ՄԱՅԻՍ 2019-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,«Հորիզոն գրական»ի 2019 մայիսի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։

1994. Ծաղկած խրամատներ — Դ.

Մ.

— Մա՛մ, իսկ պապան ե՞րբ կը գայ:
— Երբ յաղթի եօթ գլխանի վիշապին, կը գայ:
— Մա՛մ, ես գիտեմ, թէ ինչու է վիշապն ուզում մեզ
սպանել: Ասե՞մ:
— Հա:
— Որովհետեւ վիշապ է: Եթէ մարդ լինէր, չէր ուզի:
— Հա՛, ճիշտ ես, որովհետեւ վիշապ է…

1994թ. Արցախ

Սա ազատամարտիկի օրագրի վերջին էջն է, դրանից յետոյ չունի գրառումներ: «Քանի դեռ պատերազմը շարունակում է քայլել մեր կողքով, էլի գրառումներ կ՚անեմ. իմ կռիւը դեռ չի աւարտուել», — ասում է խորիմաստ ժպիտով, իսկ ես յետոյ իմանում եմ, որ 2016-ի ապրիլին առաջին կամաւորներից էր, ով առանց երկմտելու գնաց սահման…

Continue reading “1994. Ծաղկած խրամատներ — Դ.”

ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Է.

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հեղինակին կողմէ. — Կը շարունակեմ ամիսներ առաջ ընդհատած ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ շարքս։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր՝ Քեսապի գիւղերուն մէջ ամեն շաբաթ օր կամ ամեն հանգուցեալ մը յիշելուն գերեզմանատուն երթալը մեղք կը համարուի. «Ինչ կ՚ուզէք մեռելներէն, մեռելները հանգիստ ձգեցէք» կ՚ըսէին կիներուն:
Բայց Ս. ծնունդի եւ Մեծ զատկի մեռելոցի կէսօրին, Պատարագէն ետք, սեւ ծով կը դառնային գիւղական գերեզմանատուները:

Continue reading “ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ — Է.”

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւն թող ըլլայ…
Ո՛չ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամեն գիւղակի
Օրհներգութի՛ւն թող ըլլայ:

Continue reading “ԱՆԴԱՍՏԱՆ”

Իր ցեղին սրտի զարկերուն մէջ մտած 135-ամեայ մեր հանճարեղ բանաստեղծ՝ Դանիէլ Վարուժանի երթը

«Հայը պիտի ապրի հակառակ իր դահիճներուն:
Ժանիքի դէմ ժանիք, թաթի դէմ թաթ վրիժառու»
Դանիէլ Վարուժան

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

Ա.
Փոքր էի, դեռ գրել-կարդալ չգիտէի, մայրս միշտ մեզ համար կարդում էր տարբեր բանաստեղծութիւններ, տարբեր գրողներից, յատկապէս արեւմտահայ: Անբացատրելիօրէն միայն երկու բանաստեղծութիւն էր անմիջականօրէն ազդել իմ վրայ, աւելի ճիշտ՝ այդ երկուսի մի քանի տողերը, լսածս պահից, պատկերաւոր կերպով տեղաւորուել էին իմ մէջ եւ ապրում ու շնչում էին ինձ հետ: Առաջինը՝ «Բանուորուհին» բանաստեղծութիւնից էր, երկրորդը՝ «Կարօտի նամակ» Վարուժանից: Անշուշտ վերնագրերին շատ յետոյ ծանօթացայ։

Continue reading “Իր ցեղին սրտի զարկերուն մէջ մտած 135-ամեայ մեր հանճարեղ բանաստեղծ՝ Դանիէլ Վարուժանի երթը”

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — Բ.

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այս ընդհանուր խորագրին տակ կը սերտենք այնպիսի երեւոյթներ, որոնք թիւրիմացաբար մտած են արեւմտահայերէնի մէջ եւ այս կամ այն չափով արգելք կը հանդիսանան անոր ուսուցման, միօրինակութեան եւ հեզասահ ընթացքին: Ինչու չէ նաեւ կ՚աղաւաղեն անոր դիմագիծը՝ անհաճոյ կացութեան մատնելով ընթերոցողն ալ:
Նախապէս տեսանք Ոեւէ-Որեւէ զոյգը, ապա՝ Սպաննել-ը:
Այսու պիտի տեսնենք Զոր-Զորս բառերը:

Continue reading “ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — Բ.”