Արմենակ Եղիայեան
Սաստկաբանութիւն (շար.)
Անշուշտ կրնայ պատահիլ, որ մեր խօսակիցը միշտ չըմբռնէ հռետորական հարցումի միտք բանին. այդպիսին է պարագան «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ի մէջ Աբիսողոմ աղայի առարկաները կրող բեռնակիրներուն, որոնք ձեւով մը կը գտնեն Ծաղկի փողոց թիւ 2-ի բնակարանը եւ կը պատրաստուին անոր աստիճաններէն վեր կրել բեռները: Տանտիկինը, անոնց բոպիկ ոտքերու աղտէն սարսափահար, կը ջանայ հռետորական հարցումով մը արգելք հանդիսանալ.
— Այդ ոտքերո՞վ պիտի վեր ելլէք...
Բեռնակիրները միամտաբար կը պատասխանեն հարցումով.
— Ուրիշ ոտք ունի՞նք…
* * *
Նաեւ պատմողական երանգին փոխարինումը հռետորական հարցումով:
Ապուշ մարդ մըն է ան: > Մարդ այսքան ապուշ կ’ըլլա՞յ:
Առիւծ է ու պիտի մռնչէ: > Առիւծը կրնա՞յ չմռնչել:
Շարահիւսական սաստկացուցիչներ
Շարունակելով մնալ շարահիւսական սատկացուցիչներու ծիրէն ներս, ապա նկատելի է, որ՝
— որեւէ ուղղակի հարցումի վրայ թէ ոչ, թէ չէ, միթէ բառ-մասնիկներու յաւելումը զգալապէս կը սաստկացնէ անոնց իմաստը՝ օժտելով զանոնք որոշ սպառնական շեշտով մըն ալ:
Օրինակ՝
— Այս պարտքդ պիտի վճարե՞ս…
Այս պարտքդ պիտի վճարե՞ս, թէ՞ ոչ:
— Ի վերջոյ պիտի խոստովանի՞ս…
Ի վերջոյ պիտի խոստովանի՞ս, թէ՞ չէ:
Սաստկացում կը ստացուի նաեւ բուն հարցումին վրայ աւելցնելով մի՞թէ հարցական մակբայը, ինչպէս նաեւ մի՛ ըսեր եւ արդեօ՞ք բառերը:
Օրինակ՝
— Հետեւանքներուն ծանօթ չէի՞ր առաջուց…
— Մի՞թէ հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
— Մի՛ ըսեր, թէ հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
— Արդեօ՞ք հետեւանքներուն ծանօթ չէիր առաջուց:
— բայական կրկնակի ժխտականը, որ իմաստով դրական է, շատ աւելի հարկաւորիչ ու պարտաւորիչ է, քան բուն դրականը:
Օրինակ՝
— Այս յանցագործը պիտի յանձնենք:
— Այս յանցագործը չենք կրնար չյանձնել,— որ կը նշանակէ ա՛նպայման պէտք է յանձնենք:
— Լաւ կ’ընես ներկայանալով:
— Չփորձուիս չներկայանալու,— որ կը նշանակէ անպայման կը ներկայանաս:
Այլ խօսքով՝ տրուածը իսկական հրաման մըն է, որ յղի է տակաւին սպառնական թաքուն շեշտով մըն ալ:
— Պէտք է ստորագրես այս փաստաթուղթը:
— Իրաւունք չունիս չստորագրելու այս փաստաթուղթը:
— Չես կրնար չստորագրել այս փաստաթուղթը:
Որոնք կը նշանակեն անպայման պիտի ստորագրես:
Ինք եւ իրենք
Այս դերանունները, յարաբերաբար ան-ին ու անոնք-ին ունին նախադասութեան ենթական շեշտելու նուրբ ու շատ զգալի զօրութիւն մը, մանաւանդ երբ կ’աւելնայ գոյական ենթակային վրայ, ուր ան աւելորդաբանութիւն չէ:
Նկատենք շեշտումի, այնպէս ալ սատկացումի աստիճանական աճը հետեւեալ երեք զոյգերուն միջեւ.
— Ա՛ն ըսաւ այս բոլորը.. . — Անո՛նք ըսին այս բոլորը:
— Ի՛նք ըսաւ այս բոլորը… — Իրե՛նք ըսին այս բոլորը:
— Մարկոսը ի՛նք ըսաւ այս բոլորը… — Մարկոսենք իրե՛նք ըսին…:
Շեշտումի նոյն սաստկութիւնը կը գտնենք առաջին եւ երկրորդ դէմքերուն հետ եւս, եզակի թէ յոգնակի:
— Ե՛ս ըսի այս բոլորը…
Ի՛նքս ըսի այս բոլորը… — Ես ի՛նքս ըսի այս բոլորը:
— Դո՛ւն ըսիր այս բոլորը…
Ի՛նքդ ըսիր այս բոլորը… — Դուն ի՛նքդ ըսիր այս բոլորը
— Մե՛նք ըսինք այս բոլորը…
Ինքնե՛րս ըսինք այս բոլորը… — Մենք ինքնե՛րս ըսինք այս բոլորը:
— Դո՛ւք ըսիք այս բոլորը…
Ինքնե՛րդ ըսիք այս բոլորը… — Դուք ինքնե՛րդ ըսիք այս բոլորը:
Ու տակաւին ինք-ին կից, բոլոր թիւերով ու դէմքերով, կարելի է աւելցնել անձամբ գործիականը՝ ստանալու համար քիչ մը աւելի սաստկական, հաւանաբար նաեւ՝ ճոռոմ, ձեւեր:
Այսպէս՝
— Դուն ինքդ անձա՛մբ հրաւիրէ զինք:
Նաեւ՝
— Մենք ինքներս անձա՛մբ պիտի պատասխան տանք:
— Դուք ինքներդ անձա՛մբ պիտի ներկայանաք հաշուետւութեան:
Ինք-ին փոխարէն յաճախ բոլոր դէմքերու եւ թիւերու հետ կը կիրարկուի ինքնին-ը, որ կը նշանակէ ինքնիրեն, առանց ուրիշի օգնութեան, անզգայաբար:
— Մարկոսը ինքնի՛ն լուծեց իր հարցերը:
— Դուն ինքնի՛ն պիտի փորձես յաղթահարել այս դժուարութիւնը:
— Մենք ինքնի՛ն ստանձնեցինք բոլոր հետեւանքները:
Ասոնք իրենց կարգին զգալիօրէն աւելի աւելի սաստիկ տարբերակներն են առանձին կիրարկուած գոյական կամ դերանուն ենթականերուն:
Սաստկական նպատակով կը կիրարկուի նաեւ բոլոր դերանունը՝ աւելնալով գոյականի զանազան հոլովներուն վրայ, ուր ան աւելի կը շեշտէ ամբողջութեան գաղափարը:
Օրինակ՝
— Մենք պիտի յաջողինք…: — Մենք բոլո՛րս պիտի յաջողինք:
— Դուք ընդունուած էք: — Դուք բոլո՛րդ ընդունուած էք:
Նաեւ՝
— մեզ բոլորս, մեր բոլորին, մեր բոլորէն, մեր բոլորով,
— ձեզ բոլորդ, ձեր բոլորին, ձեր բոլորէն, ձեր բոլորով:
Բաղդատել՝
— Ձեզ պիտի ընդունին…:
— Ձեզ բոլո՛րդ պիտի ընդունին:
է…որ…
Այս շաղկապական թարմատարը, աւելնալով պարզ նախադասութեան որեւէ անդամի վրայ, զգալիօրէն կը սաստկացնէ, կը շեշտէ անոր իմաստը. բաղդատել՝
— Եղբա՛յրդ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
— Եղբա՛յրդ է որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
Յառաջացած կառոյցը կը ձեւացնէ ստորադասական բարդ նախադասութիւն մը, մինչդեռ տեղի ունեցածը շեշտողական հնարք մըն է միայն:
Այս ոճը գրեթէ համազօր է ինք դերանունի ունեցած ուժգնութեան, որուն ակնարկեցինք աւելի վեր, սակայն ունի այն առաւելութիւնը, որ կարելի է ասով շեշտել զանազան անդամներ:
Օրինակ՝
— Այս ձեռքը քեզ պաշտպանեց կործանումէ:
— Այս ձե՛ռքն է որ քեզ պաշտպանեց կործանումէ:
— Այս ձեռքը քե՛զ է որ պաշտպանեց կործանումէ:
— Այս ձեռքը կործանումէ՛ է որ պաշտպանեց քեզ:
Այս պարագային որ-էն առաջ ստորակէտը աւելորդ ու սխալ է, այլ հարց թէ սովորամոլութեամբ քիչ մը բոլորս ալ կը տարուինք դնելու այդ ստորակէտը:
Աւելցնենք, որ ոչ մէկ պարագայի որ-ը պէտք է յոգնակի կիրարկել:
— Այս ձեռքե՛րն են որ քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Սխալ է ու մերժելի այս պարագային ըսել՝
— Այս ձեռքե՛րն են, «որոնք» քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Այսպէս է, անի որ «որ» բառը յարաբերական դերանուն չէ, որպէսզի համաձայնի զինք կանխող յարաբերեալի մը հետ, այլ շաղկապ է, եւ ոչ մէկ համաձայնութիւն կրնայ ունենալ զինք կանխող յոգնակի գոյականին կամ դերանունին հետ:
Կայ ուրիշ նրբութիւն մըն ալ. առաջին բաժինին մէջ պայման չէ յոգնակի կիրարկել էական բայը, թոյլատրելի է զայն եզակի պահել:
Օրինակ՝
— Այս ձեռքե՛րն է որ քեզ պաշտպանեցին կործանումէ:
Քանի «է որ» թարմատարը քերականօրէն չի կապուիր ձեռքեր-ուն հետ: Բայց ահա անոր կրած զօրաւոր շեշտը կը յաջողի իր թիւը պարտադրել «է» էական բային ու զայն յոգնականացնել:
Նկատել նաեւ, որ է բայը ժամանակային կախեալութիւն եւս չունի նախադասութեան ստորոգիչէն, այսինքն՝ պարտաւոր չէ կրելու անոր ժամանակը. այս մէկը կրնայ անցեալ կիրարկուիլ, իսկ էական բայը կրնայ մնալ անփոփոխ:
Օրինակ՝
— Դո՛ւն ես որ կ’ըսես: — Դո՛ւք էք որ կ’ըսէք:
— Դո՛ւն ես որ կ’ըսէիր: — Դո՛ւք էք որ կ’ըսէիք:
— Դո՛ւն ես որ ըսիր: — Դո՛ւք էք որ ըսիք:
— Դո՛ւն ես որ պիտի ըսես: — Դո՛ւք էք որ պիտի ըսէք:
Սակայն այս պարագային եւս խօսողը հակամէտ է ժամանակային եւ թուային համաձայնութիւն գոյացնելու՝ ըսելով.
— Դո՛ւն էիր որ կ’ըսէիր:
— Դո՛ւք էիք որ կ’ըսէիք:
Ինչ որ հանդուրժելի է, սակայն պայման չէ:
* * *
Մեր խօսքը առաւելագոյնս սաստկացնելու համար՝ չենք վարանիր զուգադրելու երկու սաստկականներ՝ ստանալու համար ոճական աւելի ուժգին կառոյց մը:
Բաղդատել հետեւեալները.
— Եղբա՛յրդ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
— Եղբա՛յրդ էր որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
— Եղբայրդ ի՛նքն էր որ ցոյց տուաւ ձեր թաքստոցը:
— Եղբայրներդ իրե՛նք էին որ ցոյց տուին ձեր թաքստոցը:
— «Շատ անգամ պահապանները իրե՛նք էին որ կողոպուտը կը կազմակերպէին» (Պերճուհի Բարսեղեան, «Խանձուած օրեր», էջ 61):
Է որ ասոյթը կարելի է մուծել վերոնշեալ միւս սաստկական կառոյցներուն մէջ եւս, որով կը ստացուի շատ աւելի հռետորական ու ճոռոմ ոճ մը:
Այսպէս՝
— Ես ի՛նքս եմ որ….,
— Դուն ի՛նքդ ես որ…,
— Մենք ինքնե՛րս ենք որ…, դուք ինքներդ էք որ… եւ այլն:
— Մենք բոլո՛րս ենք որ պիտի յաջողինք:
— Դուք բոլո՛րդ էք որ պիտի մասնակցիք
— Իրենք բոլո՛րն են որ պիտի հրաւիրուին:
Է որ-ը ունի ոճաբանական— սաստկական այլ կիրարկութիւն մըն ալ:
Դրուելով գոյականներու եւ բայերու վրայ՝ ան կը համատեղէ շատ բառին թէ՛ որոշչային, թէ՛ պարագայական իմաստները:
Օրինակ՝
— Անձրեւ է որ տեղաց
Այսինքն՝ շատ անձրեւ տեղաց:
Այնպէս ալ՝ պտուղ է որ տուաւ, գինի է որ խմեց, քուն է որ քնացաւ, փախչիլ է որ փախաւ:
Իբրեւ բայական սաստկական՝ ան ոչ մէկ պարագայի թիւ կամ դէմք կը փոխէ.
— Փախչիլ է որ կը փախչիմ…
— Փախչիլ է որ փախար…
— Փախչիլ է որ փախաւ…
— Փախչիլ է որ փախանք…
— Փախչիլ է որ փախաք… եւ այլն:
Իսկ, անգամ, ոչ իսկ, նոյնիսկ, մինչեւ իսկ...
Ասոնք՝ իբրեւ խօսքի մաս, «եղանակաւորող» բառեր են եւ կը պատկանին խօսքի այս մասի «սաստկական» ենթախումբին:
Օրինակ՝ բաղդատել հետեւեալները՝ նկատելու համար, թէ ինչպէ՛ս մեր խօսքը հետզհետէ եւ աստիճանաբար կը սատկանայ.
— Չոր հացը զլացան մեզի:
— Չոր հացն իսկ զլացան մեզի:
— Չոր հացն անգամ զլացան մեզի:
— Նոյնիսկ չոր հացը զլացան մեզի:
— Մինչեւ իսկ չոր հացը զլացան մեզի:
— Ոչ իսկ չոր հաց տուին մեզի:
Ծանօթ.— Այս բառերէն ոմանք, շեշտումի եւ սաստկութեան իմաստին զուգահեռ, կը թելադրեն նաեւ որոշ զիջականութիւն մը, որ կը թելադրէ հետեւեալ միտքը.
— Չոր հացով ալ պիտի գոհանայինք, սակայն այդ եւս չունեցանք…:
Անորոշ մակբայի գործիական հոլովը
Հայերէնը ի վաղուց անտի իբրեւ սաստկական կը կիրարկէ անորոշ դերբային գործիականը՝ աւելցնելով զայն նոյն բայի դիմաւոր ձեւին վրայ:
Օրինակ՝
— Մերժելով կը մերժեմ այս առաջարկդ:
— Անիծելով կ’անիծեմ անոր ծնունդը:
— Փառաւորելով պիտի փառաւորենք քու յիշատակդ:
Սաստկական այս հնարքը աշխարհաբարը ժառանգած է գրաբարէն, իսկ գրաբարը,— կ’ըսեն,— ժառանգած է զայն եբրայերէնէ, իմա՝ Աստուածաշունչի ճամբով, ուր բազում կիրարկութիւններ ունի ան. օրինակ՝
— Եւ եղիցի եթէ ուսանելով ուսանեցին զճանապարհ… (Երեմիա, 12/16):
— Գիտելով գիտասչիք, զի ոչ սա յաւելուցու տէր… (Յեսուայ, 23/12):
— Եւ փրկելով ոչ փրկեսցեն զնոսա… (Երեմիա,11/12):
Այլեւ՝
— սաստկացուցանելով սաստկացուցից
— երդմնեցուցանելով երդմնեցուցից
— բազմացուցանելով բազմացուցից զտրտմութիւն քո (Ծնունդք, 3/16) եւ այլն:
Հայերէնը, ինչպէս կը տեսնենք, միայն ժառանգած չէ այս ոճը, այլեւ խորապէս իւրացուցած, սեփականացուցած, ազգայնացուցած է՝ Աստուածաշունչէն դուրս եւս այնքան մեծ վայելչութեամբ եւ ազատ+օրէն կիրարկելով զայն, ընդհուպ այնքան հարազատութեամբ փոխանցելով զայն մեր աշխարհիկ արդի լեզուին եւս:
Գործիականը կը փոխարինէ երբեմն յարակատար դերբայը:
Օրինակ՝
— Զի ահա ձմեռն անց, անձրեւք անցին
եւ գնացեալ մեկնեցան («Երգ երգոց», 2/11):
— Եւ ետ նմա փուշտիպան մի հաւատարիմ, եւ հրովարտակ՝ արքունի մատանեաւն, զի գնացեալ երթիցէ նա ի բերդն յԱնդմըշն (Փաւստոս Բուզանդ):
* * *
Կրկնադիր շաղկապներ՝ ե՛ւ…ե՛ւ, թէ՛…թէ՛, ո՛չ…ո՛չ, կա՛մ…կա՛մ
Իրենց տեղին բաւական ներկայացուեցան այս շաղկապներու զանազան հանգամանքները, ներառեալ անոնց սաստկական արժէքը: Օրինակ՝
— Հայրը եւ զաւակները մասնակցեցան:
— Ե՛ւ հայրը, եւ՛ զաւակները մասնակցեցան:
— Թէ՛ հայրը, թէ՛ զաւակները մասնակցեցան:
— Չխօսեցաւ ու չբարեւեց:
— Ո՛չ խօսեցաւ, ո՛չ բարեւեց:
— Ընդունի՛ր կամ հրաժարի՛ր,
— Կա՛մ ընդունիր, կա՛մ հրաժարիր:
Այս կրկնադիր շաղկապները գրաւոր խօսքի մէջ բնական շեշտադրում մը ունին արդէն՝ առանց նիւթական շեշտի ալ, այսուհանդերձ անոնց վրայ աւելցող նիւթական շեշտը քիչ մը աւելի կը զօրացնէ իրենց այս հանգամանքը, եւ նախնտրելի է միշտ դնել զանոնք:
(Շարունակելի)
