Ի յուշ — Սրտակցութիւն մը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Յարութն ալ գնաց։ Գնա՜ց, այդպէս անակնկալ՝ ցնցումի մատնելով մեզ։
Եւ հիմա, երբ խմբագիր ընկերոջս դրդումով, կը փորձեմ քանի մը տող գրել, կ՚անդրադառնամ, թէ քանի մը տողով բան չ՚ըսուիր Քիւրքճեան Յարութիւնին մասին։ Սրտակցութեան մը պատմութիւնն է, որ պէտք է գրի առնեմ, ինչ որ ժամանակի տուեալ սահմաններուն մէջ անկարելի է։ Continue reading “Ի յուշ — Սրտակցութիւն մը”

ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Գէորգ Պետիկեան

Հաստատապէս, կը պատճառաբանէ միտքս, մեր ժամանակի վազքը մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր անմիջական կամ հեռու շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձերէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած՝ արժանաւոր մարդոց նաեւ մեր մտերիմներէն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը բարեւենք եւ նոյնպէս ալ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը ու նաեւ մեր վիշտն ու վշտակցութիւնը:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ իրադարձութիւններ մենք ակամայ Continue reading “ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ”

ԻՐԱԿԱՆ ԴԱՐՁԻ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ (անվերջ վերադարձ դէպի Հայաստան)

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Սուրէն ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

Յաճախ ենք լսում դժգոհութիւն Հայաստանից, թէ ինչ անում ես, հայրենադարձութեան հոսք չկայ, մեղմ ասած՝ այնքան էլ փութաջան չեն Սփիւռքի հայերը վերադարձի հարցում: Յաճախ կողքից լսում ես նաեւ քաղաքակրթական ընդդիմադիր կեցուածք, թէ ո՜ւր գան, երբ արեւմտահայերէնի պահանջուած ուշադրութիւնը եւ ազգային կրթական հեռանկարը շրջանցուած են։
Մեզանում վիճաբանութիւնների նման ալիքը այս անգամ ծաւալւում է տխուր առիթով. ս.թ. օգոստոսի 19-ին մահացաւ Մարգար Շարապխանեանը, արեւմտահայ եզակի մի մտաւորական, որը մինչեւ Continue reading “ԻՐԱԿԱՆ ԴԱՐՁԻ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ (անվերջ վերադարձ դէպի Հայաստան)”

Մարգար Շարապխանեան

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՜նչ խոհուն ժպիտ ունէր, ի՜նչ անկեղծութիւն: Մարգարն ու Էլիզը ջերմութիւն եւ մտաւորական մթնոլորտ ստեղծողներ էին: Առաջին անգամ իրենց հանդիպեցայ 1978-ի նոյեմբերին: Նոր ամուսնացած էին, ես ալ Պէյրութէն տասը օր առաջ տեղափոխուած էի:
Ամերիկահայ գրողներու միութեան համագումարէն ետք (առաջինը եւ վերջինը) գիշերը Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հաւաքուեր էինք Սօսի Continue reading “Մարգար Շարապխանեան”

Փորձեց եւ յաջողեցաւ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Ստորեւ հատուած մըն է հեղինակին ընդարձակ մէկ գրութենէն, որ ձօնուած է Է./Մ.-ն։ Օրին ան ձօնին այդ սկզբնատառերէն անդին չէ՛ անցած բացայայտելու համար ինքնութիւնը Սօսիին ու Սերոբին, որոնց անունները պատահականութեամբ չէ՛, որ ընտրուած են…։ Խօսքը, ի հարկէ, կը վերաբերի Էլիզ ու Մարգար Շարապխանեաններուն։ Դրուագը կը կանխէ Թորոնթոյի մեր ամենօրեայ վարժարանի ստեղծումը, որուն մէջ այնքան ներդրում է ունեցած ի՛նքը՝ Մարգար, ապա վարած անոր տնօրէնութիւնը երկար տարիներ, միշտ ամեն ձեւով աջակից ունենալով իր հաւատաւոր կողակիցը՝ Էլիզը։ Իսկ ողբ. Հիլտան ճանչցողը պիտի յիշէ Էլիզին անբաժան ընկերուհին, որուն Մարօ անունն ալ այստեղ նոյնպէս յեղափոխական հայուհիէ մը փոխ առնուած է… Օրե՜ր էին։

Վ-Ա.

Գէմպրիճէն ետ՝ Թորոնթօ երբ հասանք, դեռ կանուխ էր. գնացքս մէկուկէս ժամէն կը մեկնէր։ Անցանք Սերոբի տունէն, ուր ակռայի խոզանակս մոռցեր էի:
Չորս հոգի էինք, Սերոբը, կինը՝ Սօսին, իրենց անբաժան ընկերուհին՝ Continue reading “Փորձեց եւ յաջողեցաւ”

Վահան Իշխանեանի յիշատակին

ՐԱՖՖԻ ԱՃԵՄԵԱՆ

Հինգ տարի առաջ էր, կարծես երէկ ըլլար։ Վահանը զանգեց, «Մոնթրէալ եմ» , — ըսաւ, — «տեսնուինք»։ Երկար ատեն է ծանօթ էինք անշուշտ, քանի մը տարի առաջ Հայաստան ալ տեսնուած ու անձամբ ծանօթացած, սակայն Մոնթրէալի մէջ էր, որ առիթ պիտի ըլլար իրարու հետ աւելի յաճախակի շփուելու ընկերական ու մտերիմ մթնոլորտի մէջ։ Շատ աղուոր բարեկամութիւն մը ստեղծուեցաւ, մտաւորական բարեկամութիւն մը՝ Սփիւռք-Հայաստան մտքերու հանդիպումի Continue reading “Վահան Իշխանեանի յիշատակին”

Նա մինչեւ կեանքի վերջին օրերը կռիւ էր տալիս հայրենիքը ծամող լէշակերների դէմ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԹԵՒԱՆԵԱՆ
ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր

Մահացել է լրագրող Վահան Իշխանեանը։
Սա իրօք անժամանակ մահ էր։ Համ հեռանալու տարիքը չէր (58), հա՛մ էլ՝ հիմա նա մեզ շատ էր պէտք։ Յատկապես հիմա, երբ Հայաստանի բարձր ամբիոններից պետութեան վախճանը հրամցւում է որպէս փրկօղակ։
Վահանը սուր գրիչ ունէր։ Վահանի հետ մտերիմ էլ ենք եղել, վիճել էլ ենք։ Բայց միշտ միասնաբար կռիւ ենք տվել քաղաքական այլասերման դեմ։
Ինչ էլ գրէր Վահանը մի բանում համոզուած էի՝ չի խաղում, իր Continue reading “Նա մինչեւ կեանքի վերջին օրերը կռիւ էր տալիս հայրենիքը ծամող լէշակերների դէմ”