ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութիւն թող ըլլայ…
Ո՛չ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մէջ ակօսին
Ու երբ հնչէ կոչնակն ամեն գիւղակի
Օրհներգութի՛ւն թող ըլլայ:
Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՛ւն թող ըլլայ…
Ամեն աստղէ ցօղ կայլակի
Ու ամեն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածանին՝
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:
Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՛ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդին
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի՝
Բերկրութիւն թող ըլլայ:
Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերում թող ըլլայ…
Ծաղկի՛ մեղրը փեթակներուն
Յորդի գինին բաժակներուն
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝
Սիրերգութիւն թող ըլլայ: