ՄՆԱՔ ԲԱՐԵԱ՛Ւ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ

Ներսէս Հատիտեան

Մնաք բարեա՛ւ եղբայրներ,
Ահաւասիկ ես կ՚երթամ …
Յոյսի վարար լապտերը ձեռքերուս մէջ ամրապինդ
Կ՚երթամ հեւքով ու թոհով, մաքառումի ուղիով
Որոնելու լուսահայեաց ճշմարտութիւնն լիիրաւ …
Կ՚երթամ դողով ու ահով
Մեծութեանց ու երկնային կնդրուկները շնչելու …
Ճանապարհս քարոտ է, տատասկածածկ ու դժնի,
Ճանապարհս երկար է, փոթորկայոյզ, հոգեհան։

Ու ես կ՚երթամ … թողէ՛ք երթամ … թէկուզ հազար տարիներ,
Պիտի հասնիմ անպայման
Սուրբ եդեմէն ծնունդ առած մեծացն ազնիւ վեհիմաստ
Աստուածներուն իմաստոուն.
Կ՚երթամ վազքով թնճուկները փշրելէն.
Ես կ՚երթամ սոյր հաւատքիս ու պաշտումիս ուղիներէն սրբաշող
Յոյսերուս ու նպատակիս կացինովը պատնիշափուլ
Երազներուս գարուններովը վարդազարթ։

Ու դեռ կ՚երթամ … թողէ՛ք երթամ …
Տեսէ՛ք, տեսէ՛ք, դէ՛հ նայեցէ՛ք աչքերուս մէջ արտասուալից ու պղտոր
Վառ երազներս կ՚երեւան,
Առաւօտը շատ մօտ է, արշալոյսը հորիզոնին է հասեր,
Ես կը տեսնեմ զայն ահա …
Արդ՝ թողէ՛ք, որ երթամ …

Հետեւեցէ՛ք դուք ալ ինձ, նպատակս ազնիւ է,
Ո՛վ խաչապաշտ ու երկնապաշտ եղբայրներ,
Գօտեպնդուած սուրբ հաւատքովն նախնիքներուն մեծաշուք,
Սիրովն իրենց Աստուածային, վեհապաշտ,
Օ՛ն եղբայրներ անյապաղ …
Թո՛ղ որ փարինք սրբազնասուրբ մեր հայրերուն հոգիներուն հրեղէն,
Կտակն իրենց սրբազան մեր սրտերուն տրոփող,
Լոյսի վառար փարոսը մեր ձեռքերուն ամրապինդ,
Անցնինք ջայլով խաւարապատ աշխարհէն դէպի աղբիւրը լոյսին …

Հետեւեցէ՛ք … հետեւեցէ՛ք դուք ինծի,
Հաւատքի եւ պաշտամունքի ժամն է արդ՝
Աղօթքներով թո՛ղ երթանք
Կնդրուկներու բոյր ծուխերով դէպի երկինք բարձրացող
Ճամբաներէն մունջ, գաղտնի …

Օ՛ն եղբայրներ, նպատակս բարի է,
Երկմտութիւն չի ճանչնար,
Արշալոյսի դռներուն ենք մենք արդէն …

Օ՛ն նուաճենք աշխարհը, հասնինք եդեմին պայծառ,
Հոն ուր նախնիք վառ մոմերով հաւատքի
Պիտի փարին հոգիներուն մեր խռով …

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *