ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հեղինակին կողմէ. — Կը շարունակեմ ամիսներ առաջ ընդհատած ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ շարքս։
ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
Մեր՝ Քեսապի գիւղերուն մէջ ամեն շաբաթ օր կամ ամեն հանգուցեալ մը յիշելուն գերեզմանատուն երթալը մեղք կը համարուի. «Ինչ կ՚ուզէք մեռելներէն, մեռելները հանգիստ ձգեցէք» կ՚ըսէին կիներուն:
Բայց Ս. ծնունդի եւ Մեծ զատկի մեռելոցի կէսօրին, Պատարագէն ետք, սեւ ծով կը դառնային գիւղական գերեզմանատուները:
Այսպէս՝ Մեծ զատկի մեռելոցին հայրս կը հաւաքէր մեզ ու կը տանէր գերեզմանատուն այցի. անպայման իրիկուան, երբ լալկան կիները արդէն հեռացած կ՚ըլլային: Հայրս կ՚ըսէր. «Ծաղիկներ հաւաքեցէք նանարին համար»: Ճամբուն վրայ այնքան շատ ծաղիկներ կ՚ըլլան այս եղանակին: Մինչեւ ընդամենը քանի մը հարիւր մեթր անդին գտնուող գերեզմանատուն հասնիլը՝ մէկական գիրկ ծաղիկ հաւաքած կ՚ըլլայինք: Հայրս ալ խեշերանքներ կը հաւաքէր ճամբան երիզող ծառերուն տակէն, ու կը մտնէինք գերեզմանատուն:
Ամբողջ գերեզմանատունը խունկ կը բուրէր: Հոս ու հոն տակաւին մոմեր կը պլպլային: Գերեզմանաքարերու վրայ մէկ-երկու սեւազգեստ այցելուներ տակաւին կը յամառէին չբաժնուիլ իրենց մեռելներէն: Մուսլա աղբրկինը «պարել»էն(1) կը թալկտար-կը մարմրէր իր վաղամեռիկ աղջկան թարմ շիրիմին վրայ:
— Մա՛յր, կը բաւէ այլեւս, քոյրս հանգիստ ձգէ, — կ՚ըսէր Զաւէն տղան մօրը անութէն քաշելով:
Շիրմաքարերուն տակ մենք ծանօթ մէկը չունէինք: Մեծ մայրիկը մահացած էր մեր ծնունդէն շատ տարիներ առաջ: Հայրս ալ հոն մօրմէն բացի մէկը չունէր: Կը խմբուէինք մեծ մայրիկին շիրիմին շուրջ, ծաղիկներով կը թաղէինք զայն, իսկ հայրիկս խեշերանքները կը վառէր, պտղունց մը խունկ կը թափէր վրան, մայրիկս մէկական մոմ կու տար մեզի, կը վառէինք ու կը զետեղէինք շիրիմը եզերող քարերուն միջեւ: Այդ միջոցին հայրս կը մաքրէր մեծ մայրիկին շուրջ աճած վայրի բոյսերը: Կը բացուէին ծածկուած գերեզմանները:
— Ասոնք մերիններն են, — կ՚ըսէր հայրս, — ես չեմ ճանչնար, մայրս գիտէր, որ այստեղ թաղուած են մեր նախնիները:
Մենք կը ցաւէինք իր հայրը չյիշող հայրիկին համար: Տարագրութեան ճամբուն վրայ Սարգիս հօրեղբայրս շալկած կ՚ըլլայ նորածին հայրս: Գարատուրանցիներու կարաւանը կը հասնի Համայի դիմաց Մըտըգ բերդի պարիսպներուն տակ: Հօրեղբայրս կը մտածէ, թէ պզտիկը մեռած է, ո՛չ կու լայ, ոչ ալ աչքերը կը բանայ, կը դնէ բերդի պարիսպին տակ ու կը հասնի մօրը:
— Ո՞ւր է Աբրահամը, — կը հարցնէ մեծ մայրս:
— Մեռած էր, ո՛չ կու լար, ոչ ալ աչքերը կը բանար, պատին տակ դրի եկայ, — կ՚ըսէ Սարգիս hօրեղբայրս:
— Ինչպէս թէ, — կ՚ըսէ մեծ մայրս, կը վազէ ետ, կը բանայ բարուրը, կը տղտղէ պզտիկը, որ աչքերը բանալով կը ժպտի մօրը:
Ճամբուն վրայ զինուոր կը տանին մեծ հօրեղբայրներս ալ: Մեծ հայրիկէն լուր չկայ: Տէր Պետրոս ճամբուն վրայ մուսալեռցի պատանի ուսուցիչի մը հետ կ՚ամուսնացնէ տասներկու տարեկան Նուրիցա հօրաքոյրս ու «Կինդ Յորդանան հասցուր, փրկուեցէք» կ՚ըսէ: Նանարս մնացեալ չորս մանչերն ու Կիւլէնիա հօրաքոյրս առած կը մնայ Դամասկոսի մօտիկ Մուատտամիէ գիւղի արաբներուն մէջ: Յակոբ հօրեղբայրս ուրիշ տղոց հետ ուլեր կ՚արածէ: Գարնան օր մը արտի մը մէջ իրար փաթթուած ու պոչի վրայ պարող երկու հանաշ(2) օձ կը տեսնեն: Տղաքը քար մը նետեն: Օձերէն մէկը տեղւոյն վրայ կը սատկի, իսկ միւսը կը փաթթուի Յակոբին ու կը սկսի պոչով հարուածել: Ընկերները կը վազեն գիւղ օգնութիւն կանչելու համար: Օգնութեան եկողները կը տեսնեն, որ Յակոբը ծեծէն ուռած ու մեռած է, իսկ օձը` զայրոյթէն ճայթած: Յակոբ հօրեղբայրս կը թաղեն Մուատտամիէի այդ արտին մէջ:
— Օձը չի ներեր իր զոյգը սպանողին, մարդը ինչպէ՞ս ներէ, — կը պատմէր հայրս մօրս, ու մենք կը հասկնայինք:
Մեծ հայրիկս կը փախչի օսմանեան բանակէն ու հարազատները գտնելու յոյսով, ծանրօրէն հիւանդ, կը հասնի Մհարտէ քրիստոնեայ գիւղը, ուր կը հանդիպի հոն ապաստանած քեսապցիներու: Կը մեռնի ու կը թաղուի քրիստոնէից գերեզմանատան մէջ: Վերապրողները, երբ Քեսապ կը վերադառնան, Եզեկիէլ Մահտեսեանը կը հանդիպի մեծ մայրիկիս ու կը յանձնէ հինգ մեթելիք(3):
— Գրպանէն միայն ասիկա գտանք, — կ՚ըսէ:
Մարդիկ լուռ կը յիշէին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ իրենց կորուսեալները, անոնց անունները կու տային նորածիններուն:
Մայրս գերեզմանատան մէջ մէկը չունէր, բայց անոր աչքերը արցունքով լեցուած կ՚ըլլային: Հայրը ինքնաշարժի արկածով մահացած էր Պէյրութ: Ան ծագումով Մարաշի Ֆընտըճագ գիւղէն էր: Տարագրութեան օրը գիւղ չէր գտնուեր: Անոր մէկ հատիկ տղան կը գլխատեն գերեզմանատան մէջ մեծ հօրը գերեզմանին վրայ: Ընտանիքի միւս անդամները կը զոհուին տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
— Տղայ մըն ալ ունենամ՝ անունը Պօղոս պիտի դնեմ, — կ՚ըսէր մայրս:
Ես ալ կ՚ուզէի, որ մայրական մեծ հայրիկիս անունով աղբարիկ մը ունենամ:
Մեռելոցի գերեզմանատունը մեր ընտանեկան պատմութիւնը քաղուածք ընելու բացառիկ առիթ էր: Բոլոր ընտանեկան պատմութիւնները կը խանգարուէին Մեծ եղեռնով:
Յետոյ կը շարուէինք մեծ մայրիկին շիրիմին առջեւ, մօրս առաջնորդութեամբ կը խաչակնքէինք ու միաձայն «Հայր մեր»ը կ՚արտասանէինք: Հայրս անպայման մէկ-երկու մոմ պահած կ՚ըլլար մեզի անծանօթ շիրիմներու վրայ վառելու համար: Այդ գերեզմաններուն մէկը մօտեցած չէր ըլլար, անոնց տէրերէն ոչ ոք մնացած էր գիւղը: Ի՞նչ բանի մասին կը մտածէր արդեօք հայրս… Գերեզմաններու՞ն, որ անտէր են արդէն, թէ անոնց, որոնք հարազատներու գերեզմաններ չունեցան…:
Մենք կը դեգերէինք գերեզմանատան մէջ: Մայրս եւ Վիքի քոյրս կը կարդային տապանական գրութիւնները: Կար քար մը, որուն վրայ փորագրուած էր «Աստ հանգչի… ծնաւ… մեռաւ… նուաստի մը գնդակէն»: Եղբայրասպան կռիւներ: Այդ գնդակի պատմութիւնը այնքան շատ կը կրկնուէր գիւղին մէջ, դեռ քանի-քանի դաւադիր գնդակներ կային մարդոց յիշողութեան մէջ…:
Մայրս գոց ըրած էր տապանաքարի մը արձանագրութիւնը ու յաճախ կ՚արտասանէր, երբ չարիքի մը մասին կը խօսուէր.
Ի՞նչ կը պտտիք մեզի պէս,
Մենք ալ պտտեցանք ձեզի պէս,
Օր մը կ՚ըլլաք մեզի պէս…
Մենք գերեզմանատունէն ելլելով այնքան մեծցած կ՚ըլլայինք, որքան դպրոցական ամբողջ տարեշրջանի մը աւարտին:
ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷՐ
Չլսուած, չտեսնուած բան էր. այս մարդը արօրին ոչ թէ զոյգ եզ, այլ էշն ու կովը կը լծէր:
Լծկան եզներ ունեցող Արամը կը զարմանար:
Մանաւանդ կիները չէին հանդուրժեր, որ կովը, ան ալ կաթնտու, լծուի արօրին. մեղք ունի, աս ինչ տեսակ մարդ է…
Զարմանալի էր նաեւ այս մարդուն զգեստը. միշտ պաշտօնական, սեւ փողկապով, կլոր ամերիկեան գլխարկով, լամբակին՝ թարմ մեխակ մը: Կօշիկը արտակարգօրէն խոշոր էր, երեւի գիւղին մէջ կրկնակօշիկ կը հագնէր: Հերկի ատեն բաճկոնը կը հանէր կը կախէր ծառի մը ճիւղին: Ներսի գրպանէն կ՚երեւէին գրիչի մը կափարիչը եւ տետրակի երկծալ թերթեր:
Պարտէզի եւ արտի բոլոր աշխատանքներուն կինը անպայման հետը կ՚ըլլար: Եօթը զաւկի մայր Մերիկ աղբրկինը խոտհարք կ՚ընէր, բարձր ծառերն ի վեր մագլցնելով պտղաքաղ կ՚ընէր, թոնիրին եւ տան կրակին համար չոր ցախ ու փայտ կը հաւաքէր, մէկ խօսքով՝ առանց իրեն մարդը գիւղի աշխատանք չէր տաներ:
Ու մարդը յանկարծ փսփսուքով մը կինը կը կանչէր, արօրին մաճը կը յանձնէր անոր, ու կ՚ելլէր կ՚երթար…: Գոնէ կնկան շալակէն բան մը վերցնէր՝ դէզ մը խոտ, մէկ-երկու չոր փայտ…: Ամեն բան կնկան ձգած կ՚ելլէր կ՚երթար մեծ-մեծ քայլերով, մէկ ձեռքը մէջքին ետեւէն միւս ձեռքը բռնած:
— Արդարութիւնը փնտռելու կ՚երթայ, — կ՚ըսէր Մանճիկունց Աւտոն, որ եղած էր գիւղի նախկին գիւղապետներէն մէկը:
— Նոր հասցէ մը ունի անպայման, մեզմէ աւելի խելացի մէկը, — կ՚աւելցնէր:
Կը պատմէին, որ չէ ձգած յայտնի մէկը, որուն հարցուցած չըլլայ, թէ ուր կը գտնուի արդարութիւնը: Դիմումը այսպէս կ՚ըլլար.
— Դուն շատ տեսած, կեանքի տաքն ու պաղը ապրած մարդ ես, ամեն մարդ քու խորհուրդիդ կը հետեւի, քու խորհուրդդ կը հայցէ. եկած եմ քեզի կամ կը դիմեմ քեզի հարցնելու արդարութեան ի՛նչպէս ըլլալուն, ո՛ւր գտնուելուն, անոր ի՛նչպէս հասնելու մասին…
Ուր գացեր էր՝ արդարութեան ետեւէ վազեր էր: Կ՚ըսէին, թէ նամակ գրեր է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քարտուղարին, Վազգէն վեհափառին, Զարեհ վեհափառին, պապին… Պատասխան ալ ստացած է:
Կը հարցնէին, թէ ի՛նչ պատասխան տուին. թեթեւ քմծիծաղով մը կը պատասխանէր.
— Դեռ պէտք է փնտռել երեւի:
— Դատարան, դատարան դիմէ, կը գտնես, — կ՚ըսէին մարդիկ չարախնդութեամբ:
Աւելի զարմանալին իր անունն էր՝ Քափթան: Թէ ինչո՛ւ իր նոյնիմաստ Կարապետ անունը փոխարինուած էր Քափթանով՝ չէինք գիտեր: Կը պատմէին, որ վերի ակումբին մէջ գիւղի յեղափոխական նորագիրներուն դաստիարակ եղած է. պատմութիւն ու քաղաքականութիւն գիտցող մարդ է. մեր ազգային ազատագրական պայքարի ծագումն ու զարգացումը, հայ դատի հոլովոյթը կը ներկայացնէ եղեր քննական ակնոցով: Միշտ ինչո՛ւ մը եղած է իր հաստատումներուն վրայ, միշտ հետեւանքի քննարկում մը հաստատումներէ ետք:
Դիտողութիւն ստացեր է, որ քննականը ձգէ՛, գրուածով բաւարարուիր: Խրատեր են, որ ամեն բանը չխառնէ, հոտը չհանէ, զգոյշ ըլլայ, կուսակցութեան անցեալին մէջ արատներ չփնտռէ…
Մէկ, երկու, ա՛լ չեն համբերեր, դուրս դրեր են շարքերէն:
Չէր խօսեր, այսինքն շատ չէր խօսեր, մտիկ կ՚ընէր, ու երբ դպրոցին, եկեղեցւոյ կամ ասոր-անոր մասին կարծիք յայտնէիր.
— Շատ մի՛ խառներ, հոտը կ՚ելլէ, — կ՚ըսէր…
Երբ հարցնէին, թէ գիւղին մէջ ինչու այս բանը այսպէս է եւ ոչ թէ այնպէս, գլուխը կ՚առնէր կ՚երթար, պահ մը կը կենար, գլուխը ետ կը դարձնէր, կ՚ըսէր.
— Շատ մի՛ խառներ՝ հոտը կ՚ելլէ…
— Առանց հոտը հանելու արդարութիւնը ինչպէ՞ս գտնենք, — կը հարցնէին:
Կը լռէր, քայլ կ՚առնէր ու
— Նորէն ալ առանց հոտը հանելու արդարութիւնը պէտք է տեղ մը գտնուի, — կ՚ըսէր:
Ու հոտը հանելու համար դուռ-դրացի, նախկին ընկերներ, միշտ խնդիր կ՚ունենային Քափթանին հետ: Այսինքն կը փորձէին ցոյց տալ, որ իրենք պակաս խելացի չեն: Մէկը կ՚անցնէր անոր արտին ճիշդ մէջտեղէն: Քափթանը կ՚առարկէր, թէ եղբայր, ճամբայ ունիս, ինչու պարտէզիս մէջէն կ՚անցնիս, արտս կը կոխոտես, ցանքս կը փճացնես:
— Դուն չես գիտեր, — կ՚ըլլար պատասխանը, — գնա գիւղապետին հարցուր, այստեղէն կ՚անցնէր հին ճամբան:
Քափթան դատարանին կը դիմէր:
Ուրիշ դրացի մը իր պարտէզին պատը կը շտկէր Քափթանին հողի հաշուոյն:
Քափթան կ՚առարկէր:
— Արդար չէ, որ պատս ծուռ մնայ, — կը պատասխանէր միւսը:
Քափթան շունչը դատարան կ՚առնէր:
Ուրիշ մը իր սատկած հաւը Քափթանին բակը կը գտնէր. Յետոյ կը պոռար, կը հայհոյէր: Քափթան պատուախնդրութեան դատ կը բանար:
Ոչ ոք գիտէր, թէ Քափթան Լաթաքիոյ դատարանին մէջ քանի դատ ունէր: Հաւանաբար միայն մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեանը, որ օդափոխութեան համար յաճախ Քեսապ կ՚ըլլար: Քափթան կը վազէր Քեսապ, հրապարակին մէջ կը բռնէր փաստաբանը, կը քաշէր մէկ անկիւնը, ու ոչ ոք կը հասկնար, թէ ի՛նչ կը խօսէին այս երկուքը: Աւելի ճիշդ՝ Քափթանը կը խօսէր, իսկ փաստաբանը պարբերաբար գլուխը վեր-վար կ՚ընէր Քափթանին անհամեմատ կարճահասակ թուացող հասակին վրայ:
Ու իր բացած եւ իր վրան բացուած բոլոր դատերը կը շահէր: Եւ ասիկա կը զարմացնէր բոլորը: Նոյնիսկ եղան մարդիկ, որ գրաւի եկան. այս ծառը մերն է, չէ, այս ծառը իմս է: Դիտումնաւոր խնդիր բացին, դատի ինկան, դատն ալ կորսնցուցին, գրաւն ալ:
Քափթան իր բարեւ-բարիրկունը կը շարունակէր տալ բնական կերպով, ու երբ հարց տային իրեն, որ մարդուն հետ դատ ունիս, ալ ի՛նչ երեսով մարդուն հետ կը խօսիս.
— Դատը դատարանին կը պատկանի, — կ՚ըսէր, — իսկ ես կ՚ուզեմ արդար ըլլալ մարդոց հետ:
Եւ արդարութիւնը կը փնտռէր:
(Շարունակելի)
Երեւան
- Պարել՝ ողբ հիւսել կուրծք ու ծունկ ծեծելով
- Մարդահասակ սեւ օձ
- Օսմանեան մանրադրամ