Նորա Պարութճեան
խօսքը փախաւ որ ապրի
կը խեղդուէր
չէր պատկաներ ոլորտին
ու հողին մէջ ջնջուած էր իր տեղը
որ եղած էր օր մը՝ կարծես
առասպելի դարերէն
հիմա արդէն
կը բարձրանար բոլորէն
խաւարին վրայ սեւ լոյսի շիթեր հեգելու
պարպելու ինչ որ երբեք չէր լեցուած
կը նուաճէր սիրտին շուրջ պարը գիծին
որուն ծայրը ոչ մէկ ձեռքի ճարտարութեան կը հանդուրժէր
զարմանալի վստահութեամբ յօրինուած
գոյներու խաբկանք ու սեւերու համոզում
— չհասկցուած
չհասկցուելիք հառաչանք-
կ’անդրադառնար որ ի զուր էր յուզումը
սպասելու ոչ մէկ առիթ կը մնար
ու կը մեկնէր առանց ետին նայելու
հոն՝ արածող
համր վոհմակ մը կ’իյնար անտառներու փակուղին։
Փարիզ, 30 հոկտեմբեր 2025
