Մարգար Շարապխանեան

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՜նչ խոհուն ժպիտ ունէր, ի՜նչ անկեղծութիւն: Մարգարն ու Էլիզը ջերմութիւն եւ մտաւորական մթնոլորտ ստեղծողներ էին: Առաջին անգամ իրենց հանդիպեցայ 1978-ի նոյեմբերին: Նոր ամուսնացած էին, ես ալ Պէյրութէն տասը օր առաջ տեղափոխուած էի:
Ամերիկահայ գրողներու միութեան համագումարէն ետք (առաջինը եւ վերջինը) գիշերը Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հաւաքուեր էինք Սօսի Սեթեանի բնակարանը, Գոլոմպիա համալսարանին մօտ: Բացի Վահէ Օշականէն` միւսները առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէի. Խաչիկ Թէօլէօլեանը կար, Արիս Սեւակը, Արա Պալիոզեանը, Յակոբ Կարապենցը, Արսինէ Օշականը, Սիմոն Հասըրճեանը, Գալուստ Պապեանը եւ ուրիշներ (լուսանկարը եթէ գտնեմ, բոլոր ներկաները կրնամ թուել), անշուշտ նաեւ` Սօսի Սեթեանն ու իր դուստրը: Էլիզ Շարապխանեանը մեծ եռանդով հարցումներ կու տար, կը վերլուծէր: Քառասունհինգ տարի անցած է, սակայն այդ գիշերուան խօսակցութեան իր ներդրումի տպաւորութիւնը աղօտած չէ:
Անկէ ետք շատ առիթներ ստեղծուեցան, վայելեցի իրենց մտաւորականի հմտութիւնն ու կոչման գիտակցութիւնը: Ժամանակակից գրականութեան մէջ` այնքան թափանցած, որ մինչեւ իսկ «Պատանեկան արձագանգ»-ի մէջ հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւնս կարդացած էր Մարգարը: Իրն էին յոյն բանաստեղծ Քազանցաքիսի թարգմանութիւնն ու այլ գրութիւններ «Հորիզոն»-ի մէջ: Իբրեւ տնօրէն Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանին, զոր տասնինը տարի վարեց, մեծին հետ մեծ էր, պզտիկին հետ պզտիկ, միշտ հայութեան կապելիք, սորվեցնելիք մը, խրատ մը ունէր:
Թորոնթոյի մէջ Մարգարն ու Էլիզը անմիջական ու գործունեայ ներկայութիւն էին, մինչեւ որ տեղափոխուեցան Հայաստան: Ուշիի իրենց բնակարանը պարիսպի պէս հաստ պատերով ու զանազան պտղածառերով տարբե՛ր արեւ ունէր: Հրաւիրած էին զիս ու քոյրս. ամբողջ օր մը միասին անցուցինք: Էլիզը բացարձակ նուիրուած` կը խնամէր Մարգարը, որ զերծ մնայ սրտի տագնապէ: Մարգարը լուսայորդ, գիրքերով շրջապատուած գրասենեակ մը ունէր, որուն մէկ ծայրը Էլիզին կարի մեքենան կար: Պատմեցին իրենց երկու որդիներուն հարսանիքին մասին, հողէ ճամբաներուն վրայ քալելով եւ իրենց ընդարձակ պատշգամին վրայ քէֆ ընելով:
Յետոյ պտտեցանք գիւղը, արդէն Էլիզին «Գիւղական օրագիր»-ներու ընդարձակ շարքէն բաւական ծանօթ էի Ուշիին, ուր իրենք ուշ մնացած չէին, ատենին հասեր էին ու գիւղին թարմ դիմագիծ պարգեւած: Դպրոց ու թատերասրահ նորոգած ու անոր այլ կարիքները հոգացած էին: Բացարձակապէս նուիրուած էին տեղւոյն նոր սերունդին: Անգլերէն կը սորվեցնէին: Էլիզը անոնց նաեւ ճաշ ու քաղցրաւենիք պատրաստել սորվեցուցած էր: Պատանիներէն խումբ մը հրաւիրեցին իրենց տունը, Մարգարը` ղեկավար, երգեցին, արտասանեցին մինչեւ իսկ անտիպներ: Այս ամոլը հոգածու էր ամենուն նկատմամբ: Ա՛ս է իսկական հայրենասիրութիւնը` կ՚ըսէին: Մինչեւ իսկ Էլիզ կը մերժէր գնել որեւէ հագուստեղէն որ Հայաստանի մէջ կարուած ըլլալու պիտակը չունէր:
Հակառակ անոր որ Մարգարը ըսաւ, թէ որդին ժամ առաջ կ՚ուզէ թոռնիկ շնորհել իրեն, որովհետեւ արդէն եօթանասունհինգ տարեկան է, միտքէս չանցաւ, թէ վերջին անգամն է, որ կը տեսնեմ զինք: Առաջին օրէն Մարգարն ու Էլիզը կա՜ն ու կան:
Հիմա գացեր է Մարգարը, մնացեր են` իր սիրուած տնօրէնի վաստակը, մտաւորականի ներդրումը, ամուսինի ջերմութիւնը, հայրական գորովը, դաշնակցականի անսակարկ նուիրումը: Հայաստանէն ո՞ւր պիտի երթայ. ուղղակի դրախտ:
Էլի՛զ, թերեւս հոգիդ պատառ-պատառ է. վա՛րձքդ կատար, քու գուրգուրանքովդ Մարգարին կեանքը երկարեցաւ: Դուն ներքին ուժ մը ունիս դիմանալու եւ լաւը ստեղծելու: Թող Աստուած զաւակներուդ, հարսներուդ եւ թոռներուդ վրայ միշտ քեզ պահէ հովանի: Շուքդ եւ լոյսդ անսպառ ըլլան:
Մարգարդ երկնային լոյսերու մէջ է հիմա:

«Ազդակ», 26 օգոստոս 2023

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *