Փորձեց եւ յաջողեցաւ

— Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին

Ստորեւ հատուած մըն է հեղինակին ընդարձակ մէկ գրութենէն, որ ձօնուած է Է./Մ.-ն։ Օրին ան ձօնին այդ սկզբնատառերէն անդին չէ՛ անցած բացայայտելու համար ինքնութիւնը Սօսիին ու Սերոբին, որոնց անունները պատահականութեամբ չէ՛, որ ընտրուած են…։ Խօսքը, ի հարկէ, կը վերաբերի Էլիզ ու Մարգար Շարապխանեաններուն։ Դրուագը կը կանխէ Թորոնթոյի մեր ամենօրեայ վարժարանի ստեղծումը, որուն մէջ այնքան ներդրում է ունեցած ի՛նքը՝ Մարգար, ապա վարած անոր տնօրէնութիւնը երկար տարիներ, միշտ ամեն ձեւով աջակից ունենալով իր հաւատաւոր կողակիցը՝ Էլիզը։ Իսկ ողբ. Հիլտան ճանչցողը պիտի յիշէ Էլիզին անբաժան ընկերուհին, որուն Մարօ անունն ալ այստեղ նոյնպէս յեղափոխական հայուհիէ մը փոխ առնուած է… Օրե՜ր էին։

Վ-Ա.

Գէմպրիճէն ետ՝ Թորոնթօ երբ հասանք, դեռ կանուխ էր. գնացքս մէկուկէս ժամէն կը մեկնէր։ Անցանք Սերոբի տունէն, ուր ակռայի խոզանակս մոռցեր էի:
Չորս հոգի էինք, Սերոբը, կինը՝ Սօսին, իրենց անբաժան ընկերուհին՝ Մարոն, ու ես։ Խօսակցութիւնը ծայր տուած էր ճամբու ընթացքին, եւ նիւթը՝ ամերիկահայ գրողներու համագումարի հարցն էր։ Առարկութիւնս գիտէին. արդէն բաց նամակով մը, հրապարակաւ յայտնած էի, թէ նման մեծ ձեռնարկ հարկ էր ծրագրել մշակութային միութիւններու եւ ոչ թէ զոյգ մը «բարեկամներու» նախաձեռնութեամբ։
— Ուրեմն ի՞նչ ընենք. ի՞նչ դիրք պիտի բռնենք այդ մարդոց նկատմամբ. իրենց բախտի՞ն ձգենք, անտարբե՞ր գտնուինք, ըսելով որ, քանի որ առանց մեզի հարցնելու գործի անցաք, գացէ՛ք, ձեր գլխուն ճարը գտէք. թէ ամեն պարագայի պէտք ենք օգնել.— հարցը ե՛ս կը դնեմ «սեղանի վրայ»։
— Վերջ ի վերջոյ,— կ՚ըսէ Սերոբ,— այգեպանը ծեծել չէ մեր նպատակը, այլ՝ …
— Եթէ միութիւնները մէջ մտնեն, այգեպանը պիտի ծեծեն. գործը պիտի ուշանայ,— ինքնավստահ կը յայտարարէ Սօսի:
— Ո՛չ,— կը պնդեմ,— ես կը կարծեմ որ պէտք է գրենք իրենց, թէ պատրաստ ենք գործակցելու, միայն թէ նստինք ու խօսինք իրարու հետ ամենէն առաջ։
Սօսի ներսէն, խոհանոցէն կը պոռայ թէ ինք համաձայն չէ. կ՚ուզէ մեզ համոզել թէ յաճախ առանց կազմակերպութեան մը «բիւրոկրասիին», պարզապէս օղիի գաւաթին շուրջ, աւելի շատ գործ կը տեսնուի քան թէ այլապէս:
— Աւելի լաւ է որ գործ մը ուշանայ եւ կազմակերպ ձեւով մէջտեղ գայ, քան թէ քանի մը հոգիի խանդավառութեամբ սկսի եւ նոյն ձեւով ալ վերջ գտնէ,— կը կրկնեմ միտքս ։
— Ես սկսած եմ «դիկտատուրայի» հաւատալ,— կ՚ըսէ Սօսի, սուրճի ափսէն ձեռքը՝ նստասենեակ գալով.— Մարօ, սառնարանը բաց, կարծեմ քիչ մը անուշեղէն աւելցած է, հետդ բեր,— ձայն կու տայ դէպի խոհանոց, ապա կը շարունակէ։
— Ամբողջ երկու ամիս գիշեր–ցերեկ դպրոցի հարցով զբաղած էինք Սերոբն ու ես. արդի՞ւնքը. գործը մէջտեղ չեկաւ. ամբողջ «վնասը»,— quote, unquote(1),— տասը հազար տոլար էր, եւ այդ անգամ շատ գտան, չ՚ըլլար ըսին. պիտի սկսէինք ու պիտի տեսնէին թէ կ՚ըլլա՛ր:
Խօսքը ամենօրեայ ծաղկոցի ծրագրին մասին է. պատասխանատու մարմինը դատած է, որ նման «բաց» չի կրնար հանդուրժել ներկայ կացութեան մէջ, քանի գաղութը զբաղուած է կեդրոնի մը շինութեան հարցով:
— Ինչո՞ւ միշտ մե՛նք երկրորդը պիտի ըլլանք. վաղը կը տեսնես, որ ուրիշը արդէն դպրոց բացեր է,— վէճին մէջ կը մտնէ Մարօ։
— Իսկ ի՞նչ վնաս կայ ատոր մէջ,— հարց կու տամ։
— Ո՞ւր մնաց մեր արժանապատւութիւնը,— Սօսին է:
— Ինչո՞ւ արժանապատւութեան հարց կը տեսնէք։
— Կա՛յ, — կ՚աւելցնէ Մարօ:
— Priority-ի(2) հարց է,— վրայ կը բերէ Սօսի,— անոնք դպրոցով մտահոգ չեն. դպրոց չեն ուզեր, «գլապ» կ՚ուզեն. դպրոցի հարցը փակուած է։
— Չէ փակուած, յետաձգուած է,— կը ճշտէ Սերոբ, զգալիօրէն նեղուած՝ մեր խօսակցութեան ստացած ուղղութենէն։
— Ես այլեւս դպրոցով չեմ զբաղիր. զաւակ ունենամ, կը ձգեմ, կ՚երթամ-կը հաստատուիմ տեղ մը ուր արդէն հայկական վարժարան կայ:
Սօսի՛ի նման հաւատք ունեցողին համար անկարելի բան չկայ. կարեւորը ուզելն է. կ՚ուզես՝ գործդ գլուխ կը հանես, միջոցնե՛րը կը գտնես գործդ իրականացնելու Համար:
— Ամեն պարագայի,— կ՚ուզէ եզրակացնել Սօսի, շեշտով մը՝ որ խօսքին անկեղծ ըլլալուն վրայ չկասկածիս, սակայն՝ ձախողած շեշտով մը,— ես այլեւս որոշած եմ քաշուիլ հաւաքական գործէն. եթէ զիս իբր consultant(3) կ՚ուզեն, կարծիքս կու տամ…
— Սօսի,— կը սաստէ Սերոբ:
— Նոյնիսկ integrity-u(4) խնդրոյ առարկայ ըրին. հիմա չե՞ս ըսեր՝ մինչեւ հիմա դո՛ւք զիս օգտագործեցիք, ասկէ ետք ե՛ս ձեզ կ՚օգտագործեմ,— կը շարունակէ Սօսի աւելի տաքցած,— դուք երկուքդ ալ այլեւս շատ լաւ ճանչցուած էք. չէ՞ք կրնար այդ ձեր շահերուն համար օգտագործել. ինչո՞ւ չէք ըներ։
— Ինչե՜ր կ՚ըսես, Սօսի՛,— ինքզինքէն կ՚ելլէ Սերոբ։
— Սօսի՛,— կ՚ըսեմ,— որո՞նց մասին կը խօսիս. «անո՞նք» ով են, «մե՞նք»՝ ով. ինչպէ՞ս կրնաս այդպէս մտածել, բոլորն ալ մեր տղաքն են, մեր ընկերները, նոյն կազմակերպութեան, նոյն համայքին, նոյն ժողովուրդին անդամները. մեր ժողովուրդն է, իր սեւ ու ճերմակով, իր հաւատքով ու յամառութեամբ, իր անօրինա՛կ սխրագործութիւններով ու անբացատրելի յետամնացութեամբ։
— Բայց դպրո՞ցը…
— Գիտե՞ս թէ Մոնթրէալի մէջ մե՛նք ինչ փուլերէ անցանք, ինչե՜ր քաշեցինք, մինչեւ որ դպրոցը իրականութիւն դարձաւ. ամեն դժուարութեան նեղուէի՞. արժանապատւութեան հա՞րց հանէի. գործէ՞ն քաշուէի. այն ատեն իրապէս կը ձախողէր։ Շատ լաւ կը յիշեմ. առաջին փորձը 1970-ին կատարեցինք. եկեղեցւոյ 500 անդամներուն շրջաբերական գնաց. «կ՚ուզէ՞ք ձեր զաւակը հայկական վարժարան ուղարկել». պատասխանեցին… 16 ծնողք, դրական՝ հինգը միայն։
— Յետո՞յ ինչպէս կրցաք,— հարցը Մարոն կը դնէ:
— Երեք տարի ետք, երբ մեր կեդրոնը շիներ էինք, եւ երկու դասարան կրնայինք ունենալ հոն, ներգաղթի նախարարութիւնը խոստացաւ օգնել։ Մայիս 28–ի տօնակատարութեան օրը յայտարարեցինք, որ դպրոց կը բանանք։ Երկու շաբաթէն 60 փոքրիկներ արձանագրուած էին։
— Տեսա՞ր. ես ալ կ՚ըսեմ՝ սկսի՛նք, ու պիտի ղրկեն,— կը միջամտէ Սօսի:
— Սպասէ, որ շարունակութիւնը մտիկ ընես. հոգաբարձութիւնը մեզի պէս չէր խանդավառուած. բերանացի խոստում չէր ընդուներ, այլ՝ գրաւոր փաստաթուղթ, որ սակայն կ՚ուշանար. դպրոցի բացման թուականը եկաւ, եւ որոշեցին յետաձգել՝ մինչեւ որ այդ թուղթը ստանանք։ Կ՚երեւակայե՞ս. ստիպուեցանք նախարարութեան ներկայացուցիչը կիրակի առաւօտով ժողովի հրաւիրել եւ հոգաբարձութեան առջեւ կրկնել տալ խոստումը։ Երկրորդ տարին՝ նախակրթարանի Ա. դասարանը բանալու համար նորէն խնդիր ունեցանք. մենք կը պնդէինք, որ նոյնիսկ եթէ միայն հինգ աշակերտ ունենայինք պէտք է սկսէինք՝ ներկայացած պատեհութիւնը չկորսնցնելու համար։ Անոնք՝ թէ սուղի կը նստի այդքան քիչ աշակերտով դասարանը: Ի վերջոյ բացինք, եւ այսօր այդ Ա. դասարանի աշակերտները 18 հոգիով չորրորդ կարգ հասած են։ Երրորդ տարին՝ տեղի հարցն էր. տեղ չունիք՝ աշակերտ մի առնէք, եղածով գոհացէք կ՚ըսէին։
— Է, ինչպէ՞ս կ՚աշխատէիք այդ մարդոց հետ.
— Կը տեսնե՞ս Սօսի,— խօսքին մէջ կը մտնէ դարձեալ Սերոբ,— համբերութեամբ գործը գլուխ եկեր է։
— Եւ հաւատքով,— կ՚աւելցնեմ ես.— Կը հաւատա՞ս բանի մը. պիտի աշխատիս՝ ամեն խոչընդոտ արհամարհելով ու յաղթահարել փորձելով։ Աշխատելէ կր դադրիս միայն մեռնելով: Չէ՞ որ երդում ըրեր ես, որ կեանքդ ալ տալու պատրաստ ես…
— Այդ ազատագրական դատին համար է,— տեղէն վեր կը ցատկէ Սօսի ընդվզած։
— Նոյնն է. մեր բոլոր ճիգերը ատոր մաս կը կազմեն։
— Բայց կեանքս է, որ պիտի տամ, եւ ոչ՝ արժանապատւութիւնս:
— Կեանքէդ աւելի թանկ բան չունիս, Սօսի:
— Սակայն ես ա՛լ չեմ կրնար. ո՛չ չեմ կրնար,— կը պնդէ Սօսի։
— Կրնաս, եւ պիտի կարենաս. ժամանակը կիրքերը կը հանդարտեցնէ. մարդիկ կը փոխուին, դուն ալ կը փոխուիս։ Գիտես, կինս զիս աներես կը կոչէ. աներես՝ որ այդքան ընդդիմութենէ ետք կը շարունակեմ աշխատիլ։
— Ես միշտ Սերոբին կ՚ըսեմ՝ այս տղուն վրայ կը հիանամ:
— Հիանալու հարց չկայ. պիտի դիմանաս. պիտի յարատեւես. փոքր, անձնական վիրաւորանքները, հաշիւները, «ես»ս, «մենք»ս, «դուք»դ, կամ «անոնք»ը գոյութիւն չունին: Ի հարկէ մարդիկ կրնան քեզ չհանդուրժել, դուն՝ զիրենք. կարեւորութիւն պիտի չտաս:
— Ուշ պիտի մնանք,— կ՚ազդարարէ Սերոբ:
— Եթէ կը հաւատաս իսկապէս, պիտի հետապնդես գործը, մինչեւ որ իրականանայ:
— Քեզ ձգենք, երթանք տեղ մը պատառ մը ուտենք,— կ՚ըսէ Սերոբ ինձնաշարժը աշխատցնելով ու փորձելով այլեւս նիւթը փոխել։
— Բայց չէ՞ որ ըրածէդ հաճոյք պիտի առնես, որ կարենաս բոլոր միւս հաճոյքներդ զոհել,— կը շարունակէ Սօսի.— մոռնալ պարտականութիւններդ իբր կին, քոյր, մայր կամ զաւակ. թերանալ ամեն բանի մէջ՝ յանո՛ւն… ըսէ, յանուն ինչի՞, որպէսզի ետքն ալ խայտառակուի՞ս։
— Այդ ի՞նչ տեսակ զոհողութիւն է, որ քեզի հաճոյք պիտի պատճառէ եղեր. զոհողութիւնը առանց հաճոյքի ալ աշխատելուն մէջն է,— կը յարէ Սերոբ, ապա կ՚աւելցնէ,— ա՛լ վերջացուր։
— Ասկէ ետք ժամանակիս միայն քսան առ հարիւրը պիտի տամ,— պաշտօնապէս եւ կտրուկ կը յայտարարէ Սօսի:
— Լաւ նշան է,— կ՚ըսեմ,— քիչ առաջ՝ ոչինչ կու տայիր, հիմա արդէն քսան առ հարիւրը կը զիջիս. . .
— Ինչո՞ւ ատանկ յայտարարութիւններ կ՚ընես, Սօսի,— դարձեալ կը միջամտէ ամուսինը։
— Եթէ կրնաս՝ քեզ տեսնեմ,— կ՚աւելցնեմ:
— Attitude-ի(5) հարց է։
— Բնաւորութիւնդ գիտեմ. երջանիկ պիտի չըլլաս:
— Պիտի փորձեմ.
— Փորձէ, բայց չի յաջողիր…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հեւքոտ շաբաթավերջ մը», ՈՍՏԱՅՆ 2 (1988)
«Հայրենիք», 1979-02-24, -03-03
(Հատուած)

1) Այսինքն՝ չակերտուած վնասը
2) Նախապատւութեան
3) Խորհրդատու
4) Ուղղամտութիւնս
5) Դիրքորոշման

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *