Սրամտութիւն ու երգիծանք

Բժ. Օհան Թապաքեան

Սրամտութիւնը բնածին շնորհ մըն է, ու սրամիտը ճարտար տեսակէն նէբամիտ մըն է: Սրամիտը արուեստով վէճեր յարուցանող ծաղրածուն չէ, ոչ ալ իր տաղանդը ուրիշներուն ցուցադրելու համար մարտահրաւէր ուղղող սնամիտը. իր ամբողջ մտածումը զուարթ ու տեղին պատասխաններով ուրիշները ուրախացնել է: Այսուհանդերձ սրամտութիւնը պերճախօսութեան մաս կազմող շնորհ մըն է:
Սրամտութեան համար եթէ հմտութիւնը պահանջ չէ, սակայն արթնամտութիւնն ու արագ դատողութիւնը պայման է: Սրամիտը բնատուր շնորհով ծնած նրբամիտն է, որ իր յաջողութիւնը մասամբ կը պարտի իր պատրաստութեան:
Երգիծանքի ու սրամտութեան տարբերութիւնը շատ մեծ է. առաջինը հեգնանքը ունի նպատակ, մինչ սրամտութիւնը տեղին ու վայրկեանին բառի մը կամ խօսքի մը մէջբերումով անակնկալ ոգեւորութիւնը ունի նպատակակէտ:
Սրամտութեան անզուգական վարպետը եղած է իռլանտացի գրագէտ, քննադատ ու թատերագիր Պեռնար Շօ, որուն սրամիտ պատասխանները պատմութեան անցած են: Նմոյշներ իր սրամտութիւններէն:
— Գեղանի դերասանուհի մը հարց կու տայ Շոյի ըսելով. «Ի՞նչ պիտի նախընտրէք պարոն Շօ. ատելութի՞ւնս թէ սէրս», «Ձեր ատելութիւնը, օրիորդ, որովհետեւ ձեր սէրը ստիպուած եմ բաժնելու շատ շատերու հետ…»:
— Անգամ մը Շօ այցաքարտ մը կը ստանայ լորտէ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Լորտ Ա տունը պիտի գտնուի երեքշաբթի ժամը 4-էն 6»: Շօ կը վերադարձնէ քարտը գրելով. «Պեռնար Շօ նմանապէս…»:
— Պեռնար Շոյին հարցուցին. «Յաջողութեան համար ո՞րը աւելի կարեւոր է. տաղա՞նդը թէ աշխատանքը», «Իսկ դուք կրնա՞ք ըսել հեծանիւի համար ո՞ր անիւը աւելի կարեւոր է. առաջի՞նը թէ երկրորդը…»:
— Շօ կ՚ատէր անգլիացիները. «Եթէ տեսնէք, որ անգլիացի մը կը խնդայ, — կ՚ըսէր ան, — գիտցէք, որ տարի մը առաջ տեսած է իմ մէկ թատերախաղս, հազիւ հասկցած կ՚ըլլայ իմաստը…»:
Ան չէր ախորժեր նաեւ ամերիկացիներէն ու կ՚ըսէր. «Ամերիկան զատուած է Անգլիայէն միեւնոյն հասարակաց լեզուով, տարբերութիւնը այն է միայն, որ անգլիացիները իրենց լեզուն կարդալ չեն գիտեր, իսկ ամերիկացիները երբեք պիտի չգիտնան…»:
Շատ ինքնատիպ է Շոյի ու այլ սրամիտ Չրչըլի միջեւ փոխանակուած երկտողներու պատմութիւնը: Շօ որ շատ կը յարգէր Չրչըլը, եւ փոխադարձաբար կը յարգուէր անոր կողմէ, օր մը կը գրէ անգլիացի պետական մարդուն. «Ներփակ կը ղրկեմ ձեզի երեք տոմսակ իմ ամենավերջին թատերախաղիս առաջին ներկայացման համար. երկուքը ձեր տիկնոջ ու ձեզի, ու երրորդը ձեր բարեկամներէն մէկուն, եթէ ունիք այդ մէկը…»:
Իր մէկ թատերախաղին բեմադրութեան առթիւ Շօ երկարատեւ ծափահարուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ: Հեղինակը բեմ ելաւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար, երբ այդ պահուն սրահէն մէկը սկսաւ սուլել, Շօ դառնալով սուլողին ըսաւ. «Ես ալ ձեր կարծիքին եմ, բարեկամս, բայց մենք երկուքս ինչպէ՞ս կրնանք խօսք հասկցնել այս բազմութեան…»:
Նմոյշ մը նաեւ Չրչըլի պատմութիւններէն… Օր մը պարապ թաքսի մը կանգ կ՚առնէ խորհրդարանին շէնքին առջեւ ու անկէ դուրս կու գայ պարոն Աթլին (իրեն հակառակորդ կուսակցութեան ղեկավարը)…:
Տեղին է նաեւ նշել, որ Նափոլէոն Պոնաբարթ իր կարգին սրամիտ անձ եղած է: Ընդունելութեան մը աւարտին, երբ ան կը պատրաստուէր բարձր կախիչի մը վրայ հաստատուած իր գլխարկը վար առնելու, իր բարձրահասակ, բարձրաստիճան սպաներէն մին, առաջ անցնելով կը ջանայ ինք վար առնել գլխարկը, ըսելով որ ինք աւելի բարձր է… Նափոլէոն ծուռ նայուածքով մը կը հակադրձէ ըսելով. «Միայն հասակով բարձր…»:
Սրամտութիւնն ու պատրաստաբանութիւնը միշտ չափահաս անձերու մենաշնորհը չէ: Նափոլէոնի գահը ցուցադրուած է Փարիզ, Լուվրի թանգարանին մէջ. խմբային թանգարան այցելութեան մը ընթացքին, պատանի մը կը նստի Նափոլէոնին գահին վրայ, պահակը սարսափած վազելով կը հասնի գոչելով. «Դուն նստած ես Նափոլէոնին գահին վրայ…», «Մեծ յանցանք մը չէ, պարո՛ն, երբ որ ան գայ անմիջապէս կ՚ելլեմ», կ՚ըլլայ պատանիին պատասխանը, ծիծաղելի երկարատեւ ալիքներ առաջացնելով խումբին անդամներուն մօտ:
Ինչպէս կը նկատէք սրամտութեան էութիւնը զուարթաբանութիւնն է:
Երգիծանքը կամ հեգնանքը նոյն կալուածին պատկանող ըլլալով հանդերձ ունին ընդարձակ մարզեր, եթէ հարկ ըլլար ճշգրիտ հոմանիշը փնտռել, ան ֆրանսացիներուն հիւմորն է. ան մեր հաւաքոյթները համեմող աղն է, որ ջերմութիւն կու տայ զրոյցներուն:
Երգիծանքին մէջ տիպարներուն թերի կողմերն են, որ քաշքշուքի առարկայ կը դառնան, մինչ սրամիտ կատակներու մէջ կարկառուն օրինակներով խնդուք ստեղծելը կը մնայ նպատակ:
Երգիծաբանութեան մեծ վարպետ եղած է Մոլիէր, ու սրամտութեան անգերազանցելի իշխանը կը մնայ Պեռնար Շոն:
Հայ գրականութեան մէջ երգիծանքի վարպետները կը մնան Յակոբ Պարոնեանը, Երուանդ Օտեանն ու Նշան Պէշիկթաշլեանը: Սրամտութեամբ գրուած գրութիւններ ունին Ա. Արփիարեան ու Միքայէլ Կիւրճեան, որոնք պարագայական հարկադրանքի տակ փորձած են իրենց նիւթերը համեմել այս տարրով:
Մեր գրական տխուր էջերուն մէջ եւ առօրեայ ծանր խօսակցութիւններուն ընթացքին զուարթաբանութիւնը կը դառնայ պահանջ ու խրախճանքի սեղաններուն ոգեւորութիւնը բարձրացնող կարեւոր ազդակ: Հարկ է նաեւ նշել, որ Թիֆլիսի հայ կինտոները կարելի է համարել իբրեւ ժողովրդական սրամտութեան տիպարներ:
Եզրակացնելու համար պէտք է շեշտել որ խնդալը ամէն բանէ առաջ մարդը առողջ ու կենսունակ պահելու դեղագիր մըն է: Այս բնորոշումը ունի իր բնախօսական ու հոգեբուժական բացատրութիւնը: Շատեր առողջապահական նկատումներով մկաններու ու շնչառութեան մարզանքներ կ՚ընեն առանց անդրադառնալու խնդալուն բնախօսական առաւելութիւններուն:
Խնդալով արեան շրջանառութիւնն է, որ կ՚արագանայ մարմնին մէջ, ու յաւելուածական օդ կը մտնէ թոքերէն ներս ստեղծելով տեսակ մը հոգեկան թեթեւացում: Խնդալը նոյնպէս յաջողութեան պայմաններէն մին է կեանքին մէջ: Ժպիտը ու անոր ընկերացող զուարթ տրամադրութիւնը ունին համակրանք ստեղծելու ու ենթական սիրել տալու մագնիսական ուժն ու գրաւչութիւնը:
Սրամիտ ու ծիծաղաշարժ մասնադէպերը (anecdotes) միալար կեանքին համեմները կը կազմեն:

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *