ԵԼԻ՛Ր

ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քանի աշխարք չար է,
Հողն էլ ղալբցեր (ծուլացել) է,
Մէջ աշխարքին ես չեմ մնայ։
Որ աշխարք աւերուի, մէկ էլ շինուի,
Եբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի,
Ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի,
Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էդտեղէն։
(«Սասունցի Դաւիթ»,
Երևան, Հայպետհրատ, 1961, էջ 319-320)

Նախնիներիդ զիլ կանչով փառապանծ
Ագռաւաքարից դուրս ելի՛ր, Մհեր, Continue reading “ԵԼԻ՛Ր”

Ճգնաժամ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկիր, ցաւդ
պղտորած է ներաշխարհս,
թոյլ չի տար որ կեդրոնանամ կամ մտածեմ
ձգտումներուս կամ հարցերուս
մասին բազում: Continue reading “Ճգնաժամ”

Կաղանդի ծառի լոյսերը

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Կաղանդի ծառի լոյսերուն նուաղկոտ շողերը հազիւ տեսանելի կը դարձնէին վտիտ ճիւղերէն կախուած համեստ զարդերը։ Անձրեւը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը տեղար դուրսը։ Կը տեղար մանաւանդ իրենց կպրապատ եւ դարուփոս տանիքին վրայ՝ միւս բոլոր Continue reading “Կաղանդի ծառի լոյսերը”

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ (Դ.)

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ԹԷ ԻՆՉՊԷՍ ԷՇԸ ԵԿԵՂԵՑԻ ԿԸ ԲԵՐԵՆ

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Բողոքական շարժումը Քեսապի շրջանին մէջ մեծ յաջողութեան կը հասնի: Քէօրքիւնէ գիւղին մէջ եւս կը կազմուի Աւետարանական համայնք: Կամաց-կամաց կ՚անշքանայ գերեզմանատան մէջ գործող Ս. Ստեփանոս մատուռը: Ըստ հայատառ թրքերէն արձանագրութեան մը՝ նոր եկեղեցւոյ նաւակատիքը տեղի կ՚ունենայ 8 յունուար 1898-ին, կ՚աւարտի 21 յուլիս 1899-ին: Continue reading “ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ (Դ.)”

«Հորիզոն գրական»-ի 2025 տարուան բովանդակութիւնը

ՅՈՒՆՈՒԱՐ
ՄԻՇՏ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ — 1
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, ԱՂԲԱՀԱՒԱՔ — 3
Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԵՄԻՆ — 6
Վիգէն Թիւֆէնքճեան, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 21-ՐԴ Continue reading “«Հորիզոն գրական»-ի 2025 տարուան բովանդակութիւնը”

ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ (Բ.)

Արմենակ Եղիայեան
Սաստկաբանութիւն (շար.)

Անշուշտ կրնայ պատահիլ, որ մեր խօսակիցը միշտ չըմբռնէ հռետորական հարցումի միտք բանին. այդպիսին է պարագան «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ի մէջ Աբիսողոմ աղայի առարկաները կրող բեռնակիրներուն, որոնք ձեւով մը կը գտնեն Ծաղկի փողոց թիւ 2-ի բնակարանը եւ կը պատրաստուին անոր աստիճաններէն վեր կրել Continue reading “ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ (Բ.)”

Երեւակայութիւն, գիտութիւն ու արուեստ

Բժ. Օհան Թապաքեան

Երեւակայութիւնը մտքի այն կարողութիւնն է, որուն շնորհիւ գրողը կրնայ տեսարան մը կամ շուրջը պատահած դէպք մը կենդանի գոյներով ներկայացնել հանրութեան: Քաղաքակրթութիւնը շատ բան կը պարտի անոնց, որոնք օժտուած այս բացառիկ կարողութեամբ՝ թռիչք տուած են իրենց զեղումներուն ու հնարած սովորական Continue reading “Երեւակայութիւն, գիտութիւն ու արուեստ”

Ես գրել կը սիրեմ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ես գրել կը սիրեմ։
Պարզ նախադասութիւն մը, իր ենթակայով (կամ տէր բայիով)՝ «ես», իր բայով՝ «կը սիրեմ» եւ լրացուցիչով (կամ սեռի խնդիրով)՝ «գրել»։ Նախադասութիւն մը, որ դիւրաւ հասկնալի է ու որեւէ յետին իմաստ կամ թաքուն տեղեկութիւն չի բովանդակեր։ Continue reading “Ես գրել կը սիրեմ”