Անահիտ
Ուր հայ երգը
Կամ նուագը
Կը հնչէ
Ինձ կը թուի թէ
Աշխարհն իմն է։
Կեանք ու հրաշք է…
Ներքին հաճոյք է
Սնունդ է համակ.
Ջուրի նման է
Հողին պապակ։
Հացի նման է
Հանապազօրեայ,
Արեւը վկայ։
Աղի նման է,
Համը՝ կեանքին։
Թէ ան լսուի
Հայ մանուկի
Դողդոջ լեզուով,
Թէ հայ պատանու
Ըմբոստ կանչով,
Հաճելի է։
Թէ ան թնդայ
Երիտասարդի
Առողջ պոռթկումով,
Թէ հայ զինուորի
Ուժեղ բամբ ձայնով
Խրախուսիչ է.
Թէ ան հնչէ անուշ՝
Երգչախումբի
Համահունչ կշռոյթով,
Թէ դպրաց դասի
Հմայիչ շարականներով
Զգլխիչ է.
Թէ մեզ հասնի
Հայ մշակի
Հո՜ հորովելով,
Թէ տարեցի
Մրմնջիւնով
Օրհնուած է։
Երգերը մեր
Կը փշաքաղեն
Մարմինս ամբողջ
Ու կը տանին զիս
Իմ պապերուն մօտ,
Իմ արմատներուն…
Հո՛ն, արօտաւէտ
Կանաչ լեռներու
Լանջերուն։
Հայ երգն լսելով,
Բոյրովը խունկի
Երկինք բարձրացող
Ամպերուն մէջ եմ.
Թռչուն մը ինչպէս։
Ազգային երգերով,
Թշնամին խփող
Խիզախ կտրիճի
Խրամատին եմ…
Մարտիկ մը որպէս։
Երգերը մեր
Կը ներշնչեն…
Ուժ ու սէր
Կը սփռեն։
Մեր վէրքերուն
Բալասան են
Մեր վերելքի
Արդար կանչն են.
Երգերը մեր
Հայոց լեզուն
Կ՚ապրեցնեն,
Մեր շուրթերէն
Թող միշտ հնչեն։
Նոյեմբեր 2021
Խմբագրութեան կողմէ — Անահիտի այս քերթուածը ընդգրկուած է հեղինակի անդրանիկ հատորին մէջ (Անահիտ, ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ, Մոնթրէալ, 2025, 132 էջ), որուն շնորհանդէսը կայացաւ 6 նոյեմբերին։
