ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Վարդան Մատթէոսեան

Ստորեւ տրուող գրութիւնը հեղինակին կողմէ խօսուած է շաբաթ, 26 սեպտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ, Համազգայինի Գանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքին։ Վերամշակուած է հրատարակութեան համար։

Կոստան Զարեան, ինչպէս այլ առիթներով ըսած եմ, ընթացիկ դասակարգումներէն դուրս կ՚իյնայ։ Ան ո՛չ արեւմտահայ, ո՛չ արեւելահայ, ո՛չ սփիւռքահայ, ոչ ալ խորհրդահայ գրող է, այլ պարզապէս՝ հայ գրող: Պատշաճ կը նկատեմ Զարեանի ամբողջ Continue reading “ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՈՒՂԵԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ”

Հէքեաթը դաստիարակիչ պատմուածք է

բժ. Օհան Թապաքեան

Երբ մանուկ էի, մայրս շատ անգամ ինծի Չախչախ թագաւորին հէքեաթը պատմած է, ու Չախչախ թագաւորին կատարած գողերուն բնակարաններուն ջախջախումը, մեծ գոհունակութիւն ու հաճոյք կը պատճառէր ինծի, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէր բարիին յաղթանակը չարին: Ժամանակի ընթացքին հէքեաթը ժողովրդական Continue reading “Հէքեաթը դաստիարակիչ պատմուածք է”

Ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է

Բժ. Օհան Թապաքեան

Գրականութեան ինչպէս նաեւ արուեստներու ճիւղերուն մէջ ինքնատպութիւնը կոխուած ուղիներէն շեղում մը կ’ենթադրէ. երբ կ’ըսուի թէ գրագէտ մը կամ արուեստագէտ մը ունի ինքնատիպ ոճ կամ լեզու, կը հասկնանք որ ան ունի գրելու կամ արտայայտուելու ինքնուրոյն եղանակ մը որ կը տարբերի իր ժամանակի ուրիշ Continue reading “Ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է”

«ՁՄՐԱՆ ՄԷՋ ԳԱՐՈՒՆ» Կ՚ԵՐԳԷ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Իգնա Սարըասլանի չորս հատորներուն շուրջ
(«Լօ» 1974, «Քառասմբակ սէրերով» 1994, «Սիրոյ գոյնը» 1998, «Դէպի հորիզոն», 2016)
Դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան

Գիշերը առանց աղօթքի
կրօնք մըն է հիմա…
Ի. Սարըասլան

…Մարդուն խառնուածքը ճանաչողութենէն կու գայ. բանաստեղծի մը համար, ինչպէս Իգնա Սարըասլանի պարագային, արիւնը «Կաթիլ մը պատրանք (կը) թափէ» այն ապրումներուն մէջ, որոնք Continue reading “«ՁՄՐԱՆ ՄԷՋ ԳԱՐՈՒՆ» Կ՚ԵՐԳԷ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ”

Քննադատութիւնը պատասխանատու արուեստ է

Բժ. Օհան Թապաքեան

Քննադատութիւնը պատասխանատու արուեստ մը ըլլալով հանդերձ, քննադատը պէտք է յենի փաստերու նպաստին, երբ պահանջ կայ արուեստի գործի մը առաւելութիւնները եւ կամ թերիները շօշափելի կերպով ներկայացուելու զանգուածներուն:
Կարճը ու խտացած ճշմարիտը պէտք է ըլլայ արուեստի քննադատի մը Continue reading “Քննադատութիւնը պատասխանատու արուեստ է”

ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ — Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947)*

Առաքելատիպ Հայը, որ մարմնաւորեց անանձնական եւ գաղափարապաշտ Մեծ Մարդու կերպարը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 24-ը ծննդեան տարեդարձն է առաքելատիպ մեծ Հայուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, գրական եւ մշակութային արժէքներու անկաշառ պահապան եւ քարոզիչ, ազգային-հասարակական ու պետական-քաղաքական ղեկավար գործիչ, գաղափարապաշտ յեղափոխականի անբասիր դրօշակիր եւ, ըստ ամենայնի, հայոց հոգեմտաւոր կեանքի անձնուէր առաջնորդ մը եղաւ Continue reading “ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿ — Նիկոլ Աղբալեան (1875-1947)*”

Նիկոլ Աղբալեանի գնահատականը Աւետիք Իսահակեանի առաջին գրքին

Աշխէն Ջրբաշեան, բ.գ.թ., դոցենտ

Յայտնի է, որ քննադատ Նիկոլ Աղբալեանը սկսնակ շատ գրողների առաջին գնահատողն ու արժեւորողն է եղել՝ Իսահակեան, Տէրեան, Զօրեան, Չարենց… Բայց այն գնահատականը, որ նա տուեց Աւետիք Իսահակեանի առաջին՝ «Երգեր ու վէրքեր» ժողովածուին «Մուրճ» ամսագրի իր յօդուածում, իսկապէս զարմանք է յարուցում, քանի որ Աղբալեանը դեռ շատ երիտասարդ էր՝ ընդամենը 23 տարեկան, բայց կարողացաւ հմուտ քննադատի աչքով տեսնել ու ներկայացնել սկսնակ Continue reading “Նիկոլ Աղբալեանի գնահատականը Աւետիք Իսահակեանի առաջին գրքին”

«Վերնատունը» հայ գրողների մտածողութեան ձեւաւորման գաղափարական կենտրոն (*)

Անի Եղիազարեան, Գրականագէտ, բ.գ.թ.

1895-1896 թթ. ի պատասխան Զէյթունի ազատագրական պայքարին՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր հատուածներում եղան Սուլթան Համիդի հայկական կոտորածները։ Պետութիւն, պետականութիւն չկար։ Հայ գրող-արուեստագէտների առջեւ ոչ միայն աբովեանական հայոց լեզուն ժողովրդականացնելու խնդիր էր դրուած, այլեւ՝ հայոց պետականութիւնը վերականգնելու հարցը։
Continue reading “«Վերնատունը» հայ գրողների մտածողութեան ձեւաւորման գաղափարական կենտրոն (*)”

ԶԱՀՐԱՏԻ ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓԷՆ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Բանաստեղծ Զահրատի անձնական թողօնը մանրակրկիտ մշակումի ենթարկուեցաւ կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ։ Ո՛չ միայն անտիպ մնացած քերթուածները այս առթիւ լոյս աշխարհ եկան, այլեւ դասաւորուեցան հեղինակի առհասարակ բոլոր ձեռագրերը, անձնական իրերը, կատարած գծումները, լուսանկարները, նաեւ նամակները։
Տիկինը՝ թողօնի կարեւոր նկատած մասունքները պատկան Continue reading “ԶԱՀՐԱՏԻ ՆԱՄԱԿԱՏՈՒՓԷՆ”

Բարեկամութիւն, որ դարձաւ … յաւերժութիւն

Մարգարիտա Մամիկոնի Խաչատրեան

Մարգար ու Էլիզ Շարապխանեան ամուսինների եւ գրող Արշակի(1) մտերութեան հետաքրքիր վկայութիւններ՝ յօդուածներ, թերթեր են պահպանուել Ուշիում՝ Շարապխանեանների գրադարանի բազմակուտակ հանդէսների ու թերթերի էջերում։
Ժամանակագրական կարգով քայլ առ քայլ անցնենք մեր նորօրեայ պատմութեան մի քանի հանգրուաններով, փորձենք հասկանալ՝ որտե՛ղ սխալուեցինք եւ ինչո՛ւ, ինչպէ՛ս Յաղթանակի փառքը կամաց-կամաց վերածեցինք այսօրվայ անփառունակ ու անհեռանկար գոյապայքարի, Continue reading “Բարեկամութիւն, որ դարձաւ … յաւերժութիւն”