ ներկայացնէր, «իտալական է լէլօ» (լէլօ՝ այսինքն քոյրիկ) կը գովազդէր:
Ոչ «կօշիկը» գնեցինք, ո՛չ ալ «կօշիկ»ը: Մեր երեքին մէջէն, զգացի, որ ամենէն ուրախը Յակոբն էր:
Այդ օր շատ բան սորվեցայ: Յակոբ դիտմամբ կօշիկին գինը բարձրացուցած էր չորս անգամով, որպէսզի կատարուէր իմ կամքս, լռելեայն իրեն ընկեր դարձած երեխային կամքը: Հոգեբանութեան դասատու էր այդ գիւղացի մարդը: Ինքնավստա՛հ հոգեբան եւ՝ իմաստուն:
Յակոբին ուսուցածը կեանքիս ընթացքին գործադրած եմ եւ կացութիւններ փրկած: Յակոբին նման ես ալ ուրախացած:
Տարիներ ետք, չորս զաւակներուն հետ Գանատա գաղթեցին Յակոբն ու տիկին Մարին, երկուքն ալ այնտեղ ալ մահացան: Խունկ ու աղօթք անոնց յիշատակին:
Հայրս ու Յակոբը ինծի թողուցին քաղցր յիշատակ, անմոռանալի՛.
— Կօշի՞կ կ՚ուզես թէ կօշիկ…:
— Կօշի՛կ:
— Այդպէ՛ս ըսէ…
Աւքլանտ, Նոր Զելանտա
Ապրի՛ս, Պասմաճեան,
Համով-հոտով կարդացի:
Շատ լաւ շարադրած ես: