ՀՈՂԸ

Ներսէս Հատիտեան

Ընկերոջ մը նուէրն էր այդ,
Թաշկինակի մը մէջ ոսկեծիր ծրարուած ու դրուած էր գրասենեակիս սեղանին վրան,
Ծրարն այդ գողտրիկ, նուէրն այդ անգին ընծայ մը չէր լոկ շլացնող. ան ողբ եւ արցունք կը սպասէր։
Բարեկամի մը հետ ազնիւ երկիւղներով մօտեցանք ծրարին եւ բացինք զայն ու դիտեցինք ընդերկար
Յայնժամ աչուըները մեր տխուր արցունքներով էին լեցուած
Երբ նայեցանք մենք իրար, ի տես ցասկոտ մեր դէմքերուն հեղ մ՚ալ լացինք դառնօրէն …

Բարեկամս իր ազնիւ թաց աչքերը սրբելէն՝
— Ընկե՛ր — ըսաւ, բազուկներն իր հուժկու յոգնած ուսերուս դրած, —
Ծրարն այս, որ մեր առջին է դրուած,
Որուն մէջը բուռ մը հող,
Որը եկած է գերպաշտելի ընկերէ մը իբրեւ նուէր, իբրեւ ձօն,
Նուէր մը չէ լոկ, ընկե՛ր.
Ուխտ մ՚է ինքնին ուխտեալները ընկալած …
Երդում մըն է երդուեալները սպասող …
Բուռ մը հողն այս փխրուն, բոսոր որ հայրենիքէն է եկած,
Խորհրդանիշ մ՚է հայրենեաց խորախորհուրդ, խորիմաստ,
Ան մեկնելի խորհուրդներ իր մէջը ներառած,
Ան սիմպոլ մ՚է զերթ դրօշ,
Եւ նուիրողը զայն ընկեր մը չէ լոկ, ընկե՛ր
Այլ սրտակից եւ վշտակից եղբայր մը
Հերոսատիպ դիւցազուն մը, մարմնացում մը քաջութեան.
Ան գերմարդ մըն է գերմարդկային տուեալներով օժտուած,
Եւ եղբայրը մարտիրոսի մը ուխտեալ,
Աստուածացած ընկերոջ մը եղբայրը հզօր …
Բուռ մը հողն այս հայադրոշմ,
Որ եկած է հեռուներէն իր մէջ ունի հեռաւորութիւններն աշխարհին,
Անջրպետներուն բացերուն չափ, անդնդախոր վիհերուն չափ.
Սրտի մօտիկ այս բուռ մը հողը իր մէջ ունի հայրենական խորհուրդներ մեր մտքերէն շատ հեռու.
Հոգու մօտիկ այս հողը իր մէջ ունի պատմութիւն մը հեռաւոր
Հեռուներուն մնացած հրաշալի փառքն իր վաղեմի …
Հողն այս բոսոր, արիւններով լիացած կարօտակէզ սուգն ունի
Հեռուներուն մէջ ապրող վայրավանդի իր որդւոց,
Հողն այս փխրուն ու կարմիր ժողովուրդին պէս ինք ալ
Թէեւ տանջուած, յոգնաբեկ
Արիութիւն է խիզախ, մեկնութիւն է ցաւերուն
Ան այգի մ՚է կենսատու արտավար մը յորդ, բերրի,
Երգ մ՚է շէնշող տակաւին, մարգարէ մը իր ապագան խոստացող.

Ընկե՛ր … ընկե՛ր
Ե՛կ մենք երգենք սա հողին,
Գուցէ ինք ալ մեր հոգւոյն պէս կարօտն ունի երգերու,
Քանզի երգն է փարատողը ցաւերուն.
Թո՛ղ մենք երգենք սրբագործուած այս հողին,
Մեր երգերով մենք կարեկցինք ցաւերուն,
Ինք ալ մեր հետ սէրն ու արցունքը թո՛ղ լայ,
Ինք ալ մեր հետ կորուսեալները թո՛ղ սգայ,
Թո՛ղ մենք երգենք հոգւոյն համար նահատակ մեր հերոս եղբօր,
Ճակատագրակիցներուն եւ իրեն իբրեւ աղօթք, հոգեհանգիստ.
Երգենք յանուն մեր նահատակ ընկերոջ,
Ձօնողին մեզի հողն այս անգին լիիմաստ.
Երգենք յանուն հերոսներուն նուիրեալ,
Զրահակիր պաշտպաններուն հայրենեաց,
Մարտիրոսաց հայազարմ նուիրեալներուն այս հողին.
Թէ ե՛կ երգենք մենք ընկեր …
Ու … սկսանք մենք երգել …

Հողը քաղցրիկ մեր դէմ առած, արտասուալից աչքերով,
Մենք երգեցինք «Մայր մեր Հայաստան կու լայ սգաւոր …»,
Մենք երգեցինք «Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն …»,
Հողը տխուր մեր հոգիի աչքերուն մէջ նայելէն ինք ալ մեր հետ հեկեկաց,
Ցաւերն տխուր ինք ալ երգեց մեզի հետ,
Երբ երգեցինք «Տլէ եաման …»՝ հողը սիրող սէրն իր հիւծած վերյիշեց եւ սկսաւ մեզ հետ երգել լալագին.

Յաջորդաբար մենք երգեցինք. «Վէրքերով լի ջան ֆէտայ եմ, թափառական, տուն չ՚ունեմ …»,
«Սեւ խաւարը իմ ընկերն է անբաժան, ես չգիտեմ ինչ ասել է պայծառ օր …»։
Յայնժամ տխուր արցունքները յորդ կը ծորէին մեր այտերէն շիկացած, երբ երգեցինք «Տէ՛ր, կեցո՛ դու զհայս …»
Եւ վերջապէս մենք երգեցինք «Տէ՛ր, ողորմեա՛ …»
Ընկերս անգին գլուխն իր խոկացող կուրծքիս դրած խենթի պէս հեկեկաց …
Մեր աչքերը ալ չէին տեսներ ոչ մէկ բան,
Բացի հողէն այդ բուռ մը, որ հանած էր մեզ գլխէ,
Ուր երեւցան մեր հոգիի աչքերուն
Հայրենիքը մեր չքնաղ,
Ոստաններն հայաշէն, շէներն հայոց հոյակերտ,
Տաճարներն Անիի աղօթքներով հոգեթով,
Գերեզմաններ ու խաչքարեր խոկացող.
Ու երեւցան հայրերը մեր սաղաւարտներ դրած,
Արիւններով թաթաւուն հայդուկները քաջարի …

Անուշաբոյր բուրվառի ծուխն արդէն պատած էր մեզ,
Երբ լսուեցաւ ձայն մը տխուր, նուաղած,
Հողին ձայնն էր սգացող, կորուսեալներն իր կ՚ողբար,
Իւրաքանչիւրը մեզմէ իբրեւ աճիւն բուռ անկէ սրտին կպցուց եւ վերադարձանք դէպ՚ օճախ …

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *